Սթիվըն Ուիլիամ Հոքինկ (8 Յունուար 1942(1942-01-08), Օքսֆորտ, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն - 14 Մարտ 2018(2018-03-14), Քեմպրիճ, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն), անգլիացի ֆիզիքոս-տեսաբան եւ տիեզերաբան, Քեմպրիճի համալսարանի տեսական տիեզերաբանութեան կեդրոնի հիմանդիր եւ ղեկավար, գիտութեան մասսայականացնող։
Սթիվըն Հոքինկը ծնած է 8 Յունուար 1942-ին Օքսֆորտի մէջ, ուր Լոնտոնէն տեղափոխուած էին անոր ծնողները՝ գերմանական օդանաւերու ռմբակոծութիւններէն փախելու նպատակով։
Հայրը՝ Ֆրենք Հոքինկը կ'աշխատէր Համփսթեդի բժշկական կեդրոնին մէջ։ Մայրը՝ Իզապել Հոքինկը կ'աշխատէր նոյն կեդրոնին մէջ, որպէս քարտուղարուհի։ Ընտանիքին մէջ Սթիվընէն բացի, կը դաստիարակուէին եւս երկու երեխաներ. կրտսեր քոյրեր Ֆիլիփան, Մերին եւ որդեգրուած եղբայրը՝ Էտուըրտը։
1950 թուականին երբ հայրը դարձաւ բժշկական հետազօտութիւններու ազգային դպրոցի մակաբուծաբանութեան բաժնի վարիչ, Հոքինկը եւ իր ընտանիքը տեղափոխուեցան Սուրբ Ալպանզ, Հերթֆորդշայր: Սուրբ Ալպանզի մէջ ընտանիքը կը համարուէր բաւական խելացի եւ որոշ չափով տարօրինակ : Անոնք կ'ապրէին համեստ գոյութեամբ, խառնուած եւ աղքատութեամբ կը պահէին իրենց տունը։ Հոքինկին հայրը յաճախ կը բացակայէր տունէն։ Այս անգամ երբ ան այցելած էր Ափրիկէ, ընտանիքին միւս անդամները չորս ամիս անցուցին Մաճորքայի մէջ, մօր ընկերոջ՝ Պերիլին եւ անոր ամուսինին՝ բանաստեղծ Ռոպըրթ Գրէյուսին այցելելով։
Հոքինկը կը տառապէր հազուագիւտ հիւանդութեամբ ALS (մկաններու ապաճման երկրորդային կարծրախտ), որ նաեւ յայտնի է որպէս Լու Կէհրիկի հիւանդութիւն։ Այս հիւանդութիւնը տասնամեակներ շարունակ անոր աստիճանաբար անդամալոյծ դարձուցած է։.
Հոքինկը շարք մը դժուարութիւններով անցուցած է Օքսֆորտի մէջ սորվելու իր վերջին տարուայ դասընթացքները․ ան քանի մը անգամ ինկած է աստիճաններէն։ Խնդիրները առաւել վատանան եւ անոր հնչիւնները կը տկարանան խօսելու ատեն։ Անոր ընտանիքը կը նկատէ այս փոփոխութիւնները, երբ ան կը վերադառնայ տուն Սուրբ Ծնունդի համար։ Շուտով բժշկական հետազօտութիւններ կը սկսին: Շարժողական երակներուն հիւանդութեան ախտորոշումը կու տան այդ ժամանակ, երբ Հոքինկը դեռ ընդամէնը 21 տարեկան էր (1963 թուական)։ Այդ ժամանակ բժիշկները կը հաղորդակցին, որ անոր մնացած էր 2 տարի՝ ապրելու համար:
Վախճանած է 14 Մարտ 2018-ին։
2006 թուականին Հոքինկը համացանցի վրայ բաց հարցում կ'ուղղէ ժողովուրդին․ «Այս աշխարհին մէջ, որ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական, թէ՛ բնութեան առումներով կը գտնուի քաոսի մէջ, ինչպէ՞ս կրնայ մարդկութիւնը գոյատեւել յաջորդ 100 տարիներուն ընթացքին»: Ատկէ ետք ան կը պարզաբանէ․ «Ես չեմ գիտեր պատասխանը։ Այդ պատճառով ալ կը հարցնեմ, որպէսզի մարդոց դրդեմ մտածել այդ մասին եւ տեղեակ ըլլալ այդ վտանգներուն մասին, որոնց դէմ մենք շուտով պէտք է կանգնինք»:
Հոքինկը կը կարծէ, որ կեանքը Երկրի վրայ վտանգուած է յանկարծակի սկսուող միջուկային պատերազմի, ի ծնէ ստեղծուած վիրուսներուն եւ այլ անյայտ վտանգներու պատճառով, որոնց մասին մենք դեռ չենք մտածած։.
Հոքինկը կը կարծէ, որ տիեզերքի գաղութացումը անհրաժեշտ է մարդկութեան ապագային համար։ Հոքինկը նաեւ կը պնդէ, որ այլմոլորակայինները հաւանաբար գոյութիւն ունին, բայց պէտք է խուսափիլ անոնց հետ կապ հաստատելէն։2010 թուականին ան ըսած է․ «Եթէ այլմոլորակայինները այցելեն մեզի, ես կը կարծեմ արդիւնքը կ'ըլլայ այնպիսի բան մը, ինչպէս երբ Քրիստափոր Քոլոմպոսը առաջինն էր, որ ոտք դրաւ Ամերիկա, որ այդքան ալ լաւ ազդեցութիւն չունեցաւ ամերիկացի հնդիկներուն վրայ»:
Հոքինկը կը պնդէր, որ արհեստական մտածողութիւնը կրնար վճռական ըլլալ մարդկութեան ճակատագրին որոշման համար։ Ան նաեւ կը պնդէր, որ «կարողական առաւելութիւնները շատ են... Արհեստական մտածողութիւն ստեղծելու յաջողութիւնը կ'ըլլայ ամէնամեծ դէպքը մարդկային պատմութեան մէջ։ Սակայն ան կրնայ ըլլալ նաեւ վերջինը, եթէ վստահ մենք չսորվինք ինչպէս խուսափիլ ռիսքերէն»:
Հոքինկը պնդած է, որ համակարգչային վիրուսը կրնայ ըլլալ կեանքի նոր տեսակ եւ ըսած է, որ «ան կ'ըսէ մարդկային էութեան մասին եւ որ կեանքի միակ տեսակը, որ մենք ստեղծած ենք մինչեւ հիմա, միայն կործանարար եղած է» :
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Սթիվըն Հոքինկ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.