Եունեսքօ

Միացեալ Ազգերու Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութիւն (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization, UNESCO )՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան յատուկ գործակալութիւն, որ հիմնուած է 1945 թուականին։ Անոր հաստատման նպատակն է համերաշխութեան եւ անվտանգութեան օժանդակութիւնը՝ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ միջազգային համագործակցութեան խրախուսման միջոցով՝ համընդհանուր յարգանքի եւ արդարութեան տարածման համար։

Եունեսքօ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դրօշը

Կազմակերպութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը գտնուի Փարիզ։

Առաքելութիւն

Միացեալ Ազգերու Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութեան (անգլ. UNESCO) առաքելութիւնն է՝ նպաստել խաղաղութեան պահպանման, նուազեցնել աղքատութիւնը, միջմշակութային երկխօսութեան օժանդակման միջոցով հասնիլ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, կապի եւ տեղեկատուութեան դաշտի զարգացման։ Կազմակերպութիւնը կը կեդրոնանայ, մասնաւորապէս երկու համաշխարհային գերակայութիւններու վրայ՝ Ափրիկէի եւ սեռային հաւասարութեան։

Կազմակերպութեան այլ առաջնահերթութիւններէն է հասնիլ որակեալ կրթութեան բոլորին համար, դիմակայել ձեւաւորուող ընկերային ու բարոյական մարտահրաւէրները, խթանել մշակութային բազմազանութիւնը, խաղաղութեան մշակոյթը եւ կառուցել բանիմաց հասարակութիւններ՝ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցով։

ԵՈՒՆԵՍՔՕՆ Կը Ճանչնայ Հայկական Խաչքարերը

15-19 Նոյեմբեր 2010-ին, Քենիայի մայրաքաղաք Նայրոպիի մէջ կ'ընթանայ «Եունեսքօ»ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրի անդամ պետութիւններու միջկառավարական կոմիտէի 5րդ նստաշրջանը, ուր օրակարգի վրայ կ'ընդգրկուի «Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան» ցանկերու համալրման հարցը: Ցանկին մէջ տեղ կը գտնէ Հայաստանի հանրապետութիւնը՝ իր «Symbolism and craftsmanship of Khachkars, Armenian cross-stones» («Խաչքարի խորհուրդը եւ խաչքարագործութիւնը. հայկական խաչքարեր») ոչ նիւթական մշակութային արժէքի դիմումով, որ կը ներկայացնէ խաչքարի ծագումնաբանութիւնը, զարգացման ժամանակագրութիւնը, յօրինուածքը, պատկերագրութիւնը, ազգային պատկերացումները, ժողովուրդին կեանքին մէջ խաչքարի դերակատարութիւնը, գործառոյթները, դրսեւորման ձեւերը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից խաչքարագործութեան զարգացումները:

Քէնիայի մէջ ընթացող նստաշրջանին, Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը, ի թիւս այլ փոփոխութիւններու, կը պահանջէ հայկական դիմումին անուանումը խմբագրել «Հայկական խաչքարի խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» տարբերակով, փորձելով վիճարկել խաչքարին ծագումնաբանութիւնը եւ ազդել նշեալ դիմումին ընդունման գործընթացին վրայ: Երկարատեւ ու լարուած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք, Միջկառավարական կոմիտէն հաշուի չ'առներ ազրպէյճանական կողմին պնդումները եւ կ'ընդունի հայկական կողմին առաջարկած «Armenian cross-stones art. Symbolism and craftsmanship of Khachkars» տարբերակը:

Գառնիի Տաճարը՝ Մրցանակակիր

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին որոշումով եւ միջազգային մրցանակաբաշխութեան յանձնախումբին որոշումով ԵՈՒՆԵՍՔՕ- Յունաստան 2011-ին, Մելինա Մերքուրի հեղինակաւոր մրցանակը կը կիսուին Հայաստան «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանն ու Պաղեստինի մէջ գտնուող Պաթիր վայրը: Մրցանակի յանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ 24 Մայիսին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ՝ Փարիզ: Մելինա Մերքուրի միջազգային մրցանակը երկու տարին անգամ մը կը տրուի այն անհատին կամ կազմակերպութիւններուն, որոնք նշանաւոր աւանդ ունին մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ կառավարման մարզին մէջ:

Հայկական Պորտասարը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցանկին Վրայ

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 3 Յուլիս 2018-ին, Թուրքիոյ արդի սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական Պորտասարը (թրքական անուանումը՝ Կէօպեքլիթեփէ) կ'որոշէ ընդգրկել Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին վրայ։ Կոմիտէն որոշումը կ'ընդունի Պահրէյնի 42-րդ նիստին ընթացքին։ Վեց տարի առաջ Պորտասար ներառուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին վրայ։ Պորտասարի հնավայրը կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին տաճարին հայրենիքը, որ ըստ մասնագէտներու՝ շուրջ 12,000 տարուան հնութիւն ունի։ 1995-էն ի վեր գերմանացի եւ թուրք հնագէտներ պեղումներ կը կատարեն հոն։ Մասնագէտները կ'ենթադրեն, որ առայժմ յայտնաբերուած է այս հնավայրին 5 առ հարիւրը միայն։

Հայաստան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի անդամ

17 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի 41-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կ'ընտրուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի անդամ` 2021-2025 ժամանակահատուածին համար:

Հայաստան՝ Կոմիտէի Նախագահ

Ժընեւի մէջ, 21 Յունուար 2020-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդին որոշումով, Հայաստան կ'ընտրուի Խորհուրդի ղեկավար կոմիտէի նախագահ` 2020-2021 թուականներուն համար:

Ծանօթագրութիւններ

ՏԵ՛ս նաեւ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Եունեսքօ ԱռաքելութիւնԵունեսքօ ԾանօթագրութիւններԵունեսքօ ՏԵ՛ս նաեւԵունեսքօ Արտաքին յղումներԵունեսքօՄիացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Փարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովԱրփիար ԱսլանեանԴերասանՄուհամմէտ ԱլիԱրմենակ ԽանփերեանցՇահան ՇահնուրՍեւրի ԴաշնագիրՄոնթէ ՄելքոնեանՍայաթ ՆովաՄեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան - Գանձասար Գիտամշակութային ԿեդրոնԱկանջԾիր ԿաթինԵբրայերէնԱփրիկէԿաթոլիկ եկեղեցի11 ԱպրիլԿցական բարդութիւնՄանուէլ (անձնանուն)Հացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Արշակ ՎռամեանՃիաքօմօ ԿօրրինիՄայրիկ (ֆիլմ)ՄԱԿԱրտաշէս Բ. Կարինեան1935 թուական300 (թիւ)Խաչատուր ԱբովեանՅունիսՀայերէնԳրիգոր ՆարեկացիՉեխիաՄալեզիաԱրաքս (գետ)Պուրճ Համուտի Սպանդ (1985)Հայոց ՑեղասպանութիւնՎրացական ԹագաւորութիւնԱհեկան (գրական հանդէս)ԳահիրէՀամաշխարհային ժառանգութիւն1584 թուականԳուրգէն ԵանիգեանՈւիքիմետիա ՀիմնադրամՍերոբ (անձնանուն)ՍիամանթօՎիեննական ՍրճարանՑուլ (կենդանակերպ)19 ՀոկտեմբերՊարպարա ՍթրէյսընտԵրեմիա ՄարգարէՇարլ ԱզնաւուրՉինարէնԹարգմանչաց ՏօնՔեսապՔաթարԱմասիա (անձնանուն)«Անոնք Ինկան» (Երգ)11 Սեպտեմբերի Ահաբեկչական ՅարձակումներՀայկական տպագրութիւնԲնութիւն1990 թուականՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնԵդուարդ ՊօյաճեանՔոփենհակընԵպիսկոպոսՀայ նոր գրականութիւնԾառԱտրպատական7 ԴեկտեմբերՈչխարԱրեւմտահայերէն🡆 More