Apple Inc.
Նորարարական արհեստագիտութեան եւ էսթետիկ ձեւաւորման շնորհիւ Էփլ ընկերութիւնը ելեկտրոնային պիտոյքներու սպառողական արդիւնաբերութեան մէջ ստեղծած է պաշտամունքի հաւասարող եզակի համբաւ: Ընկերութիւնը աշխարհի վրայ առաջին տեղը կը գրաւէ շուկայի կապիտալիզացիայով, որուն չափը 11 Յունուար 2016-ի դրութեամբ կը կազմէր 537 միլիառ ԱՄՆ տոլար:
Ընկերութեան անուանումը յառաջացած է անգլերէն՝ apple-էն (խնձոր), լոկոյին մէջ օգտագործած են խնձորի նկար։ Մինչեւ 9 Յունուար 2007՝ 30 տարի շարունակ, ընկերութեան պաշտօնական անուանումը Apple Computer, Inc. էր։ Անունին մէջ Computer բառէն հրաժարիլը ցոյց կու տայ ընկերութեան հիմնական կիզակէտի փոփոխութիւնը, աւանդական համակարգչային արհեստի շուկայէն կենցաղային ելեկտրոնային պիտոյքներու շուկայի անցնիլը։
Ընկերութիւնը Քալիֆորնիայի մէջ հիմնած են Սթիւ Ճոպսն ու Սթիւ Վոզնեակը, որոնք 1970-ականներու կէսերուն «MOS Technology 6502» գործադիրի հիման վրայ հաւաքեցին իրենց առաջին անհատական համակարգիչը։ Վաճառելով քանի մը տասնեակ այդպիսի համակարգիչ, երիտասարդ ձեռներեցները ստացան ֆինանսաւորում եւ 1 Ապրիլ 1976-ին պաշտօնապէս արձանագրեցին Apple Computer, Inc. ֆիրման:
1976-ին լոյս տեսած «Apple I»-ը ծրագրաւորոուող առաջին միքրոհամակարգիչը չէր։ Առաջնութեան իրաւունքը կը պատկանէր Էտ Ռոպերտսի ստեղծած եւ 1974-1975 թուականներուն գրացուցակներով տարածուած «Altair 8800» միքրոհամակարգիչին։ Սակայն Altair-ը անհատական համակարգիչ չէր, որովհեսեւ կարելիութիւն չէր տար իր միջոցով համեմատաբար լուրջ խնդիրներ լուծել։
1976-1977 թուականներուն քանի մը ընկերութիւններ շինեցին առաջին անհատական համակարգիչները, ինչպէս՝ 1977-ին հազարներով վաճառուած Commodore եւ Tandy Radio Shack ընկերութիւններուն համակարգիչները։ Բայց առաջին զանգուածային անհատական համակարգիչը, որ կը թողարկուէր միլիոնաւոր օրինակներով, դարձաւ Apple II համակարգիչը։ 1977-էն 1993 Էփլ ընկերութիւնը թողարկեց 8 (աւելի ուշ՝ 8/16) կարգային գիծի «Apple II» համակարգիչներու տարբեր տեսակներ։ 1970-ականներուն եւ 1980-ականներու սկիզբը «Apple II» եւ անոնց կլոնները դարձան աշխարհի վրայ ամէնէն շատ տարածուած անհատական համակարգիչները։ Ամբողջ աշխարհի վրայ վաճառուեցաւ աւելի քան 5 մլն «Apple II» համակարգիչներ։
Այժմ ընդունուած է համարել, որ «Apple II»-ը մէկընդմիշտ լայն ճամրայ բացաւ նոր արդիւնաբերութեան՝ անհատական համակարգիչներու արտադրութեան առջեւ:
1980-ը Էփլի պատմութեան մէջ նշանաւորուեցաւ Apple III նախագիծի շարք մը պատճառներով, ձախողութեամբ։ Բայց նոյն ժամանակ ընկերութիւնը տարաւ պատմութեան մէջ մեծագոյն (1956-էն ետք, երբ ֆոնդայի դրամագլուխ դուրս եկաւ Ford-ը) առաջնային բաժնետոմսերու տարաբաշխումը (IPO):
