Ջղային անախորժակութիւնը (anorexia nervosa) կը յատկանշուի նիհարնալու տենչով, գիրութեան վախով, ընդունելի եւ բնական մարմինի ծանրութեան կշիռքի մերժումով ու կիներու մօտ դաշտանի խանգարումով (amenorrhea): Անիկա շատ բարդ եւ լուրջ բժշկական հարց մըն է։ Այս անուանումը հաւանաբար սխալ եղած է, որովհետեւ ենթականները ախորժակ կ'ունենան, սակայն նախապաշարուած կ'ըլլան կերակուրով: Այս հիւանդութենէն տառապողներուն 95 տոկոսը կիներ են: Անիկա ընդհանրապէս կը սկսի պատանեկան տարիներուն: Ջղային անախորժակութեան հիմնական պատճառը անորոշ է, սակայն արդի կենցաղային մօտեցումներուն հետեւանքով նիհարնալու կամ նիհար տեսնուելու փափաքը տիրական ազդակ է:
Մասնագէտ հոգեբոյժներու համաձայն՝ անհատական ճնշուածութիւն, առանձնութիւն, անապահովութիւն, կատարեալին ձգտում, բարդ հարցեր եւ զգացական կացութիւններ ունեցողները աւելի հակամէտ կ'ըլլան ունենալու ջղային անախորժակութիւն, քան ուրիշներ: Ըստ մասնագէտներուն՝ հիմնական հարցը ընկերային, զգացական եւ կենսաբանական (biological) խորք ունի: Ծնողական պարտադրանք, ընկերային շրջանակի ճնշում, մարմնական լաւ երեւոյթ ունենալու մարմաջ եւ պարուհի դառնալու փափաք՝ որոշապէս մեծ դերակատարութիւն ունին այս հիւանդութեան յառաջացման մէջ: Այս հիւանդութենէն տառապողներուն անհատականութիւնը (self-esteem) հիմնուած է որքանով նիհարնալու եւ կշիռք կորսնցնելու վրայ։ Անոնք կը խորհին, որ ուրախ պիտի ըլլան, եթէ կշիռք կորսնցնեն: Անոնց հիմնական նպատակը նիհարնալն է եւ ո՛չ թէ առողջութիւնը: Անոնք նախպաշարուած են միայն իրենց մարմինին երեւոյթով։
Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը տնտեսական լաւ վիճակ ունեցողներ են: Անոնք կ'ըլլան շատ բծախնդիր, ուշիմ եւ լաւագոյնին, կատարեալին ու մեծ յաջաղութեան ձգտողներ: Անոնք շարունակ կերակուրի մասին կը մտածեն եւ կը խօսին, կը սերտեն կերակուրներու տեսակները եւ սննդեղէններու ջերմոյժի քանակը, շուկայի պատրաստ կերակուրներու տուփերուն վրայ գրուած գրութիւնները շարունակ կը կարդան, կերակուրի պատրաստութեան թերթիկները կը պահեն, կերակուր պատրաստելու դասընթացքներու կը հետեւին, սննդականոնի գիրքեր կը կարդան, ճաշացուցակներ կ'ուսումնասիրեն, դժուար եւ բարդ կերակուրներ կը պատրաստեն ուրիշներու համար, յաճախ կը ստեն իրենց կերածին մասին, իրենց կերակուրը գաղտնի տեղ մը կը պահեն կամ կը թափեն, որպէսզի չուտեն: Անոնք շատ քիչ կ'ուտեն, կը հետեւին զօրաւոր սննդականոնի, կը սպառեն քիչ շաքար պարունակող սննդեղէններ, հանրութեան դիմաց չեն ուտեր եւ կը փորձեն փախուստ տալ, կը մերժեն հրամցուած կերակուրը, շատ կը ծամեն եւ ծամելէ ետք կուլ չեն տար: Որքան նիհարնան, այդքան աւելի նիհարնալ կ'ուզեն:
Ջղային անախորժակութենէ տառապող անձը կ'ունենայ փքուածութիւն, փորի անորոշ ցաւ, փորի պնդութիւն, սեռային կեանքի նկատմամբ անտարբերութիւն, ընկճուածութիւն, թեթեւ մարմնական ջերմ, դաշտանի խանգարում, եւ անդաշտանութիւն (amenorrhea), ջրանուազում (dehydration), սիրտի զարկի դանդաղանք եւ անկանոն տրոփում, զարկերակային ճնշումի նուազում, սիրտի աշխատանքի դանդաղում եւ երբեմն սրտականգ (cardiac arrest):
Այս անձերը կը հետեւին ծանր եւ երկարատեւ մարզանքի եւ կ'ըլլան շատ շարժուն: Անոնք չեն ընդունիր, որ հարց մը ունին, չեն ուզեր բժիշկ տեսնել եւ կը մերժեն դարմանումի բոլոր ձեւերը:
Ամէն օր եւ նոյնիսկ մէկ օրուան ընթացքին քանի մը անգամ կը կշռուին՝ տեսնելու համար կշիռքի փոփոխութիւնները: Կը պժգան եւ կը զզուին, եթէ 5 կրամ աւելցած են: Անոնց միակ մտասեւեռումը կերակուրներն են, ջերմոյժն է, խիստ սննդականոնն է եւ մարմինի արտաքին երեւոյթն է:
Անոնք շատ քիչ ժամանակ կը տրամադրեն ընկերային կեանքի, ընկերներու, ընտանեկան կեանքին եւ այլ հաճելի աշխատանքներու եւ ժամանցներու: Յաճախ կը թերանան իրենց ընտանեկան պարտականութիւններուն մէջ եւ կ'ունենան ընտանեկան անհասկացողութիւններ:
Ջղային անախորժականութիւնը կրնայ ըլլալ մեղմ եւ անցողակի կամ զօրաւոր եւ երկարատեւ:
Ջղային անախորժակութիւնը կը յառաջանայ երկու ձեւերով.
Երկարատեւ ջղային անախորժակութեան պատճառով ենթական կ'ունենայ նորաստեղծ ընկճուածութիւն, մարմնական տկարութիւն, յոգնածութիւն, մտածելու դանդաղանք, մոռացկոտութիւն, տկար յիշողութիւն, չոր եւ դեղնորակ մորթ, դիւրաբեկ եղունգներ, փորի պնդութիւն, փքուածութիւն, ակռաներու փտում, սակաւարիւնութիւն, սիրտի անկանոն զարկ, տկարութիւն, դաշտանի խանգարում եւ դադար, տղոց մօտ թեսթոսթերոնի (testosterone) նուազում, արեան ճնշումի նուազում, գլխապտոյտ, նուաղում, գլխու ցաւ, աղուամազերու աճ ամբողջ մարմինին վրայ, անքնութիւն, ջրանուազում, ոսկրափխրում, պաղի անհանդուրժողականութիւն, ոտքերու եւ ձեռքերու ուռեցք, ջղագրգռութիւն եւ անձնասպանութեան մտածողութիւն:
10 տոկոսը ջղային անախորժակութիւնէ տառապող հիւանդներուն, որոնք դարմանումի չեն ենթարկուիր կ'ունենայ վատ հետեւանքներ, մինչեւ իսկ մահ:
Յառաջացած պարագաները պէտք է ենթարկուին շտապ դարմանումի եւ հիւանդանոցային խնամքի ու հսկողութեան: Անոնց կը կիրարկուին ներերակային հեղուկներ եւ աղ, կրածին (calcium), D կենսանիւթ եւ առողջապահական սննդեղէններ: Շատեր պէտք կ'ունենան հոգեբուժական դարմանումի: Ջղային անախորժակութիւն ունեցող անձը երբ առողջ ինքնաճանաչում ունենայ եւ ընդունի, որ հիւանդագին հարց մը ունի՝ կրնայ դարմանուիլ շուտով եւ վերջնականապէս:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Ջղային Անախորժակութիւն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.