Եղիշէ Չարէնցի տուն-թանգարան, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Հիմնադրուած է 1964 թուականին Երեւանի այն բնակարանին մէջ, ուր 1935-1937 թուականներուն ապրած է Չարենցը։ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը բանաստեղծի կեանքի, գրական-մշակութային, հասարակական-քաղաքական գործունէութեան ուսումնասիրութեան գիտական կեդրոն է։
Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | հուշային թանգարան? |
Երկիր | Հայաստան[1] |
Տեղագրութիւն | Երեւան եւ Կեդրոն |
Հասցէ | Մեսրոպ Մաշտոց պող. 17[1] |
Հիմնադրուած է | 1964 |
Տնօրէն | Ժաննա Մանուկյան |
40°10′44″N 44°30′52″E / 40.178997°N 44.514372°E | |
Կայքէջ | charents.am |
2016 թուականին թանգարանի մուտքի մօտ տեղադրուած է Չարենցի դիմաքանդակը (քանդակագործ՝ Գետիկ Պաղտասարեան)։
ՀՍՍՀ Հայաստանի նախարարներու խորհրդի 8 Փետրուար 1964 թ.-ի որոշմամբ հիմնադրուեցաւ Չարենցի տուն-թանգարանը: Տասը տարուան հաւաքչական աշխատանքներէն յետոյ այն իր դռները բացաւ 1975 թուականի Յունուարին։ 1987 թուականին Չարենցի ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանի առթիւ շէնքը ենթարկուեցաւ մասնակի փոփոխութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ թանգարանի տարածքն ընդլայնուեցաւ։ Թանգարանը կ՛ընդգրկէ 626,3 քմ տարածք, այդ թուականին՝ չարէնցեան ժամանակներու նմանութեամբ վերականգնուած յուշատունը։ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ ցուցակագրուած է 8000-էն աւելի ցուցանմոյշ։ Այս տունը Չարենցի մտերիմներու յիշողութեան մէջ մնաց իբրեւ հիւրընկալ օճախ, ուր յաճախ կը վայելէին չոր մրգերու ու արեւելեան քաղցրաւէնիքներու «դաստախունը»:
Միւս յարկաբաժիններուն մէջ կը ցուցադրին Չարենցի եւ անոր ժամանակակիցներու հետ առնչուող իրեր, լուսապատճէններ, գեղանկարներ եւայլն։ Թանգարանի այժմեան ցուցադրութեան հեղինակը Ռոպէրտ էլիբեկեանն է, նախկին ցուցադրութիւնը հեղինակած էր Կամօ Նիգարեանը։ Թանգարանի ամենանուիրական հատուածը յուշատունն է՝ մեմօրիալ բնակարանը: Բնակարանը կահաւորուած է արեւելեան ու եւրոպական իրերու համադրումով: Աշխատասենեակի նկարագիրը պատկերուած է Չարենցի «Հերոսի հարսանիքը» տրամային (1937 թ.). «Տեսարանը՝ սենեակ, գրասեղան, սեղանի լամբ՝ կարմիր թաւշեայ լուսամփոփով: Վառուած է միայն այդ լամբը եւ անոր լոյսով կիսաղօտ կերպով լուսաւորուած սենեակին մէջ, բացի սեղանէն, կ՛ուրուագծուին գրադարակներ, Ճիոտտոյի յայտնի որմնանկարէն մաս մը արտատպութիւնը, որ կը ներկայացնէ Տանթէին եւ Պետրարկին՝ դրախտին մէջ։ Դիմացի պատին, այսինքն գրասեղանի ետեւը՝ չինական պաննոյ, դեղին թաւիշի վրայ դրուած հսկայական անագապղնձեայ Պուտտայի գլուխը՝ դեղին, պսպղուն այտերով, ծուռ ու նշաձեւ աչքերով եւ հեգնական շրթունքներով»: Պահպանուած է սենեակի կահաւորանքը՝ գրասեղանի, թախտի, գաղտնապահարանի, Աբգար աղայէն ժառանգած գորգերու, չինական պաննոյի, Պուտտայի անագապղնձէ արձանիկներու, «Ունտերւուտ» գրամեքենայի, Լէօնարտօ տա Վինչիի, Ֆրա Անժելիկոյի, Ճիոտտոյի գործերու վերատպութիւններու համադրումով:
