Ջուր

Ջուրը աշխարհի վրայ ամէնէն տարածուած բաղադրութիւնն է։ Երկրագունդին մակերեսին 70 տոկոսը ծածկուած է ջուրով։ Զուտ ջուրը անգոյն, անհոտ եւ անհամ հեղուկ մըն է։ Մեր խմածը յաճախ թեթեւ համ մը ունի, որովհետեւ կը պարունակէ կարգ մը հանքային աղեր եւ լուծուած կազեր։ Ջուրը սքանչելի լուծիչ մըն է։

Ջուր
Ջուր

Ջուրին շրջանառութիւնը

Անձրեւին ջուրը կը թափանցէ հողին մէջ՝ սնուցանելով բոյսերը կամ հոսելով կը թափի առուակի կամ գետի մը մէջ։ Արեւուն ճառագայթներու ազդեցութեան տակ ջուրը կը շոգիանայ, մթնոլորտին մէջ կը խտանայ եւ կը կազմէ ամպերը, որոնցմէ կը ստացուի վերստին անձրեւ։ Ամպերու մէջ խտացած ջուրը կու գայ գետակներէն, լիճերէն, գետերէն, ծովերէն, ինչպէս նաեւ բոյսերէն եւ անասուններէն։

Ջուրը բնութեան մէջ

Կեանք գոյութիւն ունի միայն այնտեղ, ուր ջուր կայ։ Բոյսերը հողէն կ'իւրացնեն ջուրը եւ անոր մէջ լուծուած նիւթերը։ Ջուրի միջոցով կենդանի կազմուած մարմիններէն կը հեռանան ոչ պիտանի նիւթերը։ Ջրային կենդանիները ջուրի միջոցով կը ստանան նաեւ ցամաքը գտնուող իրենց անհրաժեշտ նիւթերը։

Աղբիւրներու, գետերու եւ լիճերու քաղցրահամ ջուրերու պաշարը կը կազմէ ջրոլորտի սոսկ 1/10000 մասը։

Ջուր 

Աղբիւրներ

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ ԼեւոնԹորոսեան, 2001-2002, էջ 10-11

Արտաքին յղումներ

Tags:

Ջուր ին շրջանառութիւնըՋուր ը բնութեան մէջՋուր ԱղբիւրներՋուր Արտաքին յղումներՋուրԵրկրագունտ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԹանապուրՇահան ՆաթալիԻնչու է Աղմկում ԳետըՔլէոփաթրաՖրանսաKrisp1896 թուականՍտեփանոս Տարօնեցի ԱսողիկԻտա ՔարՀամակարգիչՖէյրուզ (դերասանուհի)ԼուսինՈւրբաթագիրքԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)ՊոթսուանաԻրլանտաՄեծն ՏիգրանԵրգիծանքՎատիկանԿատուներՎաղարշապատԱրտաւազդ Բ.Վերսայի ՊալատըԹաւրիզԿիրառական Արուեստի Թանգարան (Վիեննա)Պուէնոս ԱյրէսՀիւլէԱրաբական ԾովՍմբատ Ա․ ՆահատակՔիթիրա (կղզի)Մեծն ՊետրոսԻտալիաՔոսովոՈսկիՏարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն1969 թուականՍուրբ Գէորգ Եկեղեցի (Լիմասոլ)Վահէ ՕշականՇուշիի Ազատագրումը (1992)ԱյնճարԹոքախտՀաուայԼեւոն (անձնանուն)Արաբական թերակղզիԹուրքիաՎենետիկԲաբելոնի Աշտարակ15 ԱպրիլԵպիսկոպոսԱրաբերէնԶապէլ ԵսայեանԴրայտընդԱմօթալի Արարք Մը (գիրք)Արաքս (գետ)Անդրանիկ ՕզանեանՏղմուտ (գետ)ԼոլիկՖրանսերէնՀայ առաքելական եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներըՍալոմէ ԶուրապիշվիլիԲուսաբուծութիւնՀայկական ԽոհանոցՎիգէն ԶաքարեանՀայերէնի ուղղագրական բարեփոխութիւն (1922)ԿապարՌիչըրտ ՅովհաննէսեանՀայոց ՑեղասպանութիւնՀամասԱրեւմուտքՏալասՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԿիլիկիոյ Հայկական ԹագաւորութիւնԹատրերգութիւն🡆 More