1981-ի Մարտին Վոզնեակը կ'ենթարկուի ինքնաշարժի արկածի եւ ժամանակաւորապէս կը ձգէ աշխատանքը։ «Apple III»-ի վաճառքի խնդիրները բերին անոր, որ Ճոպս ստիպուած էր աշխատանքէն հեռացնել 40 աշխատակիցներ։ Լրատվամիջոցները արդէն կ'ազդարարէին Էփլ ընկերութեան մօտակայ վախճանի մասին։ 1983-ի սկիզբը յառաջացած խնդիրները յաղթահարել չկարենալով՝ Ճոպս ընկերութեան նախագահի պաշտօնը ստանցնելու համար կը հրաւիրէ Ճոն Սկալիին, որ այդ ժամանակ նոյն պաշտօնը կը ստանձնէր «PepsiCo»-ի մէջ։ 1983-ի Ապրիլին Սկալին կ'անցնի իր պարտականութիւններուն։ Սթիւ Ճոպս ընկերութեան անյաջողութիւնները կը վերապրէր ինչպէս իր անձնականները, այդ պատճառով անոր եւ Սկալիի միջեւ կը յառաջանան տարաձայնութիւններ եւ բախումներ։
1984-ին էփլ առաջին անգամ ներկայացրուց նոր 32 կարգանի Macintosh համակարգիչը: Հետագային այս դասի համակարգիչները դարձան ընկերութեան հիմնական գործը։ Երկու տասնամեակի ընթացքին ընկերութիւնը թողարկեց Motorola գործօններու վրայ հիմնուած Macintosh համակարգիչները՝ Mac OS ֆիրմային գործադիր համակարգով։ Այս հարթակը կը թողարկէ միայն Էփլը։ Կարճ ժամանակ ետք 1990-ականներու կէսերուն ղեկավարութիւնը որոշում ընդունեց Mac համատեղելի համակարգիչներու համար արտօնագիր ներկայացնել, սակայն հետագային արտօնագիրները ետ կանչուեցան։
Էփլ ունէր րարձր դիրք կառավարական եւ կրթական կազմակերպութիւններու հատուածին մէջ, ինչպէս նաեւ հրատարակչական եւ ձեւաւորման գործին մէջ, հետագային՝ երաժշտական արդիւնաբերութեան մէջ։ Առաջ անցնելով այլ մշակողներուն՝ Էփլը լայն գործածութեան մէջ դրաւ օգտագործողի կրաֆիքական միճերեսը (ինթըրֆէյս) եւ համակարգչային մկնիկը: 1985-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Ռոնալտ Ռէյկանը պարգեւատրեց Ճոպսը եւ Վոզնեակը մետալներով՝ արհեստագիտական յառաջընթացի զարգացման համար։ Նոյն տարուան ընթացքին ընկերութիւնը լքեց հիմնադիրներէն մէկը՝ Սթիւ Ճոպսը։
1994-1996 թուականներուն ընկերութիւնը յաջորդաբար շուկայ հանեց 640×480 մատրիցայով, 24 պիթ գոյնով գունաւոր ֆոթոխցիկներու երեք մոտելներ QuickTake 100, 150 եւ 200: Անոնք ժամանակակից տիպի գունաւոր ֆոթոխցիկներէն առաջինն էին, սակայն Էփլի արտադրութիւնը հետագայ զարգացում չստացաւ:
1990-ականներու վերջաւորութեան Էփլի գործերը կտրուկ վատացան եւ 1997-ին երկու տարուան կորուստները կազմեցին 1,86 միլիառ տոլար: Վիճակը փոխուեցաւ 1997-ին Ճոպսի վերադարձով։ Էփլը իրեն համար աստիճանաբար սկսաւ բանալ նոր, համակարգչային արհեստին հետ անմիջական կապ չունեցող շուկաներ։
2001-ին ընկերութիւնը ներկայացուց արագ հանրայայտութիւն ձեռք բերած ձայնային նուագարկիչ iPod-ը։
2003-ին ընկերութիւնը բացաւ iTunes Store թուային ձայնային, տեսողական եւ խաղային մետիա ծաւալի հանրայայտ Համացանց-խանութը (օնլայն սուփըրմարքէթը)։
Իսկ 2007-ին դուրս եկաւ բջիջային հեռախօսներու շուկայ սենսորային սմարթֆոն iPhone-ով։
2010-ին շուկայ իջաւ iPad պլանշետային համակարգիչը։
Ամբողջ աշխարհին վրայ մեծ պահանջարկ ունեցող iPod-ի, iPhone-ի եւ iPad-ի արտադրութիւնը արմատապէս բարելաւեց Էփլի ֆինանսական դրութիւնը՝ բերելով ըենկերութեան ռեկորդային եկամուտ։ 2011-ի Օգոստոսին ըստ շուկայի կապիտալիզացիայի՝ շրջանցելով ExxonMobil նաւթային ընկերութեան, Էփլը դարձաւ աշխարհի ամենաթանկ ընկերութիւնը։ Մինչեւ տարուան աւարտը ընկերութիւնները քանի մը անգամ փոխուեցան տեղերով, սակայն 2012-ի Յունուարէն Էփլ յաջողեցաւ երկար ժամանակ հաստատուիլ առաջին տողին վրայ։ 2012-ի Օգոստոսին անիկա դարձաւ պատմութեան մէջ ամենաթանկ ընկերութիւնը, գերազանցելով 1999-ի Դեկտեմբերին Microsoft-ի սահմանած դոթքոմի պղպջակի գագաթնակէտը, իսկ 2012-ի Սեպտեմբերին Էփլի շարժումը առեւտուրի ընթացքին հասաւ իր առաւելագոյնին՝ 705,07 միլիառ տոլար, կապտալիազացիան՝ 662,09 միլիառ։ 2012-ի Սեպտեմբերի առաւելագոյնէն ետք, մօտ 2013-ի Յունուարին, Էփլի կապիտալիզացիան կրճատուեցաւ 37,6%-ով, ինչ որ առիթ տուաւ ExxonMobil-ին կրկին մրցակցիլ իր հետ աշխարհի ամենաթանկ հանրային ընկերութեան տեղին համար։ 13 Նոյեմբեր 2014-ին Էփլը գերազանցեց սեփական ռեկորդը, անոր կապիտալիզացիան կազմեց 663,43 միլիառ տոլար։
2013-ին Էփլ ընկերութիւնը առաջինը եղաւ, որ սկսաւ 64 պիթանոց ARM ճարտարապետութեամբ չիփերու յաջորդական արտադրութիւնը, թողարկելով 64 պիթանոց 2-միջուկային Apple A7 միքրոպրոցեսորը։
2014-ին ընկերութիւնը ներկայացուց իր առաջին անհատական դիւրակիր Apple Watch սարքաւորումը։
2016-ին WWDC-2016 ամենամեայ համաժողովին Էփլ ընկերութիւնը յայտարարեց, որ վաճառանիշի սարքաւորոմը պիտի աշխատի աւարտին ծածկագրման սկզբունքով․ տեղեկությինը կը քոտաւորուի այն փոխանցող սարքաւորման վրայ եւ կ'ապաքոտաւորուի կիրառուող գաջեթով։ Անիկա ծրագրում կիրառած է ձայնային զանգերու կատարման, ինչպէս նաեւ նոր մեսենճերի մէջ։
Apple-ի առաջին ոչ պաշտօնական լոկոյի հեղինակը Ռոն Ուայնն էր։ Այդ լոկոյին վրայ պատկերուած էր խնձորի ծառի տակ նստած Իսահակ Նիւթոնը։ Լոկոն թողարկուած է 1 Ապրիլ 1976-ին։
Կարճ ժամանակ ետք լոկոն փոխարինուեցաւ Ռոպ Եանովի «ծիածանագոյն խնձոր» անգլերէն՝ rainbow լոկոյով։ Անիկա հրապարակուած 4 Օգոստոս 1977-ին Macintosh Classic 2 թողարկման հետ։ Եանովը ներկայացուցած էր լոկոյի երկու տարբերակ՝ նորմալ եւ կծած, որոնցմէ Ջոբսը ընտրած է երկրորդ տարբերակը։
Եանովի ստեղծած լոկոյի նշանին մէջ կարեւոր է խնձորի ձեւը, որ եղած է «ոսկիէ ճշգրտութեամբ»:
Նախնական լոկոն փոխելու նպատակն այն էր, որ անիկա գրաւէ մարդոց ուշադրութիւնը եւ բարձրացնէ կազմակերպութեան վարկանիշը։ Աշխատանքը բարդ էր, շատեր արդէն պատրաստ էին Apple-ի սնանկացման եւ կազմակերպութեան նկատմամբ ձեւաւորուած էր բացասական դիրքորոշում, որ կը կապէր չյաջողած լոկոյի հետ։ Ստեղծուած իրավիճակին ընթացքին անհրաժեշտ էր ստեղծել կազմակերպութեան նոր լոկոյ։ Պահանջն էր, որ անիկա ըլլայ պարզ, ժամանակակից տեսքով եւ լաւ ճանաչելի։ Ձեւաւորողներ Եանովը եւ Սթիւ Ճոպսը եկան այն եզրակացութեան, որ իտէալական լոկոտիպը միագոյն խնձորն է, որ պէտք է կծած ըլլայ աջ կողմէն եւ չնմանի լոլիկի։ Ճոպսի այս պատկերը շատ դուր կու գայ, սակայն ան կ'որոշէ, որ լոկոն անպայման պէտք է ըլլայ գունավոր։ Ճոպսը համոզուած էր, որ գունաւոր լոկոն կ'օգնէ ձեւաւորելու կազմակերպութեան վերաբերող դրական վերաբերմունք։