Յուշատան մաս կազմող՝ Չարենցի աշխատասենեակի եւ հիւրասենեակի պատերը զարդարուած են չինական պաննոներով: Պաննոներուն մէջ դրուագներ են չինական հեքիաթներէն:
Եղիշէ Չարենցի անձնական գրադարանը կը գտնուի թանգարանի յուշային մասին մէջ։ Ըստ բանաստեղծի դուստր Արփենիկ Չարենցի՝ 1930-ական թուականներուն գրադարանին մէջ եղած է մօտ 6000 գիրք: Չարենցի ձերբակալութենէն յետոյ գիրքերու մեծ մասը ոչնչացուած են: Այժմ գրադարանին մէջ կայ 1422 գիրք:
Գրադարանը կը ներառէ հայերէն, ռուսէրէն, օտար լեզուներով հազուագիւտ արժէքաւոր գիրքեր տարբեր մասնագիտութիւններու, արուեստի տարբեր ճիւղերու, կրօններու վերաբերեալ:
Չարենցը գրադարանը ունեցած է հայերէնով ընտիր գրականութիւն՝ Մովսէս Խորենացի, Փաւստոս Բիւզանդ, Գրիգոր Նարեկացի, Նահապետ Քուչակ, Ներսէս Շնորհալի, Սայեաթ-Նովա, Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Վահան Տէրեան, Աւետիք Իսահակեան, Միսաք Մեծարենց, Պահաթուր Պահաթրեան եւայլն: Ուսումնասիրած է հին յունական, եւրոպական, ռուս գրականութիւն, ըլլալով հին արեւելքի արուեստի ու գրականութեան գիտակ՝ անձնական գրադարանը հարստացուցած է Աւրելիուսի, Մարսել Բրուսթի, Ասուագօշայի, Լուիճի Պիրանտելլոյի, Կոնստանտին Պալմոնտի, Ֆրեյտի, Շտեյների, Պելիի, Նիկոլայ Կոկոլի, Պուշկինի, Շպենգլերի, Թագորի ստեղծագործութիւններով:
«Գրքերի շարքում իրենց առանձնակի տեղն ունեն «Старые годи» հանդէսի 1907-1916 թթ. 25 հատորները»:
Անձնական գրադարանին մէջ շատ գիրքեր կը կրեն բանաստեղծի ինքնագիրերը. լուսանցքներուն մէջ առկայ են Չարենցի ձեռքով գրուած նշումներ, որոնք կ՛արտայայտեն բանաստեղծի վերաբերմունքը գիրքերի հանդէպ: Չարենցի անձնական գրադարանին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն Համլիկ Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Գարեգին Բես, Խաչիկ Դաշտենց, Մ. Մազմանեան, Ռ. Թերլեմէզեան, Ա. Պելի, Ա. Գատով, Յու. Եանովսկի եւ ուրիշ հեղինակներու մակագրութիւններով գիրքերը:
Գրադարանը հնարաւորութիւն կու տայ պատկերացում կազմելու Չարենցի մտաշխարհի, անոր հոգեւոր հետաքրքրութիւններու, Չարենց երեւոյթի մասին:
Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը բանաստեղծի կեանքի, գրական-մշակութային, հասարակական-քաղաքական գործունէութեան ուսումնասիրութեան գիտական կեդրոն է: Տուն–թանգարանին մէջ յատկապէս ուշագրաւ են Եղիշէ Չարենցի արտասահմանեան ճանապարհորդութենէն (1924-1925 թթ.) բերուած իրերը, արուեստի իւրօրինակ նմոյշները: Չարենցի տան հիւրասենեակին մէջ կը գտնուին ինը կրաւիւրներ՝ Տոյոկունիներու շարքը:
1923 թուականին գծագրուած յայտնի դիմանկարը, որ ներկայացուած է նաեւ Վիեննայի ցուցահանդէսին մէջ։ Նկարի համար անհրաժեշտ եղած է ընդամէնը երկու հանդիպում՝ մէկական ժամով:1932 թուականի երկերու հրատարակութեան ժամանակ Եղիշէ Չարենց օգտագործեց իբրեւ իր «Երկերի» նկար: Ետեւը կ՛երեւի կապոյտ թաշկինակի վրայ եգիպտական դիմակով նկարը, որ Սարեանը կը մեկնաբանէ իբրեւ «հմայիլ, ճակատագրի, յաւերժանալու մարդկային ձգտման խորհրդանիշ»: Նկարի բնօրինակը կը գտնու ԳԱԹ-ի մէջ, իսկ Հենրիկ Սիրաւեանի արտանկարը՝ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ:
Ռուբէն Զարեանը իր յուշերու մէջ կը գրէ. «Մի օր Չարենցը խնդրեց Բաժբեուկ Մելիքեանին՝ նկարել իրեն հնդկական ձեւով, ծալապատիկ նստած: Այս շրջանում Հնդկաստանի մասին շատ էր կարդում, խօսում էր Կանտիի մասին, անդրադառնում էր պուտիզմին, իոգէրին, խօսում էր նրանց ուսմունքից: Յաճախ էլ նայում էր Պուտտայի արձանիկին, եւ կարծես մոռացած, թէ մարդ կայ շուրջը՝ խօսում էր վերացած, հոգով եւ մտքով տեղափոխուած Կանկէսի ափերը: Միւս օրը եկայ՝ նկարն աւարտուած էր եւ արդէն պատից կախուած, տակն էլ խոշոր տառերով գրուած՝ «Մահաթմայ Չարենց»: Չարենցի նկարի վերը գրուած է.
«Ինձ
Դու դեռ անփորձ ես, ոգով, դեռ թոյլ ես, Չարե՛նց.-
Վարժի՛ր ոգիդ, յեղի՛ր մոգ, ոգ ու արեգ,
Ինչպէս Կայ՛նդին Մահաթմայ՝ հնդիկն հանճարեղ...
25.1.1936.»
1937 թուականին Աղաւնի Մեսրոպեանը 22 վայրկեանի մէջ կը նկարէ Չարենցին: Նկարին մէջ Եղիշէ Չարենցը կիսադէմով է, թասակով: Նկարի վրայ կայ Չարենցի ստորագրութիւնը: Նկարի աջ անկիւնը նկարչուհիին մակագրութիւնն է. «Աղաւնի ‖-1937 (նկ. 22 րոպէ) «Բռազնիկի» առթիւ…. Եերեւան, Նոր բնակարան»:
1934 թ. Չարենցի ձերբակալութենէն յետոյ բանաստեղծի կինը՝ Իզապելլա-Կոտապաշեանը, երեխաներու ապրուստը հոգալու համար կ՛որոշէ վաճառել որոշ իրեր: Ան կը խնդրէ ընտանիքի բարեկամ Ռեգինա Ղազարեանին վաճառել Չարենցի պատէֆոնը՝ ինը ձայնապնակներով: Ռեգինան այդ խնդրանքով կը դիմէ Անժէլլա Մկրտումեանին, որ տունը կը բնակէր: Բանաստեղծի ձերբակալութենէն քանի մը ամիս անց կ՛աքսորուի նաեւ կինը: Երեւանէն Մոսկուա կը մեկնի Ռեգինա Ղազարեանը, եւ պատէֆոնը կը մնայ Անժէլլա Մկրտումեանի մօտ: Կ՛անցնին տարիներ, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին Երեւան կը վերադառնայ Ռեգինան: Հետաքրքրուելով պատեէֆոնի ճակատագրով՝ կը տեղեկանայ, որ Անժէլլան մահացած է, եւ պատէֆոնը, որպէս քրոջ իր, կը գտնուի անոր եղբօր՝ Ալպերտ Մկրտումեանի