Տնտեսութիւն

Տնտեսութիւն (հին յուն․՝ οἶκος – տուն եւ νόμος – օրէնք, տառացիօրէն «տնտեսավարման կանոններ») տնտեսական գործունէութիւն (արտադրութիւն, բաշխում, փոխանակում եւ բարիքներու սպառում)։ «Տնտեսութիւն» տերմինի տակ սովորաբար կ'ենթադրուի.

  • «Տնտեսութիւն» գիտութիւնը
  • Համաշխարհային տնտեսութիւնը (միջ-տնտեսական)
  • Երկրի տնտեսական գործունէեութեան ամբողջութիւնը
  • Որեւէ հասարակութեան տնտեսութիւնը (մարզի, երկրի, խումբի, երկիրներու, աշխարհի)
  • Տան վարման օրէնքները, կանոնները
  • Նիւթական եւ ոչ նիւթական արտադրութեան տեսակներու ամբողջութիւնը
  • Արտադրութեան, բաշխման, փոխանակման եւ սպառման համակարգի մէջ դասաւորուող եւ հասարակութեան տնտեսական հիմք ձեւաւորող տնտեսական յարաբերութիւններու ամբողջութիւնը, որու վրայ կը տեղակայուին գաղափարական եւ քաղաքական կառոյցները։
Տնտեսութիւն
Համաշխարհային տնտեսութիւն: ՀՆԱ 1 շունչի հաշուով

Առաջին անգամ գիտական աշխատութեան մէջ «տնտեսութիւն» բառը կը յայտնուի մ. թ. ա. 4-րդ դարուն, Արիսթոթէլի մօտ, որ զայն կ'անուանէ «բնական գիտութիւն»։ Տնտեսագիտութեան գլխաւոր գործառոյթը կը կայանայ անոր մէջ, որ մշտապէս ստեղծած է այնպիսի բարիքներ, որոնք անհրաժեշտ են մարդոց կենսագործունէութեան համար եւ առանց որոնց հասարակութիւնը չէր կրնար զարգանալ։ Այսօր տնտեսագիտութիւնը նիւթական եւ ոչ նիւթական արտադրութեան ոլորտները ներառող տնտեսավարման համակարգ է։ Ժամանակակից հասարակութեան տնտեսագիտութիւնը կը ներկայացնէ բարդ եւ ընդգրկուն օրկանիզմ, որ կ'ապահովէ ամէն մարդու եւ ամբողջ հասարակութեան կենսագործունութիւնը։ Տնտեսութիւնը կ'օգնէ բաւարարել մարդու առաւելագոյն պահանջները սահմանափակ աղբիւրներու աշխարհին մէջ։ Կ'առանձնացուին տնտեսութեան տարբեր ձեւեր.

  • Շուկայական համակարգ
  • Վարչահրամայական համակարգ (վհհ)
  • խառն

Հետազօտողները նկատի ունին տնտեսութիւնը, երբ կ'առանձնացնեն արտադրութեան «micro-macro»տնտեսական մակարդակները եւ միջ-տնտեսականը։ «micro»տնտեսականը հանդէս կու գայ որպէս առանձնացուած արտադրութիւն կամ ձեռնարկութիւն։ «macro»տնտեսականը հանդէս կու գայ որպէս ազգային տնտեսութիւն կամ պետութեան տնտեսութիւն։ Միջ-տնտեսականը բնութագրած է համաշխարհային տնտեսութեան առաջացման եւ զարգացման օրինաչափութիւնը։

Տնտեսութիւնը փիլիսոփայութեան տեսանկիւնէն

Փիլիսոփայութեան մէջ տնտեսութիւնը դիտարկուած է որպէս հասարակական յարաբերութիւններու համակարգ՝ արժէքի հասկացութեան տեսանկիւնէն դիտուած։ Մարքսիզմը մարդու գործունէութիւնը՝ նիւթական բարիքներու արտադրութեան եւ վերարտադրութեան, մարդու հիմնական նիւթական պահանջներու բաւարարումն է (սնունդը, կացարանը եւ այլն)։ Արիսթոթէլը կը հակադրէր տնտեսական քրեմատիստիկային (գործունէութիւն, ուղղուած օգուտի ստացման)։ Տնտեսութիւնը նիւթական բարիքներու արտադրութեան, բաշխման, փոխանակման եւ սպառման, աղբիւրներու բնական օգտագործման վերաբերեալ հասարակական յարաբերութիւններու ոլորտ է։

Աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութիւնները ՀՆԱ-ով

Աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութիւնները 2008 թուականին ՀՆԱ-ի ծաւալով (միլիոն ԱՄՆ տոլարով) համաձայն International Monetary Fund-ի՝ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի կողմէ կազմուած ցուցակի.

Տեղը Երկիր ՀՆԱ (մլն $)
Ամբողջ աշխարհ 60 917 477
Եւրոմիութիւն 18 387 785
1 Ամերիկա-Միացեալ Նահանգներ 14 441 425
2 Ճաբոն 4 910 692
3 Չինաստան 4 327 448
4 Գերմանիա 3 673 105
5 Ֆրանսա 2 866 951
6 Անգլիա 2 680 000
7 Իտալիա 2 313 893
8 Ռուսաստան 1 676 586
9 Սպանիա 1 601 964
10 Պրազիլ 1 572 839
11 Քանատա 1 499 551
12 Հնդկաստան 1 206 684
13 Մեքսիքօ 1 088 128
14 Աւստրալիա 1 013 461
15 Հարաւային Քորէա 929 124

Ծանօթագրութիւններ

Յղումներ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Տնտեսութիւն 

Tags:

Տնտեսութիւն ը փիլիսոփայութեան տեսանկիւնէնՏնտեսութիւն Աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութիւնները ՀՆԱ-ովՏնտեսութիւն ԾանօթագրութիւններՏնտեսութիւն ՅղումներՏնտեսութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Սեդրակ (անձնանուն)Լոռի (մարզ)Մեծն ԿոստանդինԿենաց ԾառըԼուսինՀացՀամաս1983 թուականԹեսեւսի նաւՈւքրանիաՌանչպարների ԿանչըԳրիգոր ՆազիանզացիՆիւ ԵորքՄրջիւններՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Միջերկրական ծով)Բաշ Ապարանի ՃակատամարտՅօշոտուած ՀայաստանԻնքնաթիռՏեսփասիթօԱղասի Ա. ԵսայեանՈւրարՍամոսատՌուբէն ՍեւակԱրշակ ՉօպանեանԻսգանտերՈղիմպոս9 Յունուար12 ՍեպտեմբերՀայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն ՎարժարանՎարդգէս ՀամազասպեանԳուսան ՀայկազունՀամբիկ ՄարտիրոսեանMercedes-BenzՍուրբ Աստուածածին Եկեղեցի (Նիկոսիա)ԼեզուակապDeep PurpleՀայերէնՍ. Ղազար կղզիԷգէական ԾովՏելֆիՑեղասպանութիւնԱպու Տապի«Խոստումը» (ֆիլմ)Ասկերանի ԲերդըԻպոլա (ժահրային հիւանդութիւն)Ալեքսանտր ՍոլժենիցինՍփիւռքի հայկական կրթական հաստատութիւններու ցուցակԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԻրանՈւիքիմետիա ՀիմնադրամԱնգարաՍեւ խոռոչՀայկական ԼեռնաշխարհՏիգրիս (գետ)Կոստան ԶարեանՍիամանթօՍարգիս ՏխրունիԿարինԼեւոն ՇանթԱրմէն ԳարօՂրիմահայ ԳաղութըՌոտոս (կղզի)🡆 More