Մայքլ Սքոթը՝ Apple-ի առաջին գլխաւոր գործադիր տնօրէնը, ծիածանփայլ լոկոն անուանած է ամենաթանկ լոկոյ, որ երբեւէ գոյութիւն ունեցած է։ Ատիկա կապուած էր այն փաստին հետ, որ այն ժամանակ գունաւոր լոկոյի լոյս ընծայումը աւելի սուղ էր, քան սեւ-ճերմակինը։ Ռոպ Եանովը միաժամանակ գունաւոր տարբերակի հետ ներկայացուցած է նաեւ լոկոյի միագոյն եւ մետաղական տարբերակները, սակայն չնայած թանկարժէք ըլլալուն, կազմակերպութեան տնօրէնութիւնը որոշած է կանգ առնել գունաւոր տարբերակին վրայ։
Ռոպ Եանովի բացատրութեամբ գունաւոր լոկոն կապուած է այն հանգամանքին հետ, որ Apple-ը լոյս կ'ընծայէ համակարգիչներ՝ գունաւոր մոնիթորներով։ Այն ժամանակ Mac համակարգիչներու էկրանը կրնար արտացոլել 6 գոյն։ Այդ գոյներն ալ նշուած են լոկոյին մէջ։ Գոյներու դասաւորութեան ինչ-որ օրէնքներ չկան։ Եանովը գոյները դասաւորած է պատահական կարգով, միայն կանաչ գոյնը տեղակայուած եղած է առաջին դիրքին վրայ։ Այսպիսով, ձեւաւորուեցաւ գունաւոր կծած խնձորի տեսքով լոկոն, որ գոյատեւեց մինչեւ 1999։ Ատկէ ետք լոկոն սկսաւ լոյս տեսնել սեւ-ճերմակ գոյներով։ Այն ժամանակ լոկոն եղած է շրջուած խնձորի տեսքով, որպէսզի փակ համակարգիչի պարագային անիկա յայտնուէր օգտուողին դիմաց ուղիղ դիրքով։
27 Օգոստոս 1999-ին (IMAC G3-ի հրատարակումէն մէկ տարի ետք) Apple-ը պաշտօնապէս հրաժարեցաւ ծիածանագոյն լոկոյէն, սկսաւ օգտագործել միագոյն լոկոյ, որ ձեւով նման է «ծիածանագոյն խնձորին»։ Աքուա թեմատիկայով տարբերակը օգտագործուած է 1999-2003 թուականներուն, իսկ ապակիէ թեմատիկայով տարբերակը՝ 2007-2013 թուականներուն։
Իր գործունէութեան տարիներուն Էփլը բազմիցս կլանած է ՏՏ շուկային մէջ աշխատող տարբեր ընկերութիւններու։ Նման խոշորագոյն գործարքներէն է NeXT (1996, 430 մլն տոլարով), P.A. Semi (2008-ի Ապրիլ, 280 մլն տոլարով), Quattro Wireless (2010-ի Յունուար, 274 մլն տոլարով), Siri (2010-ի Ապրիլ, 200 մլն տոլարով), Anobit Technologies (2012-ի Յունուար, 400–500 մլն տոլարով), Beats Electronics (2014-ի Մայիս, 3 միլիառ տոլարով) եւ այլ ընկերութիւններու գնումը։
Էփլ հանրային ընկերութիւն ակցիաները կը վաճառուին NASDAQ բիրժայի եւ լոնտոնեան ֆոնտային բիրժայի մէջ։ Թողարկուած ակցիաներու ընդհանուր քանակը 2011-ի սկիզբը կազմած է 921,28 միլիոն հատ։ 26 Մայիս 2010-ի դրութեամբ Էփլ ընկերութեան շուկայական գինը գերազանցեց Microsoft-ի շուկայական գինին։ 2011-ի Մարտի դրութեամբ ընկերութեան շուկայական կապիտալիզացիան գնահատուեցաւ 309,5 միլիառ տոլար։
2011-ի Օգոստոսին ըստ Շուկայական կապիտալիզացիայի, որ 10 Օգոստոս-ին կը կազմէ 338,8 միլիառ տոլար, Էփլը կը դառնայ աշխարհի ամենաթանկ ընկերութիւնը։ 9 Փետրուար 2012-ի դրութեամբ Էփլի կապիտալիզացիան հասաւ 456 միլիառ տոլար գծանշանին։ Ատիկա կը գերազանցէ Էփլի մօտակայ մրցակիցներ Կուկլ-ի եւ Մայքրոսոֆթ-ի միասին վերցուցած ընդհանուր արժէքին։
2016-ի Մարտին Էփլ ըստ Շուկայական կապիտալիզացիայի, 571 միլիառ տոլար դրամագլուխով կը հանդիսանայ առաջին դիրք, չնայած 2016-ի սկիզբը որոշ ժամանակով կը զիջի առաջնորդությունը Google-ի մայրական ընկերութեան՝ Alphabet Inc-ին На март 2016 года Apple является лидером по рыночной капитализации с суммой в $571 млрд, хотя в начале 2016 года на некоторое время уступала лидерство Alphabet Inc, материнской компании Google.
