Փիւնիկէ

Փիւնիկէ (յուն․՝ Φοινίκη), հնագոյն պետութիւն Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին,

Փիւնիկէ

ժողովուրդ

Փիւնիկէի մէջ բնակած են փիւնիկեցիները, որոնք հոն եկած են Էրիթրէական ծովու ափերէն: Հաւանական է, որ Ք.ա. 5-4-րդ հազարամեակներու ընթացքին, փիւնիկեցիները Միջերկրական ծովու ափին հիմնած են բնակավայրեր, որոնք աստիճանաբար դարձած են առեւտրաարհեստաւորական եւ նաւահանգստեան կեդրոններ` Սիտոն, Տիւրոս եւ Պիպլոս: Ք.ա. 2-րդ հազարամեակին, Փիւնիկէն գիւղատնտեսական տարածքներ ունեցող քաղաք-պետութիւններու համախմբութիւն մըն էր: Փիւնիկէն իր աշխարհագրական յարմար դիրքին շնորհիւ գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Միջագետքի ու Նեղոսի հովիտի հետ ցամաքային առեւտուրին եւ տիրած է Միջերկրականի ծովային ուղիներւն վրայ:

Ք.ա. 2-րդ հազարամեակ

Ք.ա. 2-րդ հազարամեակին սկիզբը, երկիրը գտնուած է եգիպտական փարաւոններւ գերիշխանութեան տակ, որ, սակայն, Փիւնիկէի քաղաք-պետութիւնները չէ խանգարած Հիւսիսային Միջագետքի պետութիւններուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պահպանելու:

Փիւնիկէ

ազատագրում եգիպտական լուծէն

Ք.ա. 13- 12-րդ դարերուն, Փիւնիկէի քաղաքները ազատագրուած են եգիպտական լուծէն: Ք.ա. 10-րդ դարուն, Տիւրոսի թագաւոր Ածիրամ Փիւնիկէի տարածքին մէջ կազմած է Տիւրոս-Սիտոնի միացեալ թագաւորութիւնը, որ դարձած է Փիւնիկէի ամբողջ ծովափին գերիշխող ուժը (hegemony): Իր օրով, Իսրայէլ-Յուդայի թագաւորութեան հետ հաստատած է ռազմաքաղաքական սերտ դաշինք մը: Տիւրոս աստիճանաբար կորսնցուցած է իր ազդեցութիւնը, եւ Ք.ա. 10-րդ դարու վերջերուն՝ Փիւնիկէի քաղաքները դարձած են ինքնիշխան: Ք.Ա. 2-րդ եւ առաջին դարերուն, Փիւնիկէի պետութեան մէջ նշանակալից երեւոյթ էր Միջերկրականի կեդրոնական եւ արեւմտեան ափերու գաղութաբնակեցումը: Փիւնիկեցի առեւտրականներն ու ծովահէնները հոն թափանցած են Ք.ա. 2-րդ հազարամեակի կէսին: Փիւնիկէն գաղութներ հիմնած է Հարաւային Սպանիոյ, Սիկիլիոյ, Սարտինիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ: Ք.ա. 9-7-րդ դարերուն, այդ գաղութները ձեռք բերած են քաղաքական ինքնիշխանութիւն եւ աստիճանաբար մտած են փիւնիկեան նախկին գաղութ Կարթագէնի պետութեան մէջ: Փիւնիկեան քաղաքները, Ք.ա. 8-7-րդ դարերուն, ենթարկուած են ասորեստանցիներու յարձակման: Ք.ա. VIII դարուն, Փիւնիկէի հիւսիսը հիմնուած է ասորեստանեան կուսակալութիւն մը, բայց եւ այնպէս՝ Փիւնիկեան քաղաքները պահպանած են ներքին ինքնավարութիւնը եւ սեփական թագաւորներու իշխանութիւնը: Ք.ա. 722-ին, ասորեստանցիները ճնշած են տիւրոսցիներուն վրայ, իսկ 701-ին` Փիւնիկէի հարաւը Սիտոնի գլխաւորած ապստամբութիւնը: Ք.ա. 677-ին, Սիտոնը կործանած է, իսկ Պիպլոսը, Տիւրոսը եւ այլ քաղաքներ ճանչցած են Ասորեստանին գերիշխանութիւնը: Ք.ա. 605-ին Ասորեստանի անկումէն ետք, Փիւնիկէն կռուախնձոր դարձած է Նոր Բաբելոնեան թագաւորութեան եւ Եգիպտոսի միջեւ: Ք.ա. 539-332-ին մտած է Աքեմենեան պետութեան կազմին մէջ: Փիւնիկէի նաւատորմը պարսիկներուն կողմէ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ք.ա. 500-449-ի յոյն-պարսկական պատերազմներուն: Ք.ա. 4-րդ-առաջին դարերուն Փիւնիկէն գտնուած է Ալեքսանտր Մակեդոնացիի, պտղոմեաններու եւ սելեւկեաններու պետութեան կազմին մէջ: Ք.ա. 2-րդ-առաջին դարերուն, Կիպրոսի մէջ ստեղծուած է յունա-փիւնիկեան թագաւորութիւն մը: Ք.ա. առաջին դարու կէսին, Փիւնիկէն գտնուած է Տիգրան Բ. Մեծի հայկական կայսրութեան մէջ, այնուհետեւ մտած է հռոմէական Ասորիքի բնակավայրերուն կազմի մէջ: Փիւնիկեցիները աստիճանաբար ձուլուած են Ասորիքի միւս բնակչութեան մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Փիւնիկէ ժողովուրդՓիւնիկէ ԾանօթագրութիւններՓիւնիկէՄիջերկրական ԾովՅունարէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Կոմիտաս ՎարդապետԴողտենդ1810 թուականՌուբէն ՍեւակՈսկիԱզրպէյճանի ԽորհրդայնացումՍողոմոն ԹեհլիրեանՊուտափեսթԿապադովկիաMåneskinՀամաշխարհային Առաջին ՊատերազմՄԱԿ-ի Ապահովութեան ԽորհուրդԱստանաՄիանմարՄիլանՉաք ՖինիԼիթուանիաՀամպուրկԳարեգին Նժդեհ2001Մայամի1596 թուականՍերկէյ ԼազարեւԼոձՓեքին1 ԱպրիլՄատրիտԹաւրիզՎլատիմիր ԼենինԴեղաբոյսերՖոլեղանտրոսԱնտրէա ՊոչելլիԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԷր ՌիադԼեռ ԿամսարԹրքերէնՉինական Մեծ ՊատըՍերկէյ ՌախմանինովԹոքախտԻնսթակրամՔուսքօԱրա ՇիրազՀրազդան գետՆիքոլօ ՄաքիավելլիՊալթեան ԾովՅովհաննէս Ոսկեբերան1591 թուականԺանտախտ (Քոլերա)ԹալիպանԳրիգոր ՃանկէօզեանՐաֆֆիԳրիգոր Շղթայակիր ՊատրիարքՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)ԱնգարաՆեփալՓիոթըր ՉայքովսքիԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմԱրարատ (Լեռ)Հայ Օգնութեան ՄիութիւնԱնդրանիկ ՕզանեանՄիջնադարԼաստիվերՃաքարթաԽաչիկ ՏէտէեանԱ․ Համաշխարհային ՊատերազմԻսթանպուլԹիֆլիսՄայլի ՍայրըսԼիոնել ՄեսսիԱրփիար ԱրփիարեանՉինաստանՀայկական Թավշեայ ՅեղափոխութիւնՔլէոփաթրաՆիւ ԵորքՄոլտովա🡆 More