Դիլիջան

Դիլիջան, քաղաք Հայաստանի Տավուշ մարզին մէջ, մարզկեդրոններէն 36 քմ հարաւ-արեւմուտք, Աղստեւ գետի ափին։ Բնակչութիւնը՝ 16 600 մարդ (2016)։ Հեռաւորութիւնը Երեւանէն՝ 99 քմ։

Քաղաք
Դիլիջան
Զինանշան
Դիլիջան

Դիլիջան
Երկիր Դիլիջան Հայաստան
Տարածութիւն 13 քմ²
ԲԾՄ 1500±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 16 600 մարդ (2016)
Կը գտնուի ափին Աղստև?
Ժամային գօտի UTC+4։00
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 57
Պաշտօնական կայքէջ dilijan.am

Պատմաաշխարհագրական ակնարկ

Որպէս առողջարան, քաղաքին 1958 թուականին տրուած է հանրապետական ենթակայութեան քաղաքի կարգավիճակ։ 1996 թուականին, որպէս վարչական մաս կը միանայ Տավուշ մարզին։

Դիլիջանի տարածքին մէջ կան 2 տասնեակ հանքային աղբիւրներ։ Քաղաքի բնապատկերին հմայք կը հաղորդէ Աղստեւ գետը իր վտակներով։ Հայաստանի մէջ առաջին առողջարանը հիմնադրուած է Դիլիջանի մէջ 1921 թուականին։

Ներկայիս քաղաքին մէջ կը գործեն շուրջ 3 տասնեակ առողջարաններ եւ հանգստեան տուներ, 5 դպրոցներ, 3 միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններ եւ համալսարաններու 2 մասնաճիւղեր։ Քաղաքը ունի 3 թանգարան, գրադարանային համակարգ, գեղարուեստի եւ երաժշտական դպրոցներ։

Քաղաքը զբոսաշրջային եւ բարեկամական կապեր ունի Լիւքսըմպուրկի Փետանճ, Իտալիայի Ուտինէ, Անգլիայի Ուինկոմպ, Ֆրանսայի միջերկրածովեան յայտնի զբոսաշրջային կեդրոններ Մարսէյ, էքս-Փրովանս եւ Սեն Մաքսիմ քաղաքներու հետ։

Կ'իրականացուի քաղաքը տարածաշրջանային ֆինանսական կեդրոն դարձնելու կառավարութեան ծրագիրը։

Աւանդութիւն

Կ'ըսեն թէ հայրը իր Դիլի անունով որդիին հետ գործով քաղաք կ'երթայ։ Ճանապարհին՝ անտառներու մէջէն անցնելով, որդին կը կորսուի։ Հայրը կը սկսի աջ ու ձախ փնտռել զայն, բայց անօգուտ։ «Դիլի ջա՛ն, Դիլի ջա՛ն» կանչելով ան կը դառնայ անտառներուն մէջ։ Վերջապէս, տեղ մը, գետին ինկած կը գտնէ որդիին դիակը։ «Դիլի ջա՛ն, Դիլի ջա՛ն» ըսելով սուգ կ'ընէ հայրը, որդիին դիակին վրայ։ Եւ այդ օրուընէ այդ տեղին անունը կը մնայ Դիլիջան։

Բնակչութիւն

Դիլիջանի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը.

Տարի 1976 1989 1991 2001 2004 2015
Բնակիչ 24056 30433 30400 16202 16100 23700

Տնտեսութիւն

Դիլիջանի մէջ զարգացած են առողջարաններուն սպասարկող արդիւնաբերութեան ճիւղերը։ Իբրեւ առողջարանային քաղաք Դիլիջանի համար կենսական նշանակութիւն ունի նաեւ գիւղատնտեսութիւնը, հատկապէս անասնաբուծութիւնը եւ բանջարաբուծութիւնը։

1932-ին շահագործման հանձնուած է ՀԷԿ-ը։

1949-էն սկսեալ կը գործէ քաղաքի արդիւնաբերական խոշոր ձեռնարկութիւններէն մէկը՝ «Դիլիջան» հանքային ջուրերի գործարանը։

