Բրինձ

Բրինձը ընտանիքի մը երկարատեւ եւ տարեկան պաշարն է։ Ան ունի 23 տեսակ։

Բրինձ
Բրինձ

Անոր արմատները կը հասնին 60 ÷ 150 սմ. բարձրութեան։ Ծաղկաբոյլին հասկիկները՝ միածաղիկ են եւ պտուղին հատիկները՝ թեփոտ։ Տերեւները բաւական լայն են, մուգ կանաչ, եւ ծայրերը փշոտ։

Թեփոտներէ մաքրուած հատիկը կը պարունակէ 15% ջուր, մօտաւոր 74% բնածխաջրատներ, 8% սպիտակուցներ, 0,4% ճարպեր, 2,1% թաղանթանիւթ եւ 0,5% մոխիր։

Անուան Ծագումը

«Բրինձ» անունը եկած է պահլաւերենէ, նոյն ծագումն ունի նաեւ վրացերէն ბრინჯი [պրինճի]-ն:

Բառը կը գործէ կարգ մը կապակցութիւններու մէջ, սղուած ի-ով՝ բրնձահատիկ, բրնձօղի, բրնձադաշտ:

Արտադրութիւնը

Բրինձի արտադրութիւնը եւ սպառումը կը կատարուի հարաւ արեւելեան Ասիոյ երկիրներուն մէջ։ Այս հիմնական գիւղատնտեսական արդիւնքը երաշխիք կը հանդիսանայ այդ երկիրներու գիւղական բնակչութեան համար։ Բրինձի աճման գործով հիմնականօրէն կը զբաղին հող ունեցող գիւղական փոքր տնտեսութիւնները։

Բրինձի աճման համար կը պահանջուին յատուկ պայմաններ։ Աշխատանքները կը կատարուին ձեռքով։ Բրինձի համաշխարհային արտադրութեան 95% բաժինը կը տրուի զարգացող երկիրներուն։ Անոր կէս արտադրութիւնը կ'ապահովեն Չինաստանն ու Հնդկաստանը։

Սննդային Արժէք

Բրինձը հիմնական սնունդ է աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելիին համար: Ասիկա ուտելիքի գերակշռող ուժանիւթի աղբիւր մըն է Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսեան տարածաշրջանին 17, հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկայի՝ 9 եւ Ափրիկէի՝ 8 երկիրներուն համար: Բրինձը կը տրամադրէ աշխարհի սննդային ուժանիւթին 20%-ը, իսկ ցորենը՝ 19%-ը եւ եգիպտացորենը՝ 5%-ը:

Բրինձին սննդային արժէքը կախում ունի քանի մը գործօններէ: Ճերմակ, կարմիր, սրճագոյն եւ սեւ բրինձներն ունին իրարմէ տարբեր սննդային արժէքներ: Սննդային արժէքը կախում ունի, աշխարհագրական ո՞ր տարածքին մէջ, կամ ինչպիսի՞ որակի հողերու մէջ աճած է, ինչպէս նաեւ՝ եղանակային պայմաններէ, պարարտացման եղանակներէ եւ թէ ինչ եղանակներով պատրաստուած է:

Ճերմակ եւ սրճագոյն բրինձներու սպիտակուցներու որակին, հանքանիւթերու եւ կենսանիւթերու, ճարպերու եւ ածխաջրածիններու համեմատական վերլուծութենէն կը պարզուի, որ անոնցմէ ո՛չ մէկը կը հանդիսանայ սնունդի լիարժէք աղբիւր:

Կարմիր, սեւ եւ ճերմակ տեսակի բրինձներու համեմատական ուսումնասիրութիւնը ցոյց կուտայ, որ անոնց մէջ գունանիւթը կրնայ ունենալ սննդային առաւելութիւններ: Կարմիր եւ սեւ բրինձներու օգտագործումը բացայայտուեցաւ, որ կը նուազեցնէ կամ կը դանդաղեցնէ աթերոսքլերոզի զարգացումը, քոլեսթրինի արտադրութիւնը: Սպիտակ բրինձի օգտագործումը այս առաւելութիւնները չէ տուած: Այն եզրակացութեան կը յանգեցնէ, որ ատիկա կրնայ մասնակիաբար պայմանաւորուած ըլլալու է կարմիր ու սեւ բրինձներուն մէջ հակաօքսիտանթներու բացակայութեամբ:

