Թոքիօ

Թոքիօ (ճափ.՝ 東京都, պաշտօնապէս Թոքիոյի մեթրոփոլիս), Ճափոնի մայրաքաղաքը եւ 47 բնակավայրերէն մէկը։ Մեծ Թոքիոյի տարածքն աշխարհի մէջ ամենախիտ բնակեցուած մեթրոփոլիթէնն է։ Քաղաքը Ճափոնիոյ կայսեր եւ Ճափոնիայի կառավարութիւն նստավայրն է։ Թոքիոն կը գտնուի Հոնսիու կղզիի Քանթօ տարածաշրջանի հարաւ-արեւելեան մասին մէջ եւ կը ներառէ Իձու եւ Օկասավարա կղզիները։ Թոքիոն նախապէս յայտնի էր Էտո անուանումով (էտո՝ բառացի կը նշանակէ ծովափ)։ 1603 թուականին սիոկուն Իէյասու Թոքուկաուան քաղաքը դարձուց իր շտապ-բնակարանը եւ այն փաստօրէն դարձաւ կառավարութեան նստավայր։ Այն պաշտօնապէս դարձաւ մայրաքաղաք, երբ Մեյձի կայսրը 1868 թուականին իր նստավայրը Քիոթոյէն տեղափոխեց Թոքիօ: Նոյն այս ժամանակ Էտոն անուանափոխուեցաւ՝ դառնալով Թոքիօ։ Թոքիոյի մեթրոփոլիսը ձեւաւորուեր է 1943 թուականին` նախկին Կաղապար:Նիհոնկո եւ Կաղապար:Նիհոնգո միաձուլումէն։

Մայրաքաղաք
Թոքիօ
Tokyo
Դրօշակ Զինանշան
Թոքիօ Թոքիօ

Թոքիօ
Երկիր Թոքիօ Ճափոն
Ներքին բաժանում Ադաթի?, Արաքավա?, Բունքյո?, Տիյոդա?, Թյուո?, Էդոգավա?, Իթասաբի?, Կացուսիքո?, Կիտա?, Կիտա?, Մեգուրո?, Մինատո?, Նականո?, Ներիմա?, Օտա?, Սետագայա?, Սիբույա?, Սինագավա?, Շինձյուկու?, Սուգինամի?, Թոսիմա?, Թայթո?, Սումիդա?, Հաթիոձի?, Տատիկավա?, Մուսասինո?, Մատիկա?, Օմե?, Ֆուտյու?, Ակիսիմա?, Տյոֆու?, Մատիդա?, Կոհանեի?, Կոդայրա?, Հինո?, Հիկասիմուրայամա?, Կոկուբունձի?, Կունիտատի?, Ֆուսա?, Կոմայե?, Հիկասիյամատո?, Կիյոսե?, Հիկասիկուրումե?, Մուսասիմուրայամա?, Տամա?, Ինագի?, Համուրա?, Ակիրունո?, Նասիտոկյո?, Միձուխո?, Հինոդե?, Հինոհարա?, Օկուտամա?, Օսիմա?, Թասիմա?, Նիձիմա?, Կոձուսիմա?, Միյաքե?, Միկուրաձիմա?, Աոսիմա?, Օհասավարա? եւ Հաթիձե?
Governor of Tokyo? Նահանգապետ Սինթարօ Իսահարա
Օրէնսդրական մարմին Tokyo Metropolitan Assembly?
Հիմնադրուած է՝ 1603 թ.
Տարածութիւն 2187,66 քմ² քմ²
ԲԾՄ 6 մեթր մ
Կլիմայ Մերձարևադարձային մուսսոնային կլիմա?
Պաշտօնական լեզու Ճափոներէն
Բնակչութիւն 14 264 798 մարդ (2022)
Խտութիւն 5740 մարդ/քմ² մարդ/քմ²
Կը գտնուի ափին 31 820 000
Ազգային կազմ Ճափոնցիներ
Տեղաբնականուն Թոքիոցի
Ժամային գօտի UTC+9? եւ Ճապոնիայի ստանդարտ ժամանակ?
Հեռախօսային ցուցանիշ +81 3 (Թոքիոյի յատուկ շրջանները)/ +81 4
Անուանուած է մայրաքաղաք եւ արևելք?
Պաշտօնական կայքէջ metro.tokyo.jp

Մինչեւ 1869 թուականը (Էտոյի ժամանակաշրջան)

