Խաղաղական ովկիանոս, Երկիր մոլորակի ամէնէն ընդարձակ մակերեսով եւ ամէնէն խորունկ ովկիանոսն է: Կը գտնուի՝ Արեւմուտքէն Եւրասիոյ եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասերուն, արեւելքէն՝ Ամերիկայի եւ հարաւէն՝ Անթարքթիքայի միջեւ։
Խաղաղական ովկիանոսը հիւսիսէն հարաւ երկայնքը մօտաւորապէս 15,8 հազար իսկ արեւելքէն արեւմուտք՝ 19,5 հազար քմ է։ Ծովերուն հետ միասին տարածութիւնը 178,684 միլիոն մ² է, միջին խորութիւնը՝ 3984 մ։ Ովկիանոսին առաւելագոյն խորութիւնը (նաեւ Համաշխարհային ովկիանոսինը)՝ 10, 994 մեթր է (Մարիանի իջուածք)։ Խաղաղական ովկիանոսին տարածութեամբ՝ մօտաւորապէս 180° միջօրէականով կ'անցնի ամսուան փոփոխման գիծը։ Խաղաղական ովկիանոսին տարածութիւնը կը գերազանցէ ամբողջ ցամաքին մակերեսը՝ գրեթէ 30 միլիոն քմ²-ով։ Հասարակածը ովկիանոսը գրեթէ երկու հաւասար մասերու կը բաժնէ:
Առաջին եւրոպացին, որ տեսած է ովկիանոսին արեւելեան ափը՝ սպանացի Վասքօ Նունիէս տը Պալպոանն էր (սպ.՝ Vasco Núñez de Balboa)։ Ան 1513-ին իր ուղեկիցներուն հետ կ'անցնի Փանամայի նեղուցը եւ կ'ելլէ անյայտ ովկիանոսի մը ափը։
28 Նոյեմբեր 1520-ին, փորթուկալցի ծովագնաց Ֆերտինանտ Մակելան կը դառնայ Խաղաղական ովկիանոսը հատող առաջին անձնաւորութիւնը: (Ferdinand Magellan)։ Ան ովկիանոսը կը հատէ Հրոյ Երկիր կղզիէն մինչեւ Ֆիլիփինեան կղզիներ՝ 3 ամիս եւ 20 օրուան ընթացքին։ Ամբողջ նաւարկութեան ընթացքին կը տիրէր խաղաղ եւ հանգիստ եղանակ մը, որուն համար Մակելան ովկիանոսը կը կոչէ Խաղաղական։
ԺԹ. դարուն աճող նուաճողական քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, Ովկիանոսին մեծ մասը կը գրաւեն եւրոպական տէրութիւնները, այնուհետեւ՝ Ճափոնը եւ Միացեալ Նահանգները: Ովկիանագիտութեան նշանակալի իրադարձութիւն մըն էր 1830-ականներուն «Պիկլ» (անգլերէն՝ Beagle) նաւուն ճամբորդութիւնը Չարլզ Տարուինին հետ, Չելէնճըրինը (անգլերէն՝ Challenger)՝ 1870-ականներուն, Tuscarora-ինը՝ 1873-76-ին եւ գերմանական Gazelle-ինը 1874-76-ին:
Ովկիանիոյ մէջ, Ֆրանսա յառաջատար դիրք կը գրաւէ 1842-ին եւ 1853-ին Թահիթիի եւ Նոր Քալետոնիոյ վրայ տիրապետութիւն հաստատելէ ետք: 1875-ին եւ 1887-ին դէպի Զատիկ կղզի կատարած նաւարկային այցելութիւններէն ետք, չիլիցի ծովային սպայ Փոլիքարփօ Թորօ կը յաջողի բնիկներուն հետ բանակցելով կղզին մուծել Չիլիի կազմին մէջ:1900-ին, Խաղաղական ովկիանոսին մօտաւորապէս բոլոր կղզիները Անգլիոյ, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Ճափոնի եւ Չիլիի հսկողութեան տակ կը գտնուէին:
Թէեւ Միացեալ նահանգները վերահսկողութիւն հաստատած էին Կուամի եւ Ֆիլիփինի վրայ 1898-ին զանոնք առնելով Սպանիայէն, 1914-ին Ճափոն կը վերահսկէ արեւմտեան Խաղաղականի մեծ մասին եւ կը նուաճէ բազմաթիւ այլ կղզիներ՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին: Այդ պատերազմին աւարտին Ճափոն կը պարտուի եւ Միացեալ նահանգներու նաւատորմը կը դառնայ ովկիանոսին տիրակալը: Բ.Պատերազմին աւարտէն ետք, Խաղաղականի կարգ մը գաղութներ անկախութիւն ձեռք կը բերեն:
Խաղաղական Ովկիանոսը Ամերիկաներէն կը բաժնէ Ասիան եւ Աւստրալիան: Հասարակածին միջոցով զայն կը բաժնէ հարաւային եւ հիւսիսային մասերու եւ կը տարածէ հարաւին, Անթարքթիքայէն մինչեւ հիւսիս՝ Արքթիքա: Խաղաղական Ովկիանոսը կը զբաղեցնէ Երկիրին մակերեւոյթին մօտաւորապէս մէկ երրորդը, ունենալով 165, 200 000 մ2 մակերես:
Մօտաւորապէս 15,000 քմ տարածուելով Պերինկի Ծովէն մինչեւ Հարաւային Ովկիանոսին հիւսիսային շրջագիծը 60-րդ հարաւային զուգահեռականին վրայ, Խաղաղականը կը հասնի իր առաւելագոյն լայնքին 5-րդ հիւսիսային զուգահեռականին մօտակայքը, որ կը կազմէ մօտաւորապէս 19, 800 քմ Ինտոնիսիայէն մինչեւ Քոլոմպոյի ափը՝ Երկիրին շրջագիծին կէսը: Երկիրին մեզի ծանօթ ամէնէն ցած կէտը՝ Մարիանայի Իջուածքը 10,911 մ խորութեան վրայ է: Միջին խորութիւնը 4,280 մ է, ջուրին ամբողջ ծաւալը՝ 10 միլիար մ3: Թեքթոնական սալերու տեղաշարժումներու պատճառով, Խաղաղականը ներկայիս կ'ընդարձակուի տարեկան 2,5 սմ-ով դէպի երեք ուղղութիւնները, մակերեսի 0,52 մ2 չափ ընդլայնումով: Անոր հակառակ, Ատլանտեան Ովկիանոսը կը փոքրանայ:
Ովկիանոսին արեւմտեան եզրին երկայնքով կան բազմաթիւ ծովեր, որոնցմէ ամէնէն մեծերն են Celebes Sea-ն, Քորալեան Ծովը, Արեւելաչինական ծովը, Ֆիլիփինեան ծովը, Ճափոնի Ծովը, Հարաւչինական ծովը, Թասմանի Ծովը եւ Դեղին Ծովը:
Հակառակ իր անուան, Խաղաղական Ովկիանոսը նոյնքան խաղաղ բնութիւն չունի: Բազմաթիւ արեւադարձային փոթորիկներ կը ցնցեն Խաղաղականին կղզիները: Pacific Rim-ի շուրջի ցամաքներուն վրայ կան մեծ թիւով հրաբուխներ եւ յաճախակի պատահող երկրաշարժներ: Ցունամիները, ստորերկրեայ երկրաշարժներ յառաջ բերելով, աւերած են շրջակայ կղզիներէն շատերը:
Խաղաղական ովկիանոսին կը պատկանի Համաշխարհային ովկիանոսին ամբողջ կենսազանգուածին 50%-ը: Կեանքը ովկիանոսին մէջ առատ է եւ բազմազան, յատկապէս արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային գօտիներուն մէջ՝ Ասիոյ եւ Աւստրալիոյ ափերուն: Հոս հսկայական տարածքներ կը զբաղեցնեն քորալեան խութերն ու մանկրային բուսականութիւնը:
Խաղաղական ովկիանոսին կենդանական աշխարհը 3-էն 4 անգամ հարուստ է միւս ովկիանոսներու կենդանական աշխարհներէն: Յատկապէս հարուստ են արեւադարձային գօտիներու ջուրերը: Ինտոնեսիական ծովերուն մէջ նշանաւոր են երկու հազար տեսակի ձուկեր, մինչ հիւսիսային ծովերուն մէջ այդ տեսակներու քանակը մօտաւորապէս 300 է: Արեւադարձային գօտիի ջուրերուն մէջ կը բնակին վեց հազար տեսակի փափկամարմիններ, իսկ Պերինկի Ծովուն մէջ ընդամէնը 200 տեսակի: Խաղաղական ովկիանոսին բուսական աշխարհին համար բնորոշ առանձնայատկութիւն մըն է կարգաբանական խումբերու հնութիւնն ու բնաշխարհիկութիւնը: Կաթնասուններու բնաշխարհիկ տեսակներէն են՝ ծովոզնին, թրապոչերը: Խաղաղական ովկիանոսի հիւսիսային ջուրերուն բնորոշ անասուններ են վիթխարի երկփեղկանիներ՝ միտիաներ եւ ոստրէներ: Հասարակածային գօտիի ջուրերուն մէջ ապրող երկփեղկանիներու առանձին տեսակներուն կշիռքը կը հասնի 300 քկ-ի: Խաղաղական ովկիանոսին հսկայական գերճնշման, ցած ջերմաստիճանի եւ աւելի քան 8 ու կէս քմ խորութեան պայմաններուն մէջ կ'ապրին 45 անասուններու տեսակներ, որոնց 71%-ը բնաշխարհիկ են:
Արեւմտեան ափ (հիւսիսէն հարաւ)
Արեւելեան ափ (հիւսիսէն հարաւ)
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Խաղաղական Ովկիանոս, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.