Կրիաներ

Կրիաներ (լատիներէն՝ Testudines) սողուններու դասին պատկանող զրահաւոր ցամաքի եւ ջուրի անասուններ են։ Կը գտնուին ամբողջ երկրագունդի տարածքին։

Կրիաներ

Կրիաներու տարբեր տեսակներ գոյութիւն ունեցած են 200 միլիոն տարի առաջ եւ կը հանդիսանան սողուններու դասին ամէնէն հին խումբը, աւելի հին, քան մողէզներու, օձերու կամ կոկորդիլոսներու խումբերը։

Կրիաները կը սերին ցամաքային հնագոյն, անհետացած սողուններու մէկ ճիւղէն՝ կատիլոզաւրերէն։ Դարաւոր զարգացման ընթացքին, անոնցմէ շատերը՝ աստիճանաբար, ընտելացած են անուշահամ ջուրերուն եւ ծովերուն մէջ ապրելու պայմաններուն։ Ներկայիս կրիաներու 327 տեսակ գոյութիւն ունի, որոնցմէ երեքը՝ միջերկրածովեան, կասպիական եւ ճահիճի կրիաները, որոնց կարելի է հանդիպիլ Հայաստանի տարածքին։

Կ'ենթադրուի, որ կրիաներու կեանքի տեւողութիւնը կրնայ երկարիլ մինչեւ 200 տարի: Անշուշտ կեանքի այս տեւողութիւնը կախեալ է կրիային տեսակէն: Սակայն, միջին հաշուով, կարելի է ըսել, որ`

  • ջրային կրիաները կրնան ապրիլ մօտաւորապէս 40 տարի,
  • ցամաքային կրիաները բնութեան մէջ կրնան ապրիլ մինչեւ 60 տարի, եւ մինչեւ 100 տարի` պահպանուած միջավայրի մը մէջ,
  • ծովային կրիաները ընդհանրապէս կ'ապրին նուազագոյնը 40 տարի, սակայն կարգ մը տեսակներու կեանքի տեւողութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 120 տարիի: Իսկ երկար կեանքի մրցանիշը արձանագրող երկու տեսակներն են ցամաքային կրիաներ` Կալափակոսի հսկայ կրիաները (150 տարիէն մինչեւ 200 տարի), եւ «Սեշելներու հսկայ կրիաները (ուր կ'ապրի Ճոնաթան կրիան, որ ենթադրաբար ծնած է 1832-ին):

Կազմուածք

Կրիաներ 
Կրիայի կմախքը
1՝ գանգ; 2՝ վիզի ողներ; 3՝ թիակներ; 4՝ ուսոսկր
5՝ արմունկոսկր; 6՝ բազկոսկր; 7՝ մեծ մատ
8՝ միջնամատ; 9՝ ճկոյթ; 10՝ մարմինի ողներ
11՝ փորի զրահ; 12՝ կոնք; 13՝ պոչի ողներ
14՝ փոքր ազդրոսկր; 15՝ մեծ ազդոսկր

Կրիաները իրենց արտաքինով կը տարբերին միւս անասուններէն՝ շնորհիւ իրենց պատեաններուն։

Պատեանը կրնայ ունենալ ոսկրային կառուցուածք կամ ըլլալ փափուկ, մաշկային, ինչպէս ծովերը բնակող կրիաներունը։

Զրահի ձեւը թոյլ կու տայ պարզելու, թէ ինչպիսի կեանք կը վարէ կրիան։ Կրիաներէն շատերը ունին մեծ, գմբէթանման զրահ, որ կը դժուարացնէ, որ գիշատիչները ջարդեն զինք՝ իրենց երախին մէջ։

Քանի մը բացառութիւններէն մին Ափրիկէի բլիթանման կրիան է, որուն զրահը տափակ է, որուն շնորհիւ կրնայ պահուըտիլ ժայռերուն ծերպերուն մէջ։
Ջուրի կրիաներէն շատերը նոյնպէս ունին տափակ, շուրջհոսելի զրահներ։ Ի տարբերութիւն իրենց ցամաքային դանդաղաշարժ ցեղակիցներուն՝ ծովերուն մէջ ապրող կրիաները հիանալի արագաշարժ լողորդներ են։

Կրիաներ 
Նկար մը Էրնսթ Հեքքելի "Kunstformen der Natur" գիրքէն, 1904
Վերէն՝ ըստ ժամացոյցի, տարբեր տեսակի կրիաներ.Կաշեպատ, Ծովի, Մաթամաթա, Կաղափակոսի, Օձապոչ, Երկրաչափական, Օձավիզ

Կրիաներու զրահներու գոյները կրնան տարբեր ըլլալ։ Սովորաբար անոնք կ'ըլլան սրճագոյն, սեւ կամ ձիթենիի կանաչ գոյներով։ Երբեմն զրահը կ'ունենայ կարմիր, նարնջագոյն, դեղին կամ մոխրագոյն երանգներ։
Յատուկ ուշադրութեան արժանի են կրիաներուն զրահի մէջքի մասի նախշերը, որոնք բազմազան են։

Բազմացում

Բոլոր տեսակներու, նոյնիսկ ջուրերուն մէջ բնակող կրիաները կը ձուադրեն ցամաքը, շուրջ 1-400 ձու։ Էգերը ձուերը կը թաղեն աւազի կամ հողի մէջ եւ այնուհետեւ անոնցմով չեն մտահոգուիր։

Ձուէն դուրս ելած փոքրիկ կրիաները անմիջապէս կը սկսին անկախ կեանք վարել։ Սկզբնական շրջանը նրանք կ'աճէն, հետագային աճը կը դանդաղի։ Հետաքրքրական է, որ կրիաները կ'աճին իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին։

Սնունդը

Կրիաներուն սնունդը մեծապէս կախեալ է այն միջավայրէն, ուր կ'ապրին։ Ցամաքային եւ ծովային կրիաները առաւելապէս բուսակեր են, բայց ծովային կրիաները երբեմն նաեւ ձուկ կ'որսան։ Անոնք նոյնիսկ կ'ուտեն սպունգներ եւ այլ փափկամարմիններ։ Կրիաները ունին նաեւ քանի մը ամիս անօթի մնալու կարողութիւնը։

Կրիաներ 
Կրիաներ 
Կրիաներ 
Կրիաներու տարբեր տեսակներ.
իւղաբլիթաձեւ, միջերկրածովեան եւ քաղցրահամ ջուրերու

Զինանշաններ

Կրիաներ 
Կրիաներ 

Միջազգային Օր

«Ամերիքըն թորթայզ ռեսքիու» կազմակերպութիւնը նշանակած է կրիաներու միջազգային օր, 2000 թուականին: Անիկա կը նշուի ամէն տարի, 23 Մայիսին:

Անոր նպատակն է մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել այս անասուններուն պահպանութեան կարեւորութեան վրայ: Իւրաքանչիւր անասունի տեսակ ունի իր տեղը եւ իր դերը` ամբողջ կենդանի էակներուն եւ անոնց միջավայրին ամբողջութեան մէջ:

Աղբիւրներ

  1. «Ի՞նչ է, ո՞վ է» հանրագիտարան, 2-րդ հատոր։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Կրիաներ ԿազմուածքԿրիաներ ԲազմացումԿրիաներ ՍնունդըԿրիաներ ԶինանշաններԿրիաներ ԱղբիւրներԿրիաներ ԾանօթագրութիւններԿրիաներԼատիներէնՍողուններ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ծովից ծով ՀայաստանԼեարդՍեւան ՆշանեանՊիլ Քլինթըն-Մոնիքա Լիուինսքի գայթակղութիւնըՄանկական ԱնդամալուծութիւնՏուէյն ՃոնսոնՄխիթար ՀերացիԿորնթոսի ՋրանցքըՊէպօ ՍիմոնեանՅովհաննէս ՇիրազԽրուաթիաԳրիգոր ԵղիաեանՈստանիկԳեղարդի վանքԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներՉիլէ1774 թուականՀոգիներու ԱճուրդՀայ բուսաշխարհ (բառարան)ՀնդկաստանԹիֆլիս1914 թուականՕգոստոսԽորհրդապաշտութիւնՔոքա-ՔոլաՀարաւափրիկեան ՀանրապետութիւնՀին ՅունարէնՌուբէն (անձնանուն)Սաղմոսավանք20191880 թուական21 ՄայիսԱւստրալիաՏարածութիւնՈւիքիմետիա ՀիմնադրամԵրգիծանքԿեանքը Հիանալի է17 Մարտ8 ՀոկտեմբերԵղիշէՔաթար1 ԱպրիլԼոլիկԴողտենդՄակդիրՊէյրութի Ամերիկեան ՀամալսարանՋութակ9 Սեպտեմբեր1874 թուականԵղիշէ Առաքեալի վանքը4 Մարտ30 ՅունիսՎենետիկ25 Փետրուար3 ՄայիսՊան Քի ՄունԼուսինՍազՀայկական ԵրաժշտութիւնՅովհաննէս ՔաջազնունիՀռոմկլաՆիկոլ ԱղբալեանԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)Արա ԳեղեցիկԱրեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաՄանուէլ Մենենկիչեան17 ՍեպտեմբերՍուրիաՔլէոփաթրաՑուլ (կենդանակերպ)Միսաք Մանուշեան12 Յունուար11 ՅունուարԿլիմայական Փոփոխութիւններ1 Յունիս1989 թուական🡆 More