Պաալպէք

Պաալպէք, քաղաք Լիբանանի մէջ, որ յայտնի է իր հռոմէական տաճարներով։

Բնակավայր
Պաալպէք
بعلبك
Պաալպէք
Երկիր Պաալպէք Լիբանան
Հիմնադրուած է՝ 1000
Տարածութիւն 37,420 քմ²
ԲԾՄ 1170 մեթր
Բնակչութիւն 81 052 մարդ (2008)
Ժամային գօտի Արեւելաեւրոպական ժամ

Յունական աղբիւրներէն յայտնի է Հելիոպոլիս անունով։ Մեծն Տիգրանի օրերուն, Փիւնիկէի հետ, հայկական կայսրութեան մէջ ներառուած է եւ յայտնի եղած՝ «Արեւու Քաղաք» անունով։

Անուանում

«Պաալպէք»ը յիշուած է նաեւ Աստուածաշունչին մէջ։ «Պաալ» կը նշանակէ «իշխող», «տէր» կամ «աստուած», իսկ «Պէք»ը յառաջացած է Պէքաայի դաշտէն: Շատերու կողմէ անունը մեկնաբանուած է որպէս «Պաալ աստուծոյ քաղաք», իսկ հռոմէացիներուն կողմէ՝ «Հելիոպոլիս», որ կը նշանակէ «Արեւու Քաղաք»:

Դիրք

Պաալպէք 
Պաալպէք

Պաալպէք քաղաքը կը գտնուի Պէքայի դաշտի հիւսիսը եւ Լիթանի գետի արեւելքը: Արեւելքէն եւ արեւմուտքէն շրջապատուած է արեւելան եւ արեւմտեան լեռնաշղթաներով: Պաալպէք կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1163 մ. բարձրութեան եւ մայրաքաղաք Պէյրութէն 83 քմ. հեռաւորութեան վրայ:

Պաալպէք 
Պաալպէք

Պաալպէք՝ Պէքայի հարուստ եւ արգասաբեր դաշտագետինին վրայ հանգչած, պատմական եւ հինաւուրց այս քաղաքը, շքեղօրէն պահպանուած հսկայական իր երեք տաճարներով, կոթողներով, քանդակներով, ճարտարապետական յօրինուածքով ու գեղեցկութեամբ, կը ներկայանայ որպէս Լիբանանի եւ աշխարհի հրաշալիքներէն մէկը: 3000 տարի Ք.ա. եւ անկէ ալ հին սեմական հետքեր կրող հիասքանչ, հզօր ու մեծ քաղաք մըն է անիկա: Հռոմէացիները հսկայական տաճարներ կառուցած են Պաալպէքի մէջ։ Հոն կը կազմակերպուին միջազգային փառատօներ, որոնք կը գրաւեն արաբական եւ օտարազգի ամէնայայտնի արուեստագէտները:

Պատմութիւն

Քաղաքի հիմնադրութեան թուականը յայտնի չէ, սակայն որոշ հնաբաններ անիկա կը վերագրեն աշխարհի ամէնահին բնակավայրին։ Մինչ Ալեքսանտր Մակեդոնացիի արշաւանքները, այդ քաղաքին մասին ո՛չ մէկ գրաւոր յիշատակութիւններ պահպանուած են։ Արաբական ձեռագիրի մը համաձայն, Պաալպէքը հիմնած է Բաբելոնի Նեմրութ (Բել) թագաւորը, որ այդ նպատակով օգտագործած է վիթխարի հսկաներու (աժդահաներու) ուժը։ Այդ ձեռագիրի վարկածը որքան ալ առասպելանման չի հնչեր, կ'ամրագրուի այն փաստով, որ քաղաքի նախահռոմէական եւ նախայունական շինութիւնները կառուցուած են այնպիսի հսկայ քարերէ, որ տեղափոխելու համար անգամ չէր բաւեր հարիւրաւոր մարդոց ուժը եւ այդ ժամանակի հնարաւորութիւնները։

Նորագոյն հետախուզական աշխատանքներու ընթացքին, Ճյուփիթըրի տաճարին յատակը յայտնաբերուած են նոր հնադարեան նմոյշներ, որոնք կը վերագրուին «նեոլիթին»: Այդ ժամանակաշրջանին Պաալպէք կը կոչուէր «Տել Պաալպէք»։ Վերի ծերպերուն մէջ յայտնաբերուած են պրոնզէ դարէն մնացած խեցեղէն։ Նախկին պեղումներու ընթացքին հռոմէական սալիկներու տակ յայտնաբերուած են երեք կմախքներ եւ պարսկական խեցեղէնի մնացորդներ, որոնք կը վերագրուին Ք.ա. 550-330 թուականներուն։ Մնացորդներուն վրայ յայտնաբերուած են սեպագիր արձանագրութիւններ եւ մարդոց պատկերներ։

Պաալպէք 
Պաալպէքի տաճարը

Տասնեակ հազարամեակներ կանգուն մնացած եւ իրենց հմայքը չկորսնցուցած Պաալպէքը՝ Արեւու Քաղաքի շինութիւնները, կառուցուած են անսովոր լուծումներով եւ ճշգրտութեամբ։ Պաալպէքի ոսկեայ դարաշրջանը կը սկսի մ.թ.ա. ԺԵ. դարուն, երբ Յուլիոս Կեսար զայն կը վերածէ հռոմէական գաղութի մը:

