Ապելի Մրցանակ

Ապելի մրցանակ, թուաբանական մրցանակ մըն է, Նորվեկիացի թուաբանագէտ, Նիլս Հենրիկ Ապելի (1802–1829) անուամբ կոչուած: Մրցանակը 2002 թուականին ստեղծուած է Նորվեկիայի կառավարութեան կողմէ եւ 2003 թուականէն սկսեալ, ամէն տարի կը նուիրուի բացառիկ մասնագէտ թուաբանագէտի մը: Մրցանակը նաեւ կը պարունակէ դրամական պարգեւ մը, որ մօտաւորապէս 7.5 Միլիոն Նորվեկիական դրամ է:

Ապելի մրցանակի յաղթողները կ'ընտրուին տարին անգամ մը, յատուկ Ապելի կոմիտէին որոշումով, որ կազմուած է Նորվեկիայի Գիտութիւններու Ակադեմական Միութեան «Academy of Science and Letters» կողմէ: Մրցանակաբաշխումը տեղի կ'ունենայ Օսլոյի համալսարանը, որուն մէջ 1947 թուականէն մինչեւ 1989 թուական տեղի կ'ունենար Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակաբաշխութիւնը:

Պատմութիւնը

Ապելի Մրցանակ 
Օսլոյի Համալսարանի շէնքը ուր Ապելի Մրցանակաբաշխումը տեղի կ'ունենայ:

Ապելի մրցանակը առաջին անգամ առաջարկուեցաւ 1899 թուականին նորվեկիացի թուաբանագէտ Սոֆուս Լայի կողմէ, ի յիշատակ թուաբանագէտ Նիլս Հենրիկ Ապելի ծննդեան 100 ամեակին, որ 1802 թուականին էր: Ան այս առաջարկը կատարեց, երբ տեղեակ եղաւ թէ տարեկան Նոպէլեան Մրցանակը չի պարունակեր պարգեւ մը՝ թուաբանութեան ճիւղին նուիրուած: 1902 թուականին, Նորվեկիայի եւ Շուէտի թագաւոր՝ Օսքար երկրորդը կը մտադրէ նոր մրցանակի մը հիմնումը ֆինանսաւորել, որ պիտի ներառէր պագեւ մը՝ թուաբանութեան ճիւղին: Սակայն, այս ծրագիրը չ'ամբողջանար Նորվեկիայի եւ Շուէտի բաժանումին պատճառով 1905 թուականին: Գրեթէ 100 տարի ետք, կրկին հետաքրքրութիւն մը ստեղծուեցաւ այս մրցանակին գաղափարին շուրջ եւ 2001 թուականին աշխատող խումբ մը կազմուեցաւ, այս ծրագիրը իրականացնելու եւ առաջարկը ներկայացնելու Նորվեկիայի նախարարութեան: Օգոստոս 2001 թուականին, Նորվեկիայի կառավարութիւնը վերջապէս հաստատեց Ապելի մրցանակը, որուն նպատակը եղաւ թուաբանագէտներուն արժեւորել եւ հաւասարիլ Նոպելեան Մրցանակի դիրքին: Ապելի առաջին մրցանակաբաշխումը տեղի ունեցաւ 2003 թուականին, այս անգամ թուաբանագէտ՝ Նիլս Հենրիկ Ապելի ծննդեան 200 ամեակին:

2010 թուականին, գիրքերու շարք մը հրատարակուեցաւ, ներկայացնելու Ապելի մրցանակի յաղթողները, իրենց հետազօտութիւններն ու աշխատանքները: Այս գիրքին առաջին 3 շարքերը ներկայացուցին 2003-2007, 2008-2012, եւ 2013-2017 տարիներու յաղթողները:

2019 թուականին, Քարեն Ուհլենպեքը դարձաւ առաջին կինը, որ շահեցաւ Ապելի մրցանակը, իր կարեւոր գործին համար թուաբանագիտութեան ճիւղին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Նորվեկիա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Նոր ԶելանտաՄայքըլ ՃորտընԳրիգոր ՃանկէօզեանՍելանիկՄուշԴիմատետրԼեղուցՊրէյլի ԱյբուբենըԳլխաւոր ԷջՀայկական ՏոմարՆիտըրլենտՏիգրիս (գետ)ՐաֆֆիԳիւմրիՊոլիսԱրայիկ ՅարութիւնեանՍօնիԱստանաՊալթեան ԾովԿուկըլ ՔրոմԱզատութիւն (թերթ)Պետրոս Դուրեան1994 թուականՊուտափեսթՄարթին ՍքորսեզէՀամաշխարհային Առաջին Պատերազմ1979 թուականՌաֆայէլ ԼեմքինԱրաքս (գետ)ԿարինԿցական բարդութիւնՍ. ԶատիկԱրարատեան տարազԱղեքսանտրիաՄահաթմա ԿանտիՌոնալտ ՌիկընՀռոմէական ԿայսրութիւնՔէյթի ՓերրիՄոզիլլա ՖայրֆոքսԿատուներՖրանք ՍինաթրաԿատովիցեՊէրկընՆիքիթա ԽրուշչովԱգաթանգեղոսԲիւզանդական ԿայսրութիւնՔրիստոնէութիւնԱկսել ԲակունցԳարեգին ՆժդեհՓարասեթամոլԿաղնի1836 թուական1838 թուականՆիւ ԵորքԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՊոսնիա եւ ՀերցեկովինաՔիմոլոսՌումանիաԼեռ ԿամսարԳիտութիւն4 ՅունուարՃափոնԱնգարաՄանուէլ ՄենենկիչեանՀրազդան գետՎարդան (անձնանուն)Անդրանիկ ԾառուկեանՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչՀիւանդութիւնՊիյոնսէՔրիսթիանօ ՌոնալտօՀնդկընկոյզՓոլոնիաԲարբարոսա (ռազմական գործողութիւն)🡆 More