Արլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն

Արլինկթընի ազգային գերեզմանատուն (անգլերէն՝ Arlington National Cemetery)՝ ամերիկեան ռազմական գերեզմանատուն Ուաշինկթընի արուարձան Արլինկթընի մէջ։ Գերեզմանատան տարածքին թաղուած են պատերազմներու մասնակիցներ, Միացեալ Նահանգներու նախագահներ, Գերագոյն դատարանի նախագահներ եւ աստղանաւորդներ:

Արլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն
Արլինկթընի ազգային գերեզմանատունը

Ներկայիս հոն թաղուածներու քանակը 320 հազար է, մակերեսը 2.53 քմ2 է:

Պատմութիւն

Հիմնուած է 1865-ին եւ նախատեսուած էր Քաղաքացիական պատերազմին զոհուած զինուորները թաղելու համար: Գերեզմանատան հողակտորը առգրաւուած է Քաղաքացիական պատերազմին Հարաւի բանակի գլխաւոր հրամանատար Ռապըրթ Լիէն:

Յուղարկաւորութեան Կանոնները

Գերեզմանատունէն ներս կրնան թաղուիլ պատերազմներու մասնակիցներ եւ անոնց ընտանիքներու անդամներ, ծառայութեան մէջ գտնուած եւ պաշտօնաթող զինուորականներ, նախագահներ, պետական պարգեւներու արժանացած դէմքեր:

Կան նաեւ սահմանափակումներ, զոր օրինակ գերեզմանատունէն ներս չեն կրնար թաղուիլ յանցագործութիւններու համար մահապատժի կամ ցմահ բանտարկութեան արժանացած անձինք:

Ըստ կանոններու, ընտանիքին անդամները կրնան պահանջել, որ գերեզմանի մարմարեայ սալին վրայ նշուի թաղուածի կրօնական պատկանելութեան խորհրդանիշը:

Բաժանումներ

Գերեզմանատունը բաժնուած է 70 մասերու, հարաւարեւելեան եւ արեւմտեան քանի մը տեղամասեր կը պահուին հետագայ օգտագործման համար: 60-րդ տեղամասը նախատեսուած է 2001-էն ետք ահաբեկչութիւններու զոհերու համար: 21-րդ տեղամասը յայտնի է նաեւ Բուժքոյրերու տեղամաս անունով: Մէկ այլ տեղամաս՝ Քահանաներու տեղամասն է, ուր կը գտնուին հրէական, բողոքական եւ կաթողիկէ զինուորական քահանաներու յուշաքարեր: 1901-ին, Զինուորներուն Տունէն ներս թաղուած են Համադաշնութեան զինուորներ:

Գերեզմանատունէն Ներս Թաղուած Նշանաւոր Անձինք

Արլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն 
Ճոն Քենետիի անմար կրակը
Արլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն 
Յուշարձան սպանիա-ամերիկեան պատերազմի (անգլերէն՝ Spanish-American War, 1898) բուժքոյրերուն

Պետական քարտուղարներ՝

Գերագոյն դատարանի նախագահներ՝

  • Ուորըն Պըրկըր (անգլերէն՝ Warren Erl Burger, մ. 1995)
  • Ուիլիըմ Ռենքվիսթ
  • Ըրլ Ուորըն (անգլերէն՝ Earl Warren, մ. 1974)
  • Օլիվըր Հոլմս (անգլերէն՝ Oliver Wendell Holmes, մ. 1935)
  • Արուեստի եւ մշակոյթի գործիչներ՝
    • Դերասաններ՝
      • Լի Մարվին (անգլերէն՝ Lee Marvin, մ. 1987)
      • Ճեքի Քուփըր (անգլերէն՝ Jackie Cooper, մ. 2011)՝ ծովային ծառայելու պատուին
    • Երգահան եւ երաժիշտ Կլէն Միլլեր (անգլերէն՝ Alton Glenn Miller, մ. 1944)
    • Գրող Տաշիլ Հէմմիթ (անգլերէն՝ Dashiel Hammet, մ. 1961)
  • Զինուորականներ՝
    • Ժեներալ Ճորճ Մարշըլ (անգլերէն՝ George Catlatt Marshall, Jr., մ. 1979)
    • Ժեներալ, հրամանատար Ճոն Շալիքաշվիլի (անգլերէն՝ John Malchase David Shalikashvili, վրաց.՝ ჯონ მალხაზ დევიდ შალიკაშვილი)
  • Այլ՝
    • Սրտավիրաբոյժ Մայքըլ Տը Պէյքի] (անգլերէն՝ Michael Ellis DeBakey, մ. 2008)

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Արլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն ՊատմութիւնԱրլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն Յուղարկաւորութեան ԿանոններըԱրլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն ԲաժանումներԱրլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն Գերեզմանատունէն Ներս Թաղուած Նշանաւոր ԱնձինքԱրլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն ԾանօթագրութիւններԱրլինկթընի Ազգային ԳերեզմանատունԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներԱնգլերէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Անդրանիկ ՕզանեանՄերսինՍուրէն ՍպանդարեանՏալասՀազար Ու Մէկ ԳիշերՇահան ՇահնուրՈւիլիըմ Սարոյեան24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Clube Náutico CapibaribeԹէոնա ՔումսիաշվիլիՍուէզի Ջրանցքը144 (թիւ)Մարիա Ճէյքըպսըն1 ՕգոստոսՀամբիկ ՄարտիրոսեանԳահիրէՈւիքիմետիա ՀիմնադրամՏաթեւի ՎանքԱրա Տարզի Թերզեան1901 թուականԼեւոն ԱրոնեանՀամաստեղՆիկողայոս ԱդոնցԼուսնթագՏոտեքանիսաԱկանջԱրամ ԵրկանեանԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԱզատուհի Սիմոնեան Գալայճեան19 Յուլիս10 ՄարտՍտեփանակերտՍանահինի Վանք14 ՀոկտեմբերՍոկրատԿենաց ԾառըՍողոմոն ԹեհլիրեանԱրամ ՄանուկեանՖրիտիոֆ ՆանսենԱրարատեան ԴաշտՃիաքօմօ ԿօրրինիԼոյսԾառԶարեհ Արք. ԱզնաւորեանՀանրապետութիւնՂեւոնդ (պատմիչ)Ստեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)Փարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովՆոր ՆախիջեւանԱւստրալիաՍահարա ԱնապատՔրտական Աշխատաւորական ԿուսակցութիւնՍեւրի ԴաշնագիրՄերի-Ճին Օ'ՏոհըրթիԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարՄեծն ՏիգրանԱրարատ (Լեռ)1674 թուականՍ. Գէորգ զօրավարՄանոս ԽածիտաքիսԱրեւ (թերթ)Մարի ՊէյլերեանՔարէն ԵփփէՄոլորակներՄեքքա13 ՄարտԽարբերդՔանատաՄիջերկրական ԾովԳրիգոր Գուրզադեան1930Մխիթար ՀերացիԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներԳուրգէն ԵանիգեանՆերսիսեան Դպրոց (Թիֆլիս)Եդուարդ Պօյաճեան🡆 More