Համաստեղ (Համբարձում Կելէնեան) (26 Նոյեմբեր 1895, Փերչէնճ, Խարբերդի վիլայէթ - 27 Նոյեմբեր 1966, Լոս Անճելըս), սփիւռքահայ արձակագիր, սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մին։
Համբարձում Կելէնեան | |
---|---|
Պատկեր:Hamastegh.jpg | |
Ծննդեան անուն | Համբարձում Կելէնեան |
Ծնած է | 26 Նոյեմբեր 1895 |
Ծննդավայր | Փերչէնճ, Խարբերդի վիլայէթ |
Մահացած է | 1966[1][2][…] |
Մահուան վայր | Լոս Անճելըս |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր | Քոլումպիա Համալսարան Հարուըրտ Համալսարան |
Տեսակ | պատմուածք |
Մասնագիտութիւն | Արձակագիր |
Ծնած է Խարբերդի մօտ, ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը։ Ապա յաճախած է Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանը, որուն ընթացքը լրացուցած է 1911-ին։ Տարի մը ուսուցչութիւն ընելէ ետք, 1913-ի վերջերը, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, պանդուխտ հօրը մօտ։
1917-ին իր առաջին փորձերը տուած է «Հայրենիք» օրաթերթին, սակայն Համաստեղ աւելի յայտնուած է, Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրութեամբ 1922-էն սկսեալ լոյս տեսած «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, ուր գիւղագիրը հոն կու տայ արձակ իր կարեւոր էջերը՝ պատմուածքները։ 1921-էն իսկ, «Հայրենիք» օրաթերթի մէջ հրատարակուած իր քանի մը պատկերներով եւ պատմուածքներով Համաստեղ իր հողին վրայ էր. իր գրականութեան նկարագիրը ամրօրէն ու վճռաբար գտած։
Մինչեւ 1955, Համաստեղ կու տայ պատմուածքներու իր անտարակուսելի որակը, որ մեր գրականութեան այսօր փոխանցուած է երկու առանձին հատորներով՝ «Գիւղը» (1924), «Անձրեւը» (1929), ինչպէս նաեւ «Քաջն Նազար եւ տասներեք պատմուածքներ» (1955)։
1931-ին «Հայրենիք» ամսագրի մէջ կը սկսի հրատարակել «Սպիտակ Ձիաւորը» վէպը, որուն երկու երրորդը լոյս տեսնելէ ետք երեք տարուան ընթացքին՝ յանկարծ կը կասի։ 1952-ին միայն կ՚աւարտէ եւ կը հրատարակէ երկու ստուար հատորներով, որոնք վիպական մեր գրականութեան մէջ Համաստեղը մօտիկ կը բերեն դիւցազնական խոյանքներէ թելադրուած գործի մը նուաճումին։ Պատմուածքներու երեք հատորներէ եւ «Սպիտակ ձիաւորը» երկհատոր վէպէն անկախ, կու տայ «Աղօթարան» (1957, արձակ բանաստեղծութիւն), «Այծետոմար» (1960, չափածոյ պատում) եւ «Առաջին սէր» (1966, յետ մահու հրատարակուած) գործերը, արձակ ու քերթուած։ Թերթերու եւ պարբերականներու մէջ ունի ցանուցիր էջեր։
Ան կը ճանչցուի որպէս «Մեծ Գիւղագիր»ը։ Համաստեղ ամէնէն տիրական դէմքն է պատմուածքին՝ 1920–1970 յիսնամեակի մեր գրականութեան մէջ։
Մահացած է Լոս Անճելըս։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Համաստեղ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.