Թոքիօ
Նկար, որ կը նկարագրէ Քոմոտոր Մեթիւ Փերիի արշաւանքը եւ անոր 1853 թուականին առաջին ժամանումը դէպի Ճափոն:

Թոքիօն ի սկզբանէ Էտո անունով փոքր ձկնորսական գիւղ էր, որը հին Մուսաշի նահանգի մաս կը կազմէր ։ Սկիզբը՝ 12-րդ դարու վերջերուն, ան Էտօ տոհմի ամրութիւնն է։ 1457 թուականին Օթա Տոքան կառուցեց Էտօ ամրոցը։ 1590 թուականին, Իէյասու Թոքուկաուան Էտօն իր կայանը դարձուց։ Երբ 1603 թուականին ան սիւունկուն դարձաւ, քաղաքը դարձաւ իր համազգային ռազմական կառավարութեան կեդրոնը։ Էտոյի ժամանակաշրջանի յաջորդ տարիներուն Էտոն զարգացաւ, դառնալով 18-րդ դարուն մէկ միլիոնէն աւելի բնակչութիւն ունեցող աշխարհի խոշորագոյն քաղաքներէն մէկը։ Էդոն փաստօրէն դարձաւ Ճափոնի մայրաքաղաքը, թէեւ կայսրը կ'ապրէր կայսրութեան մայրաքաղաք Քիոթոյի մէջ։ Այս ժամանակ քաղաքը տեւական կը վայելէր խաղաղութիւն, որը յայտնի «Փաքս Թոքուկաուա» (Pax Tokugawa) անունով, եւ նման խաղաղութեան առկայութեան պարագային Էտոն կը վարէր խիստ մեկուսացուած քաղաքականութիւնը, որը օգնեց քաղաքին խուսափիլ լուրջ ռազմական սպառնալիքէն։ Պատերազմներու կողմէ քանդուածներու բացակայութիւնը Էտոյին թոյլ տուաւ իր աղբիւրներու մեծ մասը նուիրաբերել քաղաքին վնաս հասցուցած հրդեհներու, երկրաշարժերու եւ այլ բնական աղէտներու կողմէ առաջացած վիճակի վերականգնմանը։ Այնուամենայնիւ, մեկուսացման այս երկարատեւ ժամանակաշրջանը եկաւ իր աւարտին 1853 թուականին՝ ամերիկացի Քոմոտոր Մեթիւ Փերիի Ճափոն ժամանմամբ։ Քոմոտոր Փերրին պայմաններ ստեղծեր էր Շիմոտա եւ Հաքոտաթէ նաւահանգիստներու բացման համար, ինչ որ պատճառ կը դառնայ նոր արտասահմանեան ապրանքներու պահանջարկի աւելացմանը եւ հետագային գնաճի խիստ աճին։ Այս գնաճի բարձրացման հետեւանքով առաջացած հասարակական դժգոհութիւնը հանգեցուց լայնածաւալ ապստամբութիւններու եւ ցոյցերու՝ մասնաւորապէս բրինձի հաստատութիւններու «սնանկացման» ձեւով։ Մինչդեռ Մեյձիի կայսեր կողմնակիցները օգտուեցան հանգամանքէն, ու այդ տարածուած ապստամբութիւններն ու ցոյցերը պատճառ դարձան իշխանութեան հետագայ ամրապնդմանը՝ 1867 թուականին տապալելով վերջին սիուկուն Իէյասու Թոքուկաուային։ 265 տարի անց Pax Tokugawa-ն եկաւ իր աւարտին։

Նիսիթամա շրջան

Թոքիօ
Նիսիթամա քաղաքի քարտէզ՝ նշուած կանաչ գոյնով

Թեյմա շրջանի արեւմտեան մասը կը զբաղեցնէ Նիսիթամա շրջանը (gun): Այս տարածքին մեծ մասը լեռնային է եւ ոչ պիտանի քաղաքաշինութեան համար: Թոքիոյի ամենաբարձր լեռը Քումոթորին է՝ 2017 մ (6617 ոտնաչափ) բարձրութեամբ: Թոքիոյի այլ լեռներէն են Թաքասուն (1737 մ), Օտաքեն (1266 մ) եւ Միթաքեն (929 մ): Եամանասի prefecture քաղաքապետերանի մօտ՝ Թեյմա գետի վրայ կը գտնուի Թոքիոյի ամենամեծ լիճը՝ Օքութաման: Շրջանը կազմուած է երեք քաղաքէ (Հինոտէ, Միձուհո եւ Օքութամա) եւ մէկ գիւղէ (Հինոհարա):

