Ձմերուկ

Ձմերուկ (Լատիներէն՝ Citrúllus lanátus)` դդմազգիներու (Cucurbitaceae) ընտանիքէն միամեայ բոյս մըն է:

Ձմերուկ
Ձմերուկ

Պատմութիւն

Կը կարծուի, որ ձմերուկի ծագումը Հարաւային Ափրիկէէն է, ուր ան կ'աճէր վայրի վիճակի մէջ։ Citrullus colocynthis-ը յաճախ կը նկատուի ձմերուկին նախահայրը եւ ներկայիս կ'աճի Ափրիկէի հիւսիսը եւ արեւմուտքը: Սակայն, ծինային հետազօտութիւնները կը պարզեն, որ մշակուած եւ վայրի ձմերուկին նախնիները սերած են միեւնոյն նախնիէն, հաւանաբար՝ C. ecirrhosus-էն, որ կ'աճէր Նամիպիոյ մէջ:

Ք․ա. երկրորդ հազարամեակին ձմերուկի մշակման հետքեր գտնուած են Նեղոսի հովիտին մէջ։ Ձմերուկի սերմեր գտնուած են նաեւ Թութանխամոնի դամբարանէն:

7-րդ դարուն ձմերուկ մշակած են Հնդկաստանի մէջ, իսկ անիկա 10-րդ դարուն հասած է Չինաստան, որ ներկայիս աշխարհի ամենէն մեծ ձմերուկ արտադրողն է: Մաւրերը ձմերուկը տարին Եւրոպա եւ պտուղը 961-ին կը մշակուէր Քորդոպայէի, իսկ 1158-ին՝ Սեւիլիոյ մէջ։ Եւրոպացի բուսաբաններ զայն յայտնաբերեցին 1600-ի շուրջ եւ հետագային լայնօրէն մշակեցին բոյսը:

Բուսաբանական Նկարագիր

Ձմերուկին ցօղունը մագլցող է, երկարութիւնը 3-4,5մ եւ աւելի։ Տերեւները հերթադիր են, բլթակաւոր, խոր կտրտուած։ Ծաղիկները մԷկական հատ են, քիչ փունջերով, բաժանասեռ, դեղնաւուն։ Պտուղը բազմասերմ, հիւթալի կեղծ հատապտուղ է՝ հարթ երեսով՝ կլոր, ձուաձեւ, տանձաձեւ, գլանաձեւ եւ այլն, զանգուածը՝ 0,6-1,6 քկ (կը հասնի մինչեւ՝ 30)։ Կեղեւը սպիտակէն մինչեւ մուգ կանանչ է՝ խայտաբղետ պատկերներով, տարբեր լայնութեան երիզներով։ Պտուղին միսը կարմիր է, վարդագոյն, նաեւ՝ դեղին։ Սերմերը տարբեր մեծութեան են, սպիտակ, կարմիր, սեւ, մոխրագոյն եւ այլն։

Անուն

Ձմերուկին անունը զարմանալիօրէն կը ծագի «ձմեռէն»: Ապացոյցներէն մէկը այն է, որ նոյն ձեւով ზამთარი [զամթարի] (ձմեռ) բառէն ծագած է ձմերուկին վրացերէն საზამთრო [սազամթրօ] անունը, որ կը նշնակէ՝ «ձմեռային»:
Ռուսիոյ մէջ եւ յարակից երկիրները տարածուած մոնղոլ-թաթարներուն արշաւանքներէն նեմուծուած թրքական (թուրքերէն՝ karpuz, ղազախերէն՝ որը, իր հերթին հին պարսկերէն χarbūza ձեւէն է եւ կը նշնակէ՝ «իշու վարունգ») անունը՝ арбуз [արպուզ], էստոներէն՝ arbuus, լիթուաներէն՝, լեհերէն՝ arbuz

Աճեցում

Հինգ ամենամեծ
ձմերուկ արտադրողներ
(2012, թօներով)
Ձմերուկ  Չինաստան 70 000 000
Ձմերուկ  Թուրքիա 4 044 184
Ձմերուկ  Իրան 3 800 000
Ձմերուկ  Պրազիլ 2 079 547
Ձմերուկ  Եգիպտոս 1 874 710
Կաղապար:NoflagԱմբողջ աշխարհը 95 211 432
Աղբիւր: UN FAOSTAT 

Ձմերուկը արեւադարձային կամ մերձարեւադարձային բոյս մըն է եւ կը պահանջէ բարձր ջերմութիւն՝ 25 °C-էն աւելի: Բանջարանոցներու մէջ ձմերուկ աճեցնելու ժամանակ, սովորաբար սերմերը նախապէս կը ծլեցնեն ծածկած անօթներու մէջ եւ կը տեղաւորեն լաւ խոնաւեցուած աւազակաւի մէջ:

Ձմերուկ 
Պօրիս Քուսդոտիեւ
«Վաճառականին կինը» 1918
Ձմերուկ 
1900-ականներու սկիզբին փոստային բացիկ մը

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Ձմերուկ ՊատմութիւնՁմերուկ Բուսաբանական ՆկարագիրՁմերուկ ԱնունՁմերուկ ԱճեցումՁմերուկ ԾանօթագրութիւններՁմերուկԼատիներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

3 ՄարտՀայկական Թուային ՀամակարգԵւրատեսիլ Երգի ՄրցոյթԿարինՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)Յունաբան ԴպրոցՎանի հերոսամարտxk16zՋութակՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքՃիմի ՈւէյլզԳլխաւոր ԷջՄեծ ՀայքԽաչիկ ՄուրատեանԼուսնթագՊուէնոս ԱյրէսՄուշ1613 թուականԽանասորի ԱրշաւանքՎահան Զանոյեան2 ՄայիսՁայնալարերՍուրբ Նշան Եկեղեցի (Պէյրութ)1 ՀոկտեմբերԱշոտ Ա. ԲագրատունիՅովհաննէս ՔաջազնունիԲարձր ՀայքՀնդկաստանՄեծ Իշխանասար (Իշխանասար լեռ)Պասուց ՏոլմաԿլիմայական Փոփոխութիւններ8 ՅունիսԼեւոն (անձնանուն)Ամերիկայի Միացեալ ՆահանգներԱրմէն ԳարօՀայկական ԿակաչՍուրբ ՈնոփրիոսԷլէն ՍեկարաՀայ Աւետարանական ԵկեղեցիԱւստրալիա1874 թուականՓոխաբերութիւնՅունարէն26 ՅուլիսՀայկական ՌուբլիՅուլիսՔլէոփաթրաՕգոստոսԾաղկաձորewvxaԴողտենդՀայ բուսաշխարհ (բառարան)Սեւրի ԴաշնագիրԲանտԹաւրիզ28 ՄայիսԴիլիջանԼինուքսԳրիգոր Շղթայակիր ՊատրիարքՍազՈւիքիփետիաԱղձնիքՐաֆֆիԿրասնոտար1965 թուականԳէորգ ԿիւրճիեւՑուլ (կենդանակերպ)25 ՓետրուարՀատած տասներկուսանիստԻնկած Բերդի ԻշխանուհինԱքիհիթօԻսթանպուլՅուշարձանՏիգրիս (գետ)ՔեսապԱխթալայի Վանք🡆 More