Սահարա Անապատ

Սահարան (արաբերէն՝ الصحراء الكبرى, ալ-սահրա ալ-քուպրա, «Մեծն անապատը», (صحراء (ինֆո)) տարածութեամբ՝ աշխարհի երկրորդ ամէնէն մեծ անապատն է, Անթարքթիքայէն ետք։ Անիկա կը գտնուի հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, Կարմիր ծովէն մինչեւ Ատլանտեան ովկիանոս եւ Աթլասի լեռներուն հարաւային լանջերէն ու Միջերկրական ծովէն մինչեւ Սուտան։ Արեւմուտքէն արեւելք Սահարան կը տարածուի շուրջ 5,500 Քմ., իսկ հիւսիսէն հարաւ՝ 2,000 Քմ.։ Սահարային տարածութիւնը 8,5 միլիոն Քմ.² է։ Սահարան գրեթէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կամ Չինաստանին չափ է եւ Աւստրալիայէն աւելի ընդարձակ է։

Սահարա Անապատ
Սահարա

Սահարան ամբողջութեամբ ներառուած է ափրիկեան տարածքին մէջ։

Սահարան աշխարհի ամէնէն մեծ անապատն է ոչ բեւեռային գօտիին մէջ։ Արեւմուտքէն անիկա Ատլանտեան ովկիանոսէն կը տարածուի Հիւսիսային Ափրիկէէն դէպի արեւելք՝ Կարմիր ծով, ընդգրկելով մօտաւորապէս 9,100,000 Քմ.²։ Անոր մէջ կարելի է 70 անգամ տեղաւորել Անգլիան կամ ամբողջ ԱՄՆ-ը՝ առանց Թեքսաս նահանգին։

Սահարայի մակերեսին 25 տոկոսէն աւելին պատուած է աւազէ սաւաններով ու աւազաբլուրներով։ Լայնատարած են լեռնային աւազաթումբերը, որոնք կրնան հասնիլ մինչեւ 333 Մ. բարձրութեան։ Հակառակ ընդունուած պատկերացումներուն՝ աւազաբլուրները կը կազմեն անապատին շուրջ քառորդ մասը միայն։ Անիկա մեծ մասամբ կազմուած է քարքարոտ բարձրաւանդակներէ, չոր դաշտավայրերէ եւ Աղահանք պարունակող հարթ տարածութիւններէ։ Առաջին նայուածքով կը թուի, թէ մեծ թիւով մարդոց կամ անասուններու ապրելու համար պայմանները բաւարար չեն՝ յատկապէս ջերմաստիճանին տատանումները նկատի առնելու պարագային (գիշերային ջերմաստիճանը ըստ Ֆերընհայթի՝ 21°(-6°C), ցերեկները կարգ մը տեղեր կը հասնի ըստ Ֆերընհայթի՝ 136°(58°C)։ Այնուամենայնիւ, մօտաւորապէս երկուքուկէս միլիոն հոգի (ինչպէս նաեւ մեծ թիւով շնագայլեր, ճագարամուկեր, եղջիւրաւոր իժեր եւ այծքաղներ) այս անապատը հաճոյքով կը համարեն իրենց տունը։ Սահարային տարածութիւնը օր ըստ օրէ կ'ընդարձակի: Վերջին հարիւրամեակին ընթացքին անոր չափերը աւելցած են 10 տոկոսով: Անապատին ընդարձակումը հետազօտած են արբանեակային տուեալներու օգնութեամբ, որոնք հաւաքագրուած են ամբողջ Ափրիկէէն, 1920-2013 թուականներուն ընթացքին: Գիտական խումբը կը նշէ, թէ եթէ կլիմայի փոփոխութիւնները շարունակուին, ապա Սահարային դանդաղ ընդարձակումը կը շարունակուի:

Սահարային կլիմայական պայմանները

Սահարա Անապատ 
Արեւամար

Սահարան աչքի կը զարնէ արեւադարձային օդի ծայրահեղ չորութեամբ։ Սահարան աշխարհի ամէնէն տաք վայրերէն մէկն է։ Յուլիսին հոն տիրապետող կը դառնայ +30° իզոթերմը։ Այդ նոյն ժամանակաշրջանին արեւմուտքի անապատին զգալի մասը կը գտնուի 35° իզորթերմի տակ։ Սահարան կ'առանձնանայ նաեւ անձրեւազուրկ եղանակով։ Տեղումները բացառիկ քիչ են, կեդրոնական մասին մէջ՝ շուրջ 3 միլիոն Քմ. տարածութեան վրայ տարեկան կը տեղան 25 մ.մ. ոչ աւելի անձրեւներ։

Սահարայի հիւսիսը տեղումները կը թափին գերազանցապէս ձմրան, իսկ հարաւի կողմերը՝ ամրան։

Ձմրան ցերեկը ջերմաստիճանը կը հասնի 20-25°-ի, սակայն գիշերը, ուժեղ ճառագայթման հետեւանքով, օդին ջերմաստիճանը կ'իջնէ մինչեւ 0°։