Քաղաքային տեսարան

Թոքիոյի ճարտարապետութիւնը գլխաւորապէս ձեւաւորուեր է Թոքիոյի պատմութեան կողմէ: Պատմութեան վերջին շրջանին երկու անգամ մայրաքաղաքը մնացեր է աւերակներու տակ՝ 1923 թուականի Մեծ Քանթոյի երկրաշարժի, իսկ աւելի ուշ՝ 2-րդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Թոքիոյի ռմբակոծութեան հետեւանքով: Այդ իսկ պատճառով Թոքիոյի քաղաքային տեսարանը գլխաւորապէս ունի ժամանակակից ճարտարապետութիւն, իսկ հին շինութիւնները քիչ են: Թոքիոյի մէջ կարելի է հանդիպիլ միաջազգային ասպարէզին մէջ յայտնի ճարտարապետութեան ժամանակակից շատ ձեւերու՝ ներառեալ Թոքիոյի միջազգային ֆորումը, Asahi Beer Hall-ը, Mode Gakuen Cocoon Tower-ը, NTT Docomo Yoyogi Building-ը եւ Ծիածանի կամուրջը: Թոքիոյի մէջ կայ նաեւ երկու առանձնայատուկ աշտարակ՝ Թոքիոյի հեռատեսիլի աշտարակը եւ այլն, ու Երկնային ծառը, որն ամենաբարձր աշտարակն է թէ՛ Ճափոնի, եւ թէ՛ աշխարհի մէջ, եւ երկրորդ ամենաբարձր կառոյցը աշխարհի մէջ՝ Տուպայի մէջ գտնուող Պուրճ Խալիֆայէն յետոյ:

Թոքիոն նաեւ ունի բազմաթիւ զբօսավայրեր եւ այգիներ: Թոքիոյի բնակավայրի կամ տեսադաշտի մէջ կայ 4 ազգային զբօսավայր՝ ներառեալ Ֆուձի-Հաքոնէ-Իձուն, որ կը ներառէ բոլոր Իձու կղզիները:


Թոքիոյի համատեսարանային պատկերը՝ Երկնային ծառէն


Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Թոքիօ Մինչեւ 1869 թուականը (Էտոյի ժամանակաշրջան)Թոքիօ Քաղաքային տեսարանԹոքիօ ԾանօթագրութիւններԹոքիօՃափոնՃափոներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՀանրագիտարանԴամասկոսԻնտոնեզիաՀամաշխարհային Առաջին ՊատերազմՅովհաննէս ԱռաքեալՊետրոս Տէր ՊօղոսեանԱնտեան ԼեռնաշղթայՄոլեռանդութիւնԵրկՆեմեսիսի ԳործողութիւնՓոլոնիաՀուանկնիոնկսա պուտտայական տաճարԹորոս ՌոսլինԼուսնթագՉինական Մեծ ՊատըՎենետիկՌուբէն ՍեւակՎանայ ԻշխանՇարլ ԱզնաւուրԱնուշաւան Արք. ԴանիէլեանՍերոբ (անձնանուն)ՏոհմածառԱրեգակնային ԴրութիւնԿարմիր ԿիրակիՆուպար ՉարխուտեանԳնդակ (մարզական)1614 թուական1976 թուականՄշակիչՀաշթակՄխիթար ՀերացիԷնիկմա ՄեքենանՂեւոնդ ԱլիշանՀոգեկան առողջութիւնՃէյմս ՍթիուըրտՁուկերՀայ Աւետարանական ԵկեղեցիՊուլկարիաԲիւզանդական Կայսրութիւն17 ՄարտԱրմենակ ՄիսիրեանՏարրաբանութիւնՆեղոս գետՀայաստանի Ազգային ՊատկերասրահՄաղաքիա Արք․ ՕրմանեանՌաքքա ՆահանգՅունարէնՅովհաննէս ԲաղրամեանԺանսեմԾառՔիմ ՔարտաշեանՍեն ՓեթերսպուրկՍեւանավանքՄարօ Փարթամեան1790 թուական1854 թուական182 (թիւ)Ս. Ղազար կղզիՓղոսկրԴաւիթ ՎուդարդըՈւրբաթագիրքՐաֆֆի6 ՓետրուարՍահակ ՊարթեւՃամայքաԿենաց ԾառըԱրաքս (գետ)Արամ ԽաչատուրեանԼաստիվերԱփրիկէՄեսրոպ ՄաշտոցՏիեզերքԴաւիթ Անյաղթ🡆 More