Առողջարաններ

Դիլիջանը լեռնակլիմայական առողջարան է։ Քաղաքին մէջ կը գործեն տասնեակ հանգստեան տուներ եւ առողջարաններ։ Այստեղ կը գտնուին արուեստագէտներու ստեղծագործական եւ հանգստեան տուները։

1958-ին քաղաքի մոտակայքին տարածուող անտառահատուածին մէջ ստեղծուած է հանրապետութեան արգելանոցներէն մէկը՝ Դիլիջանի արգելանոցը։

Մշակոյթ

Կիրառական արուեստ

Կիրառական արուեստի յայտնի նմուշներէն է Հաղարծնի տարածքին մէջ յայտնաբերուած 1232-ին պատրաստուած պղինձէ կաթսան, որ մետաղի գեղարուեստական մշակման եզակի օրինակ է եւ կը պահուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ։ Ան ցուցադրուած է նաեւ Լոնտոնի մէջ։ Ինչպէս ամբողջ Հայաստանի մէջ այնպէս ալ Դիլիջանին մէջ կան բարձրարուեստ խաչքարեր, հատկապէս մեծ վարպետութեամբ պատրաստուած է վարպետ Պողոսի խաչքարը (1291), որ դրուած է Գոշավանքին մէջ։

Նոր ժամանակներուն բնակավայրերուն մէջ զարգացած են գորգագործութիւնը, ասեղնագործութիւնը, փայտի գեղարուեստական մշակումը, ձեռարուեստը եւ այլ ժողովրդական արհեստներ։ Յայտնի է Դիլիջանեան կարպետ տեսակը։ Ինչպէս այդ, այնպէս ալ գորգագործութեան եւ կարպետագործութեան շատ հետաքրքիր նմուշներ կը պահպանուին Դիլիջանի թանգարաններու հաւաքածուներուն մէջ։ Փայտագործ վարպետ Գառնիկ Ալիխանեանի ստեղծագործութիւնները լայն ճանաչում ունեցած են հանրապետութեան սահմաններէն դուրս։ Առանձնապէս մեծ արուեստով պատրաստուած է տարբեր ծառատեսակներու փայտի փոքրիկ կտորներէն ստեղծուած գորգը։ Այդ եզակի ստեղծագործութիւնը կը ցուցադրուի Հայաստանի ժողարուեստի թանգարանի Դիլիջանի մասնաճիւղին մէջ։ Փայտագործ վարպետ Ռեւիք Հովսեփեանի պատրաստած նախշազարդ օրորոցները, ջահերը, փայտէ կենցաղային իրերը մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Երիտասարդ վարպետ Կրիշա Հովսեփեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայկական աւանադական փայտէ աղամանները եւ խաչքարերը։

Զարգացած է նաեւ ձեռարուեստը, որուն գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են արուեստագիտութեան թեկնածու Սերիկ Դավթեանը հետագային ժողովրդական վարպետ Նուշիկ Մալխասեանը։ Ձեռարուեստի ճանչցուած վարպետներէն են Ֆլորա Պապեանը, Մարինէ Պողոսեանը, Սոֆիա եւ Նազիկ Պարանեանները, Հրեղէն Գասպարեանը, Թամարա Դավթեանը, Մարիցա Հայրապետեանը եւ ուրիշներ։ Գորգագործութեան մէջ լուրջ աւանդ ունին Զիրավարդ եւ Թագուհի Ղուլեանները։ Կիրառական արուեստի հետաքրքիր նմուշներ կը պահպանուին Հայաստանի ժողարուեստի թանգարանի Դիլիջանի մասնաճիւղին եւ «Դիլիջան» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ։

Ճարտարապետութիւն

Դիլիջան 
Պատմական Շարամպէեան փողոցը

Դիլիջանի տարածքին եւ անոր շրջակայքին մէջ կան 32 ճարտարապետական յուշարձաններ։ Այդ յուշարձաններէն ամէնէն նշանաւորներն են Հաղարծինը, Գոշավանքը, Ջուխտակ Վանքը, եւ Մաթոսավանքը, որոնք կը հանդիսանան միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան արժէքաւոր կոթողներէն։