Արտադրութիւն

2012-ին բրինձ արտադրած

երկիրներու վերի 20-ը
(միլիոն թօն)

Բրինձ  Չինաստան 204.3
Բրինձ  Հնդկաստան 152.6
Բրինձ  Ինտոնեզիա 69.0
Բրինձ  Վիէթնամ 43.7
Բրինձ  Թայլանտ 37.8
Բրինձ  Պանկլատէշ 33.9
Բրինձ  Միանմար 33.0
Բրինձ  Ֆիլիփիններ 18.0
Բրինձ  Պրազիլիա 11.5
Բրինձ  Ճաբոն 10.7
Բրինձ  Փաքիստան 9.4
Բրինձ  Քամպոճա 9.3
Բրինձ  ԱՄՆ 9.0
Բրինձ  Քորէա 6.4
Բրինձ  Եգիպտոս 5.9
Բրինձ  Նէբալ 5.1
Բրինձ  Նիճերիա 4.8
Բրինձ  Մատակասքար 4.0
Բրինձ  Շրի Լանքա 3.8
Բրինձ  Լաոս 3.5
Աղբիւր՝ Պարենի եւ
Գիւղատնտեսութեան
Կազմակերպութիւն

Ծանօթագրութիւններ


Tags:

Բրինձ Անուան ԾագումըԲրինձ ԱրտադրութիւնըԲրինձ Սննդային ԱրժէքԲրինձ ԱրտադրութիւնԲրինձ ԾանօթագրութիւններԲրինձ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Խորէն ԱշըգեանՕտրի ՀեփպըրնԽօսնակ (ամսագիր)Սոկրատ1 ԱպրիլԱրամ Ա.Ներսիսեան Դպրոց (Թիֆլիս)Սարդարապատի ՀերոսամարտԺիրայր (անձնանուն)2005Զարեհ Արք. ԱզնաւորեանԿոմիտաս ՎարդապետԳաբրիէլ ԱյվազովսկիԱրամ ԵրկանեանԹէոնա ՔումսիաշվիլիԴրօՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներՓիլիսոփայութիւնԻսլամութիւնՍփիւռքահայ Երաժշտութիւն1584 թուականՍ. Երրորդութիւն Եկեղեցի (Պէյօղլու)Շահան ՇահնուրԹանապուրՍերժ ԱւետիքեանՔիքլատեան մշակոյթԱրմենակ ԵղիայեանՄարկ ՆշանեանՌաֆայէլ ԼեմքինԶենոբ Գլակ15 ՄարտԼոռի (մարզ)Ճեմալ փաշաԱդդա Գետի ՃակատամարտՉեխիա17 ՅունուարՊուրճ Համուտի Սպանդ (1985)Մոզիլլա ՖայրֆոքսՄելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն1801 թուականԱրամ ՀայկազՄանուէլ (անձնանուն)ՏալասՕմար ՇարիֆՕսմանեան ԿայսրութիւնԲիւզանդական ԿայսրութիւնՉինաստանԱզգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)Հայկական ԹատրոնՀայկական ՏոմարՀրատ մոլորակ (Մարս)ՎաղարշապատԳահիրէ11 ՅունուարՐաֆֆիԱստուածաշունչՀաղբատի ՎանքԱրփիար ԱրփիարեանՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Նոր ՆախիջեւանԼիոնել ՄեսսիԱսորիքԿենաց ԾառըՍուրէն ՍպանդարեանՎրաստանԹլկատինցիՈւիլիըմ Շէյքսփիր🡆 More