Վասպուրական

Վասպուրական՝ Մեծ Հայքի 8-րդ նահանգը։ Հիւսիսէն սահմանակից էր Այրարատ, հիւսիս–արեւելքէն՝ Սիւնիք, արեւելքէն՝ Փայտակարան եւ Պարսկահայք, հարաւէն՝ Կորճայք, Մոկք եւ Աղձնիք, արեւմուտքէն՝ Տուրուբերան նահանգներուն։ Կը ներառէ 34 գաւառ։

Վասպուրական

Վարչական բաժանում

Ըստ կարգ մը հայ պատմաբաններու, ժամանակին տարածուած էր այն տեսակէտը, թէ Աղիովիտ գաւառը կիսուած էր Տուրուբերանի եւ Վասպուրականի միջեւ։ Սուրէն Երէմեան, «Աշխարհացոյցի» բոլոր ձեռագիրներու տարընթերցումները չունենալով, գաւառը կը բաժնէ երկու մասի, որու արեւմտեան հատուածը իբրեւ Աղիովիտ գաւառ, կը յատկացնէ Տուրուբերանին, իսկ արեւելեան հատուածը՝ իբրեւ Աղիովիտ գաւառ, Վասպուրականին։ Անոր կարծիքով, ըստ երեւոյթին սկիզբը գոյութիւն ունեցած է մէկ Աղիովիտ գաւառ, որ հետագային վաճառաշահ Զարիշատ քաղաքի բարձրանալուն հետեւանքով, որ «արքունի քաղաք»ի իրաւունք ստացած էր, կը բաժնուի երկու մասի, որոնցմէ արեւմտեանը կը դառնայ Զարիշատի քաղաքային տարածք։

Վասպուրականը Աղիովիտ անունով գաւառ չէ ունեցած, հետեւաբար անկախ ներքին բաժանմունքէն, Աղիովիտը ամբողջութեամբ կը պատկանի Տուրուբերանին։ Այդ իրողութիւնը յստակ կը դառնայ նաեւ այն իրողութենէն, որ Հայաստանի 591-ի երկրորդ բաժանման ատեն պարսկա-բիւզանդական սահմանագիծը կ'անցնէր ոչ թ իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող երկու Աղիովիտներու մէջէն, այլ Առեստի անմիջական հարեւանութեամբ, որմով կարծես թէ Վասպուրականի մէկ հատուածը եւս կ'անցնէր Բիւզանդիոնին։ Վերջինս Վասպուրականի մէջ տարածքային ձեռքբերումներ չունէր, պարզապէս Աղիովիտ գաւառը ամբողջութեամբ անցած էր կայսրութեան։

Այսպիսով, Վասպուրականը կազմուած էր հետեւեալ 34 գաւառներէն (նախապէս տարածուած 35 գաւառներուն փոխարէն, հանելով Աղիովիտը Վասպուրականի գաւառներու ցանկէն).

  • Ռշտունիք - կեդրոնը՝ Մանակերտ
  • Տոսպ - կեդրոնը՝ Վան
  • Բոգունիք
  • Արճիշակովիտ
  • Կուղանովիտ - կեդրոնը՝ Կուղան
  • Առբերանի - կեդրոնը՝ Առեստաւան
  • Գառնի
  • Բուժունիք
  • Առնոյոտն
  • Անձեւացիք (Անձրեւացիք) - կեդրոնը՝ Կանգաւար
  • Տրպատունիք
  • Հայոց ձոր կը կոչուէր նաեւ Երուանդունիք - կեդրոնը՝ Հայկաբերդ
  • Բուն Մարդաստան
  • Մարդաստան - կեդրոնը՝ Համբոյրազան
  • Արտազ - կեդրոնը՝ Շաւարշաւան
  • Ակէ - կեդրոնը՝ Ականիս
  • Աղբակ Մեծ - կեդրոնը՝ Յադամակերտ
  • Անձախի ձոր - կեդրոնը՝ Կոտորոց բերդ
  • Թոռնաւան (Թոռնաւան) - կեդրոնը՝ Թոռնաւան
  • Ճուաշ-ռոտ - կեդրոնը՝ Մարտակերտ
  • Կրճունիք
  • Մեծնունիք
  • Պալունիք - կեդրոնը՝ Պղուանք
  • Գուկանք
  • Աղանդ-ռոտ - կեդրոնը՝ Նուարսակ
  • Պարսպատունիք
  • Արտաշիսեան կը կոչուէր նաեւ Արտաւանեան - կեդրոնը՝ Արտամէտ
  • Բաքրան - կեդրոնը՝ Մարանդ
  • Գաբիթեան
  • Գազրիկեան- կեդրոնը՝ Գազրիկ
  • Տայգրեան
  • Վարաժնունիք - կեդրոնը՝ Տաշիր
  • Գողթն - կեդրոնը՝ Գողթն
  • Նախճաւան - կեդրոնը՝ Նախիջեւան

Աղբիւրներ

Արտաքին յղումներ

Tags:

ԱղձնիքՄեծ ՀայքՄոկք

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Նոր ՆախիջեւանՓարիզՊելոպոնեսեան ՊատերազմԻնտրաՀայ առաքելական եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներըՖրանսուա ՀոլլանտՆիւ ԵորքՃան ԱբգարիոսԻրանԻններորդ ԱլիքՎահան ԹոթովենցՀայաստանեայց Առաքելական Ս. ԵկեղեցիԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմԳերմանիաՄուրատ-Ռափայէլեան ՎարժարանՍամուէլ (անձնանուն)1989 թուականՀին ԵրեւանԱրամ Խաչատուրեանի Տուն-ԹանգարանՔսենոֆոնՀին ՌուսիաՎլատիմիր ՓութինԱմերիկաՍեւրի դաշնագիր1996 թուականԱնգլիաՆիկողոս ԶօրայեանԿողբՊոսթընՎարդան ԱրեւելցիՄիջերկրական ԾովՀայ բուսաշխարհ (բառարան)Վլատիմիր ԼենինԱտանաԱնգլերէնՉարլզ ՊիքֆորտՄալեզիաԲագին (գրական հանդէս)1837 թուականՄանկական ԱնդամալուծութիւնՎասպուրականՀայկանուշ ՄարքՀայաստանԱլեքսանդր ԽատիսեանՇուշիի Հռիփսիմեան Օրիորդաց Միջնակարգ ԴպրոցՃոան ՌոուլինկՄարոքՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային Բաժանում15 ԱպրիլԳրիգոր ԱսլանեանՄեծն ՏիգրանԱնի198212 Յունուարyth71Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)1911 թուականՎրացերէնՄարիա ՃէյքըպսընՄովսէս ԽորենացիԼուի ՊուսենարՍլովաքիաՏեսփասիթօ1600 թուական🡆 More