Հարվըրտի Համալսարան

Հարվըրտի Համալսարան, անձնական հետազօտական «Այվի» միութեան անդամ համալսարան մըն է, Մասսաչուսէթս նահանգի Քէմպրիճ շրջանին մէջ։ Ունի մօտաւոր 6700 պսակաւորի աշակերտներ եւ 13,100 մագիստրոսականի եւ դոկտորականի աշակերտներ: Հիմնուած է 1636-ին.

անուանումը ստացած է իր առաջին բարերարի՝ կղերական Ճոն Հարվըրտի անունով: Հարվըրտը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահին համալսարանն է: Անոր պատմութիւնը, ազդեցութիւնը, հարստութիւնը եւ ակադեմական համբաւը Հարվըրտը դարձուցած է աշխարհի ամենահռչակաւոր համալսարաններէն մէկը: Նշուած է որպէս աշխարհի ամենալաւ համալսարանը բազմաթիւ հրատարակիչներու կողմէ:

Հարվըրտի Համալսարան
Ճոն Հարվըրտի արձանը

Կառուցուածք

  • Արուեստներու եւ գիտութիւններու կաճառ (հիմն. 1890թ-ին, խոշորագոյն համալսարանական ստորաբաժանում),որուն մէջ կը մտնեն․
    • Հարվըրտի քոլէճ պսակաւոր աստիճան ունեցող ուսանողներու համար (1636թ),
    • Արուեստներու եւ գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոց (1872թ),
    • Ճարտարագիտական եւ կիրառական գիտութիւններու դպրոց (2007թ),
    • Անընդհատ կրթութեան բաժին,որուն մէջ կը մտնեն․
      • Հարվըրտի ամառային դպրոց (1871թ),
      • Ընդլայնուած կրթութեան դպրոց (1910թ),
  • Հարվըրտի բժշկական դպրոց (1782թ),
  • Հարվըրտի ատամնաբուժութեան դպրոց (1867թ),
  • Հարվըրտի աստուածաբանութեան դպրոց (1816թ),
  • Հարվըրտի իրաւունքի դպրոց (1817թ
  • Հարվըրտի առեւտրական business դպրոց (1908թ),
  • Տիզայնի բարձրագոյն դպրոց (1914թ),
  • Մանկավարժական գիտութիւններու Հարվըրտի բարձրագոյն դպրոց (1920թ),
  • Հասարակութեան առողջապահութեան հիմնարկ (1922թ),
  • Ճոն Քենետիի անուան պետական կառավարման Հարվըրտի հիմնարկ (1936թ)։

Շրջանաւարտներ

ԱՄՆ-ի նախագահներէն եօթը Հարվըրտի շրջանաւարտներ են։ Համալսարանի հետ առնչութիւն ունեցած են նաեւ 75 Նոպէլեան մրցանակակիրներ, որոնք եղեր են կա՛մ ուսանողներ, կա՛մ դասախօսներ, կա՛մ ալ այլ աշխատակիցներ։ Ընդհանուր առմամբ, համալսարանը միլիառատէր (billionaire) շրջանաւարտներու թուաքանակով կը զբաղեցնէ առաջին տեղը։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Զապէլ ԵսայեանԿաթոլիկ եկեղեցիԱսորիքԳրիգոր ԳուրզադեանՇիրվանզադէՖրիտիոֆ ՆանսենԱրամ ՄանուկեանԱրամ Ա.Սանահինի ՎանքԱնդրանիկ ՕզանեանՎազգէն ՇուշանեանՀայկական ՄուֆլոնԻսլամութիւնԱրեգ Տիրազան21 ՅուլիսՀոգիներու ԱճուրդԿրիաներՏղմուտ (գետ)15 ՄարտՔարահունջՄանոս ԽածիտաքիսԱրուսեակ (մոլորակ)ՍաֆրանԹոքախտԲանջարեղէնՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկԿարմիր ԾովԼիպիաՅունաստանԻնքնաթիռՀայկական ՉամանԱրամ ԵրկանեանԳուրգէն Մահարի2015Հայ Աւետարանական ԵկեղեցիՄկրտիչ ԽրիմեանԵրեւանԲաբելոնՍոկրատՅորդանանԿարէն ԳրիգորեանՀայերը Եգիպտոսի մէջՄերսին1935 թուականՎլատիմիր ՓութինԱսպետներու ամրոց (Հոմս)Շարլ ԱզնաւուրՍ. Երրորդութիւն Եկեղեցի (Պէյօղլու)Մանուէլ ՄենենկիչեանԼոռի (մարզ)Բենիամին ՆուրիկեանՍպանիաԳործիական հոլովՄիացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն1864 թուականՕձերԼուսնթագՍպիտակ ԱրջԱյհան ԸշըքՕտրի ՀեփպըրնՍուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի (Էջմիածին)Գէորգ ՅակոբճեանԱրցախի ՀանրապետութիւնԲնութիւնԵղիշէ ՉարենցԱրտաշէս Բ. ԿարինեանԲաղէշԼեռնային ՂարաբաղԱղեքսանդր ԾատուրեանԵոկաՍեւրի ԴաշնագիրԱդդա Գետի Ճակատամարտ🡆 More