Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան

Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան, հայկական վարժարան՝ Վենետիկ։ Գիշերօթիկ է, 1980-ականներուն կ՛ուսանէին մօտ 120 սան, որոնցմէ շուրջ 45-ը՝ անվճար։ Վարժարանն ունի հարուստ գրադարան, թանգարաններ, մարզական հրապարակներ, կը գործեն «Սայեաթ-Նովա» նուագախումբն ու թատերական խմբակը։

Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Տեսակ Լիցեյ?[1]
Հիմնադրուած է 1836[1]
Լուծարուած է 1997
Աշակերտներ 120
Երկիր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան Իտալիա
Տեղագրութիւն Վենետիկ

Այնտեղ բացի հայերէն, ուսանած են հայագէտներ Հայնրիխ Հիւբշմանը, Մարի Ֆելիսիտէ Բրոսսէն, Եորգանը եւ ուրիշներ։

Պատմութիւնը

Հիմնադրուած է 1836-ին, Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ, էդվարդ Ռափայէլի Ղարամեանի միջոցներով՝ Ռափայէլեան վարժարան անուանմբ։ 1870-էն կը կոչուի Մուրատ-Ռափայէլեան (կրթական հաստատութեան կը միանայ Փարիզի Մուրատեան վարժարանը, որ 1929-ին կ՛անջատուի եւ դարձեալ կը բացուի Փարիզի մէջ, սակայն Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը կը պահպանէ իր անունը (Սամուէլ-Մուրատեան վարժարան)։

1917-ին տեղափոխուած է Հռոմ, 1918-ին՝ դարձեալ Վենետիկ։ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին ժամանակ կը փակուի, իսկ 1950-ին կը վերաբացուի։ Սկզբնական շրջանին վարժարանն կ՛առաջնորդուէր գիմնազիական ծրագիրով, ունէր 6-ամեայ դասընթաց։ 1867-ին Ֆրանսայի, 1879-ին Իտալիոյ կառավարութիւնները Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանն կ՛օժտեն լիկէոնական իրաւունքներով։

Վարժարանի դասաւանդողներ

Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանոէն ներս դասաւանդած են Ղեւոնդ Ալիշանը, Ս․ Թէոդորեանը, Մ․ Նուրիխանը, Վ․ Աւգերեան, Ա․ Գասքանտիլեան, Դ․ Նազարեթեան, Գ․ Ճելալեանը, Գ․ Նահապետեանը, Թադէոս Թովմաճանեան, Մ․ Թաշճեանը, Վ․ Հացունին, Մ․ Ճանաշեանը, Ս․ Ագլեանը, Հ․ Ապոյեանը, Սինանեանը, Հ․ Դերձակեանը, Ա․ Ճարեանը, Ա․ Ղազիկեանը, ֆրանսացի եւ իտալացի ուսուցիչներ Ալեանսքը, Մ․ Տամէն, Տէ-Լուգան, փրոֆէսոր Գալոն, վարժարանի «Հայկական քայլերգի» հեղինակ Աւրելիանոս Բոնձիլագուան։

Վարժարանի շրջանաւարտներ

Շրջանաւարտներէն են Դանիէլ Վարուժան, Թովմաս Թերզեան, Մկրտիչ Աճէմեան, Վ․ Սվաճեան, Ա․ Արապեան, Վ․ Փափազեան, Յ․ Փափազեան, Է․ Շահին, Զ․ Մութաֆեան, Գ․ Ալեմշահ, Էտկար Մանաս եւ ուրիշներ։ Վարժարան յաճախած են նաեւ եւրոպացիներ։ Անուանի հայագէտներէն Հէնրիկ Հիւպշման, Փ․ Ֆետտերը, Ֆ․ Նեւ, Պրոսսէն, Է․ Դյուլորիէն, Ն․ Եորգան, Ֆրետերիք Ֆէյտին եւ ուրիշներ մշտական կապերու մէջ եղած են Մխիթարեաններուն եւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի հայագէտներուն հետ։

Գրականութիւն

Ծանօթագրութիւններ

-1'>1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  • Մշակոյթի աշխարհ. Հանրագիտակ, Երեւան, 2007 
  • Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան 

    Tags:

    Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան ՊատմութիւնըՄուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան Վարժարանի դասաւանդողներՄուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան Վարժարանի շրջանաւարտներՄուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան ԳրականութիւնՄուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան ԾանօթագրութիւններՄուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան1980Վենետիկ

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    Սողոմոն ԹեհլիրեանԶաքինդոսԱրածանիի ՃակատամարտՆազարէթ1776 թուականԱնտալուսիաԱլեքսանտրիոյ ԳրադարանԻսրայէլԹոմաս ՃեֆըրսընՏաւուշի մարզԵփրեմ ԱսորիՄհերի ԴուռՆիքոլա ԹեսլաՄարկրէթ ԹաչըրԹեքսասԹատրերգութիւն1789 թուականՍիւզան ՄարգարեանՈւհուրու ՔենեաթաՆոյԷյմի ՈւայնհաուսՄեքսիքաGLAMՂազար ՓարպեցիԹուրքիաՏիգրանակերտի ՃակատամարտՔալիֆորնիաՃահուկ (Սիւնիք)Արմէն ԳարօՔարլես ՓուճտեմոնՍխտորՄայիսԱրցախեան ԱզատամարտՀամբարձում ՊէրպէրեանԽմորեղէնՍեւ ԾովՓաֆոսի Բիւզանդական ԹանգարանՋրածինՂափամայԵկեղեցական զգեստՅունարէնՀերաթՍասանեան ՊարսկաստանՀարշատ թիւերՎատուցԱնանիա ՇիրակացիԹենիսԺանն տ'ԱրքԱլեքսիս ՍանչեզԹորոս ՌոսլինԳրիգոր ՆարեկացիՆիւ Եորք1786 թուականԱրաբական ԳարունՀայերէնԴանիաՅակոբ ԱյնթապլեանԿեդրոնական Հետախուզական ՎարչութիւնՀրայր ԴժոխքՆահապետ Քուչակ1743 թուականՍաղմոսավանքԵբրայերէնԹատրոնի Համաշխարհային ՕրԱ․ Համաշխարհային ՊատերազմԼեւոն ՇանթԶանգուածային Սպանութիւն Օռլանտոյի Մէջ (2016)1735 թուական1717 թուականԱրհեստական ԲանականութիւնՅակոբ ՕշականՖրանսաԴանիէլ ՎարուժանԵրեւան🡆 More