19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին երբ աւելի կը մեծնար Դիլիջանի առողջարանային համբաւը, այստեղ կառուցուող տուները իրենց մէջ կը պարունակեն Անդրկովկասի հայ մեծահարուստներու ամառանոցներու, Դիլիջանի տնաշինական աւանդութիւններու տարրերը։ Կը տարածուի այսպէս կոչուած ժողովրդական տուներու կառուցման «Դիլիջանեան ոճը»։

Քաղաքի վարչական կեդրոնը ձեւաւորուած է 1960-1980, 1961-ին հաստատուած քաղաքի գլխաւոր հատակագիծին համապատասխան։ Այստեղ կը գտնուին մշակոյթի պալատը(հեղինակներ Ռ. Գեւորգեան, Խ. Վաթինեան, Ս. Աւետիսեան) ՀԿԿ քաղկոմի շէնքը (ներկայիս քաղաքապետարան, հեղինակներ Խ. Վաթինեան Ս. Աւետիսեան), քաղխորհրդի նախկին շէնքը (հեղինակներ Ս.Գիւլզատեան, Կ. Մատինեան), կապի հանգոյցի շէնքը (հեղինակ Գ. Աչեան), կինոթատրոնը (հեղինակներ Ա. Մակարեան, Լ. Ինջիկեան), քաղաքային գրադարանը (հեղինակ Գ. Առաքելեան), կեդրոնական հանրախանութը (հեղինակներ Ջ. Սարգսեան, Լ. Գասպարեան), Հիւրանոցը (հեղինակ Գ. Աչեան)։ Քաղաքի կեդրոնական հրապարակը վերակառուցուած է 2005 թուականին։

1983-ին շահագործման յանձնուած է Դիլիջան պատմաճարտարապետական յուշարձան համալիրը, (հեղինակներ Հ. Թելումեան, Թ. Գրիգորեան) Երգահաններու ստեղծագործական տունը շահագործման յանձնուած է 1963 թուականին, բաղկացած է վարչական երկհարկանի շէնքէն եւ 12 առանձին տուներէն (ճարտարապետ՝ Է. Ալթունեան)։ 1984-ին շահագործման յանձնուած է Պիթհովընի անուան համերգասրահը։

Քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ կը պահպանուին XX դարու սկիզբը կառուցուած եւ ազգագրական արժէք ներկայացնող տուներ, որոնք կը կազմեն փոքրիկ հին թաղամաս մը։ Դիլիջանէն արեւմուտք կը գտնուին «Ջուխտակ» վանքը եւ «Մաթոսավանքը»։

Մամուլ

Քաղաքը ապրած է հարուստ գրական կեանքով։ Դիլիջանի մէջ ծնած եւ իր մանկութիւնը հոն անցուցած է յայտնի գրող Վախթանգ Անանեանը։ Քաղաքի սիրուած բանաստեղծներէն էր Գեւորգ Զարենցը (Ղազարեանը), որ ունի նաեւ մանկական հիանալի ստեղծագործութիւններ։ Մի քանի հրատարակուած բանաստեղծութիւններու հեղինակ է Մկրտիչ Գրիգորեանը։ Քաղաքի ճանչցուած բանաստեղծներէն է Միքայէլ Սերունցը (Անանեանը)։ Հանրապետական գրական մամուլին մէջ բազմաթիւ անգամ տպագրուած են բանաստեղծ Արծրուն Հովսեփեանի ստեղծագործութիւնները։

1958 թուականէն սկսեալ կը հրատարակուի «Դիլիջան» թերթը (ընդհատուած է 1963-1964), վերահրատարակուած է 5 Մայիս 1965-ին։ Այժմ ան երկշաբաթաթերթ է, ուր կը զետեղուին քաղաքային կեանքի տարբեր ոլորտներուն վերաբերուող հոդուածներ։ Մայիս 2006 թուականէն ի վեր կը հրատարակուի «Երիտասարդական գործունէութեան ակումբ» հասարակական կազմակերպութեան «Երիտասարդ Դիլիջան» ամսաթերթը։ Օգոստոս 1993 թուականին հիմնադրուած է տեղական RT-V հեռուստաընկերութիւնը, որ ամենօրեայ հաղորդումներով կը լուսաբանէ քաղաքային կեանքը։

