«Իսլամ եղբայրներ» (արաբերէն՝ الاخوان المسلمين), միջազգային կրօնական եւ քաղաքական կազմակերպութիւն, որ ստեղծուած է 1928-ին Իսմայիլիայի մէջ` իսլամական կրօնի ուսուցիչ Հասան Ալ-Պաննայի կողմէ (Եգիպտոս): 1933-ին կազմակերպութեան շտապ-կայանը տեղակայուած է Քահիրէ: Հասան Ալ-Պաննան շարժումը բնութագրեց այսպէս՝ «Սաֆալեան շարժում, ուղղափառ ճանապարհ, սուֆիստական իրականութիւն, քաղաքական կազմակերպութիւն, մարմնամարզային խումբ, գիտական եւ մշակութային համայնք, գիւղատնտեսական կազմակերպութիւն, ընկերվարական գաղափար»: 1949-ին Հասան Ալ-Պաննայի մահէն ետք, արդէն 1950-ին շարժման գաղափարակիցներէն մէկը դարձաւ Սայիտ Քութուպը, զոր մահապատիժի ենթարկեցին 1966-ին: Կազմակերպութիւնը ունի բազմաթիւ հետեւորդները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան ունէր գրեթէ 500 հազար անդամ: Ինչպէս կը նշէ «Ժենմին Ժիպաօ» թերթը (2013), կազմակերպութիւնը ունի մեծ տարածում։ Անիկա մեծ ուժերով կը գործէ Թունուզի, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ:
Կազմակերպութեան կարգավիճակը միանշանակ չէ: Շարք մը երկիրներու մէջ անիկա օրինաւոր է է, իսկ անոր կապուած քաղաքական կուսակցութիւնները տեղեր կը գրաւեն տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ (Վերածնունդի կուսակցութիւնը Թունուզի մէջ, ազգային քոնկրեսը Սուտանի մէջ, Իսլահը Եմէնի մէջ եւ այլն): Միաժամանակ անիկա ահաբեկչական կազմակերպութիւն կո նկատուի Պահրէյնի, Եգիպտոսի,, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ։
1954-ին Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտուլ Նասերի վրայ կատարուած ձախող մահափորձէ ետք «Իսլամ եղբայրներու» գործունէութիւնը Եգիպտոսի մէջ աւարտեցաւ, քանի մը կառավարութեան հակառակորդներ ձերբակալուեցան:
1984-ին «Իսլամ եղբայրները» մասնակցեցան խորհրդարանական ընտութիւններուն: Սակայն իրաւաբանական կարգավիճակ չունենալը անոնց կը ստիպէ հանդէս գալ արձանագրուած կուսակցութիւններու ցուցակով կամ որպէս «անկախ» թեկնածու: Օրինակ՝ 1984-ին «Եղբայրները» հանդէս եկան «Նոր Ուաֆտ» ազատական կուսակցութեան ցուցակով եւ Ազգային ժողովի մէջ (խորհրդարան) ունեցան 8 տեղ: 1987-ին անոնք արդէն միացան ընդդիմադիր «Նոր Ուաֆտ», ազատական-ընկերվարականներուն եւ Ընկերվարական-աշխատաւորական կուսակցութիւններուն ու ստեղծեցին «Իսլամական դաշինքը»: «Իսլամ եղբայրներու» թեկնածուներուն բաժին հասաւ 37 տեղ:
2005-ի Եգիպտոսի խորհրդարանական ընտութիւններուն «Իսլամ եղբայրները»՝ ընտրութիւններին մասնակցելով որպէս անկախ թեկնածու ստացան 88 տեղ (խորհրդարանի 20 %-ը)՝ դառնալով թիւով մեծագոյն ընդդիմադիր խմբակցութիւնը: 2010-ի նոյեմբերին կայացած ընտրութիւններուն ահաբեկչութիւններու եւ իշխանութիւններու ձեռնարկած քայլերու պատճառով, «Իսլամ եղբայրները» ստացան աւելի քիչ քուէ, քան 5 տարի առաջ: Եւ այդ մէկը մղեց, որ մարդիկ դուրս գան փողոց՝ ընծայելով իսլամ-արմատականներու բողոքի առիթի:
Կազմակերպութիւնը մտադիր էր աշխուժօրէն մասնակցիլ 28 Նոյեմբեր 2010-ի եւ 5 Դեկտեմբերի կայանալիք ընտրութիւններուն, սակայն առաջին փուլէն ետք բազմաթիւ խախտումներու պատճառով անոնք յայտարարեցին պոյքոթելու մասին:
