2021 Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններ (2021), Հայաստանի Ազգային Ժողովի 8-րդ գումարման արտահերթ ընտրութիւններ, որոնք տեղի ունեցած են 20 Յունիս, 2021-ին։ Այս ընտրութիւնները նախատեսուած էին 9 Դեկտեմբեր, 2023-ին, սակայն 2020-ի Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական տագնապին պատճառով ընտրութիւնները տեղի ունեցած են աւելի կանուխ։

Նախապատմութիւն

44-օրեայ պատերազմէն ետք, 9 Նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը ստորագրեն զինադադարի համաձայնագիր մը: Արցախի տարածութեան 45% արդէն իսկ ազերի զինուած ուժերու կողմէ գրաւուած էր, սակայն այս պայմանագիրին հետեւանքով Արցախի շուրջ 75%-ը կը յանձնուի Ազրպէյճանի: Զինադադարին համաձայնութեան ստորագրման երեկոյեան, Երեւանի մէջ Փաշինեանի եւ համաձայնութեան դեմ մեծ ցոյց մը տեղի կ'ունենայ: Ցուցարարները կը յաջողին մտնել ազգային ժողովին շէնքը:

Յաջորդող քանի մը ամիսներուն, Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ցոյցերը եւ կոչերը չեն դադրիր: 25 Փետրուար 2021-ին Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբ՝ Օննիկ Գասպարեան եւ 40-է աւելի այլ բարձրաստիճան զօրավարներ կը պահանջեն Փաշինեանի հրաժարականը: Փաշինեան այս մէկը իբր պետական հարուած կը նկարագրէ, սակայն բանակի զօրաշարժ տեղի չ'ունենար: Գասպարեան կ'արձակուի իր պաշտօնէն:

25 Ապրիլին Փաշինեան կը յայտարարէ իր հրաժարականը:

10 Մայիսին խորհրդարանը երկրորդ անգամ Փաշինեանը իբր վարչապետ չ'ընտրեր ու Հայաստանի եօթներորդ Ազգային ժողովը կը լուծուի օրէնքի ուժով։

Այսպիսով արտակարգ ընտրութիւններ կը յայտարարուին 20 Յունիսին:

Ընտրակարգ

Պատգամաւորի թեկնածուն պէտք է նուազագոյնը 25 տարեկան ըլլայ, վերջին 4 տարուան ընթացքին պէտք է ունենայ միայն Հայաստանի քաղաքացիութիւն, մշտապէս ապրած ըլլայ Հայաստանի մէջ, ունենայ ընտրական իրաւունք եւ տիրապետէ հայերէն լեզուին։ Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն, Ազգային ժողովը կ'ընտրուի ամէն 5 տարի եւ պէտք է ունենայ առնուազն 101 պատգամաւոր:

Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրատարածքները եւ ընտրողներու քանակը
Ընտրական

տարածք

Վարչական շրջան/մարզ Ընտրողներու քանակ
Թիւ 1 Աւան, Նոր նորք, Քանաքեռ-Զէյթուն 198537
Թիւ 2 Արաբկիր, Աջափնեակ, Դաւթաշէն 210687
Թիւ 3 Մալաթիա-Սեբաստիա, Շէնգաւիթ 222434
Թիւ 4 Կեդրոն, Նորք Մարաշ, Էրեբունի, Նուպարաշէն 206883
Թիւ 5 Արարատի մարզ 220309
Թիւ 6 Արմաւիրի մարզ 232232
Թիւ 7 Արագածոտնի մարզ 117455
Թիւ 8 Գեղարքունիքի մարզ 187263
Թիւ 9 Լոռիի մարզ 238975
Թիւ 10 Կոտայքի մարզ 237419
Թիւ 11 Շիրակի մարզ 231982
Թիւ 12 Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզեր 152805
Թիւ 13 Տաւուշի մարզ 107353
Ընդամէնը 2564334

Կուսակցութիւններ եւ դաշինքներ

4 դաշինքներ եւ 23 կուսակցութիւններ կը ներկայացնեն իրենց փաստաթուղթերը Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին, ընտրութիւններուն արձանագրուելու համար: 2018-ի ընտրութիւններուն հետ բաղդատած, ուր միայն 2 դաշինք եւ 9 կուսակցութիւն մասնակցած էր, թեկնածուներուն թիւը շատ կը բարձրանայ: Բազմաթիւ կուսակցութիւններ եւ դաշինքներ Հայաստանի Արցախեան երկրորդ պատերազմին պարտութենէն ետք կը հիմնուին:

Քուէաթուղթի

թիւ

Կուսակցութեան կամ դաշինքի անուն Դաշնակից կուսակցութիւններ Վարչապետի թեկնածու Այլ կարեւոր անձեր/թեկնածուներ Ներքին քաղաքականութիւն Աշխարհաքաղաքական

ուղղութիւն

Գաղափար Միակցութեան պատրաստակամութիւն Թեկնածուներու քանակ (Գլխաւոր ցուցակ + փոքրամաս ցուցակ - մերժուած արձանագրութիւն)
«Քաղաքացիական պայմանագիր» «Հայաստան» դաշինք
1. «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւն Նորայր Նորիկեան Կեդրոնական Թեր-Ռուսական, Թեր-Եւրոպական Մեծ վրան, Տնտեսական Ազատականութիւն այո այո 85+0-1
2. «Հայ Ազգային Քոնկրես» Կուսակցութիւն Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Լեւոն Զուրապեան Կեդրոնական Թեր-Ռուսական, Թեր-Արեւմտեան, Թեր-Եւրոպական ոչ այո 101+3-0
3. «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն Միաւորուած աշխատանքային կուսակցութիւն, Հզօր Հայրենիք կուսակցութիւն Նիկոլ Փաշինեան Արարատ Միրզօեան, Լիլիթ Մակունց, Սուրէն Պապիկեան, Խաչատուր Սուքիասեան Կեդրոնական Թեր-Ռուսական, Թեր-Արեւմտեան, Թեր-Եւրոպական Մեծ վրան, Ժողովրդականութիւն, բարեկարգական, հակա-կաշառակերութիւն ոչ 157+4-0
4. «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն Արա Զոհրապեան Մէջտեղ-Աջակողմեան Քրիստոնէական ժողովրդապետութիւն թերեւս 101+0-9
5. «Ազատութիւն» կուսակցութիւն Հրանդ Բագրատեան Արդիական Ազատականութիւն ոչ այո 86+0-3
6. «Պատիւ Ունեմ» դաշինք «Հանրապետական կուսակցութիւն» (137), «Հայրենիք» Կուսակցութիւն(45) Արթուր Վանեցեան Սերժ Սարգիսեան, Տարօն Մարգարեան Աջակողմեան Թեր-Ռուսական Ազգային պահպանողականութիւն, Հայկական ազգայնականութիւն ոչ այո 230+0-0
7. «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութիւն Մհեր Տէրտէրեան Թեր-Ռուսական Հայկական ազգայնականութիւն 88+0-0
8. «Համահայկական ազգային պետականութիւն» կուսակցութիւն Արթուր Վարդանեան 82+0-0
9. «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն Էտմոն Մարուքեան Գեւորգ Կորկիսեան, Դաւիթ Խազհաքեան, Անի Սամսոնեան Կեդրոնական Թեր-Արեւմտեան, Թեր-Եւրոպական Ազատականութիւն Բոլոր միակցութիւններու թեմ, ուր Վարչապետը Փաշինեանը կամ Քոչարեանն է: Թերեւս միակցութեան պատրաստ եթէ Մարուխեանը վարչապետն է 107+0-0
10. «Մեր տունը Հայաստանն է» կուսակցութիւն «Դաշինք կուսակցութիւն» Տիգրան Ուրիխանեան Արա Աբրահամեան Կեդրոնական Թեր-Ռուսական անհաւանական թերեւս 88+0-0
11. «Հանրապետութիւն կուսակցութիւն» Արամ Զ. Սարգսեան Արտակ Զեյնալեան Կեդրոնական Թեր-Արեւմտեան, Թեր-Եւրոպական Պահպանողական Ազատականութիւն այո ոչ (միայն պատերազմի պարագային) 103+0-0
12. «Հայոց Հայրենիք» կուսակցութիւն Արտակ Գալստեան Վարդան Ղուկասեան 91+0-1
13. «Ազատ Հայրենիք» դաշինք Ազգային ինքնորոշման միաւորում, Հայկական կառուցողական կուսակցութիւն, Հայաստանի պահպանողական կուսակցութիւն, Ազգային Ռամկավարներու միութիւն, Հայաստանի Կանաչներու կուսակցութիւն Միքայէլ Հայրապետեան Անտրէաս Ղուկասեան, Պարոյր Հայրիկեան, Արշակ Սատոյեան Թեր-Արեւմտեան, Թեր-Եւրոպական, Հակա-Ռուսական ոչ ոչ 83+0-2
14. «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն Գագիկ Ծառուկեան Արման Աբովեան Աջակողմեան Թեր-Ռուսական Պահպանողական Ազատականութիւն, Եւրոկասկածամտութիւն անհաւանական թերեւս 93+3-1
15. «Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն» Տիգրան Արզաքանցեան Արամ Գ.Սարգիսեան Ձախակողմեան Թեր-Ռուսական թերեւս 88+0-2
16. «5165 ազգային պահպանողական շարժում» կուսակցութիւն Կարին Տօնոյեան Հայկական ազգայնականութիւն 95+0-0
17. «Քաղաքացու որոշում սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութիւն» Սուրէն Սահակեան Ձախակողմեան Ընկերվարութիւն (Սոցիալ-Դեմոկրատ), կենսոլորտի պահպանութիւն, ուղիղ ժողովրդապետութիւն թերեւս
18. «Շիրինեան-Բաբաջանեան ժողովրդավարներու դաշինք» Հայաստանի Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական Շարժում (48),