Գեղանկարչութիւն

Գեղանկարչութեան զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունի ՀԽՍՀ վաստակաւոր գծագրիչ Հովհաննէս Շարամպէեանը։ Անոր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է կերպարուեստի դպրոց, որուն սաներէն շատերը շարունակելով կրթութիւնը դարձած են շնորհալի գծագրիչներ։ Դիլիջանցի գծագրիչներու ստեղծագործութիւններուն մէջ նշանակալի տեղ կը գրաւէն «Հին Դիլիջան» բնանիւթով գործերը եւ այժմ Դիլիջանի թանգարանային հաւաքածուներուն մէջ կան յիշեալ բնանիւթին վերաբերող գծագրիչներու Հովհաննէս Շարամպէեանի, Ղազարոս Ղազարեանի, Վարազդատ Ամեանի, Համլեթ Ասատրեանի, Սերժիք Դաւթեանի, Գեւորգ եւ Համլեթ Մակուեցեաններու, Էտիք Յարութիւնեանի, Սամուէլ Ֆրանկուլեանի ստեղծագործութիւնները։

Կրթական հաստատութիւններ

Դիլիջանի մէջ կը գործեն 4 միջնակարգ եւ 1 աւագ դպրոց։ 2013-էն ի վեր կը գործեն նաեւ Այբ դպրոցի եւ Թումոյի մասնաճիւղերը, Սեպտեմբեր 2014-ին՝ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը։

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Դիլիջան Պատմաաշխարհագրական ակնարկԴիլիջան ԲնակչութիւնԴիլիջան ՏնտեսութիւնԴիլիջան ԱռողջարաններԴիլիջան ՄշակոյթԴիլիջան Կրթական հաստատութիւններԴիլիջան ՊատկերասրահԴիլիջան ԾանօթագրութիւններԴիլիջան Արտաքին յղումներԴիլիջանԵրեւանՀայաստան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Բաշ Ապարանի ՃակատամարտԹռչնոց ԲոյնՍմբատ (անձնանուն)Գէորգ ԵրեւանեանՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնԱտրինէ ՏատրեանՈսկիՍտեփան ԾաղիկեանԱրայի լեռՄխիթար ՍեբաստացիՓաստաբանԵրկաթէ ԴարԴաշնամուրՊարաք ՕպամաԱրամ ՀայկազԱրամ ԵրկանեանՀրաչեայ ԱճառեանՀայկական ՄուֆլոնՎազգէն Ա.ԹատրերգութիւնՖրանց ՎերֆելԱզրպէյճանԳրական երկի լեզուԱղուանքԹորոս ՌոսլինԻլան ՄասքԼուսիկ ԱգուլեցիԽաղաղական Ովկիանոս1868 թուականԴանիէլ ՎարուժանՍեւանի իշխանԷրեբունի-Երեւան (օրհներգ)Միկէլ Անճէլ ՍիլվէսթըրԳարունՇարլ ԱզնաւուրԴեղնախտԵկատերինա ԿապաշվիլիԳալկարիԲաբերդԽաչիկ ԴաշտենցՄարգար ՍեդրակեանՌուբէն ՍեւակԹարգմանչաց ՏօնՂեւոնդ ԱլիշանՀրաբուխԱւետիս ԱհարոնեանՎիքտոր ՀամբարձումեանԼեռ ԿամսարՔլէոփաթրաՎլատիմիր ԼենինԹաումաթաուաքաթանկիհանկաքոաուաուոթամաթէաթուրիբուքաքաբիքիմաունկահորոնուքուբքքայիֆենուաքիթանաթահուՀայոց ՑեղասպանութիւնՌոզա ԼինՄետաքսի ՃանապարհՄաղաքիա Արք․ ՕրմանեանՍերիոժա Սուքիաս Յարութիւնեան1889 թուականՄագաղաթՍեն ՓեթերսպուրկՄեքքաՓորթուկալԵրկուորեակ (համաստեղութիւն)Խանասորի ԱրշաւանքԻտալիաՄարաշՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրԱրմենակ ԽանփերեանցՄիջազգային Քրէական ԴատարանՍուրճի Միջազգային ՕրՍեռ (կենսաբանութիւն)Եսայի ՆչեցիՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն🡆 More