Վրացական Թագաւորութիւն

Վրացական թագաւորութիւն (վրաց.՝ საქართველოს სამეფო՝ սաքարթվելոս սամեփո), միջնադարեան պետութիւն Կովկասի եւ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ 1008-1490 թուականներուն։ Հիմնադրած է Աբխազիոյ արքայ Բագրատ III-ը 1008 թուականին։ Երկիրը կառավարած է Բագրատունիներու թագաւորական տոհմը։ Տարածքը կազմած է առավելագոյնը 380 000 քառ.

քմ՝ Թամար թագուհիի օրով (1184-1213)։

Վրացական Թագաւորութիւն
Վրաստանի դրօշը Զինանշանը
Վրացական Թագաւորութիւն
Վրացական Թագաւորութիւն
Վրացական Թագաւորութիւն
Պետական լեզու Վրացերէն
Մայրաքաղաք Թիֆլիս
Ազգաբնակչութիւն 5.00.000
Հիմնադրուած է 1008 թ.

Առաջին շրջանին մայրաքաղաքն էր Քութայիսը։ 1122 թուականէն Դաւիթ Շինարարը մայրաքաղաքը կը տեղափոխէ վրացական մշակութային, քաղաքական ու տնտեսական կեդրոն՝ Թիֆլիս։ Հզորութեան շրջանին, երբ Բիւզանդական կայսրութիւնը անկում կ՛ապրէր եւ Սելճուքեան սուլթանութիւնը, իր մէջ ներառած է բազմաթիւ հարեւան եւ հեռաւոր երկրներ։ Ան իր մէջ կը նեռարէր Կովկասեան լեռները, Հայկական լեռնաշխարհի մեծագոյն մասը եւ Կուր-Արաքսեան դաշտավայրը՝ տարածուելով Սեւ ծովու եւ Կասպից ծովու միջեւ։

13-րդ դարուն Վրաստանը կը վերածուի Մոնկոլական կայսրութեան մարզի։ Անոր տարածքին մէջ կ՛առաջանան բազմաթիւ իշխանութիւններ։ 14-րդ դարուն պետութիւնը կը միաւորուի ու կ՛անկախանայ։ Լենկթեմուրի արշաւանքէն ետք Վրացական թագաւորութիւնը կը թուլանայ։ 1490 թուականին կը բաժնուի 3 ինքնիշխան թագաւորութիւններու՝ Իմերէթ, Քարթլի եւ Կախեթ։

Վրացական թագաւորութիւնը քրիստոնեայ Արեւելքի հզօրագոյն թագաւորութիւնն էր, որ իր շուրջ կը համախմբէր հայերը, աբխազները,օսերին, ասիաբնակ յոյները եւ աղուանները:

Պատմութիւն

Վիրք

Ժամանակակից Վրաստանի տարածքին հիմնադրուած առաջին պետութիւնը Վիրքն էր կամ Իբերիան։ Ան հիմնադրուած էր մ.թ.ա. 4-րդ դարուն։ Թագաւորութեան անուանումէն ալ կու գայ հայկական անունը՝ Վրաց (Իբերաց) պետութիւն կամ Վիրք։ Ան ունեցած է 3 մայրաքաղաք՝ Մցխէթ, Արմազ, Տփղիս։

Միհրան III, առաջին քրիստոնեայ թագաւոր
Վախթանգ I, Թիֆլիսի հիմնադիր

Վիրքի հիմնադիր արքայատոհմը եղած է Փառնաւազեաններու դինաստիան, որուն յաջորդած են վրաց Արշակունիները: Երուանդունիներու թագաւորութեան թուլացման շրջանին՝ մ.թ.ա. 3-րդ դարուն, Վիրքին անցած էր հայկական Գուգարք նահանգը։ Մ.թ.ա. 180-ական թուականներուն Մեծ Հայքի թագաւոր Արտաշէս Բարեպաշտը (մ.թ.ա. 189-160) Վիրքէն կ՛ազատագրէ Գուգարք նահանգը եւ կը միացնէ իր պետութեան։ Տիգրան Մեծի ժամանակ Վիրքը եղած է հայոց թագաւորութեան գերիշխանութեան տակ, իսկ մ.թ.ա. 66 թուականի Արտաշատի պայմանագրով դուրս եկած է հայկական գերիշխանութենէն։

337 թուականին՝ Միհրան III-ի (284-361) թագաւորութեան շրջանին, քրիստոնէութիւնը հայտարարուեցաւ պետական կրօն։ 387 թուականին Մեծ Հայքի բաժանումէն ետք Գուգարք նահանգը կցուած է Վիրքին եւ ստեղծուած է Վրացական մարզպանութիւնը։ Վրաց թագաւորներէն Վախթանգ Գորգասալը 479 թուականին կը հիմնադրրէ Վրաստանի ներկայիս մայրաքաղաք Թիֆլիսը (վրաց.՝ თბილისი) կամ Տփղիսը։

5-րդ դարուն Վրաստանը յայտնուեցաւ պարսկա-բիւզանդական գերիշխանութեան տակ։ Վրացական մարզպանութիւնը վերջնականապէս վերացուեցաւ, երբ տարածաշրջանը նուաճուեցաւ արաբներու կողմէն։ 642 թուականի Նեհաւենդի ճակատամարտէն ետք, կործանուեցաւ Սասանեան Պարսկաստանը, իսկ 652 թուականին հայոց սպարապետ Թէոդորոս Ռշտունիի կողմէն կնքուած Դամասկոսի պայմանագիրէն ետք Վրաստանը ամբողջութեամբ անցաւ Արաբական խալիֆայութեան ներքեւ։ Աւելի ուշ ստեղծուեցաւ Թիֆլիսի ամիրայութիւնը՝ որպէս Արմինիա կուսակալութեան մաս։

Թիֆլիսի ամիրայութեան իշխանութիւնը կը տարածուէր հիմնականին կեդրոնական Վրաստանի վրայ։ Արաբական տիրապետութեան ժամանակ պատմական Վրաստանի տարածքին մէջ առաջացած էին ինքնիշխան կամ ինքնուրոյն պետութիւններ, որոնցմէ առաւել ազդեցիկ էր արեւելքի մէջ դեռ 637 թուականին հիմնադրուած Կախէթի թագաւորութիւնը։ Այն սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէր դրացի Աղուանքի, ինչպէս նաեւ հայկական իշխանութիւններէն Սիւնիքի ու Արցախի (Խաչէն) հետ։

Վրաստանի արեւմուտքի շրջանին մէջ հռոմէահպատակ Լազիկէ պետութեան փոխարինելու եկած էր Աբխազիոյ թագաւորութիւնը, որ 767 թուականին անկախ հռչակած էր Լեւոն II թագաւորը (767-811)։

Տայքի կիւրոպաղատութիւն

Վրաց արքայատոհմի եւ թագաւորութեան հիմքին մէջ կ՛ինայ նաեւ Տայքի մէջ առաջացած իշխանութիւնը, զոր կը ղեկավարէին հայ Բագրատունիները դեռեւս Արշակունիներու թագաւորութեան ժամանակ։ Աւատատիրութեան հաստատման ժամանակաշրջանին Տրդատ Գ Մեծ թագաւորը (287-330) Սմբատ Ա Բագրատունիին կը յանձնէ Բարձր Հայքի գաւառներէն Սպերը, եւ անոր կու տայ թագադիր ասպետի կոչում։

Վրացական Թագաւորութիւն 
Աշոտ I Կիւրոպաղատ

7-րդ դարուն՝ արաբական տիրապետութեան շրջանին, Վարազ-Տիրոց Բ Բագրատունին, որ դարձած էր հայոց մարզպան (628-634), իր տարածքներուն կը միացնէ նախկին Մեծ Հայքի Տայք նահանգը։ Աւելի ուշ Բագրատունիներուն կ՛անցնին Գուգարքի գաւառներէն Կղարջքը, իսկ հայոց իշխան Աշոտ Մսակեր Բագրատունիի (790-826) օրով՝ Այրարատի գաւառներից Շիրակը, Արագածոտնը, Տուրուբերանի գաւառներէն՝ Տարօնը եւ այլն։ Բագրատունիները, հոն կը հիմնեն առանձին իշխանութիւններ։

Տայք-Կղարջքի իշխանութիւնը (վրաց.՝ ტაო-კლარჯეთის სამეფო՝ Տաո-Կլարջեթի իշխանութիւն) հիմնադրած է Աշոտ I Կիւրոպաղատը (813-830), որ պայմանագիր կնքած է Բիւզանդիոնի հետ՝ արաբական տիրապետութենէն Վրաստանը ազատելու համար եւ ընդունած է կիւրոպաղատի տիտղոսը։ Իշխանութեան մայրաքաղաքը դառձած է Աշոտի կողմէն ամրացուած Արտանուջ քաղաքը, որ յաջող դիրք կը գրաւէ Մետաքսէ մեծ ճանապարհի երկարութեամբ։ Ան սերտ կապեր կը հաստատէ հայ Բագրատունիներու հետ՝ հայոց իշխաններ Աշոտ Մսակեր (790-826) եւ Բագրատ Ա Բագրատունիի (826-851) գլխաւորութեամբ։

Աշոտի մահէն ետք իշխանութիւնը կ՛անցնի իր որդիներուն՝ Բագրատին, Ատրներսեհին եւ Գուարամին։ Անոր դուստրը կ՛ամուսնանաէ Աբխազիոյ թագաւոր Թէոդոսիուս II-ի հետ։ 876 թուականին գահը կը ժառանքէ Դաւիթ կիւրոպաղատը (876-881), ապա՝ եւս քանի մը իշխաններ։ 1001 թուականին՝ Դաւիթ իշխանի մահէն ետք, Տայքը կը բռնակցուի Բիւզանդիոնի։

Աբխազիոյ թագաւորութիւն

Վրաց թագաւորութիւնը հիմնադրած է Աբխազիոյ արքայ Բագրատ III-ը՝ 1008 թուականին։ Ան միաւորած է վրացական գրեթէ բոլոր տարածքները մէկ պետութեան մէջ՝ Բագրատունիներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Զինակցած է հայոց շահնշահ Գագիկ Ա-ին (990-1020)։

Վրացական Թագաւորութիւն 
Բագրատ III

Տե՛ս նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Գրականութիւն

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Վրացական Թագաւորութիւն 

Tags:

Վրացական Թագաւորութիւն ՊատմութիւնՎրացական Թագաւորութիւն Տե՛ս նաեւՎրացական Թագաւորութիւն ԾանօթագրութիւններՎրացական Թագաւորութիւն ԳրականութիւնՎրացական ԹագաւորութիւնԲագրատունիներու ԹագաւորութիւնԿովկասՀայկական Լեռնաշխարհ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՍոկրատԷրեբունի-Երեւան (օրհներգ)Ալ ՖարապիՄեծ Հայքի Վարչական ԲաժանումըԱւետարանը Եւ ԱւետարանիչներըԼեւոն (անձնանուն)ՔնախտՆախիջեւանի Ինքնավար ՀանրապետութիւնԻրաքԽինկալիՈւիքիփետիաՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնԱլեսանտրօ Տել ՓիեռօՔաղաքավարութեան ՎնասներըՄիհր1663 թուականՃոնի ՏեփԾաղիկ9 Դեկտեմբեր1890Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի (Պոլիս-Ղալաթիա)ԱյնճարՃիմի ՈւէյլզԵթովպիաԼիւքսամպուրկՎազգէն ՍարգսեանՄարոքԻսրայէլՄարք ՀոփլամազեանՀաճընՆանսիԳործիական հոլովՆազարէթԱպաշա27 ՅուլիսԿոմիտաս ՎարդապետԹաթա ՍիմոնեանՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)1992 թուականՀայկական Թուային Համակարգ11 Սեպտեմբերի Ահաբեկչական ՅարձակումներԱլպեան լեռներՅակոբ (անձնանուն)ՍթոքհոլմԷմանուէլ ԵսայեանՀինտուիզմՄետաղԳայլՋութակՈդիսականԼաստիվերԱւարայրի ՃակատամարտՄայր ԹերեզաԱրուսեակ (մոլորակ)19901667 թուականԳէորգ ԱթոքեանԱնանուխՄեսրոպ ՄաշտոցՀրատ մոլորակ (Մարս)ՀայաստանՖետայիՕԹԱՆԵրգիչՄարք ՌոթքօԱպու Պաքր Ալ ՊաղտատիԱնդրանիկ ՕզանեանԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ Նուագախումբ եւ ԵրգչախումբՖերա ՖաոսեթԶարեհ (անձնանուն)Մարքօ Փոլօ1622 թուական🡆 More