Տիգրան Թահթա

Տիգրան Թահթա (7 Օգոստոս 1928(1928-08-07), Մանչեսթեր, Մեծ Մանչեսթեր, Միացեալ Թագաւորութիւն - 2 Դեկտեմբեր 2006(2006-12-02)), ազգութեամբ հայ բրիտանացի մաթեմատիկոս, դասախօս եւ հեղինակ։

Տիգրան Թահթա
Տիգրան Թահթա
Ծնած է 7 Օգոստոս 1928(1928-08-07)
Ծննդավայր Մանչեսթեր, Մեծ Մանչեսթեր, Միացեալ Թագաւորութիւն
Մահացած է 2 Դեկտեմբեր 2006(2006-12-02) (78 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն Տիգրան Թահթա Միացեալ Թագաւորութիւն
Ուսումնավայր Քրայսթ Չյորչ?
Rossall School?
Մասնագիտութիւն թուաբանագէտ, գրագէտ
Աշխատավայր Էքստերի համալսարան?

Կենսագրութիւն

Ծնած է 7 Օգոստոս 1928-ին: Ան անցեալ դարասկիզբի դէպքերէն ետք Մեծն Բրիտանիոյ Մանչեսթըր քաղաքը հաստատուած հայ ընտանիքի մը զաւակն է, որ մանկուց ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն: Տիգրան Թահթա մկրտուած է Դուրեան եպիսկոպոսի կողմէ Մանչեսթըրի հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ իր Տիգրան անունն ալ կրճատուած եւ դարձած է Տիք: Այսուհանդերձ, ան երբեւէ չէ մոռցած կամ ուրացած իր հայկական ինքնութիւնը եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը հաւատարիմ եղած է իր արմատներուն: Այդ ամէնը արտայայտուած է մանաւանդ իր կեանքի վերջին տարիներուն գրած գիրքերէն մէկուն՝ «Արարատ զուգորդութիւններ» (Ararat Associations) գիրքին մէջ։ Այդ գիրքին մէջ բրիտանահայ նշանաւոր ուսողագէտը կը գրէ, թէ ինչպէս իր ծնողքը կը փափաքէին իրենց զաւակներուն տալ անգլիական կրթութիւն՝ միաժամանակ համոզուած ըլլալով, որ անոնք տան մէջ պիտի խօսին հայերէն։ «Արարատ զուգորդութիւններ» գիրքին մէջ կան նաեւ հայկական հնագոյն բնակավայրեր կատարած իր ճամբորդական նոթերը, եւ առհասարակ, Տիգրան Թահթայի այս գիրքը գրուած է Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» շարժանկարէն ներշնչուած:

1946-ին Տիգրան Թահթա Ֆլիթուուտի Ռոսալի դպրոցին մէջ ստացած է կրթանպաստ՝ Օքսֆորտի երդիքին տակ ուսանելու համար։ Ուսումնասիրութեան գլխաւոր առարկան ուսողութիւնն էր, միաժամանակ ուսանած է իմաստասիրութիւն, պատմութիւն, ծանօթացած է անգլիական գրականութեան։

Տիգրան Թահթա նաեւ դասաւանդած է համալսարաններու մէջ եւ պատրաստած է ուսողութեան դասաւանդման գիրքեր եւ աշխատութիւններ: Ան, բացի «Արարատ զուգորդութիւններ» գիրքէն, հեղինակ է հինգ այլ հատորներու եւ գիտական ամսագրերու մէջ հրատարակուած բազմաթիւ օգտաշատ յօդուածներու: Մինչեւ իր ուսման աւարտը, Տիգրան Թահթա կազմած է Ինճեան եպիսկոպոսի գրադարանի պատկերագիրքը։

Ան նաեւ կարճ լրագրական փորձառութիւն մը ունեցած է Թագաւորական Ռազմաօդային Ուժերու (RAF) շարքերէն ներս՝ 1950-1952 թուականներուն, աշխատակցելով իբրեւ թղթակից: Տիգրան Թահթա 1954-ին վերադարձած է Ռոսալի դպրոց, ուր դասաւանդած է անգլերէն եւ պատմութիւն, սակայն վերջնականապէս նուիրուած է ուսողութեան: 1955-ին ուսողութիւն դասաւանդելու նպատակով ան տեղափոխուած է Սենթ Ալպենսի դպրոցը, ուր իր աշակերտներուն մէջ եղած է նաեւ Սթիւըն Հաուքինկ։ Ատկէ վեց տարի ետք միայն Տիգրան Թահթա դասախօսի կարգավիճակ ստացած է Սենթ Ղուկաս Քոէլճին մէջ։ 1974-ին աշխատած է նաեւ Էքսետէրի համալսարանը։

Սթիւըն Հոքինկ նշած է, որ դեռ մանուկ հասակէն իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ ուսուցիչը՝ Տիգրան Թահթա, որու շնորհիւ նշանաւոր բնագէտ գիտնականը սէր ունեցած է գիտութեան նկատմամբ: Ան՝ իր հայ ուսուցչին մասին ըսած է.

Տիգրան Թահթա  Անոր դասերը անմիջական էին եւ գրաւիչ: Ամէն բան կրնար քննարկման առարկայ դառնալ: Մենք միասին ստեղծեցինք իմ առաջին համակարգիչս: Շնորհիւ պարոն Թահթայի, ես դարձայ Քէմպրիճի մէջ ուսողութեան ամպիոնի դասախօս: Ատիկա այն ամպիոնն է, որ ժամանակին գլխաւորած է Իսահակ Նիւթըն: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին կը փորձեմ բացայայտել անջրպետի գաղտնիքները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կարծէ, թէ կարեւոր իրագործումի մը կրնայ հասնիլ իր կեանքին ընթացքին, իսկ անոր մենք կրնանք հասնիլ մեր ուսուցիչներուն շնորհիւ:
- Սթիւըն Հաուքինկ
Տիգրան Թահթա 


The Guardian թերթը, անդրադառնալով հայազգի դասախօս-գիտնական Տիգրան Թահթային՝ նկարագրած է զինք որպէս «իր սերունդի ականաւոր ուսողութեան ուսուցիչ», որ հանդիսացած է նաեւ Սթիւըն Հաուքինկի ներշնչման աղբիւրը:

Զինք հրաշագործի կը նմանեցնէին, որ իր աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կը ստիպէր գործօն մասնակցութիւն բերել եւ բանավիճիլ դասի ընթացքին: 1960-ականներէն սկսեալ ան գիտական ամսագիրներու մէջ բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակագրած է` բացի ուսողութենէն, անդրադառնալով նաեւ Վերածննդեան դարաշրջանին, եկեղեցւոյ պատմութեան, բանաստեղծութեան եւ լեզուաբանութեան:

Տիգրան Թահթա մահացած է 2 Դեկտեմբեր 2006-ին։

Գիրքեր

  • A Boolean anthology: Selected writings of Mary Boole—on mathematical education, 1972 (Compiled by D.G. Tahta).
  • Tahta, D. and Brookes, W. (1966) "The Genesis of Mathematical Activity", in W. Brookes (Ed.) The Development of Mathematical Activity in Children: the place of the problem in this development
  • Images of Infinity, with Ray Hemmings
  • Ararat Associations, Black Apollo Press, ISBN է 1-900355-50-7
  • The Fifteen Schoolgirls, Black Apollo Press, ISBN է 1-900355-48-5

Ծանօթագրութիններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Տիգրան Թահթա ԿենսագրութիւնՏիգրան Թահթա ԳիրքերՏիգրան Թահթա ԾանօթագրութիններՏիգրան Թահթա Արտաքին յղումներՏիգրան Թահթա1928 թուական7 Օգոստոսd:Q145d:Q18125d:Q23099

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

1988 թուականՈւիլիըմ ՇէյքսփիրԹաւրիզՀայ Օգնութեան ՄիութիւնՔիմոլոսՕսքար ՄրցանակՅովհաննէս ԲարսեղեանԱրժանթինԾէսՃոն ՔենետիՍիֆնոսԼեւոն (անձնանուն)Ածանցաւոր բառերԱնիԽնձոր9 ՄայիսՇարոյր, Յետստամոքսային Գեղձ4 ՅունիսԻնթըրփօլԱստղային Պատերազմներ։ Բաժին Դ։ Նոր ՅոյսՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքՊան Քի ՄունԽամսայի ՄելիքութիւններըՆիտըրլենտԶապէլ ԱսատուրԵրկվայրկեանԻնտոնեզիաՎան1892 թուական1959 թուականՎրացական-ուքրանական ՅարաբերութիւններՌուսիոյ դրօշՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՆորավանք13 ՄարտՄումպայՆոր Քարէ ԴարԼուսինԺոզէֆ ՀայտընՋուր18 ՄարտՅովսէփ ՕրբելիԼեռնային Ղարաբաղ1916 թուականՖրանց Ժօզէֆ IՍարգիս (անձնանուն)1834 թուական1943 թուականՍիոն (ամսագիր)Առած եւ ԱսացուածքԿոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ՊատրիարքութիւնՇիմոն ՓերեսԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)102 (թիւ)Քարէն ԵփփէԵՈՒՆԵՍՔՕՄիսաք Մեծարենց1924 թուականԿեմերէկԹորինօԳլաձորի համալսարանՎրաստանՖրանսա1714 թուական1868 թուական1939 թուականԱրմենակ Քհնյ. ՏօնաթոսեանՀագուստԿոստանդնուպոլիսՄեռեալ Ծով🡆 More