Եբրայերէն

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Լեզու արւմտ.

Եբրայերէն (եբրայերէն՝ עִבְרִית  Լսել իվրիթ )՝ ափրիկէասիական լեզուաընտանիքի հիւսիսարեւմտեան սեմական լեզու մըն է, որով աշխարհին մէջ կը խօսուի 9 միլիոն մարդոց կողմէ: Նախաեբրայերէն գրուած առաջին օրինակները կը վերաբերէն ՔԱ 10րդ դարուն: Եբրայերէնը մեռած լեզուին մը իսկապէս յաջողուած վերածնունդի միակ օրինակն է:

Պատմութիւն

Եբրայերէնը որպէս ամէնօրեայ խօսակցական լեզու ըլլալէն դադարած է 200 եւ 400 թուականներու միջեւ, նուազելով Պար Քոխպայի խռովութենէ ետք: Միջնադարուն անիկա վերածնուած է որպէս հրէական կղերականութեան լեզու եւ րապպինական գրականութեան մէջ, ներհրէական առեւտրականութեան եւ քերթողականութեան մէջ: Յետագային, 19րդ դարուն, անիկա վերածնուած է որպէս խօսակցական եւ գրական լեզու մը եւ դարձաւ Պաղեստինի հրեաներու հաղորդակցութեան լեզու:
Իսրայէլէն յետոյ Միացեալ նահանգներն ունեն երկրորդ ամէնախոշոր եբրայերէն խօսող համայնքը 200 հազար սահուն խօսելու տիրապետողներով, մեծ մասը՝ Իսրայէլէն եկածներ:

Եբրայերէնի Վերածնունդը

Որպէս մայրենի լեզու դառնալու եբրայերէնի վերածնունդի ձեռնարկումն սկսած է 19րդ դարուն Ելիէզեր Պէն-Եհուտային ջանքերով: Ան միացաւ հրէական ազգային շարժումին եւ 1881-ին գաղթեց Պաղեստին, որն այդ ատենը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմեր: Անոր նպատակն էր գրական եւ կղերական լեզուն դարձնել ամենօրեայ խօսակցական գործածութեան լեզու մը: Անոր կազմակերպական ջանքերու եւ դպրոցներ հիմնելու եւ դասագրքեր գրելու ներգրաւուածութիւնը խթանեցաւ լեզուին տիրապետումը վերածելու աստիճանաբար ընդունելութեան: Երբ 1922-ին բրիտանական մանտաթին շնորհիւ եբրայերէնը անգլերէնի եւ արաբերէնի հետ դարձաւ Պաղեստինի երեք պաշտօնական լեզուներէն մեկը, անոր նոր կարգավիճակը նպաստեց տարածումին:
Թէեւ ոմանք այս ջանքերը կը գնահատէին ցնորական, (քանի որ եբրայերէնը կը համարուէր Թորահի սուրբ լեզու եւ, հետեւաբար, անիկա չէ կրնար գործածաուիլ առօրեայ կեանքին մէջ) շատեր շուտով հասկցածլ են բրիտանական մանտաթի հրեաներու շրջանին մէջ ընդհանուր լեզուի անհրաժեշտութիւնը 20-րդ դարուն տարբեր երկիրներէն մեծ թիւով ժամանած տարբեր լեզուներով խօսողներուն համար:
Հիմնուեցաւ Եբրայերէնի Կոմիտէ, որ Իսրայէլի հիմնադրումէն ետք դարձաւ Եբրայերէնի Ակադեմիա: Պէն-Եհուտայի ցանած սերմերը ինկած էին պարարտ հողին մէջ եւ 20րդ դարասկիզբէն եբրայերէնն իր ճանապարհը հարթեց դէպի հրեաներու հաղորդակցութեան լեզու:

