Կարագ

Կարագ, կաթնամթերքային արտադրատեսակ մը, որ կը ստացուի սերուցքի կամ խնոցիացուած կաթի խմորումէն։ Անիկա կ'օգտագործուի թէ՛ որպէս հացի վրայ քսուկ եւ թէ՛ ճաշ պատրաստելու ատեն:

Կարագ

Կարագ պատրաստելու համար շատ կարեւոր է կաթին սննդարար, հեշտ անջատուող, իւրայատուկ եւ որակով օժտուած բաղադրամասը՝ կաթնաիւղը։ ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կ'արտադրուի շուրջ 20 տեսակի կարագ՝ 52-82,5% իւղայնութեամբ, 16-35% ջուրի 1-2,5-3,0% չոր իւղազուրկ մնացորդային նիւթի պարունակութեամբ։ Կաթնաիւղը օրկանիզմին մէջ կը մարսուի բարձր՝ 97% գործակիցով, իսկ փլազմայի չոր նիւթերը՝ 94,1%։ Կաթնաիւղի լիարժէքութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ անոր մէջ առկայ ճարպալուծ՝ A, E, PP, B1, C կենսանիւթերով եւ կենսաբանական այլ աշխոյժ նիւթերով։

Կարագ
Կարագը շերտ առ շերտ կտրտուած

Կարագներու ապրանքագիտական դասակարգումը

Գործարանային եղանակով կովու կաթնասերէն պատրաստուած կարագները, կը ստորաբաժանուին հետեւեալ տեսակներուն՝

  • վոլոգոտեան,
  • անալի,
  • աղած,
  • սիրողական,
  • պաշկիրական,
  • գիւղացիական,
  • պաթըրպրոտային,
  • լրացումներով եւ համով,
  • հալած։
Կարագ 
Կարագի վաճառք Լոնտոնի խանութներէն մէկուն մէջ

Վոլոգոտեան կարագ

Բարձր ջերմաստիճաններու մէջ քաղցր կաթնասերէն պատրաստուած անարատ սերակարագ է։ Ունի ընկոյզի համ եւ հոտ։ Այդ համին եւ հոտին բացակայութեան պարագային կարագը կը դասուի անալի քաղցր սերակարագներու շարքին։ Վոլոգոտեան կարագը կը պատկանի քաղցր կարագներու ընտանիքին։

Անալի կարագ

Անալի կարագը քաղցր կամ թթու սերակարագ է, որ կը պատրաստեն կաթնաթթուային ցպիկներու մաքուր մշակումներ աւելցնելու միջոցով կամ առանց անոնց։

Աղած կարագ

Քաղցր կամ թթու սերակարագ է, որ կը պատրաստուի նոյն ձեւով, ինչպիսին անալի կարագի պարագային, այսինքն՝ սերին կ'աւելցնեն կաթնաթթուային ցպիկներու մաքուր մշակում, սակայն վերջը իբրեւ լրացուցիչ կը խառնեն միայն կերակուրի աղ։

Կարագ 
Աղած կարագ

Սիրողական կարագ

Կը պատրաստեն քաղցր, թթու եւ անալի, ջուրի քանակը պէտք է ըլլայ 20%-էն ոչ աւելի, իսկ չոր իւղազուրկ մնացորդային նիւթը՝ 2%։

Պաշկիրական կարագ

Կը հանդիսանայ անալի, քաղցր, թթուային կարագ, որուն մէջ իւղը կը կազմէ 79,5%-էն ոչ պակաս, ջուրի քանակը՝ 18%-էն ոչ աւելի, իսկ չոր իւղազուրկ մնացորդը (ՍՈՄՈ)` 2,5-3%: Ունի բնորոշ քաղցր համ։

Գիւղացիական կարագ

Քաղցրահամը կ'ըլլայ աղի կամ անալի, իսկ թթուասերակարագը` միայն անալի։ Իւղին քանակը անալի կարագին մէջ պէտք է ըլլայ 72,5%, իսկ աղիին մէջ՝ 71,5%-էն ոչ պակաս, ջուրին քանակը 25%-էն ոչ աւելի, չոր իւղազուրկ մնացորդը՝ 2,5%։

Պաթըրպրոտային կարագ

Կ՛ըլլայ անալի, քաղցրահամ։ Իւղիn քանակը կը կազմէ 61,5%-էն ոչ պակաս, ջուրը՝ 35%-էն ոչ աւելի, իսկ չոր իւղազուրկ մնացորդը՝3,5%։

Լրացումներով եւ համով կարագ

Լրացումներով եւ համով կարագները ունին լայն տեսականի։ Անոնք կրնան ըլլալ քաղցր՝ իւղով, քաղցր՝ տուրմով, մեղրով, հատապտուղներով։

Կարագ 
Կարագը լայնօրէն կ'օգտագործուի որպէս լցոն

Կարագին արատները

Կարագը ունի նաեւ արատներ։ Անոնք կրնան ըլլալ անասուններուն տուած վատ կերէն, բնակլիմայական ոչ պատշաճ պայմաններէն եւ այլն։

Կարագի արատներ կը հանդիսանան նաեւ դառն համը, որ կ՛առաջանայ անասունին դառն խոտով կերակրելու կամ այլ պատճառներով։

Արտաքին յղումներ

Tags:

Կարագ ներու ապրանքագիտական դասակարգումըԿարագ Արտաքին յղումներԿարագ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Արեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաԱրեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի ԿառավարութիւնԱլեքսանտրիոյ ԳրադարանԼոռի (մարզ)Ստեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)Շահան ՇահնուրՃոան ՌոուլինկՊարկապզուկՆաթալի ՂուսելՀայաստանի Զինուած ՈւժերՆիքիթա ԽրուշչովԷլէն Սեկարա3 ՆոյեմբերՌումտիկինՓաթրիք ՏէվէճեանՓարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովԱպու Պաքր Ալ ՊաղտատիԲնութիւնՌաս Ուլ ԱյնԳաղատիաՀրատ մոլորակ (Մարս)Մենուայի ջրանցքըԽնուսՎլատիմիր Փութին1925 թուականՅունական Աղցան1850 թուականՄարտիրոս ՍարեանԹիֆլիսՎիթորիա ԱղանուրՎահան Մանուէլեան (Տողրամաճեան)ԶաքինթօՃիմի ՈւէյլզԲաբելոնԹորոս ԹորամանեանԼիբանանՏեսփասիթօՈղիմպիական ԽաղերՇուշանիկի ՎարքՄոնթէ ՄելքոնեանԳրիգոր ՆարեկացիԱղեքսանտրիաՀռոմԲարդ բառերՊուրճ Համուտի Սպանդ (1985)Յովհաննէս ԹորոսեանՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Մանկական ԱնդամալուծութիւնՄազերՍրբուհի Տիւսաբ1991 թուականՀայոց Ցեղասպանութեան ԹանգարանԿարօ ՄեհեանՏղմուտ (գետ)1910Լորիս ՃգնաւորեանՓոքրիկ իշխանըՄաքս ՄաքսուտեանՄեծն ՏիգրանՎահան ԳարտաշեանԻրանը Եւ Արցախեան Ազատագրական ՊատերազմըԱրմենական ԿուսակցութիւնՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Ուէյն ՌունիՀունգարիաՓղոսկրՓարիզՄակեդոնիա (հին թագաւորութիւն)Աթենա ՄանուկեանԱրեան ԽումբՄանուէլ Մենենկիչեան🡆 More