Մանկաներ

Մանկաները Ճափոնի յատուկ երիզագծագրութիւններն են:

Մանկաներ

Ճափոներէն մանկա բառը կը նշանակէ «զբաղեցնող գծագրութիւն»: Անոնք ամբողջովին մաս կը կազմեն ամէնօրեայ կեանքին: Փողոցներու վրայ գոյութիւն ունին մեքենաներ` մանկաներ գծելու համար եւ ծանուցումի պաստառներ: Մանկաներ կարելի է գտնել պատկերասփիւռին վրայ, եւ երբեմն նոյնիսկ` դպրոցին մէջ, ուր անոնք կը գործածուին կարգ մը նիւթեր դասաւանդելու համար: Թոքիոյի մէջ նոյնիսկ գոյութիւն ունի Աքիհապատա անունով թաղ մը, ուր մանկայի սիրահարները իրարու կը հանդիպին:

Պատմութիւն

ԺԱ. դարէն սկսեալ, մանկաներու «նախահայրերը» կը յայտնուին Ճափոնի մէջ. այդ ժամանակամիջոցին անոնք կը կոչուին էմաքիմոնօ: Անոնք նկարչութիւններ են, որոնց վրայ դրուած ձեռագիր գրութիւնները կը պատմէին պատմութիւն մը, որ կը յայտնուէր կամաց-կամաց, երբ ծալուած գծագրութիւնը կը բացուէր:

Իսկական ճափոնական մանկաները կը յայտնուին շատ աւելի ուշ` Ի. դարու սկիզբը, սակայն անոնք կը հասնին Արեւմուտք միայն 1980-ական թուականներուն, կրենտայզըրի նման հերոսներու միջոցով:

Մանկայի իւրայատկութիւնները

Մանկաներ 

Ճափոնցիները մանկաները կը կարդան աջէն ձախ: Այսինքն անոնց մանկաները կը գործածուին արաբերէն գիրքերուն նման:

Անոնց իւրայատկութիւններէն են սեւ-ճերմակ գծագրութիւնները: Ճափոնցիները ունին նաեւ կերպարները գծելու իւրայատուկ ոճ մը, օրինակ` մեծ աչքեր, շեշտելու համար շատ մանրամասն գծուած դէմքերուն արտայայտութիւնները, մինչ տեսարանները կամ շրջակայքը շատ պարզ են, կամ գրեթէ գոյութիւն չունին: Ասիկա ուրիշ ձեւ մըն է ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու կերպարներուն եւ անոնց զգացումներուն վրայ: Վերջապէս, գծագրութիւնները աւելի կենդանի դարձնելու համար գծողները շատ կը գործածեն ձայներ արտայայտելու յատուկ գրութիւններ:

Գիրք դառնալէ առաջ

Իբրեւ գիրք տպուելէ եւ ծախուելէ առաջ` մանկաները հատուածներով լոյս կը տեսնեն յատուկ մասնագիտական թերթերու մէջ, որոնք մեծ քանակներով կը տպուին: Եւ որպէսզի անոնք շատ սուղի չծախուին, մանկաներուն մեծ մասը սեւ-ճերմակ կը տպուի: Կարդացուելէ ետք այս թերթերը կը թափուին, կամ փողոցը` նստարանի մը վրայ կը լքուին, որպէսզի ուրիշ անձ մը կարենայ զանոնք կարդալ:

Այս թերթերը յաճախակիօրէն հարցախոյզներ կը կազմակերպեն, եւ ընթերցողները կրնան ընտրել իրենց նախասիրած պատմութիւնները: Եթէ անոնք յաջողութիւն գտնեն, կը տպուին գիրքի ձեւի տակ:

Մանկաներու հեղինակները

Մանկաներու հեղինակները կը կոչուին մանկաքա: Անոնք կրնան կա՛մ պատմութիւնը հնարել, կա՛մ գծել, սակայն յաճախ անոնք երկուքն ալ կ'ընեն: Ընդհանրապէս անոնք իրենց պատմութիւններուն վրայ կ'աշխատին յատուկ աշխատանոցներու մէջ: Տպագրութեան ընթացքը երբեմն այնքան արագ է (երբեմն` ամէն շաբաթ), որ մանկաքաները երբեմն ստիպուած են օգնականներու դիմելու` իրենց գործերը վերջացնելու համար:

«Անիմէ» եւ «Քոսփլէյ»