CEO:
Ընկերութիւնը իր արտադրութեան մէկ մասը կը վաճառէ իրեն պատկանող Apple Store մանրածախ խանութներու միջոցով (աւելի քան 400։), տեղակայուած՝ ԱՄՆ-ու, Քանատայի, Ճափոնի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։ Ինչպէս նաեւ կը զբաղի իր Apple Store (online), iTunes Store եւ App Store օնլայն խանութներու միջոցով տարբեր ապրանքներու (ոչ միայն սեփական արտադրութեան) իրացմամբ։ Օնլայն խանութները 2013-ն ընկերութեան բերին 18,3 միլիառ տոլար, որ Apple ընկերութեան դրաւ օնլայն մանրածախ առեւտուրով զբաղող ընկերութիւններու մէջ Amazon.com-էն ետք երկրորդ դիրքը։
Այժմ Apple ընկերութեան կողմէ լոյս տեսնող արտադրութիւնները․
Տարի | 2001 | 2002 | 2003 | 2004 | 2005 | 2006 | 2007 | 2008 | 2009 | 2010 | 2011 | 2012 | 2013 | 2014 | 2015 |
---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
Շրջանառութիւն | 5,363 | 5,742 | 6,207 | 8,279 | 13,93 | 19,32 | 24,58 | 37,49 | 42,91 | 65,23 | 108,3 | 156,51 | 170,91 | 182,8 | 233,7 |
Մաքուր եկամուտ | -0,025 | 0,065 | 0,069 | 0,276 | 1,335 | 1,989 | 3,495 | 6,119 | 8,235 | 14,01 | 25,92 | 41,73 | 37,04 | 39,51 | 53,39 |
Աշխուժներ | 6,021 | 6,298 | 6,815 | 8,05 | 11,55 | 17,21 | 24,88 | 36,17 | 47,5 | 75,18 | 116,4 | 176,1 | 207 | 231,8 | 290,5 |
Սեփական կապիտալ | 3,92 | 4,095 | 4,223 | 5,076 | 7,466 | 9,984 | 14,53 | 22,28 | 31,64 | 47,79 | 76,62 | 118,2 | 123,5 | 111,5 | 119,4 |
Ծանոթութիւն. իւրաքանչիւր տարուան 25 սեպտեմբեր-ի դրութեամբ.
էփլի առեւտրական քաղաքականութիւնը ոմանց բաւականին թշնամական կը թուի։ Օրինակ՝ Microsoft Windows հարթակի վրայ Էփլի արտադրութիւն օգտագործողները կրնան ստանալ իրենց մօտ չտեղադրուած արտադրութեան թարմացման մասին հաղորդագրութիւններ, քանի որ այդ ապրանքներու տեղադրման կարգաւորումները միացած են լռելեայն։ Մասնաւորապէս, Safari օգտագործողներուն կ'առաջարկուի տեղադրել iTunes եւ QuickTime։ Անկէ հրաժարելու համար անոնք իրենք պիտի հանեն թարմացումներու երկխօսութեան պատուհանին համապատասխան նշումները։
Այսպէս, 2008-ին Էփլ սկսաւ առաջարկել iTunes օգտագործողներուն Windows-ի համար տեղադրել իր Safari վեպ-պրաուըերը։ Ընդ որուն, պրաուզըրի տեղադրումը միացած է լռելեայն, իսկ անոր նկարագրութիւնը կազմուած է բացառապէս ծանուցումէ եւ կայքի յղումներէ։
«1984»-ը բեմադրիչ Ռիտլի Սքոթի պատկերասփիւռի ծանուցումի հոլովակն է՝ նուիրուած Macintosh համակարգիչին։ Առաջին անգամ ցուցադրուած է 22 Յունուար 1984-ին։ Օգտագործուած է Ճորճ Օրուէլի «1984» հակաուտոպիական վէպի անուանումը եւ կը խաղարկէ անոր նիւթը։
«Think Different» (մտածէ ուրիշ ձեւով) - 1997-2002 թուականներուն Էփլի յաջողած ծանուցումի քարոզարշաւն է։
Էփլ ամէն տարի կը կազմակերպէ MacWorld ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացնէ իր նոր ատրադրութիւնները եւ թարմացումները։
