Ծիրան

ԴասակարգումըՈւիքիցեղերու մէջ

՞
Ծիրան
Ծիրան
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Բոյսեր
Տիպ Ծաղկաւորներ
Դաս Երկշաքիլաւորներ
Կարգ Վարդածաղկաւորներ
Ընտանիք Վարդազգիներ
Լատիներէն անուանում
Prunus armeniaca
 L. 
Հատուկ պահպանութիւն

Ծիրան
Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ





Ծիրան կամ՝ Ծիրանի ծառ (լատ.՝ Prunus armeniaca կամ Armenian plum, հոմանիշ՝ Armeniaca vulgaris Կաղապար:Լսել), Հայաստանի բնիկ պտուղներէն մին։ Ծիրանը դէպի Եւրոպա տարածուած է Հայաստանի միջոցով։

Ծիրանենի

Ծիրան 
Ծիրանի ծառ Արտաշատին մէջ

Արդիւնաւէտ ծառ է միջին չափի հասակով (2,3 մ.), բայց տարիքոտ ծառերուն հասակը կը հասնի 8 մ. եւ աւելի։ Տերեւները սրտաձեւ են, տերեւներուն հասակը 10 ս․մ. կ՛ըլլայ, իսկ լայնքը՝ 3,4 ս․մ.։ Աշնան ծառերը տերեւաթափ կ'ըլլան եւ կը բուսնին Գարնան, իսկ Ամրան պտուղները կը հասուննան։ Ծաղիկներուն գոյնը կ՛ըլլայ ճերմակ՝ վարդագոյնի մօտ։

Համառօտ պատմութիւն

Ծիրանին բուն բնավայրը Չինաստանն է, ուր կ'աճէր Ռուսիոյ սահմանի ցամաքաին։ Չինաստանի մէջ յայտնուեցաւ 3000 Ք.Ա., ապա փոխադրուեցաւ Հայաստան եւ ուրիշ երկրներ. Եւրոպա մտաւ Քրիստոսի ծնունդին հետ։ Ծիրանի մշակումը տարածուեցաւ աշխարհի մէջ։ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ շատ մեծ քանակով ծիրան կը մշակուի։ Այս օրերուս Թուրքիան կ՛արտահանէ չոր ծիրանի 85% տոկոսը։

Ծիրանը կը գտնուի պաղ եւ միջին պաղութեամբ կլիմայ ունեցող քաղաքներու մէջ, բայց զայն ցանելու ամենալաւ վայրը՝ չոր կլիմայ ունեցող երկիրներն են։

Պատկերասրահ

Արտադրութիւնը

Ծիրան 
2012-ին ամենաշատ
ծիրան արտադրած
երկիրները
Կաղապար:TUR 795 768
Կաղապար:IRN 460 000
Ծիրան  Ուզպեքիստան 365 000
Ծիրան  Ալճերիա 269 000
Կաղապար:ITA 247 146
Ծիրան  Փաքիստան 192 500
Ծիրան  Ֆրանսա 189 711
Ծիրան  Մարոք 122 405
Ծիրան  Սպանիա 119 400
Կաղապար:EGY 98 772

Աճման Պայմանները

Ծիրանի ծառը կ'ազդուի օդէն, մանաւանդ՝ ծաղկած ժամանակ։ Ծառը կը վնասուի, երբ տաքութիւնը կը բարձրանայ եւ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ բերքին։ Ինչպէս նաեւ խոնաւութեան բարձրացումով կը շատնան սնկային հիւանդութիւնները։

Բժշկական Գործառութիւններու Մէջ

Ծիրան 
Ծիրանի չիր

Ծիրանը հարուստ է կենսանիւթներով (վիթամիններով)։ Ան կը պարունակէ կենսանիւթ A, որ մարդու կ'ապահովէ մէկ օրուայ անհրաժեշտ նկատուող 18%-ն, կենսանիւթ C, երկաթ եւ քալսիում։ Ծիրանը թարմ վիճակով երկար ժամանակ չի դիմանար, այդ պատճառով զայն չորցնելով կը պահեն, ինչպէս՝ Սուրիոյ մէջ։

Չոր ծիրանը աւելի հարուստ է կենսանիւթերով՝ քան թարմը։ Ծիրանը կը լաւացնէ տեսողութիւնը, կ'աշխուժացնէ լեարդը. օգտակար է արեան տկարութեան բուժման եւ կը նուազեցնէ քոլեստերոլի մակարդակը արեան մէջ, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէ սիրտն ու երակները զանազան հիւանդութիւններէ։