Ամրան Սահարայի մէջ կը ստեղծուին մթնոլորտային ճնշումներ, որոնք մրրկային ուժեղ քամիներու յառաջացման պատճառ կը դառնան։

Տեղումներու սակաւութեան հետեւանքով, Սահարային մէջ կը տեսնուի աշխարհի ամէնէն մեծ գոլորշիացումը։

Սահարայի հողերը եւ բուսականութիւնը

Սահարա Անապատ 

Սահարան ծածկուած է ցածրորակ հողերով։ Անիկա ունի աւազային եւ խճաքարային տարածքներ։

Հակառակ հողերու անբերրիութեան, հոս կան բուսականութեան շուրջ 500 տեսակներ: Կան նաեւ բուսազուրկ տարածքներ եւ քարքարոտ տեղեր։ Որոշ բուսատեսակներ կը յարմարին կլիմայական պայմաններուն։

Սահարա Անապատ 
Լիպիոյ կողմերը ովասիս մը, շուրջը՝ բուսականութեամբ

Բուսականութիւնը համեմատաբար հարուստ է փոքր ովասիսներու շրջակայքը։ Հոս կ'աճին գլխաւորաբար չոր դիմացկուն ծառեր եւ թփուտներ։ Ովասիսներուն մէջ առաւելապէս արմաւենիներ տարածուած են։

Կենդանական աշխարհը

Սահարա Անապատ 

Կենդանական աշխարհը կը հաշուէ շուրջ 4000 տեսակ։ Սահարական տեսակները 10-12% են։ Անասուններէն բնորոշ են վիթը (այծեամ), մուֆլոնը եւ կճղակաւորներու խումբին պատկանող անասուններ։ Շատ են կրծողները։ Կայ այծքաղ, վայրի ոչխար, աղուէս, վագրակատու, շնագայլ, բորենի, աւազամուկ, ճագարամուկ, նապաստակ եւ այլն։ Ամէն տեղ տարածուած են սողունները։ Ահագգարի մնացորդային ջրաւազաններուն մէջ կան ոչ մեծ կոկորդիլոսներ։ Սահարային անասուններուն մեծ մասը գիշերային կեանք կ'ապրի։

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Սահարա Անապատ Սահարային կլիմայական պայմաններըՍահարա Անապատ Սահարայի հողերը եւ բուսականութիւնըՍահարա Անապատ Կենդանական աշխարհըՍահարա Անապատ ՊատկերասրահՍահարա Անապատ ԾանօթագրութիւններՍահարա Անապատ Արտաքին յղումներՍահարա ԱնապատAr-Sahara.oggԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներԱնապատներԱնթարքթիքաԱրաբերէնԱւստրալիաԱփրիկէԿարմիր ԾովՄիջերկրական ԾովՈվկիանոսՉինաստանՊատկեր:Ar-Sahara.oggՍուտան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԽաչքարՍուրէն ՍպանդարեանՈւռհաՀանրի ՎերնէօյԱնգլիաՄոլորակներ2015Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանՀամբիկ ՍասունեանՄայրիկ (ֆիլմ)ԱւստրիաԹլկատինցիԳեղարդՀայաստանԼոռի (մարզ)ՀռոմկլաԿըրլ Օնլայն13 Փետրուար1938 թուականՎրաստանԺիրայր (անձնանուն)Հայկ ՆահապետԲժշկական գործիքներԽոտաբուժումՎաղարշապատՀամբիկ Մարտիրոսեան300 (թիւ)Հայաստանի Ազգային ՊատկերասրահԼուսինԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններԾովից ծով ՀայաստանՀայկական տպագրութիւնԾառՀնդկաստանՕմար ՇարիֆՔարահունջԱզգային Կեդրոնական Դպրոց (Նոր Ջուղա)Արշակ ՉօպանեանՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՀայկական ՏոմարՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրՄարիա ՃէյքըպսընՎիեննական ՍրճարանՇուշիի բերդՍ. Գէորգ զօրավարՔարլես ՓուճտեմոնՄԱԿԱրեգ ՏիրազեանՄանուէլ ՄենենկիչեանՏիգրիս (գետ)Գէորգ Չաւուշի ԹանգարանՀալէպՂեւոնդ (պատմիչ)ԲրինձՈւիլիըմ ՇէյքսփիրԱնիԱրարատ (Լեռ)Արշակ ՎռամեանԹէոնա ՔումսիաշվիլիԵփրատ գետԼիպիաՌուսիա31 ՕգոստոսՍանթուրՄելգոնեան Կրթական ՀաստատութիւնԱրմէն ՍարգսեանՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Ընկեր ՓանջունիԶենոբ ԳլակԱրա Տարզի ԹերզեանԱրշաւիր ՇիրակեանՋերմաջուրԶէյթունԼեւոն (անձնանուն)Բենիամին ՆուրիկեանԻսլամութիւն🡆 More