Մեհեան

Մեհեան, հեթանոսական տաճար։

Մեհեան
Գառնիի հեթանոսական տաճարը

Պատմութիւն

Կ'ենթադրուի, որ սկզբնական շրջանին մեհեան կոչուած են Միհր աստուծոյ տաճարները, հետագային ստացած են հեթանոսական տաճար ընդհանուր իմաստը։ Մեհեանին մէջ դրուած էին հեթանոսական որեւէ աստուածութեան արձանը եւ զոհասեղան մը, որոնք կոչուած են բագին։ Երբեմն մեհեանը նոյնպես կոչուած է բագին։ Ագաթանգեղոս հեթանոսներու մասին կ'ըսէ է, որ «անոնք դիցապաշտ կախարդութեամբ մեհեաններ կը կառուցէին եւ անոնց մէջ երկրպագութեան պատկերներ (արձաններ) կը կանգնեցնէին»։ Մովսէս Խորենացիի վկայութեամբ, Վաղարշակ թագաւորը կարգելով հայոց նախարարութիւնները՝ «այս բոլորէն ետք Արմաւիրի մէջ մեհեան շինելով՝ արձաններ կը կանգնեցնէ արեգակին, լուսինին եւ իր նախնիներուն» (Պատմութիւն Հայոց, 1968, էջ 140)։

Պատմահայրը այնուհետեւ կը հաղորդէ, որ Երուանդ Դ. թագաւորը մայրաքաղաքը Արմաւիրէն տեղափոխած է արեւմուտք՝ Արաքսի ափին, ուր «ընդդէմ Ախուրեանն հոսի գետ», նոր մայրաքաղաքէն ոչ հեռու, Ախուրեանի ափին շինած է Բագարան (աստուածներու բնակավայր) փոքր քաղաքը, հոն փոխադրած է բոլոր կուռքերը Արմաւիրէն եւ մեհեաններ կառուցելով, իր եղբայրը՝ Երվազը կարգած է քրմապետ (նոյն տեղը, էջ 166)։ Հին Հայաստանի մէջ հեթանոսական դիցարանի բոլոր աստուածներուն նուիրուած մեհեաններ կառուցուած էին։ Երկինքի եւ երկրի արարիչ, բոլոր աստուածներու հայր համարուող Արամազդին մեհեանը կը գտնուէր Եփրատի ափին, Անի ամրոցին մէջ։

  • Աւելի նշանաւոր էր երկիրին եւ անոր մայրաքաղաքին հովանաւոր, կեցուցիչ ու բարերար «մեծի Անահտայ տիկնոջ» մեհեանը, որ կը գտնուէր Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանին մէջ։ Անահիտին միւս մեհեանները կառուցուած էին Արմաւիրի, Բագարանի, Արտաշատի եւ Տարօնի Աշտիշատ աւանին մէջ, ինչպէս նաեւ Աղձնիքի Դարբնաց քար կոչուող վայրին մէջ։
  • Տիր աստուծոյ մեհեանները կը գտնուէին Արմաւիրի, Բագարանի, նաեւ Արտաշատի մօտ՝ ճանապարհի վրայ։
  • Միհրի մեհեանը Դերջան գաւառի Բագահառիճ աւանին մէջ էր,
  • Վահագնի մեհեանը՝ Աշտիշատի մէջ,
  • Նանէ աստուածուհիին մեհեանը՝ Թիլ աւանին մէջ,
  • ասորական (սուրիական) ծագում ունեցող Բարշամինա աստուծոյ մեհեանը Թորդան աւանին մէջ, Աստղիկի մեհեանները՝ Աշտիշատի եւ Վանայ լիճի ափին՝ Արտամետ քաղաքին մէջ,
  • Գիսանէ եւ Դեմետր աստուածներու մեհեանները՝ Տարօնի Իննակեան կոչուող վայրին մէջ՝ Աշտիշատի մօտ։
  • Գառնիի հեթանոսական տաճարը կ'ենթադրուի, որ նուիրուած է Արեգ-Հելիոս-Միհր արեւու աստուծոյ։