Խորհրդային Միութեան Մէջ

Խորհրդային միութեան մէջ եբրայերէնի կիրառութիւնը հրէական այլ մշակութային եւ կրօնական գործունէութեան պէս ճնշուած էր, քանի որ կը համարուէր սիոնիզմի լեզու: Խորհրդային պաշտօնեաները եբրայերէնի գործածութիւնը կը համարէին «ռեակցիոն» երեւոյթ մը եւ անոր ուսուցումը նախակրթական եւ միջնակարգ դպրոցներէն ներս արգելուած էր Կրթութեան ժողովրդական կոմիսարութեան կողմէ): Պաշտօնական հրամանագիրը կը նշեր, որ Ռուսիոյ հրեաներու հաղորդակցութեան միակ լեզու կրնայ ըլլալ Եիտիշը, իսկ եբրայերէնը պիտի համարուի օտար լեզու մը: Դադարեցուեցաւ եբրայերէն գիրքերու եւ պարբերականներու հրատարակումը եւ բռնագաւուեցան գրադարաններէն, թէեւ լիթուրկիական գրականութիւնը կը տպագրուէր մինչեւ 1930-ականները: Չնայած քանի մը բողոքներուն եբրայերէնի ուսուցման ճնշումներու քաղաքականութիւնը շարունակուեցան 1930-ականներէն ետք: Աւելի ուշ, 1980-ականներուն, Խորհրդային միութեան մէջ եբրայերէնի ուսուցումը նորէն յայտնուեցաւ մարդոց դէպի Իսրայէլ արտագաղթելու ցանկութեան աճման հետ միասին: Քանի մը ուսուցիչներ բանտարկուեցան, ինչպէս Եոսէֆ Պեկունը, Եփրաիմ Խոլմեանսքին, Եւկենիյ Քորոսթիշեւսքին եւ այլք ԽԸՀՄ շատ քաղաքներուն մէջ եբրայերէնի ուսուցման ցանց ստեղծելու համար:

Գրենական Համակարգ

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Եբրայերէն 
Եբրայերէնի այբուբեն

Ներկայիս եբրայերէնը կը գրուի եբրայական տառերով, որոնք 22-ն են եւ միայն՝ բաղաձայններ: Գրելու ուղղութիւնը աջէն դէպի ձախ է: Տառերուն ձեւը կը կոչուի «քառակուսի», որ յայտնի է որպէս «Աշուրիթ» (ասորական), որն իր զարգացումն ստացած է արամէական գիրերէն: Անհրաժեշտութեան պարագային ձայնաւորները կը նշուենվանկեր արտայայտող բաղաձայններու վերեւին կամ ներքեւին տեղադրուող տարբերիչ նշաններով կամ որպէս ձայնաւորներ գործածուող բաղաձայններով:

Քերականութիւն

Գոյական Անուն

Գոյականներն ունեն սեռեր՝ արական, իգական, կամ՝ երկուսը միասին, զորօրինակ՝ סֵפֶר [սեֆեր] «գիրքը» արական սեռի է, երբ [տելեթ] דֶּלֶת «դուռը» իգական է: Չկան սեռը բնորոշող որոշակի ձեւաբանական կանոններ, սակայն կայ միտում մը՝ ת [-թ]-ով կամ ה [-ա]-ով վերջացող բառերը համարել իգական եւ մնացած տառերով վերջացողները՝ արական: Կայ խիստ միտում մարդեր կամ որոշ անասուններ նշանակող գոյականները չեզոք սեռի համարելու: Նման գոյականները կու գան արակա եւ իգական սեռեր արտայայտող զոյգերով: Զորօրինակ՝ אִישׁ [իշ] կը նշանակէ «տղամարդ» իսկ אִשָּׁה [ի՛շա]՝ «կին»

Գոյականի Թիւերը

Եզակի եւ հոգնակի թիւերէն բացի եբրայերէնին մէջ կը հանդիպի նաեւ երկու հատ արտայայտող «երկուակի» ձեւը:

  • Արական գոյականներու հոգնակին կը ձեւաւորուի գլխաւորապէս ים [իմ] վերջաւորութիւն աւելցնելով՝ מַחְשֵׁב [մախշեւ] համակարգիչ → מַחְשְׁבִים [մախշեւիմ] համակարգիչներ
  • Վերջաւորութիւն ավելցնելիս բառին առաջին ձայնաւորը երբեմն կը սղուի՝ דָּבָר [տա՛վար] բան → דְּבָרִים [տվա՛րիմ] բաներ
  • Շատ երկվանկանի արական գոյականներուն մէջ կ'ընդգծուի նախավերջին վանկը՝ חֶדֶר [խէտէր] սենեակ → חֲדָרִים [խատարիմ] սենեակներ
  • -ա-ով եւ -աթ-ով վերջացող իգական գոյականներուն սա վերջաւորութիւնները կը սղուեն եւ կ'աւելացուի -օթ, սովորաբար, առանց ձայնաւորներու որեւէ ձեւափոխութեան՝ מִטָּה [մի՛թա] անկողին → מִטּוֹת [մի՛թ:օթ] անկողիններ, צַּלַּחַת [ցա՛լախաթ] ափսէ → צַלָּחוֹת [ցալա՛խօթ] ափսէներ
  • -ութ-ով եւ -իթ-ով վերջացող գոյականները կը փոխարինեն սա վերջաւորութիւնները -ույօթ-ով եւ իյօթ-ով՝ חֲנוּת [խա՛նութ] խանութ → חֲנוּיוֹת [խանու՛յօթ] խանութներ, אֶשְׁכּוֹלִית [էշքօ՛լիթ] թուրինջ → אֶשְׁכּוֹלִיּוֹת [էշքօլի՛յօթ] թուրինջներ
  • Մեծաթիւ արական գոյականներ կ'առնին իգական [-օթ] վերջաւորութիւն՝ מָקוֹם [մա՛քօմ] տեղ → מְקוֹמוֹת [մըքօ՛մօթ] տեղեր, חַלּוֹן [խա՛լօն] լուսամուտ → חַלּוֹנוֹת [խալօ՛նօթ] լուսամուտներ
  • Փոքրաթիւ իգական գոյականներ կ'առնին արական [-իմ] վերջաւորութիւն՝ מִלָּה [մի՛լա] բառ → מִלִּים [մի՛լիմ] բառեր, שָׁנָ [շա՛նա] տարի → שָׁנִים [շա՛նիմ] տարիներ

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Եբրայերէն ՊատմութիւնԵբրայերէն Գրենական ՀամակարգԵբրայերէն ՔերականութիւնԵբրայերէն ԾանօթագրութիւններԵբրայերէնԼսելՊատկեր:Ivrit1.ogg

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Քարլես ՓուճտեմոնԳահիրէՀամաշխարհային Առաջին ՊատերազմԳրիգոր ԱրծրունիՍեդրակ (անձնանուն)Սինկափուրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին2019ՔանատաՇողակաթ (ամսագիր)ՅունարէնՀամբիկ ՄարտիրոսեանWindows 10Խաչակրաց արշաւանքներՑխինվալիի ՀայերըԷփըլ1956 թուական4 ՕգոստոսՆահապետ ՌուսինեանԹենի ՎարդանեանՌումանիա14 ՄարտՇունԼեւոն (անձնանուն)ՎատիկանՍաղմոսավանքՅիսուսի ճշմարիտ ԵկեղեցինՃոն Լոք1852 թուական2001 թուականԼոս Անճելըսի ՀայերըՃափոնՕքլըտնի ՀամալսարանԼիպիաԱմերիկաՆոպէլեան ՄրցանակՇիրակի մարզԻնտոնեզիաՎրացերէնՕսմանեան ԿայսրութիւնԼեարդՍողոմոն ԹեհլիրեանԲժշկութիւնՊաղեստինԽոսրովանուշ18 ԱպրիլՎրաստանՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներՊարսելոնա ՈԱԱզրպէյճանՔարլի ՇայքինՄաննի պէյուկՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր1847 թուական1902 թուականԷմմա ՈւաթսընԱսիաՎանադինՅուլիանոս ՈւրացողԲագրատունեանց Հայաստանի ՎերելքըՎէպՔրիսթիանօ ՌոնալտօԿարօ ՄեհեանՍտեփանակերտԳրիգոր ՏաթեւացիՎազգէն Ա.ՏոհմածառԹէյլըր ՍուիֆթԳարեգին ԼեւոնեանԿաթոլիկ եկեղեցիՓոքր ՀայքԽոդեդանԱմազոնի անտառներՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն🡆 More