մօտ: Պատէֆոնի պատկանելութեան մասին Ռեգինայի բացատրութիւնները եւ այն վերադարձնելու խնդրանքները կը մնան անպատասխան: 1999 թ. Սեպտեմբերի օր մը Չարենցի պատէֆոնը կը յայտնուի Երեւանի «Վերնիսաժ»ին մէջ։ Այն վաճառքի հանած էր Ալպերտ Մկրտումեանը: «Վերնիսաժ»ի մէջ շրջելէ ետք Ռեգինա Ղազարեանի բարեկամներէն Հրանդ Պապանեանը պատահաբար կը տեսնէ պատէֆոնը եւ վաճառողէն կը տեղեկանայ, որ այն Չարենցինն է: Հ. Պապանեանը Ռեգինայէն կը պարզէ վաճառողի յայտարարութեան հաւաստիութիւնը, կը գնէ պատէֆոնը եւ կը նուիրէ Ռեգինա Ղազարեանին: Վերջինս ալ պատէֆոնը կը յանձնէ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան:
Եղիշէ Չարենցը ուսումնասիրած է պուտտայական ուսմունքը եւ իր տան մէջ կան Պուտտայի՝ տարբեր չափերով արձանիկներ:
Պուտտայի գլուխը Չարենցը գնած է Թիֆլիսէն: Քանդակը փայտէ պատուանդանի վրայ է՝ կիսափակ աչքերով, շուրթերը ժպտուն-հեգնական, ականջները՝ երկար-ակօսաւոր բիլթերով, յօնքամիջին խոշոր խալով եւ գանգուր, գագաթին գմբէթարդ ելուստէ սանրուածքով: Այս քանդակը միշտ եղած է Չարենցի աշխատասենեակին մէջ, գրասեղանի ետեւի պատուանդանի վրայ:
Թանգարանը կը կազմակերպէ բազմաբնոյթ միջոցառումներ, որոնցմէ են՝ ցուցահանդէսներ, գրական-երաժշտական երեկոներ, դասախօսութիւններ, թեմատիկ դասեր, համերգներ, հանդիպումներ, շնորհանդէսներ, պոէզիայի օրեր, չարէնցեան ընթերցումներ եւայլն։ Թանգարանը կ՛անցկացնէ թեմատիկ դասախօսութիւններ, ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ: Չարենցի տուն-թանգարանը համայն հայութեան ամենանուիրական վայրերէն է։
2016 թուականին Չարենցի տուն-թանգարանի հետ համատեղ «Ռոյալ Կոլտէն Թուլիփ Երեւան» (նախկին՝ «Ինտուրիստ») հիւրանոցին մէջ բացուած է Չարենցի սենեակը։ Այդ սենեակին մէջ 1928 թուականէն մինչեւ 1935 թուականը բնակած է Չարենցը։ Չարենցը բնակած է սկզբը երկրորդ յարկի 21 համարին մէջ։ Անոր պատշգամը կը նայէր Աստաֆեան, այժմեան Աբովեան փողոցին: Այստեղ գրած է «Գիրք ճանապարհի» բանաստեղծութիւններու ու պոէմներու ժողովածուն:
1997 թուականին թանգարանի տուեալները կը հարստանան. «International Star Registry» ներկայացուցչութեան կողմէն թանգարանին յանձնած վկայագրով մը, ըստ որու՝ մէկ աստղ երկնքին մէջ կոչուած է «Եղիշէ Չարենց» անունով: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ թանգարանին յանձնուած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Ֆետերիկօ Մայորէի ուղերձը՝ Չարենցի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ:
Թանգարանը կը գտնուի նախկին Սունդուկեան 6, այժմ՝ Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի թիւ 17 շէնքին մէջ։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.