21 Ապրիլ 2011-ին Կրինփիսը (անգլերէն՝ Greenpeace) զեկուցում մը հրապարակեց, ընդգծելով այն փաստը, որ տուեալներու մշակման կեդրոնները կը սպառեն ամբողջ համաշխարհային ելեկտրականութեան 2%-ը, եւ համաձայն կանխանտեսումներու, այդ թիւը պիտի աւելնայ։ Ֆիլ Ռետֆորտը Կրինփիսէն կ'ըսէ, որ իրենք անհանգստացած են անով, որ ելեկտրական ուժի սպառման այդ նոր պայթիւնը այսօր հասանելի մաքուր ուժի փոխարէն կրնայ նետել մարդկութեան բնութիւնը աղտոտող ուժի աղբիւրներու հին համակարգ։ Էփլի դէմ Կրինփիսի բողոքէն ետք, 17 Ապրիլ 2012-ին, ընկերութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ այն մասին, որ կ'աւարտէ ածուխի օգտագործումը եւ կ'անցնի 100 % կենսոլորտի մաքուր ուժի։ 2013-ին էփլ յայտնեց, որ տուեալներու մշակման իր կեդրոններու սնուցման համար կ'օգտագործէ 100 % նորացուած ուժի աղբիւրներ եւ ամբողջ հզօրութեան 75 %-ը կը ստացուի նորացուած աղբիւրներէն։
2010-ին սպառողներուն կանաչ ընկերութեան կողմ ուղղելով զբաղող Climate Counts ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւնը Էփլ ընկերութեան կու տայ 100 կարելիութենէն 52-ը, որ Էփլը կը դնէ «Ճանապարհին»-ի ամենաբարձր կարգին վրայ»։ Անիկա ցատկ էր առաջ 2008-ի Մայիսի համեմատութեամբ, երբ Climate Counts Էփլին տուաւ 100-էն 11 միաւոր, որ ելեկտրական գործիքներու արտադրութեամբ զբաղող ընկերութիւններուն մէջ Էփլը դրաւ վերջին դիրքին վրայ։
Կրինփիս Էփլ ընկերութեան դէմ քարոզարշաւ սկսաւ տարբեր կենսոլորտային պատճառներով, օրինակ՝ IPhone-ի մէջ կրկնակի վերամշակման չենթարկուող սարքային բաղադրիչներու եւ թունաւոր նիւթերու պատճառով։ 2003-էն Կրինփիս արշաւ կը սկսը Էփլի դէմ՝ իր արտադրութեան մէջ յատուկ քիմիական նիւթերու օգտագործման՝ մասնաւորապէս, պոլիւինիլքլորիտի եւ պրոմացուած աւելցուքներու ներառման համար։ 2 Մայիս 2007-ին Սթիւ Ճոպս հրապարակեց զեկուցում մը՝ յայտարարելով մինչեւ 2008-ի վերջը պոլիւինիլքլորիտի եւ պրոմացուած աւելցուքներու ոչնչացման ծրագիրներուն մասին։ Այդ ժամանակէն Էփլ կը բացառէ իր արտադրութիւններուն մէջ պոլիւինիլքլորիտը եւ պրոմացուած աւելցուքները՝ դառնալով նոթպուք արտադրողներու մէջ առաջինը, որ այդպէս վարուեցաւ։ 2006-ի Օգոստոսին լոյս տեսած Կրինփիսի «Կանաչ Ելեկտրական Պիտոյքի Ձեռնարկ»-ի առաջին հրատարակչութեան մէջ Էփլ 10-էն 2․7 նիշ ստացած էր։
Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան Ամերիկեան գործակալութիւնը նոթպուք արտադրողներուն մէջ բարձր կը գնահատէ Էփլը եւ հեղուկ-բիւրեղային տիսփլէյներ ու սեղանադիր համակարգիչներ արտադրող այլ ընկերութիւններու համեմատ բարձր գնահատականներ կու տան անոր։
2007-ի Յունիսին Էփլ ընկերութիւնը թարմացուց MacBook Pro-ն՝ փոխարինելով հեղուկ-բիւրեղային տիսփլէյներու լուսաւորման սառը կատոդով ծորնական լամփերը առանց սնդիկի լուսադիոդներով եւ մկնդեղ չպարունակող ապակիով, անկէ ետք ան նոյն փոփոխութիւնը իրականացուց նաեւ նոթպուքերու համար։ Էփլ բացառեց նաեւ տարբեր ներքին բաղադրիչներու մէջ պոլիւինիլքլորիտի եւ պրոմացուած աւելցուքներու կիրառումը։ Էփլ իւրաքանչիւր արտադրութեան համար կը ներկայացնէ տեղեկութիւններ թափօններու, նիւթերու եւ ելեկտրականութեան սպառման մասին։
2009-ի Յունիսին iPhone 3GS-ը լոյս տեսաւ առանց մկնդեղի, պոլիւինիլքլորիտի եւ բրոմացված աւելցուքներու եւ ունէր սնուցման արդիւնաւէտ ադապտեր։ 2009-ի Հոկտեմբերին Էփլ թարմացուց iMac-ը եւ MacBook-ը՝ փոխարինելով հեղուկ-բիւրեղային տիսփլէյներու լուսաւորման սառը կատոդով ծորնական լամփերը առանց սնդիկի լուսադիոդներով եւ մկնդեղ չպարունակող ապակիով։ Էփլի բոլոր համակարգիչները ըստ EPEA վարկածի, ունին Gold կարգավիճակ։
