Լեարդաթորշում

Լեարդաթորշումը, (cirrhosis) լեարդի ամբողջական եւ վերջնական սպիացումն ու փճացումն է:

Լեարդաթորշում

Ախտապատճառներ

Լեարդաթորշումը բազմաթիւ լեարդային երկարատեւ հիւանդութիւններու վերջին փուլն է: Տեղի կ'ունենայ շատ դանդաղ եւ թաքուն ձեւով: Լեարդաթորշումով լեարդի արիւնով մատակարարումը կը նուազի եւ լեարդի գործունէութիւնը կը ձախողի, մասնաւորապէս սննդանիւթերու, ներծորոյթներու եւ բնասպիտի արտադրութիւնը կը խանգարուի կամ ալ կը նուազի:

Լեարդաթորշումի կարեւորագոյն ախտապատճառներն են`

  • Լեարդի ժահրային հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս` լեարդաբորբի A, B, C խմբաւորումները: Լեարդաթորշումի հիմնական պատճառը լեարդաբորբի C խմբաւորումն է:
  • Ալքոլամոլութիւն. չափազանց ալքոլի գործածութիւնը լեարդը կը մատնէ դժուարութեան եւ ան չի կրնար բնական ձեւով կատարել իր դերակատարութիւնը: Լեարդի բջիջները կը փճանան կամ կ'այլափոխուին եւ տեղի կ'ունենայ ճարպի կուտակում եւ մնայուն լեարդաբորբ, որ պատճառ կը դառնայ կանխահաս սպիացումի, ապա` լեարդաթորշումի:
  • Ծինային հիւանդութիւններ. անբնական ծիներու ներգործութեամբ կը յառաջանան լեարդի կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս` երկաթագունախտ (hemochromatosis) եւ Ուիլսըն-ի հիւանդութիւն, որոնք ընդհանրապէս կը յայտնուին շատ կանուխ` մանկութեան շրջանին կամ աւելի ուշ:
  • Վարակամերժութեան (Immunity) համակարգի խախտում, որուն պատճառով լեարդը կ'ենթարկուի կրկնովի բորբոքումներու եւ սպիացումի:
  • Որոշ դեղերու եւ ճարտարարուեստական թոյներու ենթակայութիւն:
  • Լեարդի խլիրդներ, որոնք ընդհանրապէս մարմինի այլ օրկաններէ լեարդ փոխակայուած (metastasized) կ'ըլլան:
  • Գիրութիւն:
  • Շաքարախտ:
  • Մաղձածորանի (bile duct) խցում, որուն պատճառով մաղձ չի հասնիր բարակ աղիքներուն:
  • Սիրտի աշխատանքի կրկնովի կաթուած (heart failure):
  • Լեարդի պարկային բնաթելացում (cystic fibrosis):

Լեարդաթորշումի ախտանշաններն են`

  • ախորժակի նուազում,
  • յոգնածութիւն,
  • ֆիզիքական ընդհանուր տկարութիւն,
  • ծանրութեան կորուստ,
  • դեղնախտ,
  • քերուըտուք,
  • սրունքներու եւ փորի  ջրակուտակում (ascitis),
  • մէզի գոյնի փոփոխութիւն`սրճագոյն մէզ,
  • շփոթութիւն,
  • կեդրոնացումի նուազում,
  • արիւնոտ կղկղանք,
  • մորթային կապտաբիծեր (bruises),
  • ջերմութիւն:

Լեարդաթորշումի ախտաճանաչումին համար կը կատարուին՝

  • բժշկական ընդհանուր քննութիւն,
  • լեարդի գործունէութեան արեան զանազան տեսակի քննութիւններ,
  • մէզի քննութիւն,
  • լեարդի համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan),
  • լեարդի անդրձայնային նկարում (ultrasound):

Լեարդաթորշումէ տառապող անհատը կ'ունենայ շատ մը բարդութիւններ, օրինակ`

  • լայնցած երակներու արիւնահոսութիւն,
  • փորի ջրակալում,
  • շաքարախտի զարգացում,
  • մորթային զարկերկային արիւնահոսում,
  • մորթային կապտաբիծերու յայտնաբերում,
  • կանխահաս դաշտանադադար,
  • մկանային տկարութիւն,
  • երիկամի աշխատանքի խանգարում եւ դադարում,
  • արեան թթուածինի նուազում,
  • լեարդային ուղեղատապ,
  • մահաքուն եւ մահ:

Լեարդաթորշումը հիմնական դարման չունի: Սակայն կան որոշ միջոցառումներ, որոնք կը դանդաղեցնեն անոր յառաջխաղացքը: Այս միջոցառումներէն կարելի է յիշել հետեւեալները.

  • ալքոլ չգործածել,
  • աղի գործածութիւնը նուազեցնել,
  • յոգնեցուցիչ աշխատանքէ հրաժարիլ,
  • գործածել քորթիզոն (cortisone), հակաժահրային եւ միզամղիչ դեղեր:

Լեարդաթորշումը կարելի է կանխարգիլել` հետեւելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.

  • Ալքոլ բնաւ չգործածել,
  • Լեարդի բորբոքումներ չունենալ,
  • Ենթակայ չըլլալ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշի (AIDS) եւ մարդկային ախտամերժողականութեան անբաւարարութեան ժահրին (HIV),
  • Չունենալ անպաշտպան սեռային յարաբերութիւն` կասկածելի անձերու հետ,
  • Հեռու մնալ քիմիական նիւթերէ, թոյներէ եւ միջատասպան դեղերէ,
  • Պատուաստուիլ լեարդաբորբ A եւ B խմբաւորումներու դէմ,
  • Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի. ուտել առատ պտուղ եւ բանջարեղէն, ճարպ շատ չսպառել,
  • Չգիրնալ,
  • Օրինաւոր մարզանքի հետեւիլ:

Լեարդաբորբի A եւ B խմբաւորումները կանխարգիլելի են յատուկ պատուաստներով: Լեարդաբորբի C  խմբաւորումը պատուաստ չունի:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Լեարդ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Մուշ1979 թուականՀամաշխարհային Առաջին ՊատերազմՍիերա ԼէոնԹիֆլիսԿցական բարդութիւնՈւյղուրներԱւագ ՇաբաթՍ. Յակոբ ՄծբնացիՍեւ ԾովՈւքրանիաԵություպՆոպէլեան Մրցանակ1616 թուականՀայկական Թուային ՀամակարգՀրազդան գետՓիլիսոփայութիւնՈւիքիմետիա Հիմնադրամ1587 թուականԵրիկամՊարսելոնաՍ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի (Հալէպ)1939 թուականՀանրագիտարանՆիւ ՏելհիԱմսթերտամՀատապտուղԿոստան ԶարեանԱրուսեակ (մոլորակ)ՄատրիտԱւարայրի ՃակատամարտԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններԳիտութիւնՃամայքաՍերժ ԱւետիքեանԲաբելոնԲիւզանդական ԿայսրութիւնՔեմպրիճ30 ԱպրիլԱնտրէա ՊոչելլիԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներՍելանիկԱռիւծ ԱրքայՄակդիրՕթիզմ (Առանձնայնութիւն)Անգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնՄեղուներըԱրլինկթընի Ազգային ԳերեզմանատունՄիլանԷփըլՊիթլսՊելճիքաԱրարատեան տարազԱնդրանիկ ԾառուկեանՓոլոնիաԴեղաբանութիւն1 ԱպրիլՄուհամմէտ ԱլիՄիանմարԽոսրովի ԱնտառՄարկ ՆշանեանԿրասնոտարՈսկիՏիեզերքԷլէն ՍեկարաՓորթուկալ1960Օսմանեան ԿայսրութիւնՀիւսիսային ՔորէաՍանսկրիտԹայմՎենետիկՃամալ ԽաշըքճիՏրէյք (ռափր)ՌումանիաՈւոլթ Տիզնի Ընկերութիւն🡆 More