Abba

ABBA․ շուէտական փոփ/ռոք երաժշտութեան խումբ, կազմուած 1972-ին Սթոքհոլմ։ Խումբին անդամներն են՝ Անի-Ֆրիտ Լինկսթանտ, Պենի Անտերսըն, Պիորն Իւլվաես եւ Ակնեթա Ֆալթսքոկ։ Խումբին անունը՝ ABBA կազմուած է անոնց անուններուն առաջին գիրէն։ Փոփ երաժշտութեան պատմութեան մէջ ամենէն յաջող խումբերէն մէկը եղած է (1975-1982)։ Ծախած է 381 միլիոնէ աւելի ձայնապնակներ։

Abba
ABBA․ ձախէն աջ՝ Պենի Անտերսըն, Անի-Ֆրիտ Լինկսթանտ, Ակնեթա Ֆալթսքոկ եւ Պիորն Իւլվաես

Աշխարհածանօթ կը դառնան երբ 1974Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթին առաջին դիրքը կը գրաւեն (Շուէտիոյ առաջինը) «Waterloo» երգով։ Խումբը կը լուծուի 1982-ին։

Abba
ABBA խումբին անդամները նկարուած «Մամմա Մի՛ա!»ին դերակատարներուն հետ

Երաժշտութեան բնագաւառէն ներս խումբին ասպարէզը կը վերամատակարարուի «Միւրիէլին հարսանիքը» եւ «Փրիսիլային արկածախնդրութիւնները / Անապատին թագուհին» ժապաւէններուն միջոցով։

1999-ին անոնց երաժշտութիւնը կը պատշաճեցուի «Մամմա Մի՛ա!» «միւզիքալ»ին համար, իսկ համանուն ժապաւէնը որ հանրութեան թողարկուեցաւ 2008-ին, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ այդ տարին առաջինը եղաւ ստացուած եկամուտով։

2005-ին, Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթին յիսնամեակին առթիւ, ելոյթին ընթացքին ABBA խումբը կը պարգեւատրուի․ «Waterloo» երգը կ՛ընտրուի Եւրատեսիլ մրցոյթին պատմութեան մէջ որպէս ամենէն լաւ երգը։

2021-ին ABBA կ՛արտադրեն երեք նոր երգեր՝ «I Still Have Faith In You», «Don't Shut Me Down» եւ «Just A Notion», եւ կը հրապարակեն երկու ձայնապնակներ՝ «Voyage» եւ «Just A Notion»։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

1972 թուականՍթոքհոլմ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)Գուրգէն (անձնանուն)Մովսէս ԽորենացիՅունաստանԼոս ԱնճելըսԱրածանիԵղունգՊարսելոնաՉինաստանՍկովտիական ՈւիսքիԿոստան ԶարեանԴեղնախտ«Խոստումը» (ֆիլմ)Միջերկրական ԾովՅունական ԱղցանՍկովտիաՃոն ՔենետիԱյնթուրայի Հայ ՈրբանոցըՄարոքԹուրքիաԱսիաԾաղկաձորՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԺանն տ'ԱրքՀայ բուսաշխարհ (բառարան)ԽանումաՀոկտեմբերՊոլիսՀանթսուիլԵւկենիա ՄետվետեւաՇուշանիկի ՎարքԵրկիրՄաքս Մաքսուտեան3 ՆոյեմբերԵղիա ՆաճարեանՄանկական ԱնդամալուծութիւնԲաբելոնՄիրնա ՏուզճեանՏանձԴրօԿողբՏէր Զօր շրջանԱպահունեաց ՎանքԳաղատիա3 ՅունուարԳերմանիոյ Խորհրդային ՊատերազմԻնքնիշխան պետութիւնՀայ Աւետարանական ԵկեղեցիԵփրատ գետՀայկանուշ ՄարքԱծանցաւոր բառերՓիոթր ՏոսթոյեւսքիՎան10 ՓետրուարՄոնաքօ15 ԱպրիլԱշոտ Գրիգորեան (ճարտարապետ)Մեսրոպ ՄաշտոցՀռոմկլաԹովմա ԱրծրունիՍլովաքիա1813 թուականՆիքիթա ԽրուշչովՍինկափուրԱւստրիաՆաթալի ՂուսելՄեքքաԱթենա Մանուկեան🡆 More