Ագաթանգեղոս, պատմելով քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք հեթանոսական մեհեաններու աւերման մասին, բազմիցս կը նշէ, որ անոնք ընդարձակ տիրոյթներ եւ գանձեր ունէին։ Օրինակ՝ Արտաշատի մէջ Անահիտ դիցուհիին եւ անոր մօտ գտնուող Տիր աստուծոյ մեհեանները աւերելու առիթով կ'ըսէ, որ անոնց մթերած գանձերը գրաւեցին, բաժնեցին աղքատներուն, իսկ դաստակերտները (մեհեաններուն պատկանող քաղաքատիպ աւանները), անոնց սպասաւոր քուրմերով, հողերով եւ սահմաններով նուիրեցին եկեղեցւոյ։ Համանման վկայութիւններ պատմիչը կը հաղորդէ նաեւ Բարշամինայի, Արամազդի, Անահիտի, Նանէի, Միհրի մեհեաններուն, ինչպէս եւ Վահագնի, Աստղիկի եւ Անահիտի Աշտիշատի մէջ գտնուող մեհեաններու կործանման առթիւ։ Մեհեաններուն մէջ կը պահուէին նաեւ մեհենական նշանագիրերն ու գրականութիւնը, գեղարուեստական ձեւաւորումով մեծարժէք ծիսական սպասներ, իրեր, առարկաներ՝ տարբեր նիւթերէ, նաեւ ազնիւ մետաղներէ։ Մեհեանները կրօնապաշտամունքային, տնտեսական եւ մշակութային կեդրոններ էին։ Հայաստանի մէջ քրիստոնէական դաւանանք ընդունելու ժամանակներուն հեթանոսական աստուածութիւններու մեհեանները հիմնայատակ աւերուած են եւ անոնց ճարտարապետութեան մասին գրեթե ոչինչ յիշուած է։ Պահպանուած է միայն Գառնիի արքայական ամրոցին յունա-հռոմէական տիպի հեթանոսական տաճար-մեհեանը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Մեհեան 

Ստորոգութիւն:Հայկական հեթանոսական տաճարներ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Վրաստան1 ՅունիսԽոսրովի Անտառ4 Մարտ1880 թուականՌաանանաՀայերէնԱնրի ԹրուայաՀայ Գիրերու ԳիւտՄարսէյլՄեսրոպ Մաշտոց7 ՍեպտեմբերԱրգիշտի Ա․ՆշենիԼինուքս24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Հատած տասներկուսանիստԽնձորԳէորգ Մելիք-ԳարակէօզեանԾովից ծով ՀայաստանՍթոքհոլմԿորիւնՈւիլիըմ ՇէյքսփիրԼոնտոնՔրտերէնԳրիգոր Զօհրապ3 ՍեպտեմբերՎանադինԴիլիջանԱրաքս (գետ)Ճէյք ՀանրահանՄտաւոր Սեփականութեան Համաշխարհային ՕրՃեք ԳէորգեանԼիոնԱրմէն ԳարօԱշտարակՍմբատաբերդՅունաբան ԴպրոցՍպիտակ ԱրջԵւրոպական ԽորհուրդՀայկական ՏոմարԱտոլֆ ԱյշմանԻսրայէլՄանուէլ (անձնանուն)Սողոմոն ԹեհլիրեանՊելոպոնեսեան ՊատերազմԱծանցաւոր բառերՆոամ ՉոմսքիԳեղարդի վանք1831 թուականՅունարէնՎարդան ԱրեւելցիԼաստիվերՄշակիչԹոքախտՋութակՀայկական ԹատրոնՎահագն Դաւթեան31 ՅուլիսՇնչառութիւնՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակՂեւոնդ (պատմիչ)ՍեխԵւրոպայի երկիրներու եւ կախեալ տարածքներու ցանկԱրամ ՀայկազՀանրագիտարան1 ԱպրիլՆիքիթա ԽրուշչովՊուլկարիա1983 թուականՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)Հայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՊաղեստինՊարզ լիճԿարմիր Ծով🡆 More