Լաթաքիա

Լաթաքիա կամ Լեոտիսիա (արաբերէն՝ اللاذقية‎ ալ-Լադհիգիա, թրք.՝ Lazkiye, լատ.՝ Laodicea ad Mare), յուն․՝ Λαοδικεία, Սուրիոյ հիմնական նաւահանգիստն է, ինչպես նաեւ Լաթաքիայի նահանգի մայրաքաղաքը: Պատմականօրէն ան յայտնի է նաեւ որպէս Սուրիոյ Լեոտիսիա կամ Լեոտիսիա տի Մարե անունով: նաւահանգիստի կողքին, քաղաքը շրջակայ գիւղատնտեսական քաղաքներուն եւ գիւղերուն համար արտադրական կեդրոն է: 2004 թուականի պաշտօնական մարդահամարի համաձայն քաղաքի բնակչութեան թիւն է՝ 383,786: Բնակչութեան թիւը զգալիօրէն աճած է սուրիական քաղաքացիական պատերազմէն ետք ապստամբներու եւ ահաբեկչական տարածքներէն փախստականներու ներհոսքի հետեւանքով: Սուրիոյ չորորդ մեծ քաղաքն է Դամասկոսէն, Հալէպէն, Հոմսէն  ետք։ Ան սահմանակից է հարաւէն Թարթուսին, արեւելքէն Համայի, հիւսիսէն՝ Իտլիպի, իսկ Կիպրոսի ամենահիւսիսային արեւելեան բաժինը՝ Apostolos Andreas, կը գտնուի 109 քմ.

հեռաւորութեան վրայ:

Քաղաք
Լաթաքիա
արաբերէն՝ اللاذقية
Զինանշան
Լաթաքիա

Լաթաքիա
Երկիր Լաթաքիա Սուրիա
Նահանգապետութիւն Լաթաքիա
Քաղաքապետ Ապտուլքատեր Ապտուլշէյխ
Տարածութիւն 58 քմ²
ԲԾՄ 0 մեթր
Բնակչութիւն 700 000 մարդ (2009)
Հեռախօսային ցուցանիշ 041
Պաշտօնական կայքէջ elatakia.sy

Թէեւ տարածքը բնակուած է մ.թ.ա. 2-րդ հազարամեակին, սակայն քաղաքը հիմնուած է IV դարուն, Սելեւկեան կայսրութեան օրով: Հետագային Լաթաքիան ղեկավարած են հռոմեացիները, ապա` VIII դարուն՝ Ումմաադներն ու Ապպասիաները: Բիւզանդացիները նոյնպէս իշխած են քաղաքին, յաճախ փախումներ ունենալով  արաբներուն եւ յատկապէս Ֆաթիմիդներուն հետ: Հետագային Լաթաքիան ղեկավարած են յաջորդաբար սելջուկ թուրքերը, խաչակիրները, այյուբիձները, մամլուքները եւ օսմանեանները: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, ֆրանսական իշխանութեան շրջանին Լաթաքիան դարձաւ Ալեւիներու ինքնավար տարածքի մայրաքաղաք եւ 1922 թուականին կը հռչակուի անկախ պետութիւն, մինչեւ Սուրիոյ վերամիացումը՝ 1944 թուականին:

Անուան Ծագում

Սելեւկեան բազմաթիւ քաղաքներու նման, Լաթաքիան կոչուած է զայն իշխող ընտանիքներու անդամներու անունով: Նախ Seleucus I Nicator-ի կողմէ ան կոչուած է Լաոտիսիա ի պատիւ իր մօր՝ Լաոտիսի:  Ապա Լատիներէնով  անոր անունը դարձած է «Լաոտիկէ ատ Մարէ»: Բնօրինակ անունը մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ արաբական ձեւով, ինչպէս Ալ-Լատիքիէ (արաբերէն, اللاذقية), որմէ կու գան ֆրանսերէն «Lattaquié» եւ անգլերէն «Latakia» կամ «Lattakia» տարբերակները: Օսմանեան կայսրութիւնը զայն կը կոչէր Լազքիյէ:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

ԱրաբերէնԴամասկոսԹրքերէնԼատիներէնՀալէպՀոմսՅունարէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Գարեգին Եպիսկոպոս ՍրուանձտեանցՄիշիկընԼեւոն Զաւէն ՍիւրմէլեանՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակՊուրճ Համուտի Սպանդ (1985)ՔեսապԵղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանՍուէզի ՋրանցքըՍեն ՓեթերսպուրկԱղթամար կղզիՄիլիոնատէրը ԵտնախորշէնՄեծ ՄասիսԵդուարդ ՊօյաճեանՀայաստանի Ազգային ՊատկերասրահՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնԺիրայր (անձնանուն)Նիկոլ Փաշինեան10 ՄարտԻսրայէլԽօսնակ (ամսագիր)Clube Náutico CapibaribeՍահակ ՊարթեւՄասլենիցաՄհեր ՄկրտչեանՊասթիլ բանտ-ամրոցըԱրմէն ՍարգսեանԱմասիա (անձնանուն)Սամուէլ (անձնանուն)Սիտնիի օփերային թատրոնՈւղղաձեւ տասներկուանիստԱնիԼուսնթագՍայաթ ՆովաԿցական բարդութիւնՏօմինօԻսրայէլ ՕրիՁմերուկՊարպարա ՍթրէյսընտԾաղիկԻնտոնեզիաՃեմալ փաշաՌոնալտ Ռիկըն1951 թուականԲաղէշՎազգէն ՇուշանեանԵբրայերէնՀայկական ՉամանԿարմիր ԾովՄուշեղ ԻշխանԶարթօնք (օրաթերթ)ԳետնամուշկՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Պարսից ԾոցԱսպետներու ամրոց (Հոմս)ՇունԳեղարդի վանքԱրարատ (Լեռ)Թովմա ԱրծրունիՍուրէն ՍպանդարեանԼիբանանՄակդիրՔարահունջՍմբատաբերդՄուսուլի Հայերը1974 թուական19 Յուլիս1801 թուական144 (թիւ)ԲանջարեղէնՀայկական ՀարցԳէորգ Մարզպետունի (վէպ)ՄսաշոթՍահարա Անապատ🡆 More