Աղթամար Կղզի

Աղթամարը Վանայ լիճին ներկայիս չորս կղզիներէն (միջնադարեան շրջանին Վանայ լիճին կղզիներուն թիւը եօթ էր) ամէնէն նշանաւորն է։ Կը գտնուի Վանայ լիճին հարաւ-արեւելեան մասին մէջ։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Աղթամար Կղզի 
1860
Աղթամար Կղզի 
Սուրբ Խաչ Եկեղեցին, Աղթամար։ Յետին կողմը Ռշտունեաց գաւառի ափն է եւ Արտոս լեռը:

Աղթամարը կը գտնուի Ովկիանոսի մակարդակէն 1662-1912մ բարձրութեան վրայ։ Ամէնէն բարձր կէտը Բարձր-Քարն է (1912մ)։ Տարածութիւնը՝ շուրջ 0.7քմ², հեռաւորութիւնը ցամաքէն՝ 3-3.5քմ։ Ափերու ընդհանուր երկարութիւնը՝ շուրջ 4քմ։ Արեւմուտքէն Աղթամարին մօտ է Առտէր կղզին։ Աղթամարի հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան ափերը ժայռոտ են, երբեմն՝ զառիթափ (լիճին մակարդակէն 200-250մ բարձր)։ Յառաջացած է չորրորդ ժամանակաշրջանին։ Կազմուած է կրաքարերէ եւ աւազաքարերէ։ Մթնոլորտային տեղումները՝ մինչեւ 500մմ։ Հիմնականին մէջ ծածկուած է տափաստանային բուսականութեամբ։ Ծառածածկոյթին մէջ կը գերիշխեն թփուտները եւ նշենիները։ Քաղցրահամ ջուրի աղբիւրները կը բացակային։

Կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։

Հնագոյն ժամանակներուն Աղթամար կղզին կոչուած է Այիտուս։

Պատմութիւն

Աղթամար Կղզի 
Աղթամար կղզին Օգոստոս 2018-ին

Կղզիին անուանումը եկած է հին հայկական դիցաբանութեան հերոսուհի Թամարին անունէն։ Այդ դիցաբանութեան հիման վրայ հայ մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեան գրած է իր «Ախթամար» բանաստեղծութիւնը։

Աղթամար կղզին Վասպուրականի բնակչութեան սրտաձիգ վայրը եղած է, որովհետեւ հոն հաստատուած էր նոյն աշխարհի կաթողիկոսարանը՝ իր Ս. Խաչ վանքովը: Աղթամար ապառաժոտ կղզի է մըն եւ զուրկ բուսականութենէ, սակայն Վանայ լիճին մակերեսէն քանի մը հարիւր ոտնաչափ բարձր ըլլալով՝ ամրան ընթացքին օդը զով է եւ կը նկատուի օդափոխութեան հաճելի վայր մը:

Հին դարերուն, հաւանաբար Աղթամար ցամաքին հետ միացած էր, ապա բաժնուած եւ ջուրերու հարուածներու լափումներու հետեւանքով նոյնիսկ փոքրացած:

Աղթամարի անունը դեռ կարելի չէ եղած ճիշդ ստուգաբանել: Ոմանք զայն կը մեկնեն իբրեւ «յաղթուած կամ յաղթող Մարաց», ուրիշներ՝ «Աղ կամ Ախղ՝ ժողովուրդ, Թամար՝ դառնութիւն, ժողովուրդ դառնութեան»:

Վասպուրականի ժողովուրդը իր պարզութեամբը եւ բանաստեղծական աւիւնովը կ'երգէ սէրը զոյգի մը եւ կ'ողբայ մահը դժբախտներու: Այս անանուն կղզիին վրայ Թամար անունով գեղեցիկ աղջիկ մը կ'ապրէր: Ան սիրահարած էր Վռշիկ (Ռշտունի) ազնուականին, որ ամէն գիշեր լողալով անոր այցելութեան կու գար ու կ'երթար:

Փոթորկալից գիշեր մը Վռշիկ կրկին ծով կը նետուի Թամարին քով երթալու համար, սակայն ալիքները կը խափանեն անոր սիրոյ ճամբան: Ան ամէն ճիգ կը թափէ կղզի հասնելու համար, սակայն չի յաջողիր եւ «Ա՜խ Թամար, Թամար» հեծեծելով իր վերջին շունչը կը փչէ: Կղզիին վրայէն սիրատենչ աղջիկը այս տխուր պատկերին սիրտի դառն ցաւով ականատես կ'ըլլայ եւ ինքն ալ ախ ու վախով կը մահանայ: Այդ տխուր արկածէն ի վեր կղզին Աղթամար կը կոչուի:

Դարեր առաջ, այս կղզին Ռշտունիներուն կը պատկանէր: Հոն Բարզափրան Ռշտունին Հրեաներ կը բնակեցնէ, իսկ Թէոդորոս Ռշտունին Է. դարուն զայն բերդերով եւ պարիսպներով կ'ամրացնէ: Միքայէլ Չամչեան կը գրէ. «Սա (Թէոդորոս) ըստ գրելոյ Ասողկայ եւ Վարդանայ... շինեաց վանս ի նմա», մինչ Սուքիաս Էփրիկեան տարբեր կարծիք կը յայտնէ, ըսելով. «Թէոդորոս Ռշտունւոյ կղզւոյս վրայ վանք շինելու յիշատակութիւն չկայ Ասողիկի եւ Վարդանայ մօտ» եւ այնպէս կը համարէ, թէ «վանք» պէտք է բնակարան իմաստով առնել: Սամուէլ Անեցիի այն արտայայտութիւնը, որ կ'ըսէ. «Ի Տէր Եղիայէն Էառ զԱղթամար Գագիկ եւ ետ նմա զԻլի» Էփրիկեան կը խորհի, թէ Գագիկէն առաջ Աղթամարի մէջ «Մենաստան մը սկսեր է ըլլալ»: Իսկ Գագիկ Արծրունի կղզին զանազան շինութիւններով օժտելէ ետք, սկսած է Ս. Խաչ վանքին եւ եկեղեցւոյ շինութիւնը:

Պատկերասրահ

Գրականութիւն

Ծանօթագրութիւններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Աղթամար Կղզի 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Աղթամար Կղզի 

Tags:

Աղթամար Կղզի Ընդհանուր տեղեկութիւններԱղթամար Կղզի ՊատմութիւնԱղթամար Կղզի ՊատկերասրահԱղթամար Կղզի ԳրականութիւնԱղթամար Կղզի ԾանօթագրութիւններԱղթամար ԿղզիՎանայ լիճ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հուանկնիոնկսա պուտտայական տաճարՊորժոմԳլխաւոր ԷջՍան Սթեֆանոյի ՊայմանագիրԵղիշէՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Պուէնոս Այրէս)Ժագ ՍայապալեանԱյասՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակՄեքքաՆիքոլա ՍարքոզիԺապէր Իպն Հայյան20011909 թուականՃափոներէնՏիեզերքԱպու ՏապիՍթոքհոլմՏրդատ Գ.Գառնիի ԱմրոցՃէյմս ՍթիուըրտՋիւանիԳրիգոր ՆարեկացիԱրտեմիս (աստուածուհի)ՎրացերէնԹուրքիաՅակոբ ՊալեանԹիրենեան ծով1854 թուականՀին ԵրեւանՀանրային պարտէզՀաշթակՍիանԹոքախտ1948 թուականՖրանսաԼեւոն ՇանթՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)Պերճ ՊռօշեանՆորվեկիաԱրմենակ ԽանփերեանցՅակոբ Կարապենց27 ՅուլիսԴանիաՊուլկարիաԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան ՄատենադարանՂպտի Ուղղափառ ԵկեղեցիՅակոբ ԱյնթապլեանԿարմիր Խաչի եւ Կարմիր Մահիկի Միջազգային ՇարժումՄագաղաթՀայկական ԴրամՍիամանթօՀայոց ՑեղասպանութիւնԱնժելա ՍարաֆեանՁիԼեւոն (անձնանուն)Գագիկ Բ․Կոստան ԶարեանՄհերի ԴուռԱղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիՆոր Քարէ Դար351 (թիւ)Աւարայրի Ճակատամարտ2004 թուականՀելսինքի17 ՅուլիսՆոր ՏարիՍքիմնոս ՀիոսցինԱզրպէյճանՇարլ ԱզնաւուրՇմաւոն Շմաւոնեան1 ՀոկտեմբերԱնդրանիկ Օզանեան1809 թուական🡆 More