Հելիոպոլիս

Պաալպէք 
մեծ քարեր, 1891

Մ.թ.ա. 334-ին, Մեծն Ալեքսանտրի կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի գրաւումէն ետք, Պաալպէք վերանուանուած է Հելիոպոլիս (Ἡλιούπολις), որ հին յունարէնի մէջ հելիոս կը նշանակէ՝ արեւ իսկ պոլիս՝ քաղաք։ Քաղաքը պահած է իր կրօնական նշանակութիւնը յունահռոմէական ժամանակաշրջանին, երբ արգելավայրը Հելիոպոլիսի Ճյուփիթըր-Պաալի ուխտավայրն էր։

Կրօնական համալիրին վրայ աշխատանքը տեւած է գրեթէ մէկուկէս դար։ Հռոմէական կայսրութեան ամէնամեծ կրօնական կառոյցը թուագրուած է Սեփթիմիոս Սեւերոսի իշխանութեան տարիներուն (193-211), որու մետաղադրամներուն վրայ պատկերուած են Պաալպէքի երկու տաճարները։

Պաալպէք 
Վեներայի տաճարը, Պաալպէք, 1891

Այսօր միայն վեց սիւներ կանգուն են, ութն քանդուած են եւ 532-537 թուականներուն Յուստինիանոսի հրամանով ուղարկուած՝ Կոնստանդնուպոլիս, Սոֆիայի պազիլիքին մէջ օգտագործելու համար։

Միջազգային փառատօներ

Պաալպէք նշանաւոր է իր տարեկան միջազգային փառատօներով, որոնք տեղի կ'ունենան Ճյուփիթըրի եւ Բաքոսի տաճարներուն մէջ։ Այդ փառատօներուն ներկայ կը գտնուին մեծ թիւով համաշխարհային ծանօթ արուեստագէտներ: Այս փառատօները սկսած են 1956 թուականի ամրան, որու հիմնադիրը եղած է Զալֆա Շամոնը, նախկին նախագահ Քամիլ Շամոնի կինը: Առաջին իսկ օրէն իրենց մասնակցութիւնը բերած են մեծ թիւով տաղանդաւոր երգիչներ, պարախումբեր, ինչպէս նաեւ ցուցադրուած են հանրածանօթ օփերայի գործեր, ինչպէս՝ Փարիզի եւ Միլանոյի օփերայի գործերը: Անոր սիւներուն ներքեւ հանդէս եկած են արաբ արուեստագէտներէն՝ «Ըմ Քալսում», «Ֆէյրուզ», «Ռահպանի»ները, «Ուատիհ ըլ Սաֆի», «Սապահ», «Սապահ Ֆախրի», «Քարաքալլա» պարախումբը, «Ուարտա ալ Ճազաիրիյյա», «Լորտ աֆ տը տէնս», «Սթինկ» եւ իր խումբը, «Սապէր առ-Ռուպայի» եւ շատ ուրիշներ:

Կլիմայ

Պաալպէքի կլիման միջերկրականեան է: Ամառը՝ չոր եւ տաք, իսկ ձմեռը՝ ցուրտ:

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

Tags:

Պաալպէք ԱնուանումՊաալպէք ԴիրքՊաալպէք ՊատմութիւնՊաալպէք Միջազգային փառատօներՊաալպէք ԿլիմայՊաալպէք ՊատկերասրահՊաալպէք ԾանօթագրութիւններՊաալպէք ԱղբիւրներՊաալպէքԼիբանան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Սայաթ ՆովաՊարկապզուկՓիլիսոփայութիւնԳէորգ Մարզպետունի (վէպ)Կարօ ՔահքէճեանՍեդրակ (անձնանուն)Պասուց ՏոլմաՄելքոն (անձնանուն)Փէեօ ԵավորովԱկանջԱրցախի ՀանրապետութիւնՃիաքօմօ ԿօրրինիԻսիսԿենաց ԾառըԾխախոտ17 ՅունուարՍպիտակ ԱրջԱհեկան (գրական հանդէս)13 ՄարտՍպի (ֆիլմ, 2014)Իլան ՄասքԹանապուրԱհարոն (անձնանուն)1645 թուականԿուտինաԳարեգին Եպիսկոպոս ՍրուանձտեանցՊաղտատԱրմենակ ԽանփերեանցԱրմէն ԳարօՀամաստեղԼիպիաԱշխարհաբարՏանըլտ Թրամփ15 ՄարտՄիութիւն Եւ ՅառաջադիմութիւնԱրեգ ՏիրազանՅակոբոս ԱռաքեալՆշենիՍոկրատՆերսիսեան Դպրոց (Թիֆլիս)ՀամշէնցիներՄաքլըմորՄօրուք ԿարօԳրիգոր ԳուրզադեանԱշոտ Գ. ՈղորմածԳրիգոր ՆարեկացիԱրշաւիր ՇիրակեանՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՏաթեւի ՎանքՄումպայՌանչպարների Կանչը1999 թուականՀաճընԵրզնկաԱստուածաշունչՑեղասպանութեան որբերըԿարմիր գլխարկիկըՀայկական ՉամանԳլաձորի համալսարանՐաֆֆի«Անոնք Ինկան» (Երգ)ՉինարէնՇահան ՇահնուրՆիկոլ ԴումանՏիգրիս (գետ)Կըրլ ՕնլայնՄովսէս ՄարգարէՄումթազ ՄահալԿիւրեղ Վրդ․ ՔիպարեանԱրուսեակ (մոլորակ)Գլխաւոր ԷջՁիՄետաղ🡆 More