Լեռ Արարատ

Արարատ կամ Մասիս լեռը, (աւանդաբար՝ Սիս եւ Մասիս), յանգած հրաբուխ՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ Արաքս գետի աջ ափին: Ունի երկու գագաթ՝ Մեծ Մասիս՝ 5165 մ (յաւերժական ձիւնով ծածկուած) եւ Փոքր Մասիս՝ (Սիս) 3925 մ (անոր գագաթը միշտ ձիւնածածկ չէ)։ Հայկական լեռնաշխարհին եւ Արեւմտեան Հայաստանին ամէնէն բարձր լեռն է։ Արարատին պուպուլ զանգուածը ունի շուրջ 40 քմ տրամագիծ։ Կը գտնուի Արարատեան դաշտին հարաւը:

Արարատ
Լեռ Արարատ
Արարատը Արտաշատ քաղաքէն
Տեսակ Լեռ եւ տեսարժանութիւն
Երկիր Լեռ Արարատ Թուրքիա
Վարչատարածքային միաւոր Աղրըի մարզ?
Լեռնաշղթայ Հայկական Լեռնաշխարհ
Բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն 5137 մեթր[1]
Յարաբերական
բարձրութիւն
3611 մեթր[2]
Վերջին ժայթքում 1840
Սմիթսոնիան կոդ 213040

Բնութագրութիւն

Լեռ Արարատ
Արարատը 3D պատկերով

Երկու Մասիսներն ալ լերկ են, զուրկ ակերէ եւ աղբիւրներէ եւ բնականաբար` շատ աղքատ բուսականութեամբ: Ժայռոտ գագաթը 12 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունի: Լանջերը ձորերով ու հեղեղատներով կտրատուած են: Հիւսիս-արեւելեան խորխորատը ծանօթ է Վիհ Մասեաց անունով: Լեռնալանջերը քարակարկառներով ծածկուած են, ծանօթ` «քարէ ծովեր» անունով: 1500-էն մինչեւ 3500 մեթր բարձրութեամբ լանջերուն փռուած են արօտավայրեր եւ թփուտներ: Իսկ 1500 մեթրէն վար տարածուած են չոր թփուտներ. ճախճախուտներուն մէջ` եղէգնուտներ:

Արարատը՝ Սուրբ լեռ

  • Արարատ հայ ազգին համար նուիրական եւ սուրբ կը համարուի, խորհրդանիշը հայութեան յաւերժութեան:
  • Սուրբ Գիրքին մէջ Արարատ ներկայացուած է իբրեւ ջրհեղեղէն փրկուած Նոյ նահապետին նաւակայանը, նոր մարդկութեան խանձարուրը եւ ազգերու սփռման արձակարանը:
  • Իր վեհաշուք գեղեցկութեամբ, դժուարամատոյց բարձրութեամբ եւ բնական ներգործումներով` երկրաշարժներ, սառցասահումներ, վիմագլորումներ եւ սարսափազդու դղրդիւններ, Արարատ խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է եւ արժանացած պաշտամունքի ու առասպելաբանութեան:
  • Մասիս քաջաց ոգիներու դիցարան նկատուած է: Աւանդութիւնը կ'ըսէ, որ Արտաւազդ թագաւոր շղթայակապ արգելափակուած է հոն եւ կը ջանայ դուրս գալ վիհէն:
  • Տրդատ Գ. թագաւոր Ս. Էջմիածինի հիմերը դրած է եւ Հռիփսիմէի վկայարանը կառուցած՝ Մասիսէն բերուած քարերով:

Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Աւանդութիւնը

Յակոբ Մծբնայ հայրապետ, Դ. դարուն, Նոյեան տապանը տեսնելու յոյսով փորձած է բարձրանալ Արարատի գագաթը: Աստուած, տեսնելով սուրբին ապարդիւն ջանքերը եւ անսալով անոր պաղատանքին, հրեշտակի միջոցով տապանի փայտերէն կտոր մը ուղարկած է անոր: Փայտի այդ կտորը պահուած է Ս. Էջմիածինի մէջ:

Արարատի լանջին, Ակոռի գիւղէն քիչ մը վեր կար Սուրբ Յակոբայ մենաստանը: Վանքին մօտակայքը, վիհի եզրին սառնորակ աղբիւր մը կար, որ աւանդութեան համաձայն Սուրբ Յակոբին արտասուքէն գոյացած է: Անհատական կամ Անահտական կոչուող աղբիւրը ուխտատեղի էր եւ ամուլ կիներ բուժելու յատկութիւն ունէր: Աղբիւրին ջուրը կը սրսկէին դաշտերուն վրայ, բերքը մարախներէն պաշտպանելու համար:

Արարատն ու Խաչատուր Աբովեանը

Արարատի հիւսիսային ստորոտէն կը բխի Արաքսի հարկատու Միջին Սեւջուրը: Արեւելեան կողմէն Սեւջուրին կը միանայ Գինոյ գետակը, ոռոգելով Ակոռիի դաշտերն ու այգիները: Գինոյէն հիւսիս-արեւմուտք, Սիսի ստորոտը կը գտնուէր Երեւանի Սարտար Հիւսէյն խանին ամառանոցը` Սարտար-պուլաղը` իր սառնորակ աղբիւրով:

Առաջին անգամ 1829 սեպտեմբերին Արարատի գագաթը բարձրացած է Դորպատի համալսարանի փրոֆէսոր Ֆրիտրիխ Պարրոտ, իբրեւ ուղեկից ունենալով Խաչատուր Աբովեանը, ակոռեցի երկու գիւղացիներ եւ ռուս երկու զինուորներ:

20 Յունիս, 1840-ի երեկոյեան պատահած երկրաշարժը կը կործանէ Ակոռին, Ս. Յակոբայ վանքը` իր աղբիւրով եւ սարտարի պալատը:

Կլիմայ

Արարատի կլիման ձմեռը խիստ է եւ բարձունքներուն վրայ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 25 կ'իջնէ, ստորոտը` զերոյէն վար վեց. ամառը բարձունքներուն վրայ` զերօ, իսկ ստորոտը` 26 աստիճան:

Արարատ հարուստ է կենդանիներով եւ թռչուններով, եւ անցեալին հայոց արքունի որսատեղի եղած է:

Պատկերասրահ

Լեռ Արարատ 

Ծանօթագրութիւններ

-1'> http://www.erisi.com/gelisim/harita/trmap/fiziki.jpg
  • https://www.peakbagger.com/peak.aspx?pid=10445
  • Արարատ լեռ
  • Գրականութիւն

    Tags:

    Լեռ Արարատ ԲնութագրութիւնԼեռ Արարատ Արարատը՝ Սուրբ լեռԼեռ Արարատ ԿլիմայԼեռ Արարատ ՊատկերասրահԼեռ Արարատ ԾանօթագրութիւններԼեռ Արարատ ԳրականութիւնԼեռ ԱրարատԱրարատեան ԴաշտԱրաքս (գետ)

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    Աշոտ Բ․ Երկաթ1958 թուական7 ՓետրուարԼոնտոնԱրմէն ՍարգսեանՀայկական ՌուբլիՄերի-Ճին Օ'ՏոհըրթիԵղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանՄոզիլլա Ֆայրֆոքս1930Պարպարա ՍթրէյսընտԷնվէր ՓաշայՀանրագիտարանԲաղէշՍերոբ (անձնանուն)ՂրիմՔիքլատեան մշակոյթՈչխարՅունաստանՄոսկուաԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմԱնդրանիկ ՕզանեանՔիոլնի ՏաճարԽաչակիրներու Ը․ ԱրշաւանքՅովհաննէս ԹումանեանԹանապուրWindows 10ԼիբանանԱհարոն (անձնանուն)15 Մարտ1733 թուականՔաղաքավարութեան Վնասները1951 թուականՀռիփսիմէ ԽուրշուդեանՀունգարիաԱնժելա ՍարաֆեանՊուէնոս ԱյրէսԱշոտ Ա. ԲագրատունիՀաճընՀայկական ԼեռնաշխարհՎազգէն ՓափազեանՖրանց ՎերֆելՄիլիոնատէրը Ետնախորշէն10 ՄարտԿիլիկիոյ ՏարազներՍտեփանոս Օրբելեան11 ԱպրիլՄոլտովաՍամուէլ (անձնանուն)Սպիտակ ԱրջԹէոնա ՔումսիաշվիլիԱզգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)ԵոկաԱնիՀռոմկլաՄուշԱծանցաւոր բառերՍտեփանակերտՀոգիներու ԱճուրդՓամփուշտ (ռազմական)Սեւրի ԴաշնագիրՀայկական ԴրամԱրշակ ՉօպանեանՀալէպԱկրիճենթօԳուրգէն ՄահարիՍողոմոն ԹեհլիրեանՔաթալոնիաԱղեքսանդր ԾատուրեանՊօղոս ՃէլալեանԾիր ԿաթինԱւստրիաԿիւրեղ Վրդ․ ՔիպարեանԴերասանՆիկողայոս Ադոնց🡆 More