4 Դեկտեմբեր 2011-ին կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլին յաղթեց: Անոնք հաւաքեցին ընտրողներու ձայներու 40 %-ը, ընտրութիւններուն մասնակցած էին ընդհանուր ընտրողներու 62 տոկոսը, կամ 8,5 մլն մարդ: Անոնք նաեւ յաղթեցին երկրորդ փուլին:
2012-ի Յունիսին շարժման ներկայացուցիչ Մուհամմետ Մուրսին յաղթեց Եգիպտոսի առաջին ժողովրդավարական ընտրութիւններուն: 3 Յուլիս 2013-ին Մուրսի ռազմական յեղաշրջման հետեւանքով տապալեցաւ: Միեւնոյն ժամանակ ցուցարարներու գործողութիւնները նպաստեցին Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու ժողովրդականութեան աճին:
26 Յուլիսին դատախազութեան կողմէ կատարուող հետաքննութեան ծիրին մէջ Մուրսի կալանաւորուեցաւ: Ան մեղադրուեցաւ բանտի հրկիզման եւ բանտային տուեալներու ոչնչացման մտջ (խօսքը կ'երթայ 2011-ին Հոսնի Մուպարաքի դէմ տեղի ունեցող ցոյցերու ժամանակ Մուրսիի բանտարկութեան եւ անոր բանտէն փախուստի դիմելու մասին), «Պաղետինեան «Համաս» շարժման հետ համագործակցութեան, որ երկրին մէջ կատարած է գործողութիւններ՝ յարձակած են ոստիկանական եւ ռազմական տեղամասերու վրայ, «Գիտակցաբար եւ նախնական մտադրութեամբ սպաննած են քանի մը բանտարկեալներ, ոստիկաններ եւ զինուորականներ: Եգիպտոսի բանակը «Իսլամ եղբայրներու» աջակիցներուն տուաւ 48 ժամ, որպէսզի միանան երկրի ոստիականական կարգաւորման «Ճանապարհային քարտէսին»:
Մուրսիի տապալումէն ետք 2013-ի Յուլիսի սկիզբը, անոր տասը հազարաւոր աջակիցներ սկսան ցուցարարներու ճամբարներ կազմակերպել՝ պահանջելով տապալած նախագահի իշխանութեան վերականգնում: Ցուցարարները եւ ժամանակավոր կառավարութիւնը հակամարտութեան մէջ մնացին վեց շաբաթ, ներքին եւ արտաքին բոլոր ուժերը կը յորդորէին կողմերը աշխատիլ հակամարտութեան ժողովրդավարական եւ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: Նոր կառավարութիւնը քանի մը անգամ սպառնացած է ոչնչացնել ճամբարները: Կ'ենթադրուէր, որ նոյնիսկ վերջնագիր ներկայացուած մինչեւ 14 Օգոստոս, միաժամանակ Ալ-Ազհարը կը հերքէ այդ փաստը: Հակամարտութեան կարգաւորման փորձերը, ինչպէս արաբական եւ Պարսից ծոցի երկիրներու, ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջնորդությամբ, պետական ղեկավարութեանը լուրջ արդիւնք չտուին:
14 Օգոստոս 2013-ին ժամը ճիշդ 7-ին Եգիպտոսի անվտանգութեան ուժերը սկսան շարժիլ դէպի Քահիրէի մէջ գտնուող երկու ճամբարներ: Ըստ Եգիպտոսի ՆԳՆ-ի՝ սկզբնական ծրագիրը եղած է այսպիսին՝ աստիճանաբար դադրեցնել բողոքները, կտրել մատակարարման գիծը եւ ապահովել անվտանգ ելք անոնց համար, որոնք կ'ուզէին հեռանալ: Առաւօտեան 8:00-ին իրավիճակը սրեցաւ: Անվտանգութեան ուժերը սկսան օգտագործել զինուորական թեքնիքներ, մարտական ինքնաշարժներ, մարտական փամփուշտներ եւ արցունքաբեր կազ: Շատ ցուցարարներ գնդակահարուեցան, ուրիշներ ծայրահեղ պարագային այրեցան: Դիպուկահարները կը կրակէին բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը փորձէին լքել ճամբարը: Շատ լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ նորութիւններու պատկերասփիւռի կայաններով եւ համացանցի միջոցով ցուցադրեցին զէնքեր՝ ներառեալ ինքնաձիգներ, եւ հազարավոր փամփուշտներ:
Հազիւ Քահիրէի մէջ տեղի ունեցածը իմացած շատ մարդիկ դուրս եկան դէպի փողոց: Երկրին մէջ սկսաւ բռնութիւններու ալիք: Կիզայի մէջ ամոխը մտաւ ոստիկանական տեղամաս: Ըստ Եգիպտոսի ՆԳՆ-ի, ընդհանուր յարձակման ենթարկուած է 21 տեղամաս: Եգիպտոսի հարաւը ամբողջութեամբ այրեցան երկու ղպտիական եկեղեցիներ: Այդ պատճառով քրիստոնեայ ցուցարարները Մուրսիի կողմնակիցներուն մեղադրեցին «Եգիպտոսի մէջ ղպտիներբւ դէմ պատերազմ վարելուն»: Ըստ կառավարութեան «Իսլամ եղբայրներու» կողմնակիցները քանի մը շրջաններու մէջ յարձակած են կառավարական շտապ կայաններու վրայ։ Ժամանակաւոր կառավարութիւնը մէկ ամիս ժամկէտով արտակարգ իրավիճակ մտցուց: 20 Օգոստոս 2013-ին զինուորականներու կողմէ ձերբակալուեցաւ եգիպտական իսլամ եղբայրներու առաջնորդ Մոհամետ Պատը::
23 Սեպտեմբեր 2013-ին եգիպտական դատարանը արգիլեց «Իսլամ եղբայրներու» գործունէութիւնը:
24 Դեկտեմբեր 2013-ին Եգիպտոսի կառավարութիւնը կուսակցութիւնը յայտարարեց որպէս ահաբեկչական:
Արդէն 1980-ականներու կէսերուն Յորդանանի թագաւոր Հուսէյնի կառավարման տարիներուն, Իսլամ եղբայրները Յորդանանի մէջ քաղաքական աշխուժութիւն դրսեւորեցին: Միաժամանակ շարք մը արգելքներու պատճառով անոնց յառաջխաղացումը մեծ թափ չստացաւ: 2011-ին իսլամ եղբայրները Յորդանանի քաղաքական համակարգին մէջ առաջարկեցին շարք մը փոփոխութիւններ: Այս կազմակերպութեան ղեկավար Համսէ Մանսուրը յաճախ երկրի վարչապետէն կը պահանջէր առաջադրուիլ որպէս գերիշխող խմբակցութիւն այլ ոչ թէ կոչուիլ թագաւոր: Ան նաեւ կը պահանջէր, որ վերին պալատի պատգամաւորները ընտրուին ժողովուրդին կողմէ եւ ոչ թէ նշանակուին թագաւորին կողմէ:
Սուրիոյ մէջ իսլամ եղբայրները եւ այլ ֆունդաիստական խմբաւորումներ կը գործեն 1970-ականներու կէսերէն, անոնք կատարեն հակաժողովրդական քարոզ, մղում զինուած պայքարի հենուելով Պաաս կուսակցութեան տնտեսական ձախողած քաղաքականութենէն դժգոհութեան վրայ։ Ծայրահեղականները կը փորձէին հաստատել իսլամական կարգ ու կանոն եւ ստեղծել միացեալ իսլամական պետութիւն: 1970-ականներուն յայտնուեցաւ «Մարտական աւանգարդը»: 1980-ականներու սկիզբը Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամ եղբայրներու համագումարի ժամանակ կազմակերպութեան ղեկավարութեան գլուխ անցաւ ծայրահեղականներու թեւը՝ Սայիտ Հաւային, Ատնանոմ Սայիտ ատ-Տինոմի եւ Ալի Սատրետինի ալ-Պայանունիի գլխաւորութեամբ: 1981-ին տեղի ունեցած է հերթական պառակտումը՝ «քաղաքական» եւ «ռազմական» թեւերը բաշխուեցան ըստ կազմակերպութիւններու: Ատնան Օքլան դուրս եկաւ ընդդէմ իսլամ եղբայրներու ղեկավարութեան, որ կը վարէր հակաասատական ուժերու հետ համագործակցելու քաղաքականութեան, ինչ որ կը խախտէր իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան քանի մը կանոններ: Տեղի կ'ունենան ահաբեկչական գործողութիւններ: Հիմնական թիրախներն էին ալաուիները, պետվարչակազմի