Շահան Շահնուր (3 Օգոստոս 1903, Կ.Պոլիս - 20 Օգոստոս 1974, Փարիզ), սփիւռքահայ արձակագիր ու հրապակագիր։ Բուն անունով Շահնուր Քերեսթեճեան։
Շահան Շահնուր | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Շահնուր Քերեսթեճեան ֆրանսերէն՝ Chahnour Kerestedjian |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Armen Lubin եւ Chahan Chahnour |
Ծնած է | 3 Օգոստոս 1903[1] |
Ծննդավայր | Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 20 Օգոստոս 1974[2] (71 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Սանտ Ռաֆայել, Վար |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն Ֆրանսա |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր | Պէրպէրեան Վարժարան |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, գրագէտ, լուսանկարիչ |
Աշխատավայր | Ապագայ Մենք |
Վարած պաշտօններ | Q3454970? |
Անդամութիւն | Պատաֆիզիկայի դպրոց? |
Ծնած է Սկիւտար, Կ.Պոլիս։ Աւարտած է Պէրպէրեան վարժարանը (1922-ին), երբ արդէն մամուլին մէջ սկսած էր երեւիլ գծանկարներով եւ գրութիւններով։ 1922–ին կը հեռանայ Պոլիսէն ու կը հաստատուի Փարիզ, ուր կ՛աշխատի որպէս լուսանկարիչ։ Կը մասնակցի Փարիզահայ գրական կեանքին։
Շահան Շահնուր պատմուածքի եւ վէպի մէջ պարտադրեց ինքզինք, ու Շաւարշ Միսաքեանի ալ քաջալերանքով լայն ժոդովրդականութիւն ապահովեց։ «Յառաջ»ի մէջ իբրեւ թերթօն ու ապա առանձին հատորով հրատարակուած «Նահանջը Առանց Երգի» վէպը (1929), զոր գրած էր 26 տարեկանին՝ հռչակաւոր կը դարձնէ իր անունը։ Այս վէպով, Շահնուր կու տայ Սփիւռքի հայուն ամէնօրեայ հեռացումը իր մշակոյթէն, արմատներէն եւ մանաւանդ՝ լեզուէն։ Մամուլի մէջ կ՛երեւի գրական էջերով ու յօդուածներով։ 1933–ին կը հրատարակէ պատմուածքներու հատոր մը՝ «Յարալէզներուն դաւաճանութիւնը»։
Մինչ այդ, արդէն սկսած էր գրել ֆրանսերէն։ 1937 թուականին կը հիւանդանայ ու տառապալից կեանք մը կ՚ապրի զանազան հիւանդանոցներու ու բուժարաններու մէջ։ Կեանքի մնացեալ մասը, թէեւ մասամբ բուժուած, կը շարունակէ ապրիլ հանգստեան տուներու մէջ։ Իր դժուարին կեանքը ցոլացուցած է իր ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններուն մէջ՝ Արմէն Լիւպէն ծածկանունով։ Բանաստեղծութիւնները գնահատուած են ֆրանսացի ծանօթ գրագէտներու եւ գրական մամուլին կողմէ, արժանանալով մրցանակներու։ Սն շարունակած է ստեղծագործել, առաւելապէս ֆրանսերէնով՝ «Լա Նուվէլ Ռըվիւ Ֆրանսէզ»ի եւ այլ պարբերականներու մէջ, աշխատակցելով նաեւ Փարիգի «Յառաջ»ին, որուն կը պարտինք անջատ գիրքերով հրատարակութիւնը զանազան թերթերու մէջ ցրուած իր այլապէս խոհուն, պայծառ, ինքնատիպ էջերուն՝ «Ազատն Կոմիտաս» (1970), «Բաց տոմարը» (1971), «Կրակը կողքիս» (1973) եւ «Սիրտ սրտի» (1995, յետմահու հրատարակուած)։ Պէյրութի մէջ հրատարակուած են նաեւ «Թերթիս կիրակնօրեայ Թիւը» (1958) եւ «Զոյգ մը կարմիր տետրակներ» (1967) ժողովածուները։
Մահացած է Սէն-Ռաֆայէլի մէջ ու թաղուած՝ Փարիզ։ Մահէն ետք, իր գործերէն անգլերէն ու ֆրանսերէն թարգմանութիւններ լոյս տեսած են հատորով։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Շահան Շահնուր, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.