2011-ի Հոկտեմբերին չինական իշխանութիւնները հրամայեցին Էփլի մատակարարներուն փակել Սոչժոուի իրենց գործարանի մէկ մասը, երբ տեղաբնակները յայտնաբերեցին նշանակալի կենսոլորտային խնդիրներ.։ 2012-ի Յունիսին Էփլ ետ կանչեց արտադրութիւնը EPEA-էնref>Joel Schectman (May 22, 2012). «Apple Removes Green EPEAT Electronics Certification From Products - The CIO Report - WSJ» Archived 2014-02-21 at the Wayback Machine.. Blogs.wsj.com. Retrieved July 23, 2012., բայց Յուլիսին չեղեալ յայտարարեց այդ որոշումը։
2006-ին Mail onSunday-ը հաղորդեց Չինաստանի գործարաններու աշխատանքային պայմաններու մասին, ուր ենթակապալառու ձեռնարկումներ՝ Foxconn-ը եւ Inventec-ը iPod կ'արտադրէին։ Յօդուածին մէջ կ'ըսուի, որ iPod-ի հաւաքումով զբաղող բարդ գործարաններէն մէկուն մէջ, աւելի քան 200 000 աշխատողներ կ'ապրէին եւ կ'աշխատէին եւ շաբաթական աւելի քան 60 ժամ զբաղած էին աշխատանքով։ Յօդուածին մէջ նաեւ հաղորդուէր, որ աշխատողները ամսական կը ստանային մօտ 100 ամերիկեան տոլար եւ պարտաւոր էին ընկերութեան վճարել կացարանի վարձքի եւ սնունդի համար, որ ամբողջութեամբ կը կազմէր աշխատողներու աշխատավարձի կէսէն քիչ մը աւելի։
Էփլ անմիջապէս հետաքննութեան եւ աշխատանքի սկսաւ իր արտադրողներուն հետ, որպէսզի ապահովէ աշխատանքի ընդունելի պայմաններ։ 2007-ին Էփլ սկսաւ իր բոլոր մատակարարներու աշխատողներու իրաւունքներու վերաբերյել ամենամեայ ստուգում, հետզհետէ բարձրացնելով չափանիշները եւ առանձնացնելով չհամապատասխանող մատակարարները։ Աշխատանքներու ընթացքին մասին ամենամեայ հաշուետուութիւնները կը հրապարակուին 2008-էն։ 2010-ին Չինաստանի մէջ որոշած էին դատի տալ IPhone արտադրող կապալառուները, հեղուկ-բիւրեղային էկրաններու մաքրութեան համար օգտագործուող մաքրիչով թունաւորման պատճառով։ Աշխատող մը կը հաստատէր, որ ինք եւ գործընկերները չեն հաղորդուած հնարաւոր մասնագիտական հիւանդութիւններու մասին։ Չինաստանի iPad եւ iPhone հավաքող Foxconn գործարաններում ինքնասպանութունների ալիքից ապա աշխատողներուն պարտադրեցին ստորագրել իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող փաստաթուղթ, որ կ'երաշխաւորէր, որ անոք անձնասպանութիւն չեն գործի։
2011-ին Էփլն ընդունեց, որ իր մատակարարները Չինաստանի մէջ կ'օգտագործեն մանկական աշխատանքը։ Էփլի ապրանքներ արտադրող գործարաններուն մէջ աշխատողները կ'ենթարկուին ապրանքներու մաքրութեան համար օգտագործուող էթիլի էժան փոխարինող H-հեքսանի եւ նէյրոտոքսինի ազդեցութեան։ 2013-ին China Labor Watch-ը յայտնաբերեց Pegatron-ին պատկանող առարկաներուն մէջ աշխատանքային պայմաններու վերաբերեալ Էփլի խոստումներու եւ օրէնքի խախտումներ, ինչպէս ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կիներու խտրականութիւն, աշխատողներու աշխատավարձի պահումներ, չափազանց երկար աշխատանքային ժամեր, կեանքի վատ պայմաններ, առողջութեան եւ անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներ ու շրջակայ միջավայրի ապականում։
2011 | 2010 | 2009 | Ընդամէնը | |
---|---|---|---|---|
Եկամուտները մինչեւ հարկերու վճարումը | 22 միլիառ ամերիկեան տոլար | 12 միլիառ ամերիկեան տոլար | 4 միլիառ ամերիկեան տոլար | 38 միլիառ ամերիկեան տոլար |
Ընդհանուր հարկ | 10 միլիառ ամերիկեան տոլար | 7 միլիառ ամերիկեան տոլար | 4 միլիառ ամերիկեան տոլար | 21 միլիառ ամերիկեան տոլար |
