Ամերիկա

Ամերիկա

Հիւսիսային Ամէրիկա

Կը տարածուի հիւսիսէն Արջային Ովկիանոսէն մինչեւ Մեքսիքայի հարաւը: Հոն կը գտնուին ձիւնածածկ լեռներ, կիզիչ անապատներ, հսկայ տարածութեամբ դաշտեր, խիտ անտառներ եւ ծովանման ընդարձակ լիճեր: Հիւսիսային Ամերիկա կ'ընդգրկէ Ալասքան, Գանատան, Միացիալ Նահանքները եւ Անթիլիան Կղզիներու խումբը: Արեւմուտքը Ռոքի լեռնաշղթան կ'երկարի Ալասքայէն մինչեւ Մեքսիքա: Ռոքիէն անդին կը տարածուի մեծ ընդարձակութեամբ դաշտ մը, որ կը հասնի մինչեւ Ափալաշներու Շղթան դէպի արեւէլք, եւ Մեծ Լիճերը դէպի հիւսիս: Ափալաշներուն արեւելքը ծովափնիայ դաշտը կը տարածուի մինչեւ Ատլանտեան Ովկիանոսը: Գանատայի եւ Միացիալ Նահանքներու միջեւ գտնուող Սիւփիրիոր, Միշիկըն, Հիւրօ, Էրիէ եւ Օնթարիօ լիճերը կը համարուին մոլորակի ամենամեծերը:

Ժողովուրդը

Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին բնակիչները հնդիկներն էին: Անոնք կը պատկանէին տարբեր ցեղախումբերու, որոնք կ'ապրէին որսորդութեամբ, ձկնորսութեամբ եւ երկրագործութեամբ: Շեյէններն ու Սիուները կ'ապրէին կոնաձեւ վրաններու տակ շինուած վայրի եզի մորդէ:

Ամերիկայի Բնակչութիւնը Այսօր

Այսօր, Հիւսիսային Ամերիկայի բնակչութիունը կը բաղկանայ Էսգիմոներէ, զտարիւն ամերիկացի հնդիկներէ, խառնուածներէ, սպիտակամորդերէ եւ սեւամորդներէ:

Միացիալ Նահանգներ

Միացիալ նահանգներ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներէն է: Կը հաշուէ 48 «դրացի» նահանգներ, առաւել երկու հեռաւոր նահանգ Ալասքա, որ կը գտնուի ծայրագոյն հիւսիսը Արջային Շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Հաւայեան կղզեխումբը Խաղաղականին մէջ:Միացիալ Նահանգներու ֆիզիքական տեղագրութիւնը կը նմանի ընդարձակ խեցիի մը, որուն ցցուն եզերքները կը համապատասխանեն լեռնաշղթաներու եւ մէջտեղ ը հսկայ տարածութեամբ դաշտագետինի մը: Արեւմուտքէն Ռոքի լեռները զուգահեռ կ'ընթանան Խաղաղականի ափին, Արեւելքէն Ատլանտեանի երկաճնքին կը տարածուի Ափալաշներուն Շղթան: Այս երկու շղթաներուն միջեւ կը տարածուի հսկայ տարածութեամբ դաշտ մը (կեդրոնական Տափաստան): Այդ կեդրոնական դաշտին մէջէն կը հոսին, հիւսիսէն դէպի հարաւ, Միսուրի եւ Միսիսիփի գետերը: Մանրամասն տեկղեկութիւն; Ֆրանսացիներուն կողմէ Ամերիկացիներուն նուիուած Ազատութեան արձանը (Statue of Liberty) կը գտնուի Նիւ Եորքի նաւահանգիստը: Ռաշմոր լեռան ժայրին վրայ (Հարաւային Տաքոթա) կարելի է տեսնել Ամերիկայի չորս նախագահներուն Քանթակուած կիսանդրիները (Thomas Jafferson, George Washington, Abraham Lincoln, Theodore Roosevelt):

Կեդրոնական Ամերիկա

Կեդրոնական Ամերիկա բաղկացած է 7 երկիրներէ Գոսթա, Ռիֆա, Սալվատոր, Կուաթեմալա, Հոնտուրաս, Նիքարակուա, Փանամա եւ Պելիզ: Այս շրջանը հրափխային եւ երկրաշարժային է: Կեդրոնական Ամերիկա շրջապատուած է արեւմուտքէն Խաղաղական եւ արեւելքէն Ատլանտեան Ովկիանոսներով: Անձրեւները առատ են հոն, կլիման տաք է, անտարռերը խիտ են:

Ժողովուրդը

Բնակչութեան մեծ մասը խառնուածններ են հնդիկ, եւրոպացի եւ ափրիկեցի նախնիներէ:

Հարաւային Ամերիկա

Հարաւային Ամերիկա կը բաղկանայ 13 երկիրներէ Պրազիլ որ կը համարուի իբրեւ մեծագոյնը եւ բնակչութեամբ ամենահոծը, Ֆրանսական Կիւյանա, Սիւրինամ, Վենզուէլլա, Չիլի, Փարակուէյ, Ուրուկէյ, Գոլոմպիա, Էգուատոր, Փերու եւ Արժանթին: Հոն կը գտնուին հրաբխային լեռներ եւ արեւադարձային խոնաւ անտառներ: Արեւմտեան ափի երկայնքին կը տարածուի մօտաւորապէս 8000 քմ. երկարութեամբ Անտեան Լեռնաշղթայ: Այս լեռներու ստորոտին դէպի արեւելք կը տարածուին մեծ դաշտեր. Ամազոնեան եւ Փամփայի ամբողջութիւնը խոտաւէտ դաշտագետին մը: Ամազոն աշխարհի ամէնէն երկար երկրորդ գետն է իր 6400 քմ. ով: Կը բխի Անտեաններէն եւ կ'անցնի Ամազոնայի արեւադարձային անտառներուն մէջէն: Թիթիքաքա Լիճը, որ կը գտնուի Փերուի եւ Պոլիվիայի միջեւ, Հարաւային Ամերիկայի ամենամեծ լիճն է: Հարաւային Ամերիկա կը ներկայացնէ կլիմայի մեծ զանազանութիւններ. Կրնայ հոն շատ տաք ըլլալ կամ շատ պաղ: Հարաւային Ամերիկա կ'արտադրէ յատկապէս թէյ, սուրճ, պանան, բամպակ, շաքար, քաքաօ եւ ձգախէժ:

Աղբիւրներ

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս Հրատարակութիւն CCM էջ 12 13 14 15 16 17

Tags:

Ամերիկա Հիւսիսային ԱմէրիկաԱմերիկա ԺողովուրդըԱմերիկա յի Բնակչութիւնը ԱյսօրԱմերիկա Միացիալ ՆահանգներԱմերիկա Կեդրոնական Ամերիկա ԺողովուրդըԱմերիկա Հարաւային Ամերիկա ԱղբիւրներԱմերիկա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Աշոտ Ա. ԲագրատունիԱրածանիի ՃակատամարտԴանիէլ ՎարուժանՈւիքիփետիաՆախիջեւան (քաղաք)Հաճընի ՀերոսամարտԹարգմանչաց ՏօնՀայ Գիրերու Գիւտ17 ԱպրիլՓոլոնիաՍապիհա ԿէօքչէնՎրաստանՃափոներէնՊալթեան ԾովՅովհաննէս ՏէրոյենցԶէյթունի Ապստամբութիւն (1895)Երեւանի ՔաղաքապետարանՈսկիՍոնա ՍիմոնեանԱրուսեակ (մոլորակ)ՈւքրանիաԻտալիաԿապարԳալուստ ԿիւլպէնկեանԷրեբունի-Երեւան (օրհներգ)Մարտիրոս ՍարեանԲառԼուսինՄագաղաթՀնդկաստանԵոհան Ուոլֆկանկ Վոն ԿէօթէՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Նոր Հաճըն)Գործիական հոլովՍեդրակ (անձնանուն)Ղազար ՓարպեցիՎաղարշապատՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրԹեքսասԿորնթոսԽոր ՎիրապՖինլանտաԳեղարուեստական ԳրականութիւնԱրարատ (Լեռ)ԿուրԳարեգին ՆժդեհԺորժ ԿառվարենցԲրինձԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՊետրոս Տէր ՊօղոսեանԱշոտ Գ. ՈղորմածՁիՃասթին ՊիպըրՄեհմեթ Թալէաթ փաշաՈւիքիմետիա ՀիմնադրամԼոլիկՋուրՄանուկ ԱբեղեանՎահան ԶարդարեանՑուլ (կենդանակերպ)Նոամ ՉոմսքիՔլէոփաթրաԳարեգին Բ. Կիլիկիոյ, Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց ԿաթողիկոսՊելճիքաԼիխթընշթայնՓաստաբանԱղուանքՄայր ԹերեզաՊղինձՀրաչեայ ՔոչարՄիհրան ԹումաճանԲաբելոն1726 թուականԱկրաՍիմոն ՍիմոնեանԷր ՌիադՍեբաստիա🡆 More