Օգուտները

Ծիրան 
Թարմ ծիրան

Ծիրանը կը պարունակէ հետեւեալ կենսանիւթերը՝ կենսանիւթ A, կենսանիւթ B1, կենսանիւթ B2 եւ կենսանիւթ C, որոնք կ'օգնեն մարսողութեան, կը նպաստեն անքնութեան վերացման եւ ախորժակի բարելաւման. ծիրանի օգտագործումը կը զօրացնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը, անհրաժեշտ է երեխաներու աճման ընթացքին։ Անոր սպառումը անհրաժեշտ է յղիներուն։

Քաղցկեղի դէմ պայքար

Նոր գիտութիւնը Չինաստանի մէջ փաստեցաւ, որ կենսանիւթերով հարուստ ուտելիքներ սպառելը կը պաշտպանէ լեարդը քաղցկեղի դէմ։

Մորթ

Նոր գիտութիւնը կը հաստատէ, որ չոր ծիրանը կը պաշտպանէ մորթը կնճիռներէ, իր մէջ պարունակած մեծ քանակով կենսանիւթ C-ի շնորհիւ։

Սննդային Տեղեկութիւն

Իւրաքանչիւր ծիրան (35 կ.) կը պարունակէ հետեւալները.

  • Ջերմուժ (քալորի)՝ 17
  • Ճարպեր՝ 0.14
  • Գարպոհիտրադ՝ 3.89
  • Թաղանթանիւթ՝ 0.7
  • Սպիտակուց՝ 0.49
  • Քոլեստերոլ՝ 0

Ծիրանի Հիւթ

Կարելի է խառնել ծիրանը շաքարով եւ ջուրով՝ հիւթաքամիչի մէջ, եւ ստանալ ծիրանի հիւթ։ Ծիրանի հիւթը հարուստ է կենսանիւթերով եւ սպիտակուցներով, որոնք կը նպաստեն մարսողութեան։

Գրականութիւն

  • Loudon, J.C. (1838). Arboretum Et Fruticetum Britannicum. Vol. II. London։ Longman, Orme, Brown, Green and Longmans. pp. 681–684.

Tags:

Ծիրան ենիԾիրան Համառօտ պատմութիւնԾիրան ՊատկերասրահԾիրան Աճման ՊայմաններըԾիրան Բժշկական Գործառութիւններու ՄէջԾիրան ՕգուտներըԾիրան ի ՀիւթԾիրան ԳրականութիւնԾիրան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԵպիսկոպոսՈւրբաթագիրք11 ՅունուարՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումԾերենց4 Յուլիս1976 թուականՎրաստանՄատթէոս ԾարեցիԿարինԿոմիտաս ՎարդապետՄեհմեթ Թալէաթ փաշա26 ՅուլիսՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Նիքոլայ Յովհաննիսեան (պատմաբան)Սուլթան Համիտի ՄահափորձՇուշիի Ազատագրումը (1992)Մեսրոպ ՄաշտոցԱրա Գեղեցիկ18 ԱպրիլԷր ՌիադՊէյրութի Ամերիկեան ՀամալսարանԱնանիա Շիրակացի13 ՅունիսԲարձր ՀայքՎահագն ԴաւթեանՍողոմոն ԹեհլիրեանՌաանանաՎազգէն ՓափազեանՌանչպարների ԿանչըՄարդաբանութիւնՆուպար ԹէրզեանԳառզուՀայաստանի ԶինանշանՄեծ ՀայքՄարկատէԹիֆլիսՄուշեղ Ս. Արք. ՄարտիրոսեանԳրիգոր ՏաթեւացիԹեհրանՄսաշոթՍեւ խոռոչԱրթուր ԱբրահամԽնձորԹոքախտՍտեփանակերտՀայկական ԹատրոնՀայկական ԼեռնաշխարհԾաղկաձորԽաչքարՆԱՍԱԲանտԱւստրալիաՆապոլեոն I1873 թուական1983 թուականԲիւթանիաՄիսաք ՄանուշեանԳէորգ ՅակոբճեանՊարզ լիճՕսմանեան ԿայսրութիւնՀաճընՍ. Թադէոս ԱռաքեալewvxaՊուէնոս ԱյրէսՎաղարշապատՋերմուկ (Արեւմտեան Հայաստանի գիւղաքաղաք)1958 թուական1922 թուական12 ՅունուարԵրեւումն Ս. ԽաչիԽորհրդապաշտութիւնՀայերը Յունաստանի մէջ🡆 More