Ընձառիւծ

Ընձառիւծ կամ յովազ կամ ինձ (լատ.՝ Panthere pardus), կատուազգիներու ընտանիքի գիշատիչ կաթնասուն։

Արտաքին Յատկանիշներ

Մարմինը համաչափ է, գեղակազմ, երկարութիւնը՝ մինչեւ 165 սմ., պոչը՝ 75–110 սմ., քաշը՝ 60 քկ.։ Էգերը աւելի փոքր են։ Մարմինը երկարաւուն է, մկանոտ, ոտքերը՝ համեմատաբար կարճ են։ Մէջքը դեղին է կամ դեղնակարմրաւուն՝ մոխրագոյն երանգով, համաչափ ցրուած վարդանախշաձեւ սեւ բիծերով: Կան նաեւ լրիւ սեւ մորթով յովազներ (կը տեսնուին Ճաւա կղզիին վրայ)։ Ոտքերն ամուր են, թաթերը՝ լայն ու սուր ճանկերով։ Ականջները կարճ են եւ կլորաւուն։ Կ'ապրին անտառներու մէջ եւ սարերու վրայ։ Լաւ կը մագլցին ծառերը։ Ունին սուր տեսողութիւն, լաւ լսողութիւն, հոտառութիւնը թոյլ է։

Ընձառիւծ 
Սեւ յովազ
Ընձառիւծ 

Հարաւային Ամերիկայի հիւսիսային կէսին մէջ եւ Ասիոյ որոշ շրջաններուն մէջ տարածուած է։ ՀՀ կ'անցնի Թուրքիայէն եւ Իրանէն։ Կը հանդիպի Սիւնիքի մարզէն Արարատի մարզ ինկած գօտիին մէջ, երբեմն նաեւ հիւսիսային մարզերու անտառներուն մէջ։ Որջը կը շինէ քարանձաւներուն, ժայռաճեղքերուն, հաստաբուն ծառերու փչակներուն, երբեմն՝ մացառախոզերու հին բոյներուն մէջ։ Սնունդ կ'առնէ եղջերուներով, այծեամներով, վայրի խոզերով, նապաստակներով, մկնանման կրծողներով, նաեւ՝ ձուկերով ու լէշերով։ Ուժեղ եւ ճարպիկ կենդանի է, որսին վրայ կը յարձակի գաղտագողի՝ դարանակալելով։

Բազմացումը

Կ'ունենան 1–4 (երբեմն՝ 6) ձագ, որոնք կաթով կը կերարկուին 3 (երբեմն՝ 6–8) ամիս։ Ձագերը 5 ամսուան մէջ կրնան որսալ մանր կենդանիներ, 1–1,5 տարեկանին՝ կ'ապրին ինքնուրոյն։ Անազատ պայմաններուն մէջ՝ յովազը կ'ապրի 21 տարի։

Տարածումը

Ընձառիւծները ամէնատարածուած վայրի կատուազգիներն են, բնակելով արեւելեան եւ կեդրոնական Ափրիկէի մէջ: Որոշ խումբեր կան մերձ-սահարեան Ափրիկէի, Հնդկաստանի, Ինտոնեզիոյ, Արաբական թերակղզիի, Ռուսիոյ, Քորիայի, Չինաստանի, Կովկասի, Թուրքմէնստանի, Իրանի, Հնդկաչին թերակղզիի, Ցէյլոն կամ Սրի-Լանքա կղզիին մէջ։ Անոնք անհետացած են մայրցամաքային Եւրոպայէն։

Գրանցուած է բնութեան պահպանութեան միջազգային միութեան եւ ՀՀ Կարմիր գիրքերուն մէջ։

Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի մէջ, մարդիկ եւ ընձառիւծները կ'ապրին կողք-կողքի վաղ Հոլոցէնէն։ 20-րդ դարու կէսերուն, ընձառիւծները տարածուած էին ողջ երկրի տարածքով։: Սակայն տարածքի կրճատումը, որսը իջեցուցած են ընձառիւծներու թուաքանակը մինչեւ՝ 10-13 անհատներու։ Ներկայիս՝ ընձառիւծը տարածուած է Խոսրովի անտառ արգելոցին մէջ, որ կը գտնուի Երեւանէն հարաւ-արեւելք, Գեղամայ լեռնաշղթայի հարաւ-արեւմուտքը, ուր 2000-ի Հոկտեմբերէն մինչեւ 10 Յուլիս-2002 ընձառիւծ նկատուած է։Ընձառիւծները տարածուած են նաեւ Մեղրիի լեռնաշղթայի մօտակայքը, Հայաստանի հարաւ ծայրամասը, ուր սակայն Օգոստոս 2006-էն մինչեւ Ապրիլ 2007 միայն մէկ ընձառիւծ նկատուած է:

Պատկերներ

Տե՛ս նաեւ

  • Ձիւնայովազ

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Ընձառիւծ Արտաքին ՅատկանիշներԸնձառիւծ ԲազմացումըԸնձառիւծ ՏարածումըԸնձառիւծ Հայաստանի ՄէջԸնձառիւծ ՊատկերներԸնձառիւծ Տե՛ս նաեւԸնձառիւծ ԾանօթագրութիւններԸնձառիւծԼատիներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Մոնթէ ՄելքոնեանՆիկոլ ԴումանԵրեմիա ՄարգարէՄոլտովաԼոռի (մարզ)ՄասլենիցաԶէյթունի Ապստամբութիւն (1895)Հացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Ազգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)Արարատեան ԴաշտՂեւոնդ (պատմիչ)ՔաթարԿարս7 ՓետրուարՄերսինՄիշիկընՎլատիմիր ՓութինԱրեգ ՏիրազանԽոտաբուժումՎազգէն ՍարգսեանԱրշակ ՎռամեանՀայկական տպագրութիւնՆորա ԱրիսեանԼոլիկՍուրբ Ամենափրկիչ Վանք (Նոր Ջուղա)Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանԱրցախի ՀանրապետութիւնԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներՁմերուկՀայկական ՄուֆլոնՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)1901 թուականԳեղարդի վանք«Անոնք Ինկան» (Երգ)Մարի ՊէյլերեանԱհեկան (գրական հանդէս)ԳահիրէՏոհմածառՍանթուրՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)Զապէլ ԵսայեանԴանիէլ ՎարուժանԵոկաՍաֆրան1994 թուականԿիւրեղ Վրդ․ ՔիպարեանՏօմինօԴամասկոսԱրեգ ՏիրազեանՎասպուրականՄիլիոնատէրը ԵտնախորշէնԲաշ Ապարանի ՃակատամարտԱհարոն (անձնանուն)Արմէն ՍարգսեանՎանայ լիճՀանրապետութիւնՍերժ ԱւետիքեանՈւտիքԱւարայրի ՃակատամարտՕրբելի ԵղբայրներԳէորգ Մարզպետունի (վէպ)Հայաստանի Զինանշան1990 թուականՎահան ՏէրեանՀոգիներու ԱճուրդԶարթօնք (օրաթերթ)Եդուարդ ՊօյաճեանՏիգրան ԳէորգեանՄանուէլ (անձնանուն)ԵրեքշաբթիԱրարատ (Լեռ)ԲեւեռափայլՊորիս ԱճէմեանԱրա ՇիրազԱստուածաշունչԿենաց ԾառըWindows 10🡆 More