Աւարայրի Ճակատամարտ

Աւարայրի ճակատամարտ, Աւարայր գիւղին մօտ, 26 Մայիս 451-ին, ապստամբ հայկական ուժերու եւ պարսկական բանակին միջեւ տեղի ունեցած ճակատամարտ։ Աւարայրի ճակատամարտը Սասանեան Պարսկաստանի դէմ հայ ժողովուրդին մղած ազգային-ազատագրական պայքարին գագաթնակէտն էր։

Աւարայրի Ճակատամարտ
«Վարդանանք», հեղինակ՝ Կարապետ Բարկրեցի

Վարդան Մամիկոնեանի հրամանով, հայոց զօրքը կը հաւաքուի Այրարատի մէջ եւ անմիջապէս յարձակողականի կը դիմէ։ Սպարապետը մտադրած էր ճակատիլ հայ-պարսկական սահմանին վրայ եւ կանխել երկիրին աւերումը։ Սակայն Մուշկան Նիւսալաւուրտի հրամանատարութեամբ, պարսկական զօրքը արդէն անցած էր Հեր ու Զարեւանդ գաւառներէն եւ կը շարժէր դէպի երկիրին խորքը։ Պարսիկներու հսկայական բանակը զինուած էր ընտիր հեծելազօրքով՝ «Մատեան գունդով» ու մարտական փիղերով։ 451-ի գարնան անոնք կը մտնեն Վասպուրականի Արտազ գաւառ, բանակատեղի ընտրելով Տղմուտ գետի աջ ափը՝ Աւարայրի դաշտը։ Պարսկական զօրքերուն նպատակն էր՝ ճնշել հայերուն ապստամբութիւնը եւ գրաւել անոնց ռազմաքաղաքական կեդրոն՝ Արտաշատը:

25 Մայիսին, հայկական բանակը կը մօտենայ թշնամի բանակատեղիին եւ կանգ կ'առնէ Տղմուտ գետի ձախ ափին։ 26 Մայիսի Շաբաթ առտուն, Աւարայրի դաշտին վրայ, հակառակորդները կը պատրաստուին ճակատմարտի։ Մարտի նախօրեակին, սպարապետը իր 66 հազարնոց բանակը կը բաժնէ երեք մասերու, որոնց հրամանատարներ կը նշանակէ փորձառու զօրավարներ՝ Ներշապուհ Արծրունին, Խորէն Խոռխոռունին ու Թաթուլ Վանանդեցին: Սպարապետը կ'առանձնացնէ նաեւ պահեստազօրքը, որու հրամանատարութիւնը կը ստանձնեն իր եղբայրն ու Համազասպ Մամիկոնեանը։ Իր թիւով հայերը գերազանցող թշնամին, գլխաւոր ուժերը կը կեդրոնացնէ աջ թեւին, իսկ պահեստազօրքը կը ստանձնէ Մատեան գունդը։ Վարդան Մամիկոնեան, Յովսէփ Ա. Վայոց Ձորեցին եւ Ղեւոնդ Երէց կը քաջալերեն հայոց զօրքը՝ արիաբար մարտնչելու թշնամիին դէմ։

Աւարայրի Ճակատամարտ Չերկնչինք հեթանոսներու թիւէն, իսկ եթէ հասած է ժամանակը մեր կեանքը սուրբ մահով աւարտելու այս պատերազմին, մահը ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ արիութեան ու քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք:
- Վարդան Մամիկոնեան
Աւարայրի Ճակատամարտ

Suro daun

Աւարայրի Ճակատամարտ

Ճակատամարտը կը սկսի նետաձգութեամբ, նիզականետութեամբ եւ փոխադարձ գրոհով։ Հասնելով գետին՝ պարսիկները կանգ կ'առնեն, իսկ հայերը կը շարունակեն յառաջխաղացքը ու կը սկսին մարտնչիլ։ Հայերու ճնշումով թշնամի բանակին ձախ թեւն ու կեդրոնը կը նահանջեն։ Վարդան Մամիկոնեան պահեստազօրքին մէկ մասը կը մղէ կեդրոն՝ հոն ճնշումը սաստկացնելու համար, մնացեալ մասով օգնութեան կը փութայ ձախ թեւին ետ հրելով թշնամին։ Բայց հակառակորդին պահեստազօրքը՝ վերստին հաւաքուելով, կը շրջապատէ իր թիկունքը թափանցած հայկական հեծելագունդը։

Աւարայրի Ճակատամարտ Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է:
- Վարդանանց նշանաբան
Աւարայրի Ճակատամարտ


Անհաւասար մարտին, հերոսաբար կը զոհուի նաեւ Վարդան Մամիկոնեան։ Ճակատամարտը կը շարունակուի մինչեւ օրուան վերջը։ Հայկական զօրքերը երեկոյեան կը քաշուին Տղմուտի ձախ ափը եւ կը նահանջեն երկիրին խորքը՝ պայքարը շարունակելու նպատակով։ Երեկոյեան մարտը կը դադրի, եւ հայոց բանակը կը վերադառնայ իր դիրքերը։ Զոհուած էր սպարապետը, հայերը զգալի կորուստներ տուած էին։ Հայերուն զոհերուն թիւը կը հասնի 1036-ի, մարտի դաշտին ինկած էին ինը նախարարներ։ Շատ աւելի ծանր կորուստներ կրած էին նաեւ պարսիկները՝ 3544 հոգի։ Բացի ատկէ՝ թշնամին չէր հասած իր գլխաւոր նպատակին։ Հայերը չէին ջախջախուած, պահպանած էին մարտական ոգին եւ լի էին պայքարը շարունակելու վճռականութեամբ։

