Սխտոր (Allium sativum), խոտաբոյս: Անիկա կը բուծանուի յատկապէս Կեդրոնական Ասիոյ եւ Իրանի Հիւսիս արեւելքը եւ հազարաւոր տարիներէ ի վեր ամբողջ աշխարհի տարածքին կը գործածուի իբրեւ համեմ:
Կ'օգտագործուի թարմ վիճակին մէջ, ծանրամարս կերակուրներու հետ իբրեւ համեմ, թթուաշներու եւ պահածոներու մէջ՝ իբրեւ իւրայատուկ համ ու բոյր տուող համեմ, իսկ երշիկի պատրաստութեան ատեն՝ իբրեւ հականեխիչ ազդեցութիւն ունեցող նիւթ։ Անիկա կ'օգտագործուի նաեւ ժողովրդական բժշկութեան մէջ։
Սխտորը ունի «գլուխ» մը, որ բաղկացած է քանի մը բլթակներէ (պճեղներէ), տերեւները խիտ են եւ բծաւոր, ունի սուր հոտ:
Սխտորին քիմիական կազմը կախեալ է իր տեսակէն, մշակման վայրէն ու եղանակէն։ Սխտորին քիմիական կազմին մէջ կը գտնուի 64.66% ջուր, 35.34% չոր նիւթ, (ածխաջուրեր՝ 26.31%, սպիտակուցներ՝ 6.67%, ճարպեր՝ 0.06%, թաղանթանիւթ՝ 0.77%) եւ 1.44% մոխիր։ Սխտորը հարուստ է նաեւ A եւ C կենսանիւթերով եւ եթերաիւղերով։ Հանքային տարրերէն սխտորը կը պարունակէ կրածին (Calcium), մանկանէզ (magnesium), ֆոսֆոր, ծծումբ եւ անագ։ Ունի բարձր ջերմուժ. մէկ քիլոկրամը կու տայ 1300 ջերմուժ։
Թէեւ սխտորը հաճելի հոտ մը չունի, բայց շատ օգտակար բոյս մըն է:
Շատ հին ժամանակներէն սխտորը կարեւոր բաղադրիչ եղած է բժշկութեան մէջ: Անիկա օգտագործուած է մարմինի դիմադրականութեան բարելաւման, սրտանօթային հիւանդութիւններու բուժման եւ կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ համաճարակային հիւանդութիւններէ պաշտպանուելու համար։ Յոյն բժիշկ Հիպոկրատ սխտոր ուտել կը թելադրէր բազմաթիւ հիւանդութիւններ, յատկապէս արեան բարձր ճնշում, մարսողական հարցեր կամ գերյոգնածութիւնը յաղթահարելու համար:
Վերջապէս սխտորը կը պաշտպանէ մարմինը գրեթէ բոլոր մանրէական հիւանդութիւններէն եւ կրիփէն: Ծծումբն ու իոտը սքանչելի հականեխիչի մը կը վերածեն զայն: Համաճարակի ատեն, լաւ է երկու պճեղ սխտոր եփել կաթին մէջ եւ տաք վիճակի մէջ խմել: Առատ սխտորով եփած կերակուրները օգտակար են միշտ:
Ճաշին հետ սխտոր օգտագործելը կ'իջեցնէ մարդուն զարկերակային ճնշումը եւ քնանալու ցանկութիւն կը յառաջացնէ։
Սխտորը, իբրեւ տարբեր թացաններու բաղադրամաս, լայն տարածում գտած է հիւսիսային միջերկրածովեան երկիրներուն մէջ։ Յոյները եւ հայերը կը պատրաստեն «ճաճիկ»՝ սխտորով եւ քամած մածունով, սովորաբար՝ այծի կամ ոչխարի:
Ճափոնցիներն ու քորէացիները բարձր ջերմաստիճանին թթու դնելով կը ստանան, այսպէս կոչուած «սեւ սխտոր», որ հիմա լայնօրէն տարածուած է Արեւմուտքի մէջ։
Սխտորը հայկական ճաշերու բաղադրատոմսերուն անբաժան մէկ մասը կը կազմէ։
Կանաչ սխտորը սովորական սխտորէն կը զանազանուի իր իւրայատուկ համով. անոր համը նուազ շեշտուած է, չափաւոր է եւ եփելէ ետք կը դառնայ աւելի քաղցր` ուտելիքին տալով իւրօրինակ համ եւ բոյր: Կանաչ սխտորը կարելի է օգտագործել թէ՛ հում, թէ՛ եփած` կերակուրներու եւ աղցաններու մէջ: Կանաչ սխտորին առողջարար 5 յատկութիւններն են.
Ժողովրդական հաւատալիքներուն մէջ սխտորը բաւական շատ ներկայացուած է: Երբեմն անոր կը վերագրեն գերբնական յատկութիւններ, երբեմն ալ անիկա կը կապեն չար ուժերու հետ։
Ամէն տարուան ամրան, Սպանիոյ Լաս Փեթրոնիերաս քաղաքին մէջ կը կայանայ Սխտորի համաշխարհային համաժողովը:
Քաղաքին զինանշանին վրայ սխտորի գլուխ մը պատկերուած է:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Սխտոր, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.