Կղզի Զաքինթոս: կղզի

Զաքինթոս (յուն․՝Ζάκυνθος)․ մայրաքաղաքը՝ Զաքինթոս։ Յոնիական Ծովուն կեդրոնական կղզիներէն, Յունաստան։ Վենետիկցիներուն նախասիրած կղզին․ անոնք կղզիին տուած են Ֆիորօ թու Լեվանթէ ( Φιόρο του Λεβάντε․ թարգմ․՝ Արեւելքին ծաղիկը) եւ Ծանթէ անունը։ Տարածութեամբ՝ Յունաստանի 11-րդ կղզին է։ Իսկ Յոնիական կղզիներուն՝ երրորդը եւ բնակչութեամբ՝ երկրորդը։

Կղզի Զաքինթոս: Աշխարհագրութիւն, Պատմական անդրադարձ, Տնտեսութիւն
Զաքինթոս նահանգին քաղաքապետութիւնները – 1․Զաքինթոս, 2․Ալիքօն, 3․Արքատի, 4․Արթեմիսիա, 5․էլաթիօն եւ 6․Լաղանա։ Իսկ նկարին վարը, փոքրիկ 1-ով նշուած՝ Սրոֆատես կղզիները, Զաքինթոսի քաղաքապետութեան մաս կը կազմեն։

Անոր ծովափները Յոնիական կղզիներուն լաւագոյններէն են։ Մայրաքաղաք Զաքինթոս, արեւմտեան Եւրոպայի մեծագոյն բնական նաւահանգիստն է․ կը գտնուի հսկայ ժայռի մը ստորոտին, ուր Տիոնիսիոս Սոլոմոս գրած է «Երգն Ազատութեան» Յունաստանի ազգային ոգերգը։ Այս կղզիին մէջ զբօսաշրջիկութիւնը շատ զարգացած է եւ ամէն տարի հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ'ընդունի։

Աշխարհագրութիւն

Կղզի Զաքինթոս: Աշխարհագրութիւն, Պատմական անդրադարձ, Տնտեսութիւն 
Զաքինթոս

Զաքինթոսի տարածութիւնն է՝ 406 ք․քմ․ եւ բնակչութեան թիւը՝ 40 758 է, ըստ 2011-ի մարդահամարին։ Հեռաւորութիւնը Պեղեպոնեզի Քիլլինի նաւահանգիստէն 9,5 ծովային մղոն է, իսկ Քեֆալոնիա կղզիէն՝ 8,5 ծ․ մղոն։

Բնակիչները կ'անուանուին Զաքինթյի կամ՝ Զաքինթինի ΖακύνθιοιΖακυνθινοί․

Կղզին կը նմանի անկանոն եռանկիւնի մը։ Զաքինթոսի հիւսիսի սրածայր մասին հրուանդանը Սքինարի (Σκινάρι ) կը կոչուի, իսկ հարաւը, երկու ծայրամասերու հրուանդաններուն միջեւ՝ արեւմուտքէն Մարաթիա եւ արեւելքէն Ղերաքաս, կը կազմուի Լաղանա Ծոցը։

Լաղանա Ծոցին մէջ կը գտնուին երեք կղզիակներ՝ Մարաթոնիսի, Այիոս Սոսթիս եւ Փելուզօ։ Իսկ աւելի վար, Ծոցին բացերը՝ Սրոֆատես կղզիները։

Կղզի Զաքինթոս: Աշխարհագրութիւն, Պատմական անդրադարձ, Տնտեսութիւն 
Մարաթիա հրուանդանը

Զաքինթոսի արեւմտեան դարվար ափերը, Վրահիոնաս լերան ստորոտներն են եւ կը պահպանուին Natura 2000 Յատուկ Պահպանման Գօտի արձանագրութեամբ։

Կլիմայ

Զաքինթոս կղզին Միջերկրականեան մեղմ յատկութիւններով կլիմայ ունի։ Նոյեմբերէն մինչեւ Յունուար անձրեւները յաճախակի են։ Ամառը՝ ընդհանրապէս տաք է եւ չոր։

Երկրաշարժներ

Կղզին ենթակայ է երկրաշարժի յաճախակի զօրաւոր ցնցումներու։ Պատմութեան ընթացքին պատահած են բազմաթիւ կործանիչ երկրաշարժներ․ 16 Ապրիլ 1469-ին, 1513-ին եւ 1514-ին՝ կը քանդուի հին մայրաքաղաքը եւ Պոհալի ու Այիօ Իլիա բլուրները իրարմէ կը հեռանան, 1622-ին՝ Այիօ Սոսթիս հրուանդանը կղզիէն կը բաժնուի եւ կը կազմէ համանուն կղզիակը Լաղանա Ծոցին մէջ, 1742-ին՝ ամբողջ կղզին կը ցնցուի բազմաթիւ յետերկրաշարժային ցնցումներէ։ Կործանիչ կ'ըլլան նոյնպէս 1768-ի, 1809-ի, 1820-ի, 1840-ի, 1893-ի եւ 1912-ի երկրաշարժները։

1953-ի Երկրաշարժը

12 Օգոստոս 1953-ին 7,1 ռիխթըր ուժգնութեամբ կործանիչ երկրաշարժը հիմնովին կը քանդէ կղզիին բոլոր կառոյցները եւ շէնքերը։ Կանգուն կը մնան միայն Այիօ Տիոնիսիս եկեղեցին, Ազգային Դրամատան շէնքը եւ Ամօ գիւղաքաղաքին դպրոցը։

Կործանիչ երկրաշարժէն տասնամեակ մը ետք, կղզին կը վերագտնէ ինքզինք եւ շէնքերը կը կառուցուին Հակաերկրաշարժային Ծրագիրի օրէնքներուն համաձայն։ Այսպիսով կղզին կը դիմանայ (փոքր վնասներ ունենալով) յաջորդող զօրաւոր երկրաշարժներուն՝ 1980-ին, 1990-ին (6,2), 2006-ին (5,9) եւ 26 Հոկտեմբեր 2018-ին (6,8)։

Պատմական անդրադարձ

Առասպել եւ անուանում

Հոմերոս «Իլիատա» եւ «Ոդիսական» դիւցազներգութեանց մէջ, Զաքինթոսը կը նշէ իբրեւ υλήεσσα , որ անտառներով ծածկուած կը նշանակէ։ Զաքինթոս (Ζάκυνθος ) անունը յառաջացած է Ὑάκινθος (Եաքինթոս) կղզիին վրայ տարածուած ծաղիկէն։ Հնադարեան շրջանին, կղզիին բնակիչները կը հաւատային, թէ սեռած են Տարտանոս թագաւորին որդի Զաքինթոսէն։ Անոնք հիմնած են Սպանիոյ արեւմտեան ափերուն Սակունտ (Sagunt) գաղթօճախը։

Կղզիին անունը Գծային Բ․ գիրերով արձանագրուած գտնուած է արեւելեան Պեղոպոնեզի ծովեզերեայ Փիլոս (Pylos) (կամ՝ Navarin) քաղաքին մէջ, Միկինէական շրջանին պատկանող գերեզմանաքարի մը վրայ։

Ըստ Հոմերոսի Ոդիսականին, Զաքինթոս Դրոյեան պատերազմին 12 նաւերով մասնակցած է։

Հնադար

Պարսկական պատերազմներուն ընթացքին, կղզին չէզոք դիրք կը բռնէ եւ ընդհարումներէն հեռու կը մնայ։ Անոնց յաջորդող Պեղոպոնիզեան Ա.Պատերազմին Ք․Ա․ 459-446 թուականներուն Զաքինթոս Աթէնքի հետ կը դաշնակցի։ Նաեւ Աթէնքի կողքին կը մասնակցի Սիցիլիոյ (Սիքելիոյ) արշաւանքին Ք․Ա․ 415-143 թուականներուն:

Հռոմէական եւ բիւզանդական ժամանակաշրջաններ

Ք․Ա․ 4-րդ դարէն, Զաքինթոս Մակետոնիոյ իշխանութեան մաս կը կազմէ։ Իսկ Ք․Ա. 191-ին վերջնականապէս կ'իյնայ Հռոմէական կայսրութեան ձեռքը, ապա՝ Արեւելեան Հռոմէական Կայսրութեան՝ Բիւզանդական կայսրութեան։

Բիւզանդական շրջանին, կղզին կ'ենթարկուի ծովահէններուն եւ Վանտալոններուն (Vandales) յաճախակի յարձակումներուն, նաեւ՝ արաբներուն եւ նորմանտներուն։ Սիցիլիի նորմանտները կղզին կը գրաւեն 1185-ին եւ Զաքինթոս մաս կը կազմէ Սիցիլիոյ Թագաւորութեան (Βασίλειο της Σικελίας), մինչեւ 1479։

Վենետիկեան իշխանութիւն

Կղզի Զաքինթոս: Աշխարհագրութիւն, Պատմական անդրադարձ, Տնտեսութիւն 
Զաքինթոս մայրաքաղաքը

1479-1797 թուականներուն կղզին կը գտնուի Վենետիկեան Իշխանութեան տակ։ Վենետիկցիները հմայուած կղզիին գեղեցկութենէն, զայն կ'անուանեն «Լեվանթինի Ծաղիկը» (Fior di Levante) եւ «Ոսկեայ կղզին» (Isola d'oro)։ 

Ռուս-թրքական եւ ֆրանսական գերիշխանութիւն

1797-1799 թուականներուն Յոնիական կղզիները ներառեալ Զաքինթոսը, Քամփօ Ֆորմիօ դաշինքով (traité de Campo-Formio) ֆրանսական գերիշխանութեան տակ կը գտնուին։

21 Մարտ, 1800-էն մինչեւ 8 Յունիս, 1807 Կոստանդնուպոլսոյ համաձայնագիրով Զաքինթոս մնացեալ Յոնիական կղզիներուն հետ «Եօթը կղզիներու Հանրապետութիւն» անուանումով կը գտնուին Ռուսիոյ եւ Օսմանեան լուծին տակ։

1807-1809 թուականներուն կղզիները կրկին կը գտնուին ֆրանսական տիրապետութեան տակ։

Անգլիական լուծ

1809-ին, ֆրանսական նաւատորմիղին պարտութեամբ, Անգլիացիները յաջորդաբար կը գրաւեն Յոնիական Ծովուն գլխաւոր կղզիները եւ Զաքինթոսը։

1815-1864 թուականներուն Զաքինթոս Անգլիոյ հովանաւորութեան տակ կը գտնուի՝ «Յոնիական կղզիներու միացեալ Պետութիւն» անունին տակ։ Սակայն, ինչպէս մնացեալ կղզիներուն բնակիչները, Զաքինթոսցիներն ալ տեւաբար կը ճնշեն պահանջելով անոնց միացումը Յունաստանին։

Յունաստանի հետ միացում

Յունաստանի Անկախութենէն տասնամեակներ ետք է, որ Յոնիական կղզիները մայր Յունաստանին կը միանան 21 Մայիս 1864-ին՝ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ստորագրուած դաշինքով մը։

Ի. դար եւ ժամանակակից շրջան

Կղզի Զաքինթոս: Աշխարհագրութիւն, Պատմական անդրադարձ, Տնտեսութիւն 
Լաղանա ծովափը

Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, կղզին կարճ ժամանակի մը համար ֆրանսական ուժերը կը գրաւեն։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի սկզբնական շրջանին կղզին կը գտնուի նացիական Գերմանիոյ բռնապետութեան տակ։ Կղզիին քաղաքապետը եւ եպիսկոպոս Խրիսոստոմոս կը մերժեն նացիներուն յանձնել կղզիին հրեայ բնակիչները․ զանոնք կը պահեն գիւղական շրջաններու բնակիչներուն մօտ։

Կղզիին 275 հրեաները կը փրկուին։ Անոնց փրկութեան երկու գլխաւոր դերակատարները հետագային կը պարգեւատրուին Երուսաղէմի Եատ Վասեմ Yad Vashem թանգարանէն իբրեւ՝ Ազգերու Արդարները Righteous Among the Nations։

1953-ի Երկրաշարժը

Օգոստոս 1953-ին Քեֆալոնիա եւ Զաքինթոս կղզիներուն միջեւ 2-12 Օգոստոս՝ 113 զօրաւոր երկրաշարժներ կ'արձանագրուին, որոնցմէ ամէնէն ուժեղը եւ քանդիչն էր՝ 12 Օգոստոս 1953 -ին 6,8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժը։  

Տնտեսութիւն

Հարուստ բուսականութեամբ կղզի մըն է։ Գլխաւոր ճարտարարուեստներէն են՝ զբօսաշրջիկութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը։ Գիւղատնտեսութիւնը յենած է մանաւանդ ձիթենիի, կիտրոնազգի պտուղներու, չամիչի եւ ծաղկաբուծութեան արտադրութիւններուն վրայ։

Փոխադրամիջոցներ

Ցամաքային

Զաքինթոսի տափարակ մասը ունի ճամբաներու եւ փոխադրամիջոցներու խիտ ցանց մը, որոնք մայրաքաղաքը կը կապեն կղզիին մնացեալ շրջաններուն հետ։

Ծովային

Կան երկու նաւահանգիստներ․ մայրաքաղաք Զաքինթոսինը եւ անկէ 32 քմ․ դէպի հիւսիս արեւմտեան Վոլիմես շրջանին պատկանող Այիոս Նիքոլաոս գիւղինը։ Երթեւեկութիւնը Յունաստանի մայր ցամաքամասին հետ կ'ըլլայ Պեղոպոնեզի հիւսիս-արեւմտեան Քիլլինի նաւահանգիստէն։ Նաեւ կը կապուի դրացի Քեֆալոնիա կղզիին հետ։

Կղզի Զաքինթոս: Աշխարհագրութիւն, Պատմական անդրադարձ, Տնտեսութիւն 
«Երգն Ազատութեան»․ Տիոնիսիոս Սոլոմոս

Օդային

Կղզիին միջազգային օդակայանը Zakynthos International Airport "Dionysios Solomos" (IATA: ZTH, ICAO: LGZA) (բացուած 1972-ին) մայրաքաղաքին մօտն է եւ կապուած է Յունաստանի տարածքին մնացեալ օդակայաններուն հետ։

Մշակոյթ

Յոնիական Ծովուն կղզիները, դարերու ընթացքին զարգացուցած են իւրայատուկ մշակոյթ մը, որ ներկայիս կը բացատրուի իբրեւ Էփթանեզեան Դպրոց Επτανησιακή Σχολή (ճարտարապետութիւն, գեղարուեստ, երաժշտութիւն, եւ այլն)։ Զաքինթոս Քերքիրային հետ առաջնահերթութիւնը ունին։

Զաքինթոս կը նկատուի երաժշտութեան կղզին։ Բնակիչները երաժշտասէր են եւ ամէնուրեք կազմած են տեղական փոքր ընկերային բնոյթով «երգչախումբեր»։ Անոնք ընդհանրապէս կ'երգեն տեղական հին երգեր, մանաւանդ քանթատես καντάδες կոչուածը։

Կղզին ծննդավայրն է յոյն եւ իտալացի բազմաթիւ մտաւորականներու։ Տիոնիսիոս Սոլոմոս բանաստեղծը 1823-ին, Յունաստանի ազատագրական պայքարին ընթացքին կը գրէ «Երգն Ազատութեան» 158 տուներէ բաղկացած բանաստեղծութիւնը․ հետագային (1865) Յունաստանի Ազգային ոգերգը կը դառնայ։

Ուրիշ յատկանշական երեւոյթ մըն է բաց թատրոնի տեսակը, որ երեք դարու պատմութիւն ունի․ «խօսքեր (ομιλίες)» կը կոչուի։

2009-էն ի վեր, ամէն տարի ամրան, տեղի կ'ունենայ Ճազ երաժշտութեան փառատօնը (Φεστιβάλ Τζαζ Ζακύνθου / Zante Jazz Festival)։

Զաքինթոսի քաղաքապետութիւնը կը հրատարակէ երկամսեայ «Տիմոս + Փոլիթիա» (Δήμος + Πολιτεία) պարբերաթերթը։

Բնապահպանում

Արեւմտեան եւ հիւսիս արեւելեան ափեր

Զաքինթոս կղզիին արեւմտեան եւ հիւսիս արեւելեան ափերը կը պահպանուին Natura 2000, GR2210001 արձանագրութեամբ։ Կ'ընդգրկեն հիւսիս արեւելեան Այիօ Նիքոլաօ ծոցէն մինչեւ հարաւային Զաքինթոսի Աքրա Մարաթիա ծայրամասը։ Արեւմտեան դարվար ափերը, Վրահիոնաս լերան ստորոտներն են։ Անոնք թուփերով պատուած են։ Իսկ անտառային տարածութիւնները՝ Հալէպեան շոճիներով Pinus halepensis։  Շրջանին 214,190 լծվարները կը պահպանուին «Natura 2000 Յատուկ Պահմանման Գօտի» արձանագրութեամբ։

Այս շրջանի կենսահարստութեան մաս կը կազմեն՝  

Կղզի Զաքինթոս: Աշխարհագրութիւն, Պատմական անդրադարձ, Տնտեսութիւն 
Մարաթոնիսի

Ինչպէս նաեւ՝ Սեւականջ Քարաբնակը ασπροκωλίνες - Oenanthe hispanica - Hippolais olivetorum երկոտանիները եւ Limonium phytosianum, L. zacynthium, Յոնիական խոլորձին Serapias ionica եւ շատ ուրիշ տեղայատուկ բուսական տեսակներ։

Լաղանա ծոցն ու Մարաթոնիսի եւ Փելուզօ կղզիները

1999-էն, Լաղանայի ծոցը յայտարարուած է իբրեւ Ազգային Պուրակ։  Հոն հաւկիթ կ'ածեն անհետացումի վտանգին ենթարկուած Քարեթա-Քարեթա կրիաները։ Ծոցին տարածութիւնը՝ 6977 լծվար, NATURA 2000 GR2210002 արձանագրութեամբ պահպանուած շրջան մըն է։

Ծովային ճեմապարտէզ

Զաքինթոսի Ազգային Ծովային Ճեմապարտէզը կը հիմնուի Յունաստանի Նախագահական հրամանով 1999-ին (Εθνικό Θαλάσσιο Πάρκο Ζακύνθου (Ε.Θ.Π.Ζ.) - National Marine Park of Zakynthos)։ Հոն կը պահպանուին շրջանին կենսահարստութիւնը՝ բուսականութիւնը եւ կենդաբանութիւնը, մանաւանդ՝ Քարեթա-Քարեթա կրիաները։

Տեսարժան վայրեր, Պատկերասրահ

Տես նաեւ

Քերքիրա

Փաքսի

Լեֆքատա

Քեֆալոնիա

Իթաքի

Քիթիրա

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

  1. Զաքինթոսի Ծովային Ճեմապարտէզը(յունարէն)
  2. Զաքինթոսի քաղաքապետութեան կայքէջը Archived 2020-07-29 at the Wayback Machine.(յունարէն)
  3. Զաքինթոսի հրեաներուն հրաշալի պատմութիւնը(անգլերէն)
  4. Սթրոֆատես, քարտէս(յունարէն)
  5. Միջերկրականի Մոնահուս կրիան(անգլերէն)
  6. Միջերկրականի Մոնահուս կրիան(անգլերէն)
  7. Քարեթա քարեթա կրիան(անգլերէն)
  8. [1][permanent dead link](յունարէն)
  9. Սեւաքար Բազէ(յունարէն)
  10. Ծովագռաւ(յունարէն)
  11. Սեւականջ Քարաբնակ(յունարէն)
  12. Սեւականջ Քարաբնակ(յունարէն)
  13. Սարտինեան երգակը(անգլերէն)
  14. Սարտինեան երգակը(անգլերէն)
  15. Սարտինեան երգակը(անգլերէն)
  16. Երգն Ազատութեան, Տիոնիսիոս Սոլոմոս(անգլերէն)
  17. Զաքինթոսի «քանդատա»յի նմուշ մը Γιαλό-Γιαλό (Ծովափէ՝ ծովափ)
  18. Զաքինթոսի «քանդատա»յի նմուշ մը Απόψε την Κιθάρα μου (Այսօր Կիթառս)
  19. Զաքինթոսի «քանդատա»ն․ գէֆի առիթ

Tags:

Կղզի Զաքինթոս ԱշխարհագրութիւնԿղզի Զաքինթոս Պատմական անդրադարձԿղզի Զաքինթոս ՏնտեսութիւնԿղզի Զաքինթոս ՓոխադրամիջոցներԿղզի Զաքինթոս ՄշակոյթԿղզի Զաքինթոս ԲնապահպանումԿղզի Զաքինթոս Տեսարժան վայրեր, ՊատկերասրահԿղզի Զաքինթոս Տես նաեւԿղզի Զաքինթոս ԾանօթագրութիւններԿղզի Զաքինթոս Արտաքին յղումներԿղզի ԶաքինթոսՅոնիական ծովՅունաստանՅունարէնՎենետիկ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Օրբելի ԵղբայրներՍարգիս ՍերոբեանՄոնրէալԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԿատակերգութիւնԻնքնիշխան պետութիւնՅովհաննէս ԹումանեանԳլաձորի համալսարանԳեղարդ Սուրիահայ ՏարեգիրքԻսրայէլ ՕրիՔանտելուսիաՀոկտեմբերեան ՅեղափոխութիւնԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)ԱրժանթինԱլպանիաՄուշԱրամ ՄանուկեանԳիտա-երեւակայութիւն (science fiction)24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Լեռնային ՂարաբաղՀայկական ՍփիւռքԿարինԵփեսոսի Գ. Տիեզերական ԺողովԱրշիլ ԿորքիՄակեդոնաս (դիցաբանութիւն)ՖրանքֆուրթԻտալիաԵոհան Սեպասթիան ՊախՀամաշխարհային ժառանգութիւնՎարդան ԳրիգորեանԿուլիէլմօ ՄարքոնիՏղմուտ (գետ)Մանուէլ ՄամիկոնեանՏըլէ ԵամանՔաթարՂրիմահայ ԳաղութըՃատրակ1996Վիգէն ԽեչումեանԱշոտ Բ․ ԵրկաթՀառիճի վանքՀունգարիաՖրանսաՊարկապզուկԹերի ՃորճՍ. Ղազար կղզիՍ. Յակոբ Եկեղեցի (Էշրէֆիէ)Պահաէտտին ՇաքիրԱրամ ՔերովբեանԹաթա ՍիմոնեանՊօղոս Նուպար ՓաշաՀրայր ԴժոխքԿոյրերու Յատուկ ՖութպոլԱրլինկթընի Ազգային ԳերեզմանատունԱպտալլահ Պըն Ապտուլ-Ազիզ-Ալ-ՍաուտՔրաքովՀացԿարմիր ԾովՊահքի տեսակներGoogle PlayՎլատիմիր Լենին🡆 More