Աւարայրի Ճակատամարտ Ոչ թէ մէկ կողմը յաղթեց, եւ միւս կողմը պարտուեցաւ, այլ քաջերը քաջերու դէմ դուրս գալով, երկու կողմերն ալ պարտութիւն կրեցին: Աւարայրի Ճակատամարտ


Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, ապստամբական շարժումը չի դադրիր: Հայերը կ'ամրանան անառիկ վայրերու մէջ եւ կը սկսն յարձակումներով արիւանաքամ ընել թշնամին։ Պարտիզանական կռիւներ կը ծաւալին Արցախի, Տայքի եւ Տմորիքի մէջ, որոնց կը մասնակցին նոյնիսկ այն գաւառներուն բնակիչները, որոնք մինչ այդ չէին մասնակցած ապստամբութեան։ Հոներն ալ ծանր հարուած կը հասցնեն պարսիկներուն։

Աւարայրի ճակատամարտը կը կանխորոշէ հայ ժողովուրդին պայքարի ոգին։ Ի վերջոյ, ծանր կացութեան մէջ յայտնուած պարսից արքունիքը կը ստիպուի թեթեւցնել հարկերը, ետ կանչել իր զօրքերը, Հայաստանի ներքին ինքնավարութիւնը ճանչնալ եւ հրաժարիլ բռնի կրօնափոխութեան ծրագիրէն: Սակայն, գերի բռնուած հոգեւոր առաջնորդները եւ նախարարները Տիզպոնի մէջ կը դատուին։ Առաջինները մահապատիժի կ'ենթարկուին, իսկ վերջինները Միջին Ասիա կը ղրկուին։ Աւելի ուշ, անոնց կը թոյլատրուի վերադառնալ հայրենիք եւ տիրել իրենց կալուածներուն։ Իբրեւ ապստամբութեան առաջնորդներէն մէկը՝ պարսից արքունիքը բանտ կը նետէ Վասակ Սիւնին, որ կը մահանայ ծանր հալածանքներու ենթարկուելով։ Հայրենիք կը վերադառնայ նաեւ հայոց այրուձին։ Պարսից արքունիքը որոշ ատեն մը ետք կը վարէ հայերը սիրաշահելու քաղաքականութիւն։

Վարդանանց պատերազմը հայոց պատմութեան հերոսական էջերէն մէկն է։ Հայոց եկեղեցին սրբացուցած է Աւարայրի մէջ զոհուած հերոսները եւ զանոնք դասած է «հայրենիքի նահատակներ»ու շարքին։ Մինչեւ օրս, «Վարդանանց տօնը» հանդիսաւորապէս կը նշուի համայն հայութեան կողմէ:

Աւարայրի ճակատամարտը իր գեղարուեստական արտացոլումը գտած է, ի շարս այլ գործերու, Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք» պատմավէպին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Պարսկաստան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հայկ ՆահապետԱծանցաւոր բառեր1918Մատակասքար1936 թուականՀռոմէական ԿայսրութիւնՆեմեսիսի ԳործողութիւնԱկսել ԲակունցՇիրակի մարզԴանիաՅովհաննէս ՔաջազնունիՍարգիս ՄուրադեանԱրմենակ ԽանփերեանցՎենետիկ1734 թուականԼիոնել ՄեսսիՎաղարշապատԱլպերթ ԽաչատուրովՄուհամմէտ ԱլիԼաւաշ302 (թիւ)Մաժակ ԹոշիկեանՈւղղաձեւ քսանանիստ2001Փոքր ՀայքՍողոմոն Թեհլիրեան87 (թիւ)ԱֆղանիստանԱխթալայի Վանք15 ԴեկտեմբերԷմանուէլ ՄաքրոնԾարիրՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)Լոս Անճելըսի ՀայերըԳէորգ ԷմինԱպելի ՄրցանակՊանք Օթոմանի ԳրաւումՊանանԻտալիա8 ՅունուարԷփըլՆոր ՆախիջեւանՎիեննաՀերի ԹրումանԳուրգէն Պաղտասար ՄալեանԹատրոնՈրդան Կարմիր1904 թուականՔարլի ՇայքինՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքԾիրանՕձի ՊորտՀէրի Փոթըրը եւ Փիլիսոփայի Քարը (ֆիլմ)ԳահիրէԺագ Յակոբեան7 ՅուլիսՎարդան ՄամիկոնեանՈւրուկուէյՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Թեհրան)Սեդրակ ԱռաքելեանԱպրիլՋաւախք1679 թուական2004 թուականՀայեր, միացէ՛քՆիտըրլենտՄոնաքօ1994 թուականՄելիք ԵգանԹիֆլիս13 ՅունուարՉինաստանԹուրքերու Ներխուժումը Դէպի Կիպրոս🡆 More