Գոյն Կանաչ

Կանաչ (նաեւ՝ կանանչ), լոյսի երեք հիմնական գոյներէն (կարմիր, կանաչ, կապոյտ, անգլերէն՝ RGB) մէկն է: Կը գտնուի տեսանելի լոյսին ալիքներու երկարութեան 500÷600 նանոմեթր տիրոյթին մէջ:

  • Կանաչը բուսականութեան գոյնն է, կանաչ է նաեւ զմրուխտը
Կանաչ
Գոյն Կանաչ
Գունային կոորդինատներ
Hex եռյակ #008000
sRGBB  (r, g, b) (0, 128, 0)
B: Նորմալիզացված՝ [0–255] (բայթ)

Ազդեցութիւնը Մարդուն Վրայ

Գոյն Կանաչ 

Կանաչը կեանքի ներդաշնակութեան եւ բնութեան գոյն մըն է: Ան մարդուն կուտայ ինքնայարգանքի, կայունութեան, կամքի ոյժի եւ հաստատակամութեան զգացում, նաեւ կը հանդարտեցնէ ջիղերու համակարգը: Ատոր համար է, որ հիւանդանոցին բժիշկները կանաչ զգեստներ կը հագնին: Կանաչ եւ կապոյտ գոյները մարդու կը զգացնեն պաղութեան եւ հանդարտութեան՝ կարմիրին հակառակ։

Գիտնականները փաստած են, որ կանաչ գոյնը ուրախութիւն եւ կեանքի սէր կը պատճառէ, ատոր համար նախընտրելի է կանաչ գոյնը գործողութեան սենեակներու մէջ, նաեւ յայտնի է այն փորձը, որ կատարուեցաւ Լոնտոնի կամուրջներէն մէկին վրայ, որը ճանչուած էր որպէս «անձնասպանութեան կամուրջ», երբ կամրջի գոյնը մոխրաւունէն կանաչի փոխելէն ետք զգացուեցաւ ինքնասպանութիւններու քանակի մէծ տարբերութիւն։

Կարծիք կայ նաեւ, որ կանաչ գոյնի ներկած պատերը ախորժակ կը բացեն:

Մեր Շուրջին Կանաչները

Բառակազմութիւն

Կանաչ գոյականէն առաջացած են՝

  • այլ գոյականներ՝
    • կանաչի՝ ուտելի խոտերու տրցակ
      • փոխաբերական իմաստով «կանաչի» կըսեն նաեւ ամերիկեան տոլլարներու տրցակը
  • բայեր՝
    • կանաչիլ՝ երբ դաշտերն ու ծառերը գարնանը կը ստանան կանաչ գոյն
    • կանաչապատել՝ երբ բուսականութենէ զուրկ տարածքների մէջ կանաչ խոտաբոյսեր կը ցանեն: Ներկայ ատենը կանաչապատումը կընեն նաեւ արհեստական խոտածածկոյթով

Կանաչին Տեղը Այլ Գոյներուն Մէջ

Իսլամ

  • Կանաչը կը համարուի իսլամի գոյն
  • Կարգ մը իսլամադաւան երկիրներու դրօշակներու գոյներեն մէկն է՝ Ազրպէյճան Գոյն Կանաչ  Լիպիա Գոյն Կանաչ 
  • Կարգ մը երկիրներու դրօշակներու հիմնական գոյնն է՝
  • Գոյն Կանաչ  Սէուտական Արաբիոյ դրօշակը կանաչ պաստառ մըն է, որուն վրայ իսլամի կարգախօսը գրուած է՝ «Չի կայ Աստուած Ալլահէն զատ, Մուհամմէտ Ալլահին մարգարէն է:»
  • Գոյն Կանաչ  Գոյն Կանաչ Փաքիստանի դրօշակը եւ զինանշանը կանաչ են:

Բնութեան Մէջ

Կանանչ գոյնը հիմնական է բնութեան մէջ՝ կանանչ են խոտը, ծառերու սաղարթները: Բոյսերուն կանաչ գոյն կուտայ անոնց կառուցուածքին մէջը եղած քլորոփիլ նիւթը, որուն անունը յառաջացած է յունարէն χλωρός, քլորոս (կանանչ) եւ φύλλον, փիլոն (տերեւ) բառերէն: Կանանչ գոյնի անասուններ նոյնպէս շատ կը հանդիպին՝ գորտեր, օձեր, մողէզներ, թռչուններ եւ միջատներ: Կենդանիներէն շատեր ատիկա կ'օգտագործեն կանաչ սաղարթներու եւ խոտերու մէջ զիրենք քողարկելու համար: Բնութեան մէջ կանաչ ծաղիկներ չեն հանդիպիր, քանի որ ծաղիկներու համար վառ գոյներ ունենալը կարեւոր է՝ փոշոտելու համար մեղուները գրաւելու:

Մշակոյթին Մէջ

  • Լիպիոյ պետական դրօշակը յեղափոխութենէն առաջ մուգ կանանչ պաստառ մը եղած էր, որը կը համարէին ուրախութիւն եւ հաղթութիւն, Լիպիոյ առաջնորդ Մուամըր Քատտաֆի գիրք մը ստեղծած էր եւ կոչած էր «Կանաչ գիրք»:
  • Կանաչը կը համարուի էսփերանթոյ լեզուին գոյնը
  • Կանաչը Իրլանտայի նշանն է։
  • Ճափոնին մէջ կանաչ գոյնը կը նշանակէ խաղաղութեան եւ առողջութեան գոյն, ատոր համար շտապ օգնութեան կառքերը ներկած են կանաչի
  • Կանաչ գոյնը զինուորականները կօգտագործեն քօղարկութեան նպատակաւ
  • կանաչ գոյնը կը գործածուի լուսանշաններուն վրայ, որ կը նշանակէ, թէ ուղին բաց է: Հոսկէ յառաջացած է «Կանաչ ճամբայ երթաք» մաղթանքը
  • Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու Պալատին մէջ նստարանները կանաչի ներկուած են։
  • Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մեջ կանաչը երբեմն կը նշեր մարդուն կարգավիճակը: Միջին դարէն մինչեւ 19րդ դարը կանաչ հագուստ յաճախ կը հագնէին վաճառականները, դրամատուներու տէրերը, քաղաքին մէջ բնակող ազդեցիկ մարդիկ եւ այլք, որ ունեւոր էին, բայց ոչ՝ ազնուական ծագումով:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Գոյն Կանաչ Ազդեցութիւնը Մարդուն ՎրայԳոյն Կանաչ Մեր Շուրջին ԿանաչներըԳոյն Կանաչ ԲառակազմութիւնԳոյն Կանաչ Կանաչին Տեղը Այլ Գոյներուն ՄէջԳոյն Կանաչ ԻսլամԳոյն Կանաչ Բնութեան ՄէջԳոյն Կանաչ Մշակոյթին ՄէջԳոյն Կանաչ ԾանօթագրութիւններԳոյն ԿանաչԱնգլերէնԼոյսԿապոյտ (գոյն)Կարմիր (գոյն)

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Էրեբունի-Երեւան (օրհներգ)201517 Սեպտեմբեր«Էմոճի»ներԱրածանիԶարթօնք (վէպ)ՈդիսեւսՍ. ՄիւռոնԱրմենակ ԽանփերեանցԱզրպէյճան24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Ճոնի ՏեփԱպու Պաքր Ալ ՊաղտատիՄոնաքօԼուի ՊուսենարՎանի հերոսամարտԹուրքիա1568 թուականՔլէոփաթրաԳրիգոր ՆարեկացիԳարեջուրՔլայբետաՀայկական ՄեկոնՊարկապզուկՖրիտիոֆ ՆանսենՏաթեւի ՎանքԲարսեղ ԿանաչեանԼիլիթՀայ Աւետարանական ԵկեղեցիԽանումաՎարդան ՄատթէոսեանԲանալիներու Եւ Կղպանքներու ՊատմութիւնըՄինի ՄաուսՀին ՌուսիաՆիտըրլենտՊորտասարԱզգային ՍահմանադրութիւնՄազեր1684 թուականՖրանսերէնՄուհամմատ ՔուճճահՀաագաՄԱԿՃափոնԳերմանիոյ Խորհրդային ՊատերազմԵղիա ՆաճարեանԱրամ Ա.ԼուսնթագԹալինի Կաթողիկէ ԵկեղեցիԻսրայէլ ՕրիՑխինվալիի ՀայերըԵոհաննէս ՎըրմիրՓղոսկրԱլճերիաԼոնտոնՄեծն ԿոստանդինՇուշանիկի ՎարքՁիԵրեւան11 ԱպրիլԶուիցերիաՄարիա ՃէյքըպսընՇրատա ԳաբուրՊապուններըԵպիսկոպոսԲիւզանդ ԹոփալեանՓոքրիկ իշխանըՎարդերես ԳարակէօզեանԿարէն Տէմիրճեան🡆 More