Յանուն Հանրապետութեան Կուսակցութիւն (38)

Արման Պապաճանեան Լեւոն Շիրինեան, Ստեփան Սաֆարեան Թեր-Արեւմտեան, Թեր-Եւրոպական Ազատականութիւն թերեւս անհաւանական 90+0-1
19. «Ազգային օրակարգ» կուսակցութիւն Արա Յակոբեան Մէջտեղ-Աջակողմեան Թեր-Ռուսական Հայկական ազգայնականութիւն, Հայաստան-Արցախի միացում ոչ թերեւս 84+0-1
20. «Վերելք» կուսակցութիւն Ալեքսան Մինասեան Հայկական ազգայնականութիւն անհաւանական թերեւս 81+0-0
21. «Ազատական կուսակցութիւն» Սամուէլ Բաբայեան 80+0-0
22. «Հայոց Արծիւներ Միասնական Հայաստան» կուսակցութիւն Խաչիկ Ասրեան Հայկական ազգայնականութիւն 86+0-0
23. «Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութիւն» Տիգրան Խզմալեան Ռուբէն Հախվերտեան Կեդրոնական Թեր-Արեւմտեան, Թեր-Եւրոպական, Հակա-Ռուսական Ազատականութիւն թերեւս անհաւանական 90+0-1
24. «Հայաստան դաշինք» ՀՅԴ(78),

Վերածնող Հայաստան (29), Մէկ Հայաստան(1)

Ռոպերթ Քոչարեան Վահէ Յակոբեան, Արմէն Ռուստամեան, Սէյրան Օհանեան, Արծուիկ Մինասեան Ձախակողմեան Թեր-Ռուսական Հայկական ազգայնականութիւն ոչ 153+3-0
25. «Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ» կուսակցութիւն Սասնայ Ծռեր համահայկական կուսակցութիւն, Ազգային յառաջընթաց կուսակցութիւն Վահէ Գասպարեան Ժիրայր Սէֆիլեան, Վարուժան Աւետիսեան Մէջտեղ-Աջակողմեան Թեր-Արեւմտեան, Թեր-Եւրոպական, Հակա-Ռուսական Հայկական ազգայնականութիւն անհաւանական անհաւանական 114+0-4
26. «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութիւն Դաւիթ Սանասարեան Թեր-Արեւմտեան, Թեր-Եւրոպական ոչ ոչ 85+1-0

Արդիւնքներ

Յունիս 21-ին Հայաստանի կենդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հետեւեալ արդիւնքները կը յայտարարէ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կը ստանայ 53.96% եւ 72 նիստ խորհրդարանի մէջ, «Հայաստան» դաշինքը 18.8% եւ 27 նիստ, իսկ «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը 5.23% եւ 6 նիստ:

Կուսակցութիւն Քուէներ % Նիստեր +/–
Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւն 687,414 53.96 72 –16
Հայաստան դաշինք 268,300 21.06 27 Նոր
Պատիւ Ունեմ դաշինք 66,647 5.23 6 Նոր
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն 50,419 3.96 0 –26
Հանրապետութիւն կուսակցութիւն 38,730 3.04 0 0
Հայ Ազգային Քոնկրես 19,690 1.55 0 0
Շիրինեան-Բաբաջանեան ժողովրդավարների դաշինք 19,145 1.50 0 0
Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ կուսակցութիւն 18,773 1.47 0 Նոր
Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութիւն 15,571 1.22 0 –18
5165 ազգային պահպանողական շարժում կուսակցութիւն 15,546 1.22 0 Նոր
Ազատական կուսակցութիւն 14,935 1.17 0 Նոր
Հայոց Հայրենիք կուսակցութիւն 13,119 1.03 0 Նոր
Մեր տունը Հայաստանն է կուսակցութիւն 12,164 0.95 0 Նոր
Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն 5,021 0.39 0 0
Զարթօնք ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն 4,623 0.36 0 0
Ազատ Հայրենիք դաշինք 4,136 0.32 0 Նոր
Արդար Հայաստան կուսակցութիւն 3,922 0.31 0 Նոր
Քաղաքացիի որոշում սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութիւն 3,773 0.30 0 0
Ինքնիշխան Հայաստան կուսակցութիւն 3,561 0.28 0 Նոր
Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութիւն 2,786 0.22 0 Նոր
Ազատութիւն կուսակցութիւն 1,844 0.14 0 Նոր
Վերելք կուսակցութիւն 1,259 0.10 0 Նոր
Միասնական Հայրենիք կուսակցութիւն 957 0.08 0 Նոր
Համահայկական ազգային պետականութիւն կուսակցութիւն 803 0.06 0 0
Ազգային օրակարգ կուսակցութիւն 721 0.06 0 Նոր
Ամբողջը 1,273,859 100.00 105 –27
Վաւերացուած քուէներ 1,273,859 99.63
Անվաւեր/պարապ քուէներ 4,682 0.37
Ընդհանուր քուէներ 1,278,541 100.00
Գրանցուած ընտրողներ 2,595,334 49.26
Աղբիւր՝

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

2021 Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Նախապատմութիւն2021 Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Ընտրակարգ2021 Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կուսակցութիւններ եւ դաշինքներ2021 Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Արդիւնքներ2021 Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Ծանօթագրութիւններ2021 Հայաստանի Խորհրդարանական ԸնտրութիւններԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)ՀայաստանՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Միքի ՄաուսՏոտեքանիսաՀամբիկ ՍասունեանՔացախՈւղղաձեւ տասներկուանիստԱփրիկէՅունաբան ԴպրոցՍուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի (Էջմիածին)ՄագաղաթՄիջերկրական ԾովՆեփալՔարահունջՍամուէլ (անձնանուն)ՓերուկիաԳլաձորի համալսարանԱլ-Ուլա (Սէուտական Արաբիա)ԱշխարհաբարԻսրայէլԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԿարինԵսայի ՆչեցիԷնվէր ՓաշայԱրաբական թերակղզիՏոհմածառ1801 թուականԱրմէն ԳարօՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Հայկական ԴրամԱնդրանիկ ՕզանեանԱտոլֆ ՀիթլերԱստուածաշունչ144 (թիւ)ՀանրապետութիւնԻսրայէլ ՕրիՄեծ Հայքի Վարչական ԲաժանումըՈչխարԹոքախտ«Անոնք Ինկան» (Երգ)Ազատ Բեմ (թերթ)1999 թուական11 ՅունուարՎլատիմիր ՓութինՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնԲեւեռափայլՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկՄխիթար ՀերացիԵրկիրՔեսապՍմբատաբերդԱնգլիաՓիլիսոփայութիւնՓամփուշտ (ռազմական)ՊարկապզուկԱնգլերէնԺիրայր (անձնանուն)Սերոբ (անձնանուն)Զարեհ Արք. ԱզնաւորեանԶարթօնք (օրաթերթ)Աբիսողոմ աղաԻսկուհի ՊալճեանԱրմին ՎեգնըրՁմերուկՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՄուշՏարածութիւնԱհեկան (գրական հանդէս)Գառնիի Հեթանոսական ՏաճարՎահէ (անձնանուն)Քրիստոսի տասներկու առաքեալներըՍ. Երրորդութիւն Եկեղեցի (Պէյօղլու)Հայաստանի Ազգային ՊատկերասրահԱշոտ Գ. Ողորմած🡆 More