Նիկոլ Փաշինեան (1 Յունիս 1975, Իջեւան), հայ լրագրող, պետական, քաղաքական եւ կուսակցական գործիչ, Հայաստանի նախկին վարչապետ, վարչապետի գործող պաշտօնակատար, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր, Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան հիմնադիր եւ վարչութեան անդամ։
Նիկոլ Փաշինեան | |
Կուսակցութիւն՝ | «Իմ քայլը» դաշինք? |
---|---|
Կրթութիւն՝ | Երեւանի Պետական Համալսարան |
Մասնագիտութիւն՝ | քաղաքական գործիչ, լրագրող, գրագէտ, ակտիվիստ |
Դաւանանք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ծննդեան օր | 1 Յունիս 1975[1][2] (48 տարեկան) |
Ծննդավայր | Իջեւան, Խորհրդային Միութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան |
Ամուսին | Աննա Յակոբեան |
Կայք՝ | primeminister.am |
Ինքնագիր | |
Պարգեւներ | |
Ծնած է 1975 թուականի Յունիսի 1-ին Իջեւան քաղաքին մէջ։ Հայրը՝ Վովա Փաշինեան, աշխատած է որպէս մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Մայրը՝ Սուետիկ Յովհաննիսեան, եղած է տան տնտեսուհի։ 1991 թուականին կ'ընդունուի Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետի լրագոկական բաժին։ 1995 թուականին կը հեռացուի համալսարանէն՝ իր քննադատական գործունէութեան պատճառաւ։
1992-էն աշխուժօրէն զբաղած է լրագրութեամբ. իր առաջին յօդուածը կը տպագրուի «Ավանգարդ» թերթի առաջին էջին մէջ: Հետագային թղթակից կը դառնայ «Հայաստան» եւ «Դպրութիւն» թերթերուն։ 1994– 1998 թուականներուն «Լրագիր» թերթին հետ կը գործակցի որպէս լրագրող։ Այդ ընթացքին թերթը կը հրատարակուի նաեւ քանի մը այլ անուններով՝ «Լրագիր օր» եւ «Մոլորակ»: Հոս առաջին անգամ կը փորձէ խմբագիրի դերակատարումը. կը հրատարակէ «Եմ-ես-է» երիտասարդական ներդիրը։ 1998-1999 թուականներուն «Օրագիր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրն էր, 1999-ի ամառուընէ սկսեալ՝ «Հայկական ժամանակի» գլխաւոր խմբագիր։ Լրագրողական գործունէութեան ընթացքին քանի մը անգամ Փաշինեանի դէմ կը յարուցուին քրէական գործեր, նոյնիսկ կը դատապարտուի ազատազրկման, սակայն պատժաչափը պայմանականօրէն չի գործադրուիր:
19 Յունուար 2010-ին Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի դատարանը դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրենսգիրք 225 յօդուածին առաջին մասով կը դատապարտէ 7 տարուան ազատազրկման։ Պատիժը կը գործադրուէր 1 Յուլիս 2009-էն։ Հետագային Փաշինեանի պատիժի ժամկէտը կը կրճատուի, իսկ 28 Մայիս-ին՝ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առթիւ ազատ կ'արձակուի։
6 Մայիս 2012-ին կ'ընտրուի ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր ՀԱԿ համամասնական ընտրացուցակով։ Սեպտեմբեր 2012-էն Փետրուար 2013 եղած է ՀՀ ԱԺ բարոյական հարցերու ժամանակաւոր յանձնաժողովի նախագահ։
2013-ին հիմնած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» հանրային-քաղաքական միաւորումը։
2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ կը մեկնարկուի «Իմ քայլը» նախաձեռնութիւնը, որ Գիւմրիէն դէպի Երեւան քայլարշաւ մը կը կազմակերպէ ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան: Անոր ղեկավարած նախաձեռնութիւնը կը համագործակցի Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան դէմ պայքարող այլ ուժերու հետ եւ լայն աջակցութիւն կը ստանայ բնակչութեան տարբեր հատուածներու կողմէ: Քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ սկսած Բողոքի ցոյցեր ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի գործողութիւններու հետեւանքով 23 Ապրիլի կէսօրին ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեան կը հրաժարի իր պաշտօնէն:
8 Մայիս 2018-ին Նիկոլ Փաշինեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներու 59 կողմ, 42 դէմ ձայնով կ'ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան 16-րդ վարչապետ: Ազգային ժողովի ընթացքին անոր կը սատարէին Ծառուկեան դաշինքը, ՀՅԴ խմբակցութիւնը, «Ելք» դաշինքը եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը 10+1 ձայներով:
Անոր պաշտօնավարումին ընթացքին Հայաստանը պարտութիւն է կրած 2020 թուականի 44-օրեա Հայ-Ազրպէյճանական պատերազին, որու հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան զգալի տարածքներ են կորսնցուած։ Հրաժարած է վարչապետի պաշտօնէն 2021 թուականի Մայիսի 25-ին, սակայն այնուհետեւ շարունակած է պաշտօնավարել մինչեւ 2021 թուականի Յունիսի 20-ին կայանալիք ընտրութիւնները։
Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական բնոյթով շարք մը ստեղծագործութիւններու հեղինակ է, որոնցմէ է՝ «Ձօն գարնանամուտի»ն։
1 Մարտի իրադարձութիւններու հետ կապուած ընդյատակեայ կեցութեան միջոցին ստեղծած է «Երկրի հակառակ կողմը» ստեղծագործութիւնը: Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք խոստովանած է, որ ինք ընդյատակը գտնուած ամբողջ ժամանակը անցուցած է Հայաստանի մէջ, եւ այդ ստեղծագործութիւնը իր երեւակայութեամբ յօրինած է:
Ամուսնացած է, ունի երեք դուստր եւ մէկ որդի։ Կինը՝ Աննա Յակոբեան, «Հայկական ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիրն է։ Զաւակներն են՝ Մարիամ (ծնած 14 Նոյեմբեր 1998-ին), Աշոտ (ծնած 11 Մարտ 2000-ին), Շուշան (ծնած 17 Յուլիս 2007-ին) եւ Արփին։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Նիկոլ Փաշինեան, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.