Անգլերէն

Անգլերէն (English), արեւմտագերմանական լեզու, որմով առաջին անգամ խօսած են վաղ միջնադարեան Անգլիոյ մէջ, որ այսօր կը համարուի համաշխարհային լեզու։ Անիկա շուրջ 60 ինքնիշխան պետութիւններու պաշտօնական լեզուն է, կը համարուի Միացեալ Թագաւորութեան, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, Իրլանտայի եւ Նիւ Զելանտայի ամենատարածուած լեզուն: Այս լեզուն ամէնէն շատ գործածական է Քարիպեան կղզիներուն մէջ, Ափրիկէի եւ Հիւսիսային Ասիոյ մէջ: Աշխարհի տարածքին տարածուած երրորդ մայրենի լեզուն է Մանտարինէն եւ Սպաներէնէն ետք: Անգլերէնը երկրորդ լայնօրէն ուսումնասիրուող լեզուն է Միացեալ Ազգերու, Եւրոպական Միութեան եւ աշխարհի այլ երկիրներու համար, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային այլ կազմակերպութիւններու համար։

Անգլերէն

Ծագում

Անգլերէնը զարգացում կ'ապրի 1400 տարիներու ընթացքին։ Լեզուն վաղ շրջաններուն կոչուած է Հին անգլերէն, երբ անգլո-ֆրանսական բարբառները Մեծն Բրիտանիա բերած են Անգլո-Սաքսոնական բնակիչներու կողմէ 5-րդ դարուն։ Միջին անգլերէնի սկիզբը կը համարուի 11-րդ դարը, երբ նորմանտացիները կը գրաւեն Անգլիան: Անգլերէնի սկիզբը 15-րդ դարը կը համարուի, որ յիշուած է տպագրական ներդրումներ բերելով Լոնտոն, Քինկ Ճէյմզի Աստուածաշունչի տարբերակով, ինչպէս նաեւ ձայնաւորներու լայն փոփոխութիւններով: Բրիտանական կայսրութեան աշխարհահռչակ ազդեցութեան միջոցով ժամանակակից անգլերէնը համաշխարհային տարածում կը գտնէ 17-20-րդ դարերու կէսերուն։ Անգլերէնը կը դառնայ միջազգային ճառերու առաջատար լեզու, հաղորդակցման հիմնական լեզու՝ շարք մը տարածաշրջաններու եւ մասնագիտական ոլորտներու մէջ, ինչպիսին է գիտութիւնը եւ այդ ամէնը թերթերու, գիրքերու, հեռագիրի, հեռախօսի, ձայնագրիչներու, ձայնասփիւռի, արբանեակային հեռուստատեսութեան եւ համացանցի միջոցով, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ Միացեալ Նահանգներու առաջացման՝ որպէս համաշխարհային գերտերութիւն:

Քերականական Առանձնայատկութիւններ

Ժամանակակից անգլերէնի մէջ կան քիչ թիւով ձեւաբանական խոնարհումներ, իսկ շարահիւսութիւնը ընդհահուր առմամբ անջատ կը դիտուի։ Անգլերէնի հիմքին մէջ օժանդակ բայերն են, բարդ ժամանակաձեւերու, բայի կերպերու եւ եղանակի ճիշտ շարադասութիւնը, ինչպէս նաեւ կրաւորական կառուցուածքը, հարցականի եւ ժխտականի ձեւերը։ ։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Ամերիկայի Միացեալ ՆահանգներԱնգլիաԱւստրալիաԱփրիկէԻրլանտաՆոր ԶելանտաՔանատա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՅունաստանՀայր ՄերԳարեգին ՆժդեհԱկանջաբզզիւնՄանկավարժութիւնՊելոպոնեսեան ՊատերազմՎաղարշապատ1789 թուականՊըլը ՊուղիՖրանսերէնԹոքիօԿրեմմի ՄրցանակԼեւոն ՇանթԹոմն ու ՃերինՍուրբ ԾնունդՃոն ՆաշՄիքայէլ ՎարանդեանՏրդատ ճարտարապետՆիքիթա ԽրուշչովԱզատ (գետ)31 Մարտ7 Ապրիլ9 ՅուլիսԲարդ բառերՑեղասպանութիւնՄըքՏոնըլտզ1897 թուականԵփրատ գետԿարսԱրեգակնային ԴրութիւնԶուիցերիա1728 թուականԳրիգոր ՏաթեւացիՄեծն Տիգրան1684 թուական21 ՅունուարԱրաբերէնՀայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւն30 Ապրիլ1858 թուականՄեսրոպ ՄաշտոցԷտմընթըն1885 թուականՂեւոնդ ԵրէցՔանատաՔրիսթիանօ ՌոնալտօԽամսայի ՄելիքութիւններըՀայկ ՆահապետԿիպրոսAirbus A380 (արեւմտահայերէն)ՍիամանթօՖութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը1744 թուականՈւոլթ Տիզնի ԸնկերութիւնՈւիքիփետիաՉինաստանՎերածնունդՔաթարԻտալերէնԱշոտ Ա. ԲագրատունիՌումանիաԱրա ՇիրազԱրժանթինՌուսական Կայսրութիւն1864 թուականԿոմիտաս ՎարդապետԿանանց Միջազգային Օր12 ՄարտԳիշատիչ թռչուններՏնտեսութիւնԲժշկութիւնԼատիներէնՇաքարախտՀամբիկ Մարտիրոսեան🡆 More