Մանկաներ 

Ճափոնի մէջ, երբ մանկա մը պատկերասփռուի կամ ժապաւէնի կը վերածուի, ան կը կոչուի «անիմէ»: Պատկերասփիւռի ժապաւէնի վերածուած բոլոր մանկաները «անիմէներ» են, բոլոր «անիմէները» անպայմանօրէն մանկայէ մը չեն ներշնչուած, երբեմն հակառակն ալ կը պատահի:

Օրինակի համար` Հայաօ Միազաքիի «Շիքիրոյի ճամբորդութիւնը», «Երկնքին մէջի դղեակը», «Մոնոնոքէյ իշխանուհին» սկիզբէն «անիմէներ» եղած են, մինչ Մամորու Հոսոտայի «Գայլ պզտիկները, Ամը եւ Եուքի» եղած է նախ «անիմիէ», ապա ունեցած է մանկա  տպագրութիւնը:

Նոյն ձեւով, «Փոքէմոն» սկիզբը եղած է վիտէօ- խաղ մը, ստեղծուած` 1996-ին, Սաթոշի Թաժիրիի կողմէ, ապա դարձած է «անիմէ» եւ վերջապէս տպուած է իբրեւ մանկա:

ճափոնցիները այնքան կը սիրեն մանկաները, որ կը սիրեն իրենց նախասիրած մանկայի («անիմէ»ի կամ վիտէօ-խաղի) կերպարին դերը խաղալ, անոր հագուստները հագուելով` ծպտուելով եւ դիմայարդարուելով: Այս երեւոյթը կը կոչուի «քոսփլէյ», որ եկած է անգլերէն «քոսթիւմ» (տարազ) եւ «փլէյ» (խաղալ) բառերէն: Սկզբունքով ամերիկացիները հնարած են այս սովորութիւնը, սակայն ճափոնցիները շատ շուտ զայն որդեգրած են, որովհետեւ այս ձեւով անոնք կրնան իրենց նախասիրած մանկայի հերոսին դերին մէջ մտնել: Ճափոնական մեծ քաղաքներուն մէջ յաճախ կարելի է «քոսփլէյներ» տեսնել փողոցը պտտելու ընթացքին:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Մանկաներ ՊատմութիւնՄանկաներ Մանկայի իւրայատկութիւններըՄանկաներ ԾանօթագրութիւններՄանկաներ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Գրական երկի լեզուԵփրատ գետԱսիաԱմսթերտամԼուսիկ ԱգուլեցիՅովհաննէս Գ. ՕձնեցիՍրբուհի ՇուշանՏօնածառ (Ս. Ծննդեան Ծառ)ԱնիՈւզպեքիստանՏարածութիւնԱբիսողոմ աղաԱնգլերէնՏանըլտ ԹրամփԳաբրիէլ ԹագւորեանԽնուսՍահմանադրական ՎարժարանՊիլ ՎիտըրսՊաալպէքԼիլիթՍեւրի դաշնագիր1600 թուականՑխինվալիի ՀայերըՄիլիոնատէրը ԵտնախորշէնՓոքրիկ իշխանըՊօղոս ՃէլալեանՀայերը Պաքուի մէջՆորվան Արք. ԶաքարեանՊուլկարիաՆիքի ՄինաժՀանրագիտարան1961 թուականԿոմիտաս ՎարդապետՎարդան ՄատթէոսեանՄեծն ՏիգրանՆոր ՆախիջեւանԾիրանՄարիա ՃէյքըպսընGoogle PlayԳլխաւոր ԷջՇրատա ԳաբուրԿուտինաԱլճերիաՀռոմկլաՀորմուզի ՆեղուցՄինի ՄաուսԱւստրիաՀայոց ՑեղասպանութիւնԲզնունիներԱրշիլ ԿորքիՄիքայէլ ՎարանդեանԱրամ ԿէօքճեանՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն1996 թուականՀայաստանի Առաջին ՀանրապետութիւնՆիքոլա ԹեսլաԱրշակ ՖեթվաճեանԽոջիվանքի ԳերեզմանատունՕմար ՇարիֆԵղիա ՆաճարեանԺանն տ'ԱրքԳագիկ Բ․ԿիրեսունԵՈՒՆԵՍՔՕԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՀուանկնիոնկսա պուտտայական տաճարԻրլանտաՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Սողոմոն Թեհլիրեան3 ՆոյեմբերՈւէյն Ռունի🡆 More