Մագաղաթ

Մագաղաթ (ասորերէն՝ magalləta - գալարուած մատեան), կաշիէ պատրաստուած գրանիւթ։

Մագաղաթ
Մագաղաթեայ ձեռագիր մատեան

Մագաղաթը սկսած է գործածուիլ շուրջ 2100 տարի առաջ, Փոքր Ասիոյ Պերկամոն քաղաքին մէջ։ Այս պատճառով ալ, ուրիշ լեզուներով մագաղաթը կը կոչուի Պերկամոն անունէն բխած անուններով (ֆրանս. parchemin, սպան. pergamino)։

Հին Հայաստանի մէջ ամէնէն գործածական գրանիւթը եղած է մագաղաթը, որուն պատրաստութեան համար յատուկ արհեստանոցներ կային մեր գրչութեան կեդրոններուն մէջ (Գլաձոր, Տաթեւ, Կիլիկիա):

Մագաղաթ
Մագաղաթ

Մագաղաթը կը պատրաստէին յատուկ ձեւով մշակելով ու յղկելով մատղաշ անասուններու արջառի, երինջի, գառան, ուլի մորթը։ Հայերէն բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններու մէջ պահպանուած են մագաղաթի պատրաստութեան միջոցներ։ Հայկական ամէնէն մեծ մագաղաթէ ձեռագիրը «Մշոյ ճառընտիրն» է (5,3x70,5 սմ՝ 660 (այժմ՝ 620) թերթ), պատրաստուած՝ արջառի եւ երինջի մորթէ։ Իսկ հայերէն ամէնէն փոքր, ձեռագիր գիրքին թերթերը պատրաստուած են նորածին ուլի մորթէ։

Մեր մատենագիրները՝ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ, Մովսէս Խորենացի, Գրիգոր Նարեկացի եւ ուրիշներ, իրենց ստեղծագործութիւնները գրած են մագաղաթի վրայ։ «Գրիչ» կոչուող յատուկ մարդիկ այդ ստեղծագործութիւնները կ'ընդօրինակէին եւ կը բազմացնէին մագաղաթէ ուրիշ թերթերու վրայ, իսկ նկարիչները, որոնք «ծաղկող» կը կոչուէին, զանոնք կը պատկերազարդէին։ Յետոյ մագաղաթէ թերթը կը միացնէին, կը կազմէին ու գիրքի կը վերածէին բազմաթիւ վանքերու գրչութեան կեդրոններուն մէջ, ուր կը պատրաստէին մագաղաթը։ Հայերէն հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ գրուած են մագաղաթի վրայ։ Անոնց մեծ մասը այժմ պահուած է Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին մէջ։

Հին հայկական մատենագրութեան մէջ գործածած են բուսական եւ երկաթի երկու տեսակ մելան, որոնք դարեր դիմացած են եւ պահած` իրենց գոյնը: Նշանաւոր է Որդան կարմիր մելանը, որ կոչուած է հայկական ներկ: Կարմիր մելանով գրած են միայն թագաւորներն ու կաթողիկոսները:

Կը պատմուի, թէ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի սովորութիւն ունէր մագաղաթի վրայ գրելու ատեն կտոր մը հաց դնելու իր առջեւ. ատիկա նշան էր, որ ինք ճշմարտութիւնը կը գրէր: «Հացին նայելով` մարդ եօթնապատիկ ճշմարտախօս կը դառնայ», կ'ըսէր ան:

Թուղթի յայտնութենէն ետք

Նախքան թուղթի յայտնութիւնը, կովու եւ ոչխարի մորթէ շինուած մագաղաթը չափազանց դիւրաբեկ նիւթ մըն էր, զոր պատրաստելը սուղ կ'արժէր. հետեւաբար, դպիրներ պարտաւոր էին պայքարիլ անոնց կպած արատներուն դէմ եւ միացնել անոնց մէջ բացուած ճեղքերը:

Երբ մարդիկ գրելու համար կը սկսին օգտագործել թուղթը, մագաղաթը աստիճանաբար գործածութենէ կը դադրի։ Ներկայիս մագաղաթը չի գործածուիր։ Թուղթի վրայ գրելն ու տպագրելը շատ աւելի յարմար է ու աժան։

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

Ի՞նչ է Ո՞վ է, 3, Էջ 175:

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Մագաղաթ 

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Լուսին1586 թուականՉինաստանՄարթին Լուտըր ՔինկՎատիկանՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչԱ․ Համաշխարհային ՊատերազմՆոր ԶելանտաՌուսիաՎրաստանՆիկոլ ԴումանՆեփալՍողոմոն ԹեհլիրեանՀարաւափրիկեան ՀանրապետութիւնԷփիքուրոսԿուկըլ ՔրոմՍերժ ԱւետիքեանԿաղանդ պապաՄանուէլ ՄենենկիչեանՄեծն ՏիգրանՊելոպոնեսԼատիներէնՓիոթըր ՉայքովսքիՖոլեղանտրոսMåneskinԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՔրիստոսի տասներկու առաքեալները1810 թուականՀիւսիսային ՔորէաՍաատիԷսթոնիաԹոքախտՕլիվր ՃիրուտՏանթէ ԱլիկիէրիՔիմ Քարտաշեան2001ԿաղնիՄելգոնեան Կրթական ՀաստատութիւնԵրուսաղէմ1983 թուականԾիր ԿաթինՁիթողցոնց տուն-թանգարանՓիլիսոփայութիւնՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)ԼիմնոսԱկրաՀամասՍ. Ղազար կղզիԻնսթակրամԱկսել ԲակունցՈւքրանիաԱնդրանիկ ԾառուկեանԼոձՆիսՇարլ ԱզնաւուրԷմանուէլ ՄաքրոնԱզրպէյճանի ԽորհրդայնացումՍարիա (Տոտեքանիսա)Ռուբէն Սեւակ1984 (Վէպ)Քարլես ՓուճտեմոնՀինտուիզմԳերմաներէն12 ՅուլիսՍլովաքիաՀաւանաԱֆղանիստանՆաւասարդՀայր ՄերԱրցախեան ԱզատամարտԻտալիաՔիեւՌոնալտ Ռիկըն1978 թուականԱնգարա🡆 More