Եկամտահարկի կոպար | 0.05 % | 0.06 % | 0.1 % | 0.06 % |
Որպէսզի կրճատէ հարկերը, որոնք ընկերութիւնը կը վճարէ ամբողջ աշխարհին, Էփլ ստեղծեց դուստր ընկերութիւններ ցած եկամտահարկով վայրերու մէջ, ինչպիսիք են Իրլանտան, Հոլանտան, Լիւքսեմպուրկը եւ Բրիտանական Վիրճինեան Կղզիները։ Համաձայն New York Times-ի, Էփլ առաջին արհեստագիտական ընկերութըւնն է, որ այլ մայրցամաքներու վրայ վաճառքներ սկսաւ դուստր ընկերութիւններու անունով՝ շրջանցելով եկամուտներու հարկերը։ 1980-ի վերջը Էփլ առաջինն էր «Կրկնակի իրլանտական՝ հոլանտական սանտուիչով» անունով յայտնի հաշուառման թեքնիքին մէջ, որ կը պակսեցնէ հարկերը, եկամուտը իրլանդական դուստր ընկերութիւններու միջոցով ուղղելով Հոլանտա, ապա՝ դէպի Քարիպներ։
Մեծ Բրիտանիայի Պահպանողական Կուսակցութեան անդամ Չարլի Էլֆիքը հրապարակեց 30 Հոկտեմբեր2012-ի հետազօտութիւնը, որ ցոյց կու տայ, որ որոշ միջազգային ընկերութիւններ, ինչպէս Էփլ ընկերութիւնը, Մեծ Բրիտանիոյ միլիառներ ֆունտ եկամուտ բերած են, բայց Մեծ Բրիտանիոյ գանձապետարան վճարած են միայն 3 տոկոս եկամտահարկի արդիւնաւէտ կոպար, որ նշանակալիօրէն ցած է եկամուտներու պարզ հարկէն։ Հրապարակելով հետազօտութիւնը, Էլֆիք կոչ ուղղեց գանձապետարանի կանցլեր Ճորճ Օսպորնին, հարկադրել միջազգային ընկերութիւնները (անոնց մէջ Google-ը եւ Coca-Cola Company-ն), յայտնել եկամտահարկի արդիւնաւէտ կոպարը, որ անոնք Մեծ Բրիտանիոյ մէջ կը վճարեն իրենց եկամուտներէն։ Էլֆիք նաեւ հաղորդեց, որ անհրաժեշտ է պետական պայմանագիրներուն մէջ մերժել այն միջազգային ընկերութիւնները, որոնք չեն վճարեր իրենց արդարացի բաժնեմասը Մեծ Բրիտանիոյ։
16 Հոկտեմբեր 2012-ի դրութեամբ ընկերութիւնը ստացած է 5440 արտօնագիր, ինչպէս յայտնագործումներ (եօթնանիշ համար)՝ 4480 հատ, ձեւաւորման նախագիծեր (համարին մէջ ընդգրկուելով D տառը եւ վեց թիւ)՝ 914 հատ։
2009-ին Nokia ընկերութիւնը մեղադրեց Էփլը 10 արտօնագիրներու խախտման համար, որոնք կը վերաբերին ձայնային ազդանշանի կոդաւորմանը, տուեալներու պաշտպանուած հաղորդման արձանագրութիւններուն եւ շարք մը այլ յայտնագործումներու, որոնք օգտագործուած են iPhone-ի մէջ, սարքի առաջին տարբերակի ի յայտ գալու պահէն։ Այս պատճառով Էփլ ընկերութիւնը նշուած արտօնագիրներու խախտման մէջ ճանչուեցաւ մեղաւոր՝ ստանալով կարգադրութիւն փոխհատուցում վճարել Nokia ընկերութան, ինչպէս նաըպ հետագային կատարել յատկացումներ։ Համաձայնագիրի մանրամասնութիւնները չեն բացայայտեր։
2011-ի վերջաւորութեան գերմանական դատարանը ճանչցաւ Motorola Mobility ընկերութեան տուեալներու անլար փոխանցման մարզի արտօնագիրի խախտումը, պարտադրելով Էփլ ընկերութեան վճարել փոխհատուցում 4 տարուան համար, ինպէս նաեւ ամրագրել Motorola-ի իրաւունքը պահանջելով Էփլ սարքապորումներէն հանել արտօնագրուած արհեստագիտութիւնները։
2015-ի Օգոստոսին հրապարակուեցաւ դատարանի վճիռը, որուն մէջ կ'ըսուի, որ ընկերութեան լոյս ընծայած A7 պրոցեսորը կը խախտէ Ուիսթոնսինի համալսարանի արտօնագիրը։ Դատարանը պարտադրեց Էփլ ընկերութեան վճարել 862 միլիոն ամերիկեան տոլար բարոյական վնասի փոխհատուցման համար։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Էփըլ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.