Պայքալ Լիճ

Պայքալ լիճ (ռուսերէն՝ о́зеро Байка́л, պուրեաթերէն՝ Байгал далай, Байгал нуур), կերտուածական ծագման լիճ Ռուսիոյ մէջ` արեւելեան Սիպերիոյ հարաւը:

Պայքալ լիճը աշխարհի քաղցրահամ ջուրերու 19%-ը կը պարունակէ, որ 23615.39 քմ-ի կը հաւասարի3, եւ այդ ցուցանիշով Պայքալ լիճը աշխարհին մէջ առաջինն է։

Պայքալը աշխարհի ամէնամեծ լիճն է` 1 642 մ։ Պայքալէն զատ, աշխարհի մէջ կայ 1000 մ-էն աւելի խորութիւն ունեցող երկու լիճ միայն՝ Թանկաիքան (1470 մ) եւ Կասպից ծովը (1025 մ)։

Պայքալ լիճին մէջ կը թափին 336 գետ եւ առու։ Անոնցմէ ամէնամեծերն են Սելենկան, Վերին Անգարան, Պարկուզինը։ Այս լիճէն սկիզբ կ'առնէ գետ մը՝ Անգարան։ Լիճն ու անոր շրջակայ տարածքները բուսական ու կենդանական աշխարհի հարստութեամբ կ'առանձնանան: Տեղի բնակիչներն ու Ռուսաստանի մէջ ապրող ժողովուրդի մեծամասնութիւնը լիճը աւանդաբար Պայքալ ծով կ'անուանեն:

Պայքալ լիճի ափին կը գտնուի Իրքուցք քաղաքը։ Այս քաղաքը հրաշալի է զբօսաշրջիկներու համար։

Աշխարհագրութիւն

Աշխարհագրական դիրք

Պայքալ կը գտնուի Ասիոյ կեդրոնը՝ Իրքուցք շրջանի եւ Պուրիաթիոյ սահմանին։ Լիճը հիւսիս-արեւելքէն հարաւ-արեւմուտք կ'երկարի 620 քմ-ով. ունի հսկայ կիսալուսինի ձեւ։ Պայքալի լայնութիւնը 24-79 քմ է։ Պայքալի յատակը, ամէնէն խոր բաժինը համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակէն 1167 մ ցած է, իսկ ջուրի մակարդակի ամէնաբարձր դիրքը 456-457 մ է: Պայքալի իսկական մակարդակը փաստօրէն անյայտ է:

Պայքալ Լիճ  Հիմնական եզրակացութիւնը այս է. իրականութեան մենք ներկայիս Պայքալի իրական մակարդակը չենք գիտեր, ոչ ալ այն, թէ արդեօք №234 որոշումը կը համապատասխանէ՞ թէ ոչ, որ ձեւակերպուած է բարձրութեան` գոյութիւն չունեցող համակարգով եւ փաստօրէն անոր օգտագործումը չենք կրնար վերահսկել:
- Ջուրերու աղբիւրներու դաշնային գործակալութեան Ռուսաստանի ջրագիտարուեստական կառոյցներու ու պետական ջրային կալուածագիրի տնօրէն` Ս. Ե. Պետնարուկ
Պայքալ Լիճ 


Լիճի մակերեսը 31 722 քմ² է (առանց կղզիներու), որ մօտաւորապէս հաւասար է այնպիսի երկիրներու մակերեսին, որոնցմէ են Պելճիքան կամ Հոլանտան: Ջուրի հայելիի մակերեսը նկատի ունենալով, աշխարհի ամէնամեծ լիճերու մէջ Պայքալ եօթներորդ դիրքը կը գրաւէ: Ջրահաւաք աւազանի մակերեսը 570.000 կմ² է, ափագծի երկարութիւնը` 2.000 քմ:

Լիճը իւրատեսակ ստուերի մէջ կը գտնուի, որ պոլորեքեան շրջապատուած է լեռնազանգուածներով ու եղջերափուշերով, ըստ որուն, լիճի արեւմտեան ափը ժայռոտ է ու զառիթափ, արեւելեան ափի փոխանորդութիւնը` թեթեւ զառիվար ունի (որոշ տեղեր լեռները լիճէն տասնեակ քիլոմեթրով հեռու են):

Խորութիւններ

Պայքալ Լիճ 
Պայքալի խորութիւնը Կասպից ծովի եւ Թանկանիքա լիճի համեմատութեամբ

Պայքալ Երկրի ամէնախոր լիճն է: Առաւելագոյն խորութիւնը 1642 մ է, որ 1983-ին փաստուած է Լ. Կոլոտիլոյի եւ Ի. Սուլիմովի կողմէ գիտարշաւի մը ընթացքին։ Առաւելագոյն խորութիւնը քարտէսներուն մէջ նշուած է 1992-էն սկսեալ եւ հաստատուած է 2002-ին ռուս-սպանա-պելճիքական համատեղ ծրագիրի ժամանակ, որ Պայքալ լիճի քարտէս կազմելու նպատակը ունէր: Այդ ժամանակ համարակալուած են լիճի ջրատարածութեան 1.312.788 կէտեր (խորութիւններու տուեալները ստացուած են վերոնշեալ տուեալներու միջոցով` լրացուցիչ տուեալներու հետ համատեղելով, որոնցմէ են` Սեյսմահետախուզութիւնը, իսկ այս նախագիծի անդամներուն մէջ եղած նաեւ Լ. Գ. Կոլոտիլոն, որ լիճի առաւելագոյն խորութիւնը բացայայտող մարդոցմէ մէկն է):

Եթէ հաշուի առնենք, որ լիճի բացարձակ բարձրութիւնը 456 մ է, ուրեմն անոր ամէնէն խոր բաժինը համաշխարհային ովկիանոսէն ցած կ'ըլլայ, ինչ որ Պայքալի գոգաւորութիւնը ցամաքի ամէնամեծ փակ իջուածքներէն մէկը կը դարձնէ: Լիճի միջին խորութիւնը նոյնպէս մեծ է՝ 744.4 մ։ Անոր խորութիւնը կը գերազանցէ լիճերու առաւելագոյն խորութիւնը։ Պայքալէն զատ՝ Երկրին մէջ միայն երկու լիճեր կան, որոնք 1000 մ ունին եւ աւելի խոր է՝ Տանգանիկան (1470 մ) եւ Կասպից ծովը (1025 մ)։

Ջուրի ծաւալը

Պայքալի ջրային պաշարը հսկայական է՝ 23 615.39 քմ³, որ համաշխարհային քաղցրահամ ջուրերու պաշարի մօտ 19%-ն է։ Ջուրի ծաւալով լիճը աշխարհի լիճերուն մէջ երկրորդն է, որմէ աւելի մեծ է միայն Կասպից ծովը, բայց վերջինիս ջուրը աղի է։ Պայքալի ջուրը աւելի շատ է, քան 5 Մեծ լիճերը միասին (Վերին, Միճիկան, Հուրոն, Էրի, Օնդարիօ) եւ մօտ 25 անգամ աւելի, քան Լատոկա լիճի ջուրը:

Վտակներ ու հոսանքներ

ԺԹ դարու աշխարհագրագէտ, երկրաբան Իվան Ճերսկիի հետազօտութիւններու տուեալներով Պայքալի մէջ կը թափին 336 գետակ ու առուակ, ընդ որում այդ թիւը միայն մշտական հոսանքները կը ներկայացնեն: Այս հարցի շուրջ ժամանակակից տուեալներ չկան, սակայն երբեմն կը նշուի 544 կամ 1123 (որոնց մէջ կը հաշուեն ո՛չ միայն մշտական հոսանքները, այլ նաեւ ցած վայրերու հոսանքները): Կարծիք կայ նաեւ, որ պայմանաւորուած մարդու ազդեցութեամբ եւ կլիմայի փոփոխութեամբ` ԺԹ դարէն մինչեւ ներկայիս ժամանակները կրնայ մօտ 150 հոսանք անհետացած ըլլալ:

Լիճին մէջ թափող ամէնամեծ գետերն են Սելենկան, Վերին Անգարան, Պարկուզինը, Թուրքան, Սնեժնաեան, Կիչերան, Տիեան, Կոլոուսթնաեան, Պուկուլտեյկան: Լիճէն դուրս միայն մէկ գետ կը հոսի` Անգարան:

Ջուրի յատկութիւնը

Պայքալ Լիճ 
Պայքալի ջուրը արտակարգ թափանցիկ է

Պայքալի ջուրը արտակարգ մաքուր է։ Ջուրը քիչ հանքայնացուած է, թթուածինը շատ է, մանրադիտակները քիչ են, իսկ գործնական բաղադրութեան քանակը չնչին է: Հանքային աղերու քանակութիւնը Պայքալի ջուրերուն մէջ 96.7 մգ/լ է:

Ջուրը հիմնականին մէջ մաքուր է մանրագոյն խեցգետիններու պատճառով, որոնք կը սպառեն գործնական բաղադրութիւնները, իրենց մարմինին մէջ կ'անցընեն եւ կը մաքրեն ջուրը։



Անուան ստուգաբանութիւն

Լիճին անունը յստակ ձեւով չէ ստուգաբանուած։ Հետեւեալները տեղեկութիւններ կը բերեն «Պայքալ» անուան ծագումի քանի մը տարբերակներ.

  • Պայիրկու (Պայեգու, բայիրկու, բայուրկու) երկրի եւ ժողովուրդի անունէն եկած
  • Պուրեաթերէն «բայ» (կանգնիլ) եւ «գալ» (կրակ) բառերէն եկած (աւանդավէպի համաձայն` Պայքալն առաջացած է կրակ շնչող լերան` հրաբուխի մէջէն)
  • Պուրեաթերէն «հզօր կանգնած ջուր»
  • Պուրեաթերէն պայխաա` «բնական», «գոյութիւն ունեցող» բառէն եկած
  • Պուրյաթերէն՝ «հարուստ կրակ»
  • Յակուտերէն «բաայ» (հարուստ) եւ «կիւյոլ» (լիճ) բառերէն եկած
  • Յակուտերէն՝ «պայխալ», «մեծ, խոր լիճ»
  • Արաբերէն՝ «պախր ալ պակա» (շատ արցունք ծնող ծով, սարսափի ծով)
  • Պուրեաթերէն պայկալ-տալայ` «ընդարձակ, մեծ, ծովու նման աւազան», ուր տալայ-ը նաեւ «տիեզերական» եւ «գերագոյն» կը նշանակէ
  • Իւկագիրի լեզուով` «լողաթեւ, ջուրէ ցամաք անտառին մէջ մղուած»

Ռուս առաջին ճամբորդները էվենկներու լամու (ծով) բառը օգտագործած են: ԺԷ դարի երկրորդ կիսուն, ռուսերը այս լիճը պուրեաթներու ձեւով անուանած են Պայկալ: Ըստ որուն, անոնք իրենց լեզուին կը յարմարցնեն` կ հնչիւնը ռուսերէն հնչողութեան յարմար գ-ի վերածելով, եւ այսպիսով ձեւաւորուած է լիճին ներկայիս անունը:

Լիճին տրուած ռուսական նախնական անուանումը Սուրբ ծով եղած է (ռուս.՝ Святое море):

Չինական քարտէսներուն մէջ լիճը Պայխէ, Հիւսիսային ծով, Սնեժնաեայ գետը անուանուած է` Ուդուլխէ, որ Ձկան գետ կը նշանակէ, իսկ Լենա գետը` Զուլխէ (վերջին երկուքը տեղանուններու բուրյաթական անուանման կը համապատասխանեն):

«Միրերը» Պայքալի մէջ

2008-ի ամրան «Պայքալ լիճի պահպանման համագործակցութեան հիմնադրամը» գիտահետազօտական գիտարշաւ կազմակերպած է` «Միրերը Պայքալի մէջ»: 52 սուզում կատարուած է լիճին յատակ խորջրեայ ուսումնասիրման համար նախատեսուած «Միր» սարքերով: : Գիտարշավը շարունակվել է 2009-2010 թուականներուն:

Դիտարկումներու արդիւնքներ

2002-2007 թուականներուն բազմաթիւ անգամներ սահմանային թոյլատրելի կեդրոնացման գերազանցումներ արձանագրուած են տարբեր ցուցանիշներով: Հետեւեալ տոկոսները սահմանային թոյլատրելի կեդրոնացման գերազանցման յաճախականութիւնը կը ներկայացնեն:

Ցուցանիշ 2002 2003 2004 2005 2006 2007
Թթվածնի քիմիական կիրառում 30 24 25 29 26 30
Թթվածնի բիոքիմիական կիրառում 24 31 26 17 9 15
Երկաթ 85 91 89 83 87 88
Պղինձ 70 79 93 85 96 97
Ցինկ 22 18 15 15 9 9
Ալյումին 0 3 20 51 0 7
Մանգան 0 80 80 100 0 93
Ֆենոլներ 25 14 36 29 26 3
Նավթամթերք 19 12 18 24 0 28
Ֆտորիդներ 0 31 40 40 0 57


Պայքալ Լիճ  Փառապանծ ծով` սրբազան Պայքալ
Պայքալ Լիճ 


Փաստեր

  • Եթէ Պայքալի ամբողջ ջուրը (23 615.390 քմ³) ՌԴ բնակիչներու վրայ բաժնուի (141 927 297 մարդ), իւրաքանչիւր բնակչի 166.4 հազար մ² ջուր բաժին կը հասնի։
  • Լիճը հետազօտող Լ. Կոլոտիլոյի` «Պայքալի արժէքը» յօդուածին մէջ լիճի ջուրի արժէքը 236 թրիլիոն տոլար գնահատուած է։ Անոր յօդուածը որոշակի հետաքրքրութիւն առաջացուցած է, որոնցմէ են՝ «Ռուսաստանի Կրինփիս» կազմակերպութեան մօտ, իսկ անոր հիմնական դրոյթները բարձրաձայնուած են 27 Նոյեմբեր 2017-ին Վլատիմիր Ժիրինովսկիի` «Վեստի 24» հեռուստաալիքէն տրուած հարցազրոյցին մէջ:
  • 1996-ին, Պայքալ լիճը ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան անդամ ընդունուած է:

Աւանդավէպեր

  • Աւանդավէպեր կան, ըստ որուն հայր Պայքալ 336 գետ-տղայ եւ մէկ աղջիկ ունէր՝ Անգարան։ Անոնք բոլորը «հօր գիրկը» կը թափէին, բարձրացնելով անոր մակարդակը։ Բայց աղջիկը Ենիսէյին հետ կը սիրահարուի եւ կը սկսի հօր ջուրերը տանիլ իր քովէն։ Որպէս պատասխան՝ հայրը մեծ ժայռաբեկոր կը նետէ աղջկան վրայ եւ կ'անիծէ զինք։ Այդ ժայռաբեկորը Շամանի քար կը կոչուի եւ Անգարայի ակունքին մօտ կը գտնուի։
  • Աւանդավէպերու միւս տարբերակին համաձայն՝ Պայքալ մէկ աղջիկ ունէր՝ Անգարան։ Ան Ենիսէյին կը սիրահարուի եւ կը փորձէ փախչիլ անոր մօտ։ Լսելով այս մէկը՝ հայրը կը փորձէ խոչընդոտել՝ գետի ակունքին վրայ Շամանի քարը նետելով, բայց Անգարան կը փախչի։ Այս բոլորէն ետք, հայրը կը հետապնդէ զարմիկին՝ Իրկուտին, բայց կը խղճայ Անգարային, կը թողէ ուղին, թոյլ տալով, որ աղջիկը հասնի Ենիսէյին, միանայ անոր եւ միասին հոսին:

Ֆիլմագրութիւն

  • 1965 - կինոկատակերգութիւն «Եկէ'ք Պայքալ», Մ. Կորքիի անուան արուեստանոց
  • 1969 - գեղարուեստական ֆիլմ «Լիճի մօտ», Մ. Կորքիի անուան արուեստանոց
  • 1992 - գիտահանրամատչելի ֆիլմ «Պայքալեան հաւատալիքներ», «Լեննաուչֆիլմ» արուեստանոց (տնօրէն-գործարկու` Վիքթոր Փետրով): Ֆիլմը կը պատմէ լիճի աշխարհագրական ու բնական առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր ափերը բնակեցնելու մասին:
  • 2011 - գեղարուեստական ֆիլմ «գոհացուցիչ» Եվգէնի Կրիշկովեցի մասնակցութեամբ: Ֆիլմի գործողութիւնները Պայքալի ափին կ'ընթանային` Լիստվեանկայ գիւղին մէջ («Մայաք» հիւրանոց):
  • 2011 - գեղարուեստական կատակերգական ֆիլմ «Դէպի Պայքալ»
  • 2012 - կատակերգութիւն «Դէպի Պայքալ 2»
  • 2015 - գեղարուեստական ֆիլմ «Ծիր կաթին»: Նկարահանուած է Օլխոն կղզիին մէջ: Գլխաւոր դերերը նկարահանուած են Սերկէյ Պեզռուկովը եւ Մարինա Ալեքսանտրովան: Ֆիլմը որպէս ամանորեայ կատակերգութիւն ներկայացուած է, որուն մէջ ընտանեկան արժէքներու բարդ հարցեր շօշափուած են:
  • 2017 - վաւերագրական ֆիլմ «Առանց Պայքալի»

Պայքալը նամականիշերուն մէջ

Պատկերասրահ

Նշումներ

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին Յղումներ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Պայքալ Լիճ 

Tags:

Պայքալ Լիճ ԱշխարհագրութիւնՊայքալ Լիճ ՓաստերՊայքալ Լիճ ԱւանդավէպերՊայքալ Լիճ ՖիլմագրութիւնՊայքալ Լիճ Պայքալը նամականիշերուն մէջՊայքալ Լիճ ՊատկերասրահՊայքալ Լիճ ՆշումներՊայքալ Լիճ ԾանօթագրութիւններՊայքալ Լիճ Արտաքին ՅղումներՊայքալ ԼիճՌուսերէնՌուսիա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Արաբական թերակղզիՂեւոնդ ԱլիշանԼեւոն (անձնանուն)ՆաֆթԺան Ժաք ՌուսօՊուսթան (Սաատի)Արշակ Բ.ՈւկանտաԱշոտ Գ. ՈղորմածՅունուար19 ՀոկտեմբերՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)Ձիթողցոնց տուն-թանգարանՅովհաննէս ԲարսեղեանՌաֆայէլ ԻսրայէլեանԿոստանդնուպոլիսThe Perks of Being A Wallflower (գիրք)1935 թուականԻտալերէնԱծանցաւոր բառեր18 ՀոկտեմբերՊատուոյ Լեգէոն ՇքանշանԱւստրալիաԹահա ՀուսէյնԱրծաթԳրականութիւնՎաղարշապատԵրաժշտութիւնԱբաս Ա. ԲագրատունիՄայքըլ Շումախըր15 ԱպրիլՓաթրայի ԾոցըՊոսթընԿոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ՊատրիարքութիւնԳոլեստան (Սաատի)ՓաստաբանՄուշԳլանՁայնալարերՅունարէնՇարոյր, Յետստամոքսային ԳեղձԱղթամար կղզի1655 թուականՆիքիթա Խրուշչով1981 թուականՆիւթՓոլոնիաՄաթեմատիկան ԴպրոցումԻրաւունքՍտեփան ԱղաճանեանԽաչակիրներու Գ․ ԱրշաւանքՍթիւ ՃոպզՔրիստոնէութիւնԵրեւանՔուէյթՍարգիս (անձնանուն)Այնթուրայի Հայ ՈրբանոցըԵրկուշաբթիԱթէնքՏիգրան ԼեւոնեանՎենետիկՌաֆայէլլօ ՍանթիԱմերիկայի Միացեալ Նահանգներ1901 թուականԶարուհի ԳալեմքեարեանԵրկվայրկեանՍոնա ԹընկըրեանՀայ Ժողովուրդի Մայիսեան ՀերոսամարտերՍօնի1926 թուականԵփրեմ Ապրոյեան19 Փետրուար🡆 More