Քրտինք

Քրտինք, կ'արտադրուի ենթամորթին մէջ քրտնաբեր գեղձերու կողմէ եւ կ'արտաթորուի մորթէն դուրս դէպի մորթին մակերեսը:

Քրտինք
Քրտինքի կաթիլներ

Քրտնաբեր գեղձերը կը ղեկավարուին ինգնագործ ջղային դրութեան կողմէ (autonomus nervous system):

Քրտինքը կազմուած է ջուրէ, որ որոշ քանակութեամբ աղ կը պարունակէ : Քրտինքի միջոցաւ մարմինին ջուրի կորուստը կը կոչուի «գիտակցական-զգալական կորուստ» (sensible loss): Այս գիտակցական կորուստէն անկախ, մարմինը շարունակ եւ անգիտակցաբար ջուր կը կորսնցնէ հիմնականօրէն մարմինի մակերեսէն՝ մորթէն մօտաւորապէս ժամական 50 մլ.: Այս կորուստը կը կոչուի «անգիտակացական-անզգալական կորուստ» (insensible loss):

Ուրեմն, քրտինքը կ'արտադրուի շարունակ որոշ քանակութեամբ մը: Սակայն մթնոլորտային ջերմութեան բարձրացումով եւ մարմնական ֆիզիքական աշխատանքով քրտինքին արտադրութիւնը եւ արտաթորումը կը բազմապատկուի եւ կրնայ մտահոգիչ դառնալ:

Մարմինի ջուրի կորուստը քրտինքի միջոցաւ կը նպաստէ մարմինի ջերմնականոնաւորման (heat regulation): Քրտինքով տեղի կ'ունենայ մարմինի ջերմատուութիւնը (heat dissipation, loss), այլ խօսքով, ջերմի կորուստ, որ կ'իրականանայ մորթին մակերեսէն քրտինքի շոգիացումով: Այլ խօսքով մարմինը կը զովանայ եւ մարմինին ջերմաստիճանը կը նուազի:

Քրտնելու Պայմաններ

Քրտնաբեր գեղձերը ուղեղի հրամանով գործի կը լծուին եւ կը սկսին առատ քրտինք արտադրել երբ մարմինը ջերմատուութեան պահանջ ունենայ:

Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային ենթամորթին մէջ գտնուղ քրտնաբեր գեղձերը առատ քրտինք կ'արտադրեն, արտաթոռուած քրտինքը մարմինի մակերեսէն կը շոգիանայ եւ տեղի կ'ունենայ ջերմատուութիւն:

Պաղ եղանակներուն քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ'արտադրեն, հետեւաբար մարմինի ջուրի ու ջերմի կորուստ չի պատահիր:

Քրտինքի արտադրութեան քանակը կը տարուբերի զանազան պայմաններու բերումով:

Պէտք է արձանագրել անապատի 100 ֆերընհայթ աստիճան տաքութեան ենթակայ ըլլալու եւ տարբեր պայմաններու բերումով քրտինքի արտադրութեան աստիճանական նուազումը՝ առաւելագոյնէն-նուազագոյնը.

  1. Առաւելագոյն՝ Մերկ արեւու տակ քալել,
  2. Հագուստով քալել արեւուն տակ, շալկելով 15 քկ. ծանրութիւն,
  3. Հագուստով քալել արեւուն տակ,
  4. Մերկ արեւուն տակ նստիլ,
  5. Հագուստով արեւուն տակ գետինը պառկիլ,
  6. Հագուստով քալել գիշերը,
  7. Հագուստով նստիլ արեւուն տակ,
  8. Հագուստով նստիլ շուքին,
  9. Նուազագոյն՝ Հագուստով նստիլ գիշերը:

Գեղձեր

Քրտնաբեր գեղձերը երկու տեսակ են.

Մակերեսային գեղձերը

Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին ամբողջ մարմինի մակերեսին վրայ։ Այս գեղձերը կը գործեն ծնունդէն անմիջապէս ետք եւ քրտինք կ'արտադրեն, որ ամբողջութեամբ կազմուած է առանց հոտի ջուրէ: Այս քրտնաբեր գեղձերն են, որոնք ունին շատ կարեւոր դերակատարութիւն մարմինի ջերմութեան կարգաւորման աշխատանքին մէջ, մանաւանդ՝ մթնոլորտային բարձր ջերմութեան եւ ծանր մարմնամարզանքի ընթացքին:

Հիւնադագին երեւոյթներ

Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով՝

Գերքրտնութիւն (hyperhydrosis)

Այս պարագան կը յատկանշուի բնականէն աւելի քրտինքի արտադրութեամբ: Գեր-քրտնութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով՝

Տեղայնական

Տեղայնական (localized) գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի մարմինի որոշ բաժիններուն վրայ, մասնաւորաբար՝ ափերուն, անութներուն (axilla) եւ ներբաններուն վրայ։ Անիկա կը պատահի առաւելաբար՝ ճնշուածութենէ, յուզական եւ զգացական խանգարումներէ եւ վախէ տառապող անհատներու մօտ:

Շրթունքներու եւ բերանի շուրջը պատահած գերքրտնութիւնը կը կոչուի, քիմքային գերքրտնութիւն (gustatory hyperhydrosis): Անիկա կը պատահի համեմներով հարուստ եւ տաք կերակուրներ ուտելու ընթացքին:

Համայնական

Համայնական (generalized) գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի ամբողջ մարմինին վրայ եւ կը պատահի առանց գերաշխատանքի եւ մարմնամարզանքի:

Անոր բուն ախտապատճառը տակաւին յստակ չէ: Սակայն հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթները նկատուած են իբրեւ հաւանական ախտապատճառներ՝

Խլիրդ (քաղցկեղ), մարմնական բորբոքումներ, գերվահանագեղձութիւն, շաքարի նուազում, մակուղեղի (pituitary gland) գերաշխատանք, յղութիւն, դաշտանադադար, աւշագեղձերու ուռ (lymphoma), սպիտակարիւնութիւն (leukemia), սիրտի ներքին պատեանի բորբոքում (endocarditis) եւ կարգ մը դեղեր:

Համայնական գերքրտնութիւնը կը դարմանուի հետեւեալ միջոցառումներով՝

  • Հիմնական հիւանդութեան դարմանում, ախտաճանաչումը տեղի ունենալէն ետք,
  • Քրտնաբեր գեղձերու վիրահատում,
  • Կիրարկել կողմնակի եւ երկրորդական դարմանամիջոցներ՝ յաճախակի պաղ ջուրով լոգանք, յատուկ օծանելիքներու գործածութիւն, տաք միջավայրէ հեռու մնալ, զովացուցիչ կազմածներու գործածութիւն:

Սակաւաքրտնութիւն (hypo-hydrosis)

Այս պարագային քրտնաբեր գեղձերը բնականէն նուազ քրտինք կ'արտադրեն: Այս երեւոյթը ընդհանրապէս տեղայնական է, այսինքն՝ անիկա մարմինի մէկ բաժինին մէջ կը պատահի: Սակաւաքրտնութեան դրդապատճառներն են՝

  • Տեղայնական մորթի վնաս-հարուած (trauma).
  • Շողարձակում,
  • Գեղձերու հիւծում (atrophy), որ կը պատահի մորթային կարգ մը հիւանդութիւներու պարագային՝ պնդամորթութիւն (scleroderma),
  • Որոշ դեղերու գործածութիւն,
  • Շաքարախտաւորներու մօտ ջղախտութեան (neuropathy) զարգացումով:

Քրտնախաշ (miliaria)

Քրտնախաշի պարագային քրտինք կ'արտադրուի, բայց քրտինքի հոսքը դէպի մարմինի մակերեսը տեղի չ'ունենար քրտնաբեր գեղձերու խողովակներուն խցումով եւ անիկա կը մնայ մորթին մէջ։ Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի մորթային փշտիկներու յայտնաբերումով, որ կը յառաջանայ առաւելաբար տաք եւ խոնաւ միջավայրի մէջ ապրելով եւ կամ հաստ հագուստներ հագնելով:

Քրտնախաշի դարմանումը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով՝

  • Հեռու մնալ տաք միջավայրերէ,
  • Զով պահել մորթը, զովացուցիչ կազմածներ գործածել,
  • Յաճախակի լոգանք՝ պաղ ջուրով,
  • Լոգանքէն ետք լաւ չորցնել մարմինը,

Արգելք հանդիսանալ աւելորդ քրտինք ունենալուն:

Որոշ-Վայրերու Գեղձերը

Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին մարմինի որոշ վայրերու մէջ միայն: Այս վայրերն են՝ անութները, կրծքապտուկներու շրջապատը (areola), սեռային արտաքին օրկանները եւ ականջացնցուղները: Քրտնաբեր գեղձերը այս վայրերուն մէջ կ'աշխուժանան եւ կը սկսին գործել արբունքի շրջանին ու կ'արտադրեն իւղոտ, կպչուն, թանձր եւ բուրող քրտինք: Կը կարծուի որ այս հեղուկին հոտը սեռային գրգռութիւն կը յառաջացնէ:

Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի երկու հիւանդագին երեւոյթներով՝

Պրոմհայտրոսիս (Bromhidrosis)

Այս հիւանդութեան պարագային ենթական կ'ունենայ անբնական մորթի հոտ մը, որ հետեւանքն է քրտնաբեր գեղձերու արտադրութեան կազմալուծումին եւ բորբոքումին կարգ մը ցպիկներու ներկայութեամբ:

Հիտրատինայթիս (Hidradenitis)

Անիկա քրտնաբեր գեղձերու թարախոտ եւ երկարատեւ բորբոքումն է, որ կը յատկանշուի ցաւով, անհաճոյ հոտով եւ մորթի մակերեսին վրայ յայտնուած թարախոտ եւ ուռած փշտիկներով:

Այս երկու հիւանդութիւնները կը դարմանուին հակամանրէական դեղերով:

Տես Նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

Tags:

Քրտինք Քրտնելու ՊայմաններՔրտինք ԳեղձերՔրտինք Հիւնադագին երեւոյթներՔրտինք Տես ՆաեւՔրտինք ԾանօթագրութիւններՔրտինք ԱղբիւրներՔրտինք

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հարոլտ ՓինթըրՄսաշոթՀանրապետութիւնԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)ՅունիսԼոլիկ1990 թուականՓարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողով2005ՈւքրաներէնԻզապէլ ՍատոյեանՅորդանանՎահրամ ԱրիստակէսեանԾիր ԿաթինԱզգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)Մեռեալ ԾովԱփրիկէ1958 թուականԲիւզանդական ԿայսրութիւնՄԱԿԽանասորի ԱրշաւանքՀայկական ՌուբլիՏանըլտ ԹրամփԳրիգոր (անձնանուն)ՍտեփանակերտՔիքլատեան մշակոյթԵսայի ՆչեցիՀայաստանի Ազգային ՊատկերասրահՍ. Երրորդութիւն Եկեղեցի (Պէյօղլու)Թարգմանչաց Տօն1930Մելգոնեան Կրթական ՀաստատութիւնՔաթալոնիաՄեհմեթ Թալէաթ փաշաՄայրիկ (ֆիլմ)1584 թուականԼենկ-ԹիմուրԾառԿուտինաԱտրպետ ԱտրպետեանԿովԹլկատինցիՆաթալի ՂուսելՔիշնեւՍերժ ԱւետիքեանԽաչակիրներու Ը․ ԱրշաւանքԱշոտ Ա. ԲագրատունիԱստուածաշունչԱրեւելք (թերթ, Իսթանպուլ)Ճորճ ԳազազեանՄիութիւն Եւ ՅառաջադիմութիւնՊարպարա ՍթրէյսընտԱրուսեակ (մոլորակ)Ուղղաձեւ տասներկուանիստԱշոտ Գ. ՈղորմածՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՕրբելի ԵղբայրներՄեծ Իշխանասար (Իշխանասար լեռ)1999 թուականՆոր ԶելանտաԿենսաբանութիւնՎահան ԹէքէեանՕմար ՇարիֆՕտրի ՀեփպըրնՀայկական ՏոմարՀայկական ԴիցաբանութիւնՍեդրակ (անձնանուն)Նեղոս գետՀայերը Եգիպտոսի մէջԱյհան ԸշըքԳարեգին Եպիսկոպոս ՍրուանձտեանցՎազգէն Ա.Սանահինի Վանք🡆 More