Նշենի

Նշենի (լատ.՝ Prunus dulcis), կը պատկանի վարդազգիներու ընտանիքին եւ սալորենիներու ենթաընտանիքին։

Կենսաբանական Նկարագիր

Նշենի 

Նշենին փոքր ծառ մըն է՝ 4-8 մ բարձրութեամբ եւ 10-40 սմ բունի տրամագիծով։ Ունի զարգացած, արմատային համակարգ մը, որուն հետեւանքով չորադիմացկուն է։

Կը դիմանայ մինչեւ -25°С ցրտահարութիւններուն։ Կը ծաղկի վաղ գարնան՝ նախքան տերեւներուն ծաղկիլը։

Ծաղիկը նեկտար եւ ծաղկափոշի կ'արտադրէ, մեղուն կը ծծէ զանոնք, որոնք կարեւոր են յատկապէս իբրեւ վաղ գարնանային կեր՝ մեղուաընտանիքներուն համար։

Կը պտղաբերէ 4-5-րդ տարիէն մինչեւ 35-55 տարեկան, կեանքին տեւողութիւնը 130-150 տարի է։ Պտուղը կորիզ մը ունի, որ իր սննդային արժէքով կը նմանի ընկոյզին։

Հայաստանի բնութեան մէջ տարածուած է գարնան մեծ կարմիր ծաղիկներով 30-40 օր զարդարուող Նայիրեան տեսակը։ Մշակութեան մէջ տարածուած է սովորական նշենին (Amygdalus communis), որ ունի նաեւ հողապաշտպան նշանակութիւն մը, ծաղիկները՝ ճերմակ կամ վարդագոյն երանգ ունին։

Տեսակը կը բաժնուի 2 խումբի
  • Prunus dulcis var. amara - Լեղի նուշ
  • Prunus dulcis var. dulcis - Քաղցր նուշ

Տարածում

Առաջին անգամ յայտնաբերուած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ հարաւային տարածքներուն մէջ, Միջերկրական եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։ Այս շրջաններուն նուշը մշակած են հինէն՝ Ք.Ա.: Այժմ ամէնէն շատ մշակող երկիրներն են՝ Միջերկրածովեան Չինաստանը, Միացեալ Նահանգները (Քալիֆորնիա), Կեդրոնական Ասիան եւ Արեւմտեան Տեան Շանը, Նիւ Եորքը, Ղրիմը եւ Կովկասը. նոյնիսկ Տաճկաստանի Կանիբատ քաղաքը՝ «նուշի քաղաք» է։

Աճման Ընթացք

Նուշը կ'աճի քարքարոտ եւ աւազոտ լեռներու վրայ, ծովու մակերեսէն մօտաւորապէս 800-էն մինչեւ 1600 մ բարձրութեան վրայ, կը նախընտրէ կրածինով հարուստ հողերը։ Իսրայէլի մէջ կը հասնի 800 մ-ի, յատկապէս Հայֆա շրջանին մէջ, որ շատ մօտ է Միջերկրական ծովու ափերուն։ Կ'աճին խումբերով, իրարմէ 5-7 մ հեռաւորութեան վրայ։ Շատ լուսասէր են, ունին լաւ զարգացած արմատային համակարգ մը։ Կը ծաղկին Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն, կարգ մը շրջաններու մէջ կը ծաղկին Փետրուարին: Պտուղները կը հասնին Յունիս-Յուլիս ամիսներուն։ Նշենին չորադիմացկուն ծառ է կամ թուփ, բարձրութիւնը՝ 3-6 մ։ Տերեւները հերթադիր են, նշտարաձեւ, հարթ եւ կաշեկերպ, 3-5 մ երկայնքով։ Ծաղիկները մեծ են, սպիտակ կամ վարդագոյն։ Պտուղը կիսաչոր պատեանով կորիզապտուղ է։ Սերմը (միջուկը) կ'ըլլայ քաղցր կամ լեղի՝ պայմանաւորուած amygdalin glycoside-ի առկայութեամբ (մինչեւ 4%)։ Չոր միջուկը կը պարունակէ ճարպեր՝ 54%, բորոկածինային նիւթեր՝ 21%, ոչ բորոկածինային նիւթեր՝ 13%, եւ այլն։ Քաղցր միջուկը՝ (նուշը) օգտագործուած է թարմ, հրուշակեղէնի արտադրութեան եւ բժշկութեան մէջ, իւղ ստանալու համար, կեղեւը՝ գինիի-քոնեակի արտադրութեան մէջ, բնափայտը՝ ատաղձագործութեան մէջ։ Նշենիի տնկարկները օգտագործուած են սարալանջերու հողերը հողամաշումէն պաշտպանելու նպատակով։ Նայիրեան նշենին Անդրկովկասի հարաւի բնաշխարհիկն է։ ՀՀ-ի մէջ, կը հասնի Սիւնիքի մարզին մէջ։ Ծաղիկները մեծ են, կարմրաւուն։ Կը ծաղկի մինչեւ տերեւներու յայտնուիլը՝ վաղ գարնան. գարնան աւետաբերներէն է։

Նշենի
Ծաղկած նշենի
Բողբոջները
Ծաղիկները
Կանաչ տերեւները եւ պտուղները
Պտուղները

Հետաքրքրական փաստեր

Արաբ բժիշկները նուշը համարած են բուժիչ բոյս։ Իպն Մասսուն տապկուած միջուկը օգտագործած է աղիքներու հիւանդութիւններու, իսկ Մանսուրին` ցաւոտ միզարձակութեան պարագաներուն։ Իպն Սինան նկարագրած է, թէ ի՛նչ արդիւնքներ կրնայ տալ նուշը հազի, հեղձանքի, թոքերու բորբոքման, երիկամներու եւ միզապարկի հիւանդութիւններու պարագային եւ այդ անդամներէն քարերու հեռացման համար։ Ան «Բժշկական Գիտութեան Կանոններ»ը գիրքին մէջ, կը բերէ դեղագիրներ, ուր նուշի սերմը կը նշուի իբրեւ ուղեղի աշխատանքը եւ տեսողութիւնը լաւացնող, արտաքին վէրքերը բուժող, փափուկցնող միջոց։ Ըստ Ագաթանգեղոսի` նուշը անուանուած է «վայրի կաղին»։

Հայաստանի մէջ, նուշը, նշակաթը եւ նշաձէթը օգտագործուած են սնունդի եւ բժշկութեան մէջ։ Այդ մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ ձգած է Ա. Ամասիացին:

Նշենի  «Եթէ թաց նուշը ուտեն կճեպի հետ, շատ կ'օգնէ լինտերու ու բերանի խոռոչի հիւանդութիւններու դէպքին մէջ եւ կը նուազեցնէ ջերմութիւնը։ Թաց նուշը գիրցուցած է մարմինը։ Նուշը օգտակար է չոր հազի, արիւնաթքութեան, միզապարկի եւ աղիքներու հիւանդութիւններու դէպքին մէջ։ Կը մաքրէ կուրծքը եւ կը հանգստացնէ միզելու ժամանակ առաջացած մրմռոցը։ Շաքարի հետ ուտելու դէպքին մէջ, կ'առատացնէ սերմնարտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ օգտակար է թոքերու համար։ Բովուած նուշ ուտելը՝ օգտակար է ստամոքսի համար, բայց դանդաղ է մարսուելու։ Նուշի իւղը կ'օգնէ ականջի ցաւի դէպքին մէջ, իսկ բնափայտը՝ օժտուած է այն բոլոր յատկութիւններով, ինչ պտուղը։ Նուշի վնասակար ներգործութիւնը կը չէզոքացնէ շաքարը, ինչպէս նաեւ` թթու միրգերու օշարակը։ Լեղի նուշի լաւագոյն տեսակը մեծ եւ իւղոտ կ'ըլլայ։ Մաշկին քսելու դէպքին մէջ, կը վերացնէ պեպենները, կ'օգնէ եղնջատենդի եւ էկզեմայի ապաքինմանը»։ Նշենի 


Քիմիական Կազմ

Կը պարունակէ 0,5%-0,8% եթերային իւղեր, 4,7% ջուր, 22% սպիտակուցներ, 1% ոսլայ, 4% շաքար, 3% բուսախէժ, 6% բջջանիւթ, 5% մոխիր եւ 45-60% ճարպ։

10-15 լեղի սերմը, յատկապէս երեխաներու մօտ, կրնայ ծանր թունաւորում յառաջացնել, ինչպէս նաեւ՝ շնչառութեան ընդհատում։

Հետաքրքրական է նուշի համաշխարհային արտադրութիւնը. 1985-2009 թուականներուն՝ աճած է ճիշդ երկու անգամ, ըստ որուն, կէսը արտադրուած է ԱՄՆ-ի մէջ։ Այս երկիրը եռապատիկ անգամ աւելցուցած է երկրին արտադրանքը։ Պատճառը կրածինի իւրացման խնդիրն է։

Նուշի ցուցանիշերը կը գերազանցեն իւղալի կաթնաշոռը, կաղինը, ստեպղինը, բազուկը եւ այլն։ Մէկ այլ ուսումնասիրութեամբ նուշը կը դասուի՝ սելէն պարունակող հինգ լաւագոյն մթերքներու շարքին, եթէ աւելցնենք, որ նուշը կը պարունակէ բաւարար քանակութեամբ կենսանիւթեր, ապա կարելի է ենթադրել, որ անիկա կը նկատուի իբրեւ Coenzyme A յատկութիւն ունեցող նիւթ։ Յիշենք պատմական փաստը, երբ Ի. դարու 80-ականներէն Ճափոնի Japanese mikato-ի հրամանով՝ բնակչութիւնը կ'ընդունի՝ «Coenzyme 10», որ կ'արտադրուի ջրիմուռներէն եւ կը համարուի լաւագոյն հակաօքսիտան։

Կարեւոր հետեւութիւն ըրած են Connecticut համալսարանի գիտնականները։ Անոնք ուսումնասիրած են նուշի ազդեցութիւնը նիւթափոխանակութեան վրայ եւ հիմնուելով մեծածաւալ տուեալներու՝ յայտարարած են, որ 1 ամիս շարունակ օրը 25-165 մկ. նուշ ուտողներու մօտ զգալիօրէն նուազած է մաղձաճարպի պարունակութիւնը։

Արտադրութիւն

2013-ին խոշորագոյն
նուշ արտադրողները
Երկիր Արտադրութիւն
(մլն. թօն)
Նշենի  ԱՄՆ 1.80
Նշենի  Աւստրալիա 0.16
Նշենի  Սպանիա 0.15
Նշենի  Մարոք 0.10
Նշենի  Իրան 0.09
Աշխարհ 2.92

Միացեալ Նահանգներուն մէջ, որ կը համարուի աշխարհի նուշի մեծագոյն արտադրողը, արտադրութիւնը կեդրոնացած է Քալիֆորնիոյ մէջ: 2015-ին Քալիֆորնիոյ մէջ բնապահպանական խնդիրներն իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են նուշի առաքումներու քանակին վրայ եւ ատիկա իր հերթին կ'ազդէ համաշխարհային գիներուն: Նուշի աճող պահանջը նոյնպէս կը նպաստէ գինի բարձրացման եւ Քալիֆորնիոյ մէջ արտադրութեան աւելացման վրայ:

Դասաբաշխութիւն

Կը դասուի Սալորենիներու ընտանիքի շարքին (Prunus), Spiraeoideae ենթաընտանիքին, վարդազգիներու (Rosaceae) եւ վարդածաղկաւորներու կարգին։

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին Յղումներ

Tags:

Նշենի Կենսաբանական ՆկարագիրՆշենի ՏարածումՆշենի Աճման ԸնթացքՆշենի Հետաքրքրական փաստերՆշենի Քիմիական ԿազմՆշենի ԱրտադրութիւնՆշենի ԴասաբաշխութիւնՆշենի ԾանօթագրութիւններՆշենի Արտաքին ՅղումներՆշենիԼատիներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Զապէլ Եսայեանի ՅուշարձանԲաբելոնՅովհաննէս ԹորոսեանԳաբրիէլ ԹագւորեանՎահան ԹոթովենցՁիւնՄանկական ԱնդամալուծութիւնԻրանՄեծն ԿոստանդինՕրբելի ԵղբայրներՀրայր ԴժոխքՁիՎիթորիա ԱղանուրՅակոբ ԱյնթապլեանՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Ամերիկայի Միացեալ ՆահանգներԲառՔոպայրի ՎանքԾերենցՍալբի ԳասպարեանԱթենա ՄանուկեանԺընեւՀայկական Յաւերժութեան ՆշանՈւղտերՄարսէյլՇրատա Գաբուր«Աշոտ Երկաթ» Պատմավէպ«Խոստումը» (ֆիլմ)Վիքտոր ՀամբարձումեանՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկԹիֆլիսՄոնաքօԱնժելա ՍարաֆեանԲիւզանդական ԿայսրութիւնՀայկական ՏոմարԱսիաՊարկապզուկԱտանաԱշոտ Գրիգորեան (ճարտարապետ)Խամսայի ՄելիքութիւններըՍրբուհի Տիւսաբ1600 թուականՄարաշՌուսիաՈսկիՅունաստանԱմերիկաԻրլանտաՊոլիսՄեհեանՍայտաՍինկափուրՄանուէլ Մենենկիչեան1981 թուականԹերի ՃորճՍուրբ Ամենափրկիչ Վանք (Նոր Ջուղա)Մոնթէ ՄելքոնեանՀամՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)ՏիեզերքՀայոց Ցեղասպանութեան ԹանգարանԼուվր Ապու ՏապիՉարլզ Բիքֆորտ1982Վարդգէս Համազասպեան1850 թուական1986 թուականՀայ առաքելական եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներըՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումԳաղատիաՄինի ՄաուսՀին Երեւան🡆 More