Երիկամները (kidney) կ'ըլլան զոյգ իւրաքաչիւր անձի մէջ, որոնք կը գտնուին ողնաշարի (vertebral column) երկու կողմերը, որովայնի խոռոչին ետեւի պատին վրայ եւ ստոծանիին (diaphragm) տակը: Երիկամները որովայնին մաս չեն կազմեր: Աջ երիկամը կը գտնուի լեարդին ետեւը, իսկ ձախը՝ փայծաղին (spleen) ետեւը: Երիկամները կարմիր սրճագոյն լուբիայի նման, սահուն օրկաններ են: Իւրաքանչիւր երիկամ ունի 10-12 սմ.
երկարութիւն, 5 սմ. լայնք, 3 սմ. խորութիւն եւ 120-140 կրամ ծանրութիւն: Անոնք կը շարժին վեր վար ստոծանիի շարժումներուն հետ, շնչառութեան ընթացքին: Երիկամներու վերին պատին փակած են մակերիկամները (adrenal glands):
Իւրաքանչիւր երիկամ պաշտպանուած է պատեանով մը (capsule) եւ կազմուած է երկու շերտերէ՝
Երիկամները արտաթորութեան կարեւոր օրկաններ են: Անոնց արտազտիչ գործունէութիւնը մէզի գոյացումն է:
Երիկամները՝ երկուքը միասին, կ'ընդունին օրական մօտաւորապէս 200 լիթր արիւն, որ կը ձերբազատուի իր մէջ կուտակուած թունաւոր արգասիքներէն (waist products), աղերէն եւ ջուրի աւելցուքներէն: Շատ մը արգասիքներ, որոնք կը գոյանան մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) ընթացքին կ'արտաթորուին երիկամներուն մէջ: Անոնք կը պարունակեն բորոկածնային-ազոթային (nitrogenous) արգասիքներ, օրինակ՝ միզանիւթ (urea), որ կը յառաջանայ սպիտակուցներու նիւթափոխանակումէն: Զտուած արիւնը ձգելով երիկամները կը վերադառնայ սիրտ: Իսկ 200 լիթր Արիւնէն գոյացած 2-2.5 լիթր մէզը կը մղուի դէպի միզափող, այնտեղէն միզապարկ (urinary bladder) եւ ապա՝ միզուկ (urethra):
Միզափողի երկարութիւնը 12-13 սմ. է: Կիներուն միզուկը 3.5-4 սմ. է, որ կը բացուի հեշտոցի (vagina) յառաջամասը: Իսկ տղամարդոց մօտ անիկա ունի 20 սմ. երկարութիւն, որուն վերջին բաժինը կը գտնուի առնանդամին (penis) մէջ: Տղամարդոց միզուկը կը կրէ մէզին հետ նաեւ սերմնահեղուկը (semen) շագանագեղձի (prostate gland), սերմնաբշտիկի (seminle vesicle), ամորձիքներու (testicles) եւ սերմնածորանի (vas deferens) հեղուկները:
Երիկամներուն մէջ արտադրուած «Ռենին» (Renin) ներազդակը (hormone) առնչուած է երիկամներու ներզտիչ գործունէութեամբ: Երիկամները ինքնագործ օրկաններ են: Ջուրի եւ աղերու արտածորումը (excretion) կախեալ է արեան աղային բաղադրութենէն:
Երիկամները վերոյիշեալ շատ կարեւոր երկու դերակատարութիւններէն բացի ունին նաեւ այլ կարեւոր դերակատարութիւններ եւ ներգործութիւններ.
Երիկամներու վերոյիշեալ աշխատանքներու եւ դերակատարութիւններու իրականացումը կախեալ է անոնց առողջական վիճակէն: Ոեւէ անհատ մէկ երիկամով կրնայ ապրիլ բնական ձեւով եւ առանց որեւէ մէկ դժուարութեան: Երիկամներն ալ մարմինի այլ օրկաններուն նման կրնան վատառողջ վիճակ ունենալ եւ չկարենալ գործել բնական ձեւով:
Երիկամներու անբնական երեւոյթները եւ հիւանդութիւնները ունին երկու խմբաւորումներ՝
Անիկա յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է եւ ընդհանրապէս կը պատահի կոկորդի ցպկային բորբոքումներէ ետք: Երկու երիկամները միաժամանակ կ'ախտահարուին այս հիւանդութեամբ: Կծիկա-երիկամաբորբի ախտածնունդը հիմնուած է դիմադրողականութեան խանգարումներով եւ հակամարմիններու յառաջացումով որոշ մանրէներու դէմ: Այս բոլորը կը գործեն երիկամներու կծիկներուն վրայ եւ տեղի կ'ունենայ երիկամներու ամբողջական բորբոքում:
Կծիկա-երիկամաբորբը կը յատկանշուի մէզի մէջ յայտնուած արեան կարմիր գնդիկներով եւ սպիտակուցներով: Անիկա ընդհանրապէս անակնկալ եւ սուր բորբոքում մըն է, որ կ'ունենայ արագ զարգացումի ընթացք:
Երիկամներու այս բորբոքումը կրնայ մնայուն բորբոքումի վերածուիլ: Այս պարագային բորբոքումը կ'ըլլայ դանդաղ եւ յառաջընթաց: Մնայուն բորբոքումով տեղի կ'ունենայ երիկամային անբաւարարութիւն (renal failure), երբ մարմինին մէջ կը կուտակուին թունաւոր նիւթեր: Երիկամի անբաւարարութեան պարագային հիւանդը կը կարօտի արհեստական երիկամի դարմանամիջոցին՝ արեան տրամալուծումին (hemodialysis): Իսկ այս դարմանամիջոցի ձախողութեան պարագային միակ փրկութիւնը այլ անձի մը երիկամի փոխպատուաստումն է (kidney transplant):
Անիկա ընդհանրապէս ցպկային բորբոքում մըն է եւ կը պատահի առաւելաբար չափահասներու մօտ: Բորբոքումը հետեւանքն է ընդհանրապէս միզապարկի երկարատեւ եւ կամ չդարմանուած բորբոքումին: Անոր ախտանշաններն են՝ ջերմ, դող, քրտինք, գլխացաւ, թարախոտ մէզ, որ կը պարունակէ նաեւ արեան կարմիր գնդիկներ եւ սպիտակուց.
Երիկամի մէջ կազմուած քարերը կ'ունենան զանազան բաղադրութիւններ եւ տարբեր-տարբեր չափեր ու ձեւաւորումներ: Երիկամային քարերը կրնան մնալ առանց որեւէ մէկ ախտանշանի երկար տարիներ: Անոնք կրնան երկար ժամանակ մնալ անշարժ եւ կամ շարժիլ ու ուղղուիլ դէպի միզափող եւ յառաջացնել միզափողի զանազան աստիճանի խցում, որ պայմանաւորուած է քարերու չափէն: Պզտիկ քարերը անցնելով միզափողէն կը հասնին միզապարկ, իսկ մեծ քարերը կը մնան նստակեաց միզափողին մէջ եւ կը խցեն զայն՝ մասնակի կամ ամբողջովին:
Հիմնական յօդուած՝ Երիկամներու Քարերը
Երիկամային քարերը կը յառաջացնեն զանազան ախտանշաններ եւ հիւանդութիւններ, օրինակ.
Nephrotic syndrome, երբ տեղի կ'ունենայ երիկամային բնասպիտի (protein) առատ արտաթորում: Անոր ախտանշաններն են՝ սպիտակուցներու առատ ներկայութիւն մէզին մէջ, սրունքներու չրակուտակում եւ երիկամներու մնայուն վնաս:
Երիկամի աշխատանքի սուր եւ անակնկալ ձախողութիւնը (acute renal failure) կը յառաջանայ երիկամներու անակնկալ-սուր բորբոքումներէ եւ վնասէ ետք, շագանակագեղձի ծաւալումով, միզափողի քարային խցումով, մարմնական ընդհանուր սուր ջրանուազումով, սրտանօթային հիւանդութիւններով. շաքարախտի եւ զարկերակային բարձր ճնշումով:
Սուր եւ անակնկալ ձախողութիւնը կ'ունենայ շատ արագ զարգացում, որ կանխելի է շտապ դարմանումով:
Անիկա հետեւանքն է երկարատեւ մնայուն շաքարախտի եւ զարկերակային բարձր ճնշումի ինչպէս նաեւ երիկամներու ընդհանուր բջիջային բորբոքումի: Անիկա կը յատկանշուի երիկամներու մնայուն մասնակի կորուստով եւ փճացումով: Մնայուն ձախողութիւնը կ'ունենայ երկար ընթացք, որ կը տեւէ ամիսներ եւ տարիներ:
Անիկա կը յատկանշուի երիկամներու ախտաբանական մնայուն փոփոխութիւններով, առատ շաքարի ներկայութեամբ մէզին մէջ եւ երիկամներու մնայուն ձախողութեամբ:
Անիկա շաքարախտի նման կը յատկանշուի երիկամային ախտաբանական մնայուն փոփոխութիւններով, սպիտակուցներու առատ ներկայութեամբ մէզին մէջ եւ երիկամային մնայուն ձախողութեամբ: Շաքարախտի եւ զարկերակային մնայուն գերճնշումի ախտաբանական վնասները վերջնական են եւ անդարմանելի:
Այս մէկը կը յայտնուի երեք ձեւերով.
Արիւնամիզութիւն տեղի կ'ունենայ հետեւեալ հիւանդութիւններուն պատճառով.
Երիկամային քարեր, երիկամի ընդոծին առատներ, կծիկա-երիկամաբորբ, բազմապարկային երիկամ, շագանակագեղձի ծաւալում եւ բորբոքում, երիկամային, միզափողային եւ միզապարկային խլիրդ եւ երիկամի անօթային անբնական երեւոյթներ:
Տարբեր պտուղներու եւ բանջարեղէնի օգտագործումը սովորական թելադրանք է, սակայն կարգ մը ամերիկացիներ քիչ կ'օգտագործեն այդ սննդարար ուտելիքները, ըսուած է Journal of Renal Nutritionին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ: Այս մէկը յատկապէս կը վերաբերի երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցող չափահաս անձերու, որոնք կ'ուտեն քիչ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն, քան այդ հիւանդութիւնը չունեցող նման մարդիկ, յայտնած են Վըրճինիայի համալսարանի բժշկական դպրոցի գիտնականները: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի տուեալներուն համաձայն՝ մօտաւորապէս 37 միլիոն չափահաս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ունին երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն: Այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ, երբ երիկամները չեն կրնար արդիւնաւէտ ձեւով զտել մարդու արեան թափոնները: Այս վիճակը կրնայ յանգեցնել արեան բարձր ճնշման, սիրտի հիւանդութիւններու եւ կաթուածի: Հետազօտութեան համար գիտնականները վերլուծած են 1988-2018 թուականներուն առողջութեան եւ սնունդի վերաբերեալ ազգային հարցումներու տուեալները:
Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ 1988-1994 թուականներուն երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 52 առ հարիւրը շատ քիչ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ բաղդատելով այդ հիւանդութիւնը չունեցող մարդոց 48 առ հարիւրին հետ: 2003-2010 թուականներուն, երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 46 առ հարիւրը շատ քիչ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ բաղդատելով մնացեալ 41 առ հարիւրին հետ։ Իսկ 2011-2018 թուականներուն, երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 48 առ հարիւրն է, որ շատ քիչ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ մնացեալ 46 առ հարիւրին հետ բաղդատելով:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Երիկամ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.