անդամները, անվտանգութեան գործակալները: Այս ժամանակաշրջանին «որս» բոլորի դէմ պայքարը կը հասնի իր գագաթնակէտին, որ կապուած էր վարչակարգի հետ: 1977-ի Փետրուարին սպաննուած է Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամմետ Ֆատելը, 1978-ի Ապրիլին սպաննուեցաւ Դամասկոսի գլխաւոր դատախազ Ատել Մինին: 1979-ին ահաբեկիչները կ'աշխուժանան, ինչ որ պայմանաւորուած էր Իրանի մէջ կատարուած յեղաշրջումբվ: 16 Յունիս 1979-ին Հալէպի մէջ կը գնդակահարուին հրետանային ուսումնարանի ուսանողներ՝ 80 զոհ: 1979-ի Օգոստոսին Լաթաքիայի մէջ կը սպաննուի սուննի շէյխ, ասոր ի պատասխան 30 Օգոստոսին այնտեղ կը սպաննուին երկու ալաուի, ինչ որ կը մղէ բախումներու, որոնց ընթացքին կը զոհուի 20 մարդ: 1979-ի աշնան ձերբակալուեցաւ 1965-էն կազմակերպութեան անդամ Իսլամ եղբայրների փոխնախագահ Ապու Մահմուտ Հուսնին: Ծայրահեղականները պայթիւն կը կազմակերպեն Դամասկոսի մէջ գտնուող Պաասի շէնքերէն մէկուն մէջ եւ կը սպաննեն Իպրահիմ Նաամէն: 1979-ի աշնան ահաբեկչութիւնները դարձան գրեթէ ամենօրեայ դէպքեր: Հալէպի մէջ ուսանողներու սպանութենէն մէկ տարի ետք սպաննուեցան հարիւրաւոր մարդիկ:
Ձեռնարկուած միջոցառումներու պատճառով, ոստիկանները ձերբակալեցին իսլամ եղբայրներու քանի մը առաջնորդներ՝ Ապտօ Հուսնի, Զուհեր Զապլուտու, իսկ Ապտ աս-Սաթթար ազ-Զայիմը սպաննուեցաւ, սակայն ահաբեկիչներու աշխուժութիւնը գրեթե չնուազեցաւ: 31 Յունուար 1980-ին կը սպաննուի շէյխ Մոհամմետ աշ-Շամին, իսկ յաջորդ օրը Դամասկոսի մէջ կը սպաննուի շէյխ Սալահ Օքլէն: 1981-ին ահաբեկիչները ինքնաշէն պայթուցիկներով սկսան պայթեցնել ինքնաշարժներ: 29 Նոյեմբեր 1981-ին այդպիսի պայթիւն կազմակերպուեցաւ ամերիկեան զօրակոչային կեդրոն Ալ-Ազպաքիայի (Դամասկոս) մօտ, այս պայթիւնը խլեց 90 մարդու կեանք (130 մարդ վիրաւորուեցաւ): 1980—1981 թուականներուն իսլամ եղբայրները կազմակերպեցին Հալէպի ներխուժումը:
2 Փետրուար 1982-ին Սուրիոյ արեւմուտքը գտնուող Համա քաղաքի մէջ բարձրացած խռովութիւնը այս շրջանին դարձաւ պայքարի գագաթնակէտը: Խռովութիւնը ճնշուեցաւ նախագահի եղբօր՝ Ռիֆատա Ասատի հրամանատարութեամբ գործող 8000 հոգինոց բանակի շնորհիւ, որուն կ'աջակցէին նաեւ ՌՕՈւ եւ թանկային ստորաբաժանումներ: Զինեալ բախումներու հետեւանքով մահացաւ աւելի քան 25 հազար մարդ: Բախումներու ընթացքին փլուզուեցաւ Մեծ մզկիթը, որ հետագային վերանորոգուեցաւ:
Անյաջող ապստամբութենէ ետք ահաբեկիչներու գործողութիւնները դադրեցան: 1985-ին Ատնան Օքլան եւ անոր խումբի մնացորդները յանձնուեցան իշխանութիւններուն:
«Իսլամ եղբայրներու» խումբը Պաղեստինի Ազգային Վարչութեան մէջ կը ներկայացնէ Իսլամական դիմադրութեան շարժումը (Համաս):
Ռուսաստանի Դաշնութեան Գերագոյն դատարանի 14 Փետրուար 2003-ի որոշումով «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութիւնը կը նկատուի ահաբեկչական եւ ատոր գործունէութիւնը Ռուսատանի Դաշնութեան տարածքին մէջ արգիլուած է:